Յուշարար-Միութիւն
Յուշարար-Միութիւն (արեւմտահայերէն՝ Յուշարար-Միութիւն), տեղեկատու ամսաթերթ։ ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1961 թուականէ, Նիւ Եորքի մէջ։ Ստեղծուած է «Միութիւն» եւ «Յուշարար» պարբերականներու միաւորումով։ Խմբագիր՝ Ա. Փօլատեան (1961-1990 ), 1990 թուականէն՝ խմբագրական խորհուրդ։
Յուշարար-Միութիւն | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Լեզու | Հայերէն, Անգլերէն |
Խմբագիր | Ա. Փօլատեան (1961-1990) |
Հրատարակիչ | ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութիւն |
Երկիր |
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն |
Գործունէութիւն
Խմբագրել«Յուշարար միութիւն»-ը (ինչպէս ժամանակին «Միութիւնը» եւ «Յուշարարը») կ՜աջակցէր ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան, կը լուսաբանէ միութեան եւ անոր մասնաճիւղերու ձեռնարկումները։ Կը հրատարակէ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովներու արձանագրութիւններ, ելոյթներ, հանգանակութիւններու ցուցակներ, սփիւռքահայ մշակութային կեանքի մասին տեղեկութիւններ, հայկական կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ նիւթեր եւ այլն։ Տպագրուած է Ա. Չօպանեանի, Պ. Նուպարի, Ֆ. Նանսենի, Ս. Գարակէօզեանի, Ա. Մանուկեանի եւ այլոց նամակները, գրագրութիւններ Սովետական Հայաստանի զանազան հաստատութիւններու հետ, թղթակցութիւններ հայրենիքէն։ Կարեւոր տեղ յատկացուցած է 1946—1948 թուականներու հայրենադարձութեան, արձագանգած յետպատերազմեան տարիներուն սփիւռքահայութեան յուզող իրադարձութիւններուն։ «Յուշարար միութիւն»-ին մէջ աշխատակցած են Բ. Նուրիկեանը, Մ. Թիրէաքեանը, Հ. Անտօնեանը, Ա. Նազարը, Ա. Մանուէլեանը, Լ. Զ. Սիւրմէլեանը, Զ. Գալեմքեարեանը, Ա. Պետիկեանը, Աւետիս Քեյը, Պետրոս Կէօլճիկը, Գ. Սարաֆեանը, Շահան Նաթալին, Դ. Միրագենցը, Ա. Թերզիպաշեանը, Լ. Կերտանը եւ ուրիշներ։ Տպագրած է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Թէքէեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի եւ այլոց ստեղծագործութիւններ։ «Յուշարար»-ը 1927 թուականէն ունեցած է անգլերէն էջ, 1947 թուականէն՝ «Hoosharar» բաժին, որ 1952 թուականէն լոյս կը տեսնէ որպէս առանձին պարբերական (խմբագիրներ՛ Մ. Յովսէփեան, Ա. Գույումճեան, Վ. էքսէրճեան, Ս. Թովմասեան, Ռ. Սարեան, Պ. Նորհատք)։