Ղեւոնդ Յովնանեան

Հայ բանասէր, լեզուաբան, թարգմանիչ։

Հ․ Ղեւոնդ Յովնանեան (20 Հոկտեմբեր 1817(1817-10-20)[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 26 Յունուար 1897(1897-01-26)[1], Վիեննա, Աւստրո-Հունգարիա[1]), հայ բանասէր, լեզուաբան, թարգմանիչ։ Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի ճիւղի բեղուն հեղինակներէն մին, որ կեդրոնացած է գրաբարի ու ռամկօրէնի ուսումնասիրութեան վրայ։

Ղեւոնդ Յովնանեան
Ծնած է 20 Հոկտեմբեր 1817(1817-10-20)[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 26 Յունուար 1897(1897-01-26)[1] (79 տարեկանին)
Մահուան վայր Վիեննա, Աւստրո-Հունգարիա[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Լիցեյ Սեն-Բենոաւ Ստամբուլում?[1]
Մասնագիտութիւն բանասէր, լեզուաբան, թարգմանիչ
Աշխատավայր Արևելյան ակադեմիա?[1]
Հանդէս Ամսօրեայ[1]

Եղբայրն էր ուրիշ վիեննական Մխիթարեանի մը ՝ Հ. Պօղոս Յովնանեանի։

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Պոլսոյ Բերայի թաղամասը։ Ուսումը ստացած է Ղալաթիոյ Սէն-Պընուա ֆրանսական վարժարանին մէջ, իսկ 1836-1838ին՝ Վիեննայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։

1838-ին անդամակցած է Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան, իսկ 1840-ին քահանայ ձեռնադրուած է։

Վարած պաշտօններ

Խմբագրել

Միաբանութեան մէջ վարած է տպարանապետի պաշտօնը (1846-1854)։ Այնուհետեւ մեկնելով Պոլիս, վիեննական Մխիթարեան վարժարանի վարիչի օգնական եւ ուսուցիչ եղած է (1857-1867)։

Հմուտ թրքագէտ, 1868-1870ին թրքերէն լեզուի դասաւանդման օգնական դարձած է Վիեննայի Արեւելեան ճեմարանին մէջ։ 1876-1887ին վերստին վարած է տպարանապետի պաշտօնը Մխիթարեան վանքին մէջ։

Տիրապետած է յունարէնին, լատիներէնին, գերմաներէնին, ֆրանսերէնին, արաբերէնին եւ այլն։

Միաբանակիցներ Հ. Յովսէփ Գաթրճեանի եւ Հ. Անտոն Գարագաշեանի հետ, Հ. Ղեւոնդ Յովնանեան 1840ական թուականներուն ոսկեդարեան հայերէնի յայտնաբերման շարժման պարագալուխներէն կ՚ըլլայ։

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

5-րդ դարու հայերէնի խոր հմտութիւնը յայտնի դարձած է Կոռնելիոս Նեպոսի «Վարք զօրավարաց անուանեաց» գործի թարգմանութեամբ (1842)։

Գրական բազմակողմանի գործունէութիւն ունեցած է, հրատարակելով այլեւայլ գործեր, ինչպէս.

  • «Գաղղիերէն քերականութիւն» (երեք հատոր, որ երեք անգամ կը տպագրուի, 1844-1875ին),
  • «Խօսք վասն հայրենասիրութեան» (1849),
  • «Պատմութիւն վարուց Մարտինոս Լուտերի» (1850),
  • «Պատմութիւն քաղաքականութեան եւրոպական տէրութեանց» (4 հատոր, 1856-1860), «Ուսումն փիլիսոփայութեան կրօնի» (1885), եւայլն։

Սակայն, Հ. Յովնանեանի փայփայած մասնագիտութիւնը միշտ եղած է հայերէնը, մասնաւորապէս՝ գրաբարը։ Երկար ժամանակ զբաղած է Ոսկեդարու հայերէնի քերականութեան մը յօրինման գործով, չորս հատորով, զոր չէ աւարտած։

Փոխարէնը, կեանքի վերջին տասը տարիները նուիրած է ռամկօրէնի (միջնադարեան ժողովրդա-խօսակցական լեզուի) քերականութեան կազմութեան։ «Հետազօտութիւնք նախնեաց ռամկօրէնի վրայ» (մաս 1, տետր 1 եւ 2, 1897) գիրքին մէջ, ան հաւաքած է հայ հին գրականութեան մէջ հանդիպող ռամկօրէն հատուածները եւ աւելի ուշ շրջանի հայ հեղինակներու (Ներսէս Շնորհալի, Մխիթար Հերացի, Սմբատ Գունդստաբլ, Վարդան Արեւելցի, Մխիթար Գօշ եւ ուրիշներ) երկերէն նմոյշներ, ուսումնասիրած է զանոնք եւ, ըստ այնմ, հայերէնը բաժնած երկու շրջանի՝ «ռամկախառն գրաբար» եւ «գրաբարախառն ռամկօրէն»։ Գիրքի նախաբանին մէջ, Հ. Ղեւոնդ Յովնանեան հիմնաւոր փաստերով հաստատած է հայկական բարբառներու գոյութիւնը 5-րդ դարուն եւ անկէ առաջ, եզրակացնելով, որ գրաբարը մշակուած է առօրեայ խօսակցական լեզուի հիմամբ։

Այս ուսումնասիրութիւնը եւս մնացած է անաւարտ։ Յովնանեանի անտիպ մնացած գործերուն շարքին կը յիշուին «Արաբերէնի ընտիր քերականութիւն»ը եւ «Ազգաց իրաւունք»[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։