Յարութիւն Աւգերեան

Աւգերեան Հ. Յարութիւն (Յունիս 1774[1], Անգարա, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 24 Նոյեմբեր 1854(1854-11-24)[1][2], Վենետիկ, Աւստրիական Կայսրութիւն[1]), լեզուագէտ, բառարանագիր եւ թարգմանիչ։ 1786-ին, Վենետկի Ս. Ղազար վանքը կը հասնի իր երէց եղբօր քով, եւ 1798-ին քահանայ կը ձեռնադրուի:

Յարութիւն Աւգերեան
Ծնած է Յունիս 1774[1]
Ծննդավայր Անգարա, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 24 Նոյեմբեր 1854(1854-11-24)[1][2] (80 տարեկանին)
Մահուան վայր Վենետիկ, Աւստրիական Կայսրութիւն[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մայրենի լեզու հայերէն
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, բառարանագիր, թարգմանիչ

Հ.Յ. Աւգերեան իր կեանքը գրեթէ ամբողջ վանքին մէջ անցուցած է, քահանայութենէն երկու տարի ետք Դրանսիլվանիա կը ղրկուի, ուր ժողովուրդին մէջ քանի մը տարի քարոզիչ եւ դաստիարակի պաշտօն վարելէ ետք Ս. Ղազար կը դառնայ: Երկու անգամ Լոնտոն գացած է քիչ ժամանակուան համար, նոյնպէս եւ Հռոմ, ուր ներկայ եղած է Գրիգոր ԺԶ. Քահանայապետին ընտրութեան:

Վանքին մէջ իր գլխաւոր պաշտօնը եղած է՝ հիւընկալել վանք այցելողները եւ սիրելի եղած է բոլոր օտարներուն իր զուարթ բնաւորութեամբ:

Իր եցէց եղբօր՝ Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի նման աշխատած է ծանօթացնել հայ ազգը Եւրոպայի իր պատուական աշխատասիրութիւններով: Հայրը Յ. Աւգերեանի անունը շատ սերտօրէն կապուած է հռչակաւոր Լորտ Պայրընի հետ: Անգլիացի քերթողը երբ 1816-ին Վենետիկ գալով Ս. Ղազար այցելեց, իբրեւ լաւ անգլերէն գիտցող Հ. Յ. Աւգերեան ընդունեց զինք, եւ բնական էր որ երբ մեծ քերթողը հայերէն ուզեց սորվիլ՝ իրեն ուսուցիչ Հ. Յարութիւնը պիտի ընտրէր:

Շատ անգլիացիներ, լսելով որ Պայրընը հայերէն սորված է՝ իրենք ալ հետեւած են անոր, դասատու ունենալով մի՛շտ Հ. Յարութիւնը որ Պայրընի հետ, վարժապետ եւ աշակերտ՝ քերականութիւն մը պատրաստեցին, որ քանի մը անգամ տպագրուեցան:

Հ. Աւգերեան քերականութենէն յետոյ ձեռնարկեց Անգլ. եւ Հայ ու Հայ եւ Անգլ. բառգիրքներուն ձեռնտուութեամբ եւ արդեամբք Յովհ. Պրէնտ հայերէնագէտ անգլիացիին: Հ. Աւգերի անդրանիկ հրատարակութիւնն եղած է «Բառարան համառօտ ի գաղղիականէ ի հայ», տպուած 1812-ին (մօտ 600 էջ), որ 1840-ին կրկին տպագրութեան արժանացաւ: 1816-ին լոյս ընծայեց «Բառարան համառօտ ի հայէ ի գաղղիական», 700 էջ: 1817-ին լոյս ընծայեց «Քերականութիւն անգղիական եւ հայերէն»: 1819-ին՝ «Քերականութիւն հայերէն եւ անգղիական» որ երրորդ տպագրութեան արժանացաւ: 1824-ին՝ «Բառարան Հայերէն եւ Անգղիական», որուն համառօտը տպագրուեցաւ 1825-ին ի Կալաթա: Հ. Աւգերեան ունի դեռ իտալերէն, Ֆրանսերէն լեզուով գրքոյկներ վանքը եւ մեր ազգը օտարներուն ճանչցնելու նպատակաւ: 1821-ին հրատարակած «Բացատրութիւն չափուց եւ կշռոց նախնեացը», եւ թարգմանած է «Միլտոնի Դրախտ կորուսելաը»՝ արձակ, գրաբար եւ լոյս ընծայած է «Ն. Լամբրոնացւոյ Ատենաբանութիւնը»:

Հայր Աւգերեան բացի հայերէնէն եւ տաճկերէնէն, գիտէր՝ յունարէն, եբրայերէն, լատիներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, հունգարերէն եւ գերմաներէն: «Հարազատին նման, կը գրէ Հ. Սարեան Հ. Յարութիւն եւս՝ վանական կառավարութեան մէջ երկար տարիներ գործակցութիւն ունեցած է, քսան տարւոյ չափ ընդհանրական քարտուղարի եւ առաջիկայի պաշտօն վարելով, ինչպէս որ Եղբօրը վիճակին վրայ նախանձելով ետեւէն թռեր հասեր էր վանք՝ թողլով հայրենի գիրկը, նոյնպէս անոր մահուընէն 8 ամիս վերջը՝ նոյն գեղեցիկ նախանձով վառուած, կը թռչէր դարձեալ անոր ետեւէն դէպի երկինք, 81 տարեկան՝ ծանրաբեռն ամօք եւ արդեամբք (24 Նոյեմբեր 1854-ին Ս. Ղազարու մէջ): Հ. Յ. Աւգերեանի մահուան առթիւ գրուած է «Բազմավէպ»ի մէջ 1854 էջ 376:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1.

Աղբիւրներ Խմբագրել