Նիկոդիմոս Ամատունի

Նիկոդիմոս Ամատունի (3 Մայիս 1859(1859-05-03), Օշական, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 4 Մարտ 1946(1946-03-04), Փարիզ), իշխան, Ռուսական կայսրութեան պետական, քաղաքական, հասարակական գործիչ, Պետական վաւերական խորհրդական, Ռուսական կայսրութեան 4-րդ դասի պաշտօնեայ, յատուկ յանձնարարութիւններու գծով յանձնակատար․ Ռուսասկան կայսրութեան արդարադատութեան, նիւթական եւ տնտեսական, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարութիւններ, Առեւտրական ծովագնացութեան եւ նաւահանգիստներու գլխաւոր վարչութեան չորրորդ կարգի յատուկ յանձնարարութիւններու պետ, Կարմիր խաչի միաւորման Պահեստի պատասխանատու ղեկավար։

Նիկոդիմոս Ամատունի
 
Մասնագիտութիւն՝ պետական գործիչ, քաղաքական գործիչ, հանրային գործիչ, իրաւագէտ
Դաւանանք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ծննդեան օր 3 Մայիս 1859(1859-05-03)
Ծննդավայր Օշական, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
մահուան օր 4 Մարտ 1946(1946-03-04) (86 տարեկանին)
մահուան վայր Փարիզ
Հարստութիւն Ամատունիներ
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Հայր Եսայի Ամատունի
Մայր Մարգարիտ Ամատունի
Ամուսին Եւկենիա Ամատունի
 
Պարգեւներ

Ս․ Սթանիսլավի շքանշան Սուրբ Վլատիմիրի Շքանշան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ռուսական կայսրութեան Երեւանի նահանգի Օշական գիւղին մէջ: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Օշական գիւղին մէջ, հօր՝ Տ. Եսայի Ա. Քահանայի մօտ[1]։ Նախնական կրթութեամբ չբաւարարուելով, հակառակ ծնողքին կամքին, անակնկալ որոշումով հեռացած է գիւղէն, մեկնած է Թիֆլիս եւ միացած 1784 թուականի վրաց Հերակլ Բ. թագաւորի, ապա ռուսաց Նիքոլայ Ա. ցարի հրովարտակներով ազնուականի տիտղոսը վերաշնորհուած, Թիֆլիսի մէջ ծանրակշիռ հեղինակութիւն վայելող իր ազգականներուն: Ապացուցելով Օշականի եւ Թիֆլիսի Ամատունիներու ժառանգական, ազգակցական կապը, ան կը վերականգնէ իր իշխանաց տիտղոսը[2]:

Նիկոդիմոս Ամատունին ընդունուած եւ աւարտած է Ներսիսեան դպրոցը: Այստեղ ան ծանօթանած եւ մտերմացած է այն ժամանակուան հայ գրողներուն, ընկերացած է գրող, թատերագէտ, դերասան Պետրոս Ադամեանին: Ուսումը կրկին շարունակելու ձգտումով, մեկնիած է Փեթերսպուրկ:

Փեթերսպուրկի մէջ ուսանելուն եւ աշխատելուն զուգընթաց՝ եռանդուն հաղորդակցութիւն եւ մտերմութիւն ունեցած է այն ժամանակներու գրեթէ բոլոր ակնառու մտաւորականներուն, պետական ու քաղաքական դէմքերուն հետ։

1889 թուականին աւարտած էէ Փեթերսպուրկի կայսերական համալսարանի իրաւաբանական բաժինը եւ ստացած՝ իրաւունքի գիտական աստիճան[3]:

Վարած պաշտօններ

Խմբագրել

1890 թուականին աշխատած է դատական մարմիններէն ներս, նշանակուած է կառավարութեան ծերակոյտի քրէական վարչութեան մէջ եւ ունեցած է ոչ միանձնեայ քարտուղարի պետական աստիճան՝ 10-րդ դասի պաշտօնեայի կարգավիճակ:

16 Փետրուար 1893 թուականին եղած է Եքաթերինպուրկի մարզական դատարաններու դատական քննիչ (դատախազ):

1895 թուականին Ամատունին եղած է 9-րդ դասի պետական տիտղոսային խորհրդական:

Աշխատած է նաեւ Սարատովի մարզական դատարաններու դատական քննիչ (դատախազ), սեփական հարցմամբ նշանակուած է Քամենեց-Պոտոլսքի մարզական դատարանի դատական քննիչ:

1903 թուականի օգոստոսին առեւտրական նաւագնացութեան գլխաւոր կառավարիչին՝ մեծն իշխան Ալեքսանտր Միխայիլովիչին հրամանով նշանակուած է Ռուսաստանի նորաստեղծ Առեւտրական ծովագնացութեան եւ նաւահանգիստներու գլխաւոր վարչութեան չորրորդ կարգի յատուկ յանձնարարութիւններու պետ:

1904 թուականին անոր շնորհուած է պետական ոչ միանձնեայ խորհրդականի կարգավիճակ, եւ ան նշանակուած է դէպի Պարսից ծոց եւ շրջակայ շրջաններ Առեւտրական ծովագնացութեան եւ նաւահանգիստներու գլխաւոր վարչութեան կողմէ հանդերձաւորուող նաւային արշաւախումբի ղեկավար:

1905 թուականի Օգոստոսէն մինչեւ 1906 թուականի Ապրիլը, Ամատունին, իբրեւ Առեւտուրի նախարարի յատուկ յանձնակատար, գլխաւորած է նոյն ուղղութեամբ իր երկրորդ գաղտնի արշաւը դէպի Պարսից ծոցի նաւահանգիստներ եւ դրացի գաւառներ՝ յոյժ կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող այս տարածքաշրջանի առեւտրական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ կարգաւորելու նպատակով:

1906 թուականին իշխան Նիկոդիմոս Ամատունի նշանակուած է առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարարութեան Ռուս-դանուբեան Շոգենաւագնացութեան վարչութեան ղեկավար կազմին մէջ:

1907 թուականին իշխան Նիկոդիմոս Ամատունիին շնորհուած է պետական խորհրդականի աստիճան:

1908-1909 թուականներուն ան հետեւած է Ռուսաստանի գետային նաւատորմի աշխատանքներու բնականոն գործունէութեան, մասնաւորապէս դանուբեան նաւահանգիստներ կապի միջոցներու ապահովման աշխատանքներուն. կարգաւորած է ռուսական շոգենաւային ընկերութեան առեւտրային նաւերու աշխատանքն ու ուղեւորութիւններուն ճշգրիտ ժամկէտը: Նաւատորմը նոր նաւերով համալրած է: Ան է, որ Ռուսաստանի համար բացայայտած է այս նաւերուն առեւտրային նշանակութիւնը:

1909 թուականին անոր վստահուած է «Կայսր Նիքոլայ Բ.» շոգենաւին մէջ կազմակերպուած ռուսական արտադրութեան ապրանքներու ծփացող ցուցահանդէսին ղեկավարումը՝ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու նաւահանգիստներ այցելութեան համար:

1910 թուականին Ամատունիին այս անգամ վստահուած է 1911 թուականի Թուրինի (Իտալիա) միջազգային ցուցահանդէսի ռուսական բաժինի լիազօրի պատասխանատու պարտականութիւնը:

1911-ին Ամատունի ստացած է պետական վաւերական խորհրդականի աստիճան:

Ան 1913 թուականին եղած է Հայաստանի մէջ: Անոր միջնորդութեամբ ու նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած է իր ծննդավայր Օշական գիւղի դպրոցը

1914 թուականին՝ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն, Նիկոդիմոս Ամատունի Կարմիր խաչի միաւորման գլխաւոր տնօրէնութեան հրամանով նշանակուած է հիւսիս-արեւմտեան ճակատի դաշտային Պահեստի պատասխանատու ղեկավար:

Երբ 1917 թուականին մեծամասնականները (պոլշեւիկ) իշխանութեան գլուխ եկած են, քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Նիկոդիմոս Ամատունին Ռուսաստանի հարաւին մասնակցած է ընդդիմադիրներուն՝ ճերմակ բանակայիններու շարժումին:

Մինչեւ վերջ ան ջանացած է պայքարիլ ու երկիրը զերծ պահել համայնավարական յեղափոխութեան անկասելի տիրապետութենէն:

1920-ին կարճ ժամանակ մը ընդգրկուած է Ռուսաստանի Հարաւային կառավարութեան կազմին մէջ, մասնակցած է նիւթական եւ տնտեսական համագումարներու:

Ֆրանսայի մէջ

Խմբագրել

1920 թուականին Ճերմակ բանակի վերջնական ձախողումէն ու մեծամասնականներու լիակատար իշխանութեան գալէն ետք, Ամատունին արտագաղթած է Ֆրանսա[4]: Հոն շարունակած է իր հասարակական, քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւնը՝ մասնակցած է ռուսական մի քանի հասարակական կառոյցներու հիմնադրման:

Իր կեանքի վերջին ժամանակահատուածին Նիկոդիմոս Ամատունի ապրած է Փարիզի մերձակայ Սեն Ժընեւիեւ տը Պուա քաղաքի ռուսական տան մէջ:

Մահացած է 4 մարտ 1946 թուականին եւ յուղարկաւորուած է Սեն Ժընեւիեւ տը Պուա քաղաքի գերեզմանատան մէջ՝ համայնավարական կարգերու չյարմարող բազմաթիւ ականաւոր ռուս մտաւորականներու, զինուորական, քաղաքական, մշակութային գործիչներու կողքին:

Եղբօր թորան՝ Իշխան Ամատունիի եւ անոր որդիին՝ Գարեգինի հաւաստմամբ, ան իր ունեցուածքը նուիրաբերած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ):

Շքանշաններ եւ պարգեւներ

Խմբագրել
  • 1914 թուականէն կրած է 24 Յունիս 1899 թուականի բարձրագոյն մարմինին սահմանած Կարմիր խաչի կրծքանշանը:
  • 1915 թուականին Ամատունին պարգեւատրուած է Սուրբ Վլատիմիրի երրորդ աստիճանի շքանշանով:
  • 1916 թուականին արժանացած է Սուրբ Սթանիսլաւի առաջին կարգի շքանշանին՝ պատերազմական իրավիճակի ժամանակ Ռուսական Կարմիր խաչի միաւորման մէջ կատարած աշխատանքին համար:
  • Պարգեւատրուած է Ալեքսանտր Գ. կայսեր յիշատակի արծաթէ մետալով:
  • Պարգեւատրուած է Ռոմանովներու Տան 300-ամեակի պրոնզէ մետալով:
  • Քաղաքացիական արժանիքներուն համար պարգեւատրուած է Պուլկարական երրորդ կարգի շքանշանով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Սահակ վարդապետը, ամատունիները, Օշականի եկեղեցին եւ դպրոցը»։ matyan.am։ արտագրուած է՝ 2022-02-28 
  2. խոսնակ Մամուլի։ «Նիկոդիմոս Ամատունի»։ Մամուլի խոսնակ - Անկախ հրապարակումների հարթակ (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-28 
  3. «ՕՇԱԿԱՆԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ՀԱՅԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-28 
  4. «Նիկոդիմոս Եսայու Ամատունու մասին»։ niderlandakan.livejournal.com (en-us)։ արտագրուած է՝ 2022-02-28