Նահր ալ Քալպ, ( արաբ. ՝ نهر الكلب, կը նշանակէ՝ շան գետ) գետ՝ Լիբանանի մէջ։ Ունի 31 քմ (19 մղոն) երկայնք: Կը բխի Ժէհիթայի քարանձաւին մօտ գտնուող Ժէհիթա աղբիւրէն եւ կը թափի Միջերկրական ծով:

Լիբանանի Անկախութեան նուիրուած յուշակոթողը

Կոթողներ

Խմբագրել

Գետին շուրջ կը գտնուին բազմաթիւ պատմական կոթողներ: Ամէնէն  նշանաւորն է՝ արաբերէն արձանագրութեամբ 1943-ին Լիբանանի Անկախութեան նուիրուած յուշակոթողը:

Նահր ալ Քալպի կամուրջին նորոգութեան ատեն, յայտնաբերուած է էմիր Այթմիշի որմնանկարը, քանդակուած գետափին նշանաւոր մէկ պատին վրայ[1]:

Արձանագրութիւնները կը ներառեն նաեւ երեք եգիպտական ​​հիերոկլիֆային նմուշներ՝ փարաւոններէն, ինչպէս՝ Ռամսիս Բ.-էն, վեց սեպագիր արձանագրութիւններ նորաբաբելոնեան թագաւորներէն՝ ներառեալ Եսարհաթոնէն եւ Նաբուգոդոնոսորէն, հռոմէական եւ յունական արձանագրութիւններ, ֆրանսերէն արձանագրութիւն մը, ուր կը նշուի 1860-ին Նափոլէոն Գ.-ի ներխուժումը Լիբանան[2]:

Նափոլէոն Գ.-ի արձանագրութիւնը

Գետին շրջակայքը գտնուող կոթողները ներառուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատմամշակութային ցանկին մէջ:[3]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել