Միհրան Տամատեան

Միհրան Տամատեան (1863[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1945[1][2], Գահիրէ, Եգիպտոս) հայ ազատամարտիկ, քաղաքականութեամբ զբաղող, գրող եւ մանկավարժ։

Միհրան Տամատեան
Ծնած է 1863[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1945[1][2]
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Ս. Ղազար կղզի
Մասնագիտութիւն գրագէտ, հանրային գործիչ, մանկավարժ
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Աւարտած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը։ Եղած է ուսուցիչ՝ Կոստանդնուպոլիսի, Ատանայի, Մուշի եւ հայկական դպրոցներու տեսուչ՝ Տուրուբերանի ու Վասպուրականի մէջ։ 1890 թուականին Գում Գափուի ցոյցին մասնակցելու համար հալածուած է եւ Պոլիսէն տեղափոխուած Աթէնք։ 1891 թուականին վերադարձած է Սասուն եւ տեղի հայերուն նախապատրաստած է ինքնապաշտպանութեան։ 1893 թուականին ձերբակալուած եւ բանտ տարուած է, ուր զինք ձեռբակալողները կոտրած են անոր ոտքը արգիլելու համար անոր փախուստը։ Միհրան ղրկուած է Կոստանդնուպոլիս եւ հոն՝ բանտարկուած է որոշ ժամանակի մը համար։

1897 թուականին հեռացած է հնչակեան կուսակցութենէն, յետագային մասնակցած է սահմանադրական ռամկավար կուսակցութեան ստեղծման։ Իբրեւ Կիլիկիոյ լիազօր ներկայացուցիչ ընդգրկուած է Պօղոս Նուպարին գլխաւորած ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ։ Փորձած է Կիլիկիոյ մէջ ստեղծել հայկական ինքնավար պետութիւն։

1920 թուականի Օգոստոս 4-ին Ատանայի մէջ ազգային գերագոյն խորհուրդը, Տամատեանին նախագահութեամբ, հռչակուած է անկախ հանրապետութիւնն՝ Ինքնավար Հայաստան Ֆրանսայի հովանավորութեան ներքոյ։ Սակայն անգլո-Ֆրանսական հակասութիւններու սրման պատճառով դէպի Թուրքիա հակուած ֆրանսական զինուորական իշխանութիւնները կը ցրեն Տամատեանին գլխաւորած կառավարութիւնը։

Տամատեան զբաղած է նաեւ գրական գործունէութեամբ՝ գրած է բանաստեղծութիւններ եւ թարգմանութիւններ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Տէփոյեան Պ. «Միհրան Տամատեան (1863-1945)», Գահիրէ, 1956։
  • Չելեպեան Անդրանիկ «Յեղափոխական դէմքեր», Միշիկըն, 1991, 464 էջ, 2-րդ հրտ., Սաութֆիլդ, 1994, էջ 13–78:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել