Յովհաննէս Աւագեան
Յովհաննէս Աւագեան (12 Հոկտեմբեր 1882, Բինկեան, Տեւրիկ - 10 Յունիս 1959, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ գրագէտ-քննադատ, գրող եւ լրագրող։
Յովհաննէս Աւագեան | |
---|---|
Ծնած է | 12 Հոկտեմբեր 1882 |
Ծննդավայր | Բինկեան, Տեւրիկ |
Մահացած է | 10 Յունիս 1959 (76 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, գրականագէտ, լրագրող |
Աշխատավայր | Պօղոս Գուբելեան |
Կենսագրական գիծերԽմբագրել
Յովհաննէս ծնած է Ակնայ գիւղերէն Բինկեանի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը տեղւոյն վարժարանին մէջ ստանալէ ետք 1897-ին Սեբաստիոյ Զուիցերիական որբանոցը կը ղրկուի, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1902-ին: Երկու տարի նոյն հաստատութեան մէջ ուսուցչութիւն կ’ընէ եւ 1904-ին կը մտնէ Մարզուանի Անաթոլիա Գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1907-ին B.A. տիտղոսով:
Վարած պաշտօններԽմբագրել
Երկու տարի նոյն քաղաքի Աւետարանական վարժարանին մէջ տնօրէն-ուսուցչի պաշտօն վարելէ յետոյ՝ հրաւէրով մեկնած է Վանի Ամերիկեան վարժարանը, ուր հայ լեզուի եւ գրականութեան, ինչպէս նաեւ մաթեմաթիկայի ուսուցչութիւն ըրած է մինչեւ 1915-ի տեղահանութեան տարին:
Վանի մէջ 1911-1914 զուտ գաւառական գրականութեան նուիրուած «Վանտոսպ» հանդէսը խմբագրած է:
1915-ի վերջերը գացած է Նիւ Եորք, ուր ժամանակ մը գրասենեակային աշխատանք կատարելէ յետոյ մեկնած է Պոսթըն 1917-1919 Ազգ օրաթերթի օգնական խմբագրի պաշտօնով:
1919-ին կը գտնուի Հայաստանի «Կոչնակ» շաբաթաթերթի խմբագրական կազմին մէջ, հոն բացի ազգային բաժինը խմբագրելէ՝ երեւցած է իր լուրջ քննադատական յօդուածներով: Աշխատակցած է զանազան Տարեգիրքերու, թերթերու եւ հանդէսներու, (Թէոդիկի՝ Ամէնուն Տարեցոյցը, Արեւելք, Հայրենիք, Բիւրակն, Պայքար, Փիւնիկ, Նաւասարդ եւ այլն):
Գրական վաստակԽմբագրել
ՀատորներԽմբագրել
Աւագեան առանձին հատորներով լոյս ընծայած է․
- «Գոհարներ հայ գրականութեան»,
- «Գրական դէմքեր»,
- «Նշանաւոր օփերաներ»,
- «Աւետիս Ահարոնեան» եւ «Այսպէս ապրեցանք»:
Հայ գրական եւ գեղարուեստական գրեթէ ամէն շարժումի եւ երեւոյթի շուրջ պարզած է իր տեսութիւնները՝ ցրուած հոս ու հոն: Իր ծածկանուններն եղած են Վաղարշ Վաղարշեան, Հրայր, Ասպարունի, Գրասէր, Գեղարուեստասէր, Երաժշտասէր եւ այլն:
ԹարգմանութիւններԽմբագրել
Հայերէնի վերածած է բազմաթիւ կարճ պատմուածքներ: Իր թարգմանութեանց կարգին պէտք է յիշել Կոմս Ելիքսի Թոլստոյի հինգ արար թարգմանութիւնը Ցար Ֆիօտօր Իվանովիչ, հրատարակուած 1928-ի Հայաստանի Կոչնակի թիւերուն մէջ:
ԱղբիւրներԽմբագրել
- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 320: