Յովհաննէս Ալխազեան

Յովհաննէս Ալխազեան (2 Փետրուար 1881(1881-02-02)[1][2], Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2] - 1958[1][2], Փարիզ[1][2]), հայ նկարիչ։

Յովհաննէս Ալխազեան
Ծնած է 2 Փետրուար 1881(1881-02-02)[1][2]
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 1958[1][2]
Մահուան վայր Փարիզ[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Դաւանանք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ
Յովհաննէս Ալխազեան Ուիքիդարանում

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ամերիկեան վարժարանը՝ որուն օրուն տնօրէնն էր ծանօթ հայասէր միսիոնար Տր. Րէյնըլտ: Յետոյ անցած է Կովկաս եւ 1898-1904 յաճախած է Թիֆլիսի նկարչական վարժարանը: 1904-ին մեկնած է Փարիզ եւ աշկերտած է տեղւոյն Գեղարուեստական վարժարանին, փրոֆ. Քորմոնի արուեստանոցին մէջ:

Ալխազեան որ երկար ատենէ ի վէր առաջնակարք նկարիչ մը կը ճանչցուի. Վերջին տարներո ինքզինք նուիրած յաւետ դաշտանկարչութեան եւ այդ պատճարաւ ալ այցեքած է Եւրոպայի ծայրագոյն հիւսիսէն սկսեալ մինչեւ հարաւային բոլոր մասերը:

Ալխազեան 1911 թուականէն սկսեալ ամէն տարի կը ցուցադրէ իր նկարները Societé Nationale des Beaux Artsի մէջ։ Ալխազեան անդամ է նաեւ Փարիզեան նկարչական եւ քանդակագործական ընկերութեան եւ կը մասնակցի անոր ամէն տարուան ցուցահանդէսներուն:

Ալխազեան իր նկարներուն ցուցադրութիւնը ըրած է ո՛չ միայն Ֆրանսայի զանազան քաղաքներու մէջ՝ այլ եւ Լոնտոն, Պրիւքսել Անվերս եւայլն: Ֆինլանտական տեսարանները գեղեցկօրէն ներկայացնող իր կարեւոր նակարներէն մին 1917-ին գնուեցաւ Փարիզի Լիւքսեմպուրկի թանգարանէն ուր կը գտնուէր ադ ժամանակ: «Վաղահաս Ձիւն» նկարը որ 1926 թուականին ցուցադրուած է՝ քննադատներու մասնաւոր ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելով ներբողալի տողերու արժանացած է:

Ալիս Պինէ, որ նկարչուհի մըն է գեղարուեստական քննադատական յօդուածներ յաճախ գրած է, հետեւեալ կերպով կ'արտայայտուի Ալխազեանի մասին.-

  Ալխազեան ո՝չ իրապաշտ մըն է եւ ոչ ալ գաղափարապաշտ մը: Շատ դժուար պիտի ըլլայ զինքը պիտակով մը դասաւորել: Ան նկարիչ մըն է աւելի կեանքի վերացումներու ու իրական զգայնութիւններու տարուած քան մեկնաբանութիւնով կամ ոճարականութիւնով: Ան բանաստեզծ մըն է, որ կը նկարէ պարզօրեն եւ ուղղակի: Իր դաշտանկարները կը ներկայացնեն ինչ որ անոր աչքը ու պայծար հոգին տեսած են: Արեւի սպիտապ ողողումներ, պայծարափայլ կէսօրուան գոյներ կամ հիւսիւսային երկիրներու ձիւները՝ որոնց մէջ կայ արեւը ու ապրելու հաճոյքը: Ան չի՝ քացատրեր, չի՝ փոխանցեր: Ան կու տայ մեզի ձուումը առանց արուեստականութեամբ: Այդ յուզումը հարուստ է ու կը վերացնէ առանց վարանումի. քանզի նկարիչը չի ճանչնար կասկածը եւ իր գործը հաստատականութիւն մըն է՝ բաղկացած լոյսէ, ուրախութենէ եւ ստուգութենէ: Բայց այս ուժգնութեան կը միանայ ամենանուրբ երփնեբանգութիւն մը: Ոչ փիլիսոփայականը ոչ վեբացականը. այլ Թանձրացեալ իրականութիւնն է իր կալուածը. Ատոր մէջ իսկ Ալխազեան կը գլէ կ'անցնի մեր տեսականութեան սովորական ըմբռնումները  


Գործեր

Խմբագրել

Ալխազեանի գործերէն են՝

  • «Սպիտակ գիշեր Ֆինլանտայի մէջ»
  • «Ձմրան արեւևը»
  • «Գիւղը ձիւնի տակ»
  • «Ջրաղացը Ավենի վրայ»
  • «Վենետիկի մօտ»
  • «Լուարա գետի ափերը»
  • «Վաղ գարուն»
  • «Տեսարան Փրովանսէն»
  • «Կամուրջ Թոլիտոյի մէջ»
  • «Նաւակներ»
  • «Այծեր»

Ցուցահանդէսներ

Խմբագրել

Ֆրանսայի մէջ անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է (1918, 1920, 1922

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1.