Մկրտիչ Կորիւն
Մկրտիչ Կորիւն (Կորիւն Գրիգոր Մկրտչեան, 19 Մայիս 1913[1], Ղզըլ-Չախչախ, Կարսի գավառ, Կարսի մարզ, Կովկասեան երկրամաս, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 20 Դեկտեմբեր 1984[2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), ժամանակակից հայ գրականութեան ամենաինքնատիպ դէմքերէն մին, արժանաւոր ժառանգորդը միջնադաեան առակագիրներու՝ Մխիթար Գոշի, Վարդան Այգեկցիի, ապա՝ Խաչատուր Աբովեանի, Ղազարոս Աղայեանի, Յովհաննէս Թումանեանի։
Մկրտիչ Կորիւն | |
---|---|
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Կորյուն Գրիգորի Մկրտչյան[1] |
Ծնած է | 19 Մայիս 1913[1] |
Ծննդավայր | Ղզըլ-Չախչախ, Կարսի գավառ, Կարսի մարզ, Կովկասեան երկրամաս, Ռուսական Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 20 Դեկտեմբեր 1984[2] (71 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Ուսումնավայր | Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունք[1] |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Անդամութիւն | Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն |
Կուսակցութիւն | Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[1] |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՄկրտիչ Կորիւնը ծնած է Կարս (Ղարս)։ Եղեռնի տարիներուն Մկրտիչ Կորիւնի ընտանիքը գաղթոլով բնակութիւն կը հաստատեն Կիւմրիի մէջ։ 1929 թուականին Մկրտիչ կ՛աւարտէ տեղի եօթնամեայ դպրոցը։
1932 թուականին կը հրատարակուի անոր բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն «Տեմպերի Հերոսները» վերնագիրով։ Նոյն թուականին Կորիւն կ՛ընդունուի Երեւանի պետական համալսարանի լեզուագրական բաժինը։ 1937 թուականին կ՛աւարտէ համալսարանը եւ կը նոիիրուի իր սիրած գործին՝ մանկավարժութեան ու մանկական գրականութեան։
Հայրենական պատերազմի աւարտէն ետք Կորիւն նոր եռանդով կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը։ 1947 թուականին՝ ՀԳԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան համալսարանէն ներս, կը պաշտպանէ «Հասկերը Որպէս Մանկական Գրական Ամսագիր» թեմայով թէզը եւ կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։
Ստեղծագործական աշխատանք
ԽմբագրելՄկրտիչ Կորիւնը հայ առակագրութեան գանձարանը հարստացուց իր սեփական, ինքնուրոյն եւ մնայուն առակներով, որոնք թարմութիւն եւ նորութիւն բերին մեր բազմադարեան առակագրութեան։ Կորիւն հրատարակած է շուրջ հինգհարիւր առակ, որոնք ուշագրաւ են լաւ կառուցուածքով, ռէալիստական պարզութեամբ, գաղափարական հագեցուածութեամբ։
Հեղինակի առակներու շարքը ալ աւելի կը հարստացնէ «Մարդն Ու Առիւծը», «Խոզն Ու Կարապը», «Տհասը», «Մեղուն», «Մարդու Կոչումը», «Ագռաւն Ու Իր Ճուտը», «Ծիծեռնակն Ու Կկուն», «Աշխատասէր Մրջիւնը» եւ այլ շատ ու շատ առակներ, որոնք ունին դաստիարակչական բովանդակութիւն եւ մեծ հաճոյքով կ՛ընթերցուին փոքրերու կողմէ։ Կորիւնի մանկական հմայիչ բանաստեղծութիւններուն այն շարքը, որ մեծ տեղ գրաւած է հայ գրականութեան մէջ, իսկապէս մանկական արժէքաւոր ստեղծագործութիւններ են։ Այդ գործերը փոքրիկներուն մէջ կ՛արթնցնեն ազնուութիւն, աշխատասիրութիւն, մարդասիրութիւն։
Բազմաժանր եւ բեղմնաւոր հեղինակ է Կորիւնը։ Մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդացուին նաեւ անոր հեքիաթները, ուր պարզօրէն կ՛արտայայտէ մեր ազգային երանգները։
1948 թուականին կը հրատարակուի Կորիւնի «Դպրոցական Թատրոն» հեքիաթ-բիէսներու ժողովածուն։ «Դպրոցական Թատրոն»-ը մեծ յաջողութիւն գտած է դպրոցներէն, նախադպրոցական հիմնարկներէն ներս ու դարձած՝ անոնց թատերականացուցած հանդէսներու սիրուած նիւթերէն։ Հեղինակը որդեգրած է մատուցման հետաքրքիր ձեւ իր «Մեսրոպ Մաշտոցը Ու Հայոց Տառերը» պոէմ-բիէսի համար, ուր տառերը հանդէս եկած են, որպէս գործող անձինք։ Այնքան հերոս, որքան տառ։ Այդ հերոսները երբեմն՝ մեղմ են ու բարի, երբեմն՝ կոշտ են, առնական, սակայն բոլոր դէպքերուն ճակատագիր են ու կենսագրութիւն, հայրենիք ու հայրենասիրութիւն։
Կորիւնի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են տարբեր լեզուներու։ Ինք եւս կատարած է թարգմանութիւններ։
Մէջբերումներ Մկրտիչ Կորիւնի մասին
ԽմբագրելՄկրտիչ Կորիւնը Խնկո-Ապոր նման, մշակում է կենցաղային, բարոյախօսական առակներ, նիւթ վերցնելով կենդանիներին, բնութեան ուժերը եւ մարդկանց։ |