Շարա Տալեան (16 (28) Յուլիս 1893, Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 7 Նոյեմբեր 1965(1965-11-07)[1][2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), հայ երգիչ, ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտ։ ԽՍՀՄ Պետական մրցանակի դափնեկիր։ ՀԽՍՀ ժողովրդական արուեստագէտուհի Մարիաննա Սեդմարի ամուսինը։

Շարա Տալեան
Ծնած է 16 (28) Յուլիս 1893
Ծննդավայր Թիֆլիս, Ռուսական Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 7 Նոյեմբեր 1965(1965-11-07)[1][2] (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն երգիչ
Ծնողներ հայր՝ Ջամալի?

Մանկութեան տարիներ Տարիներ

Խմբագրել

Շարա Տալեանը ծնած է 1893 թուականին Թիֆլիս, Տալեաններու նշանաւոր ընտանիքին մէջ։ Շարայի հօր հայրը եղել է նշանաւոր աշուղ Քամալին, հայրը նոյնպէս աշուղ էր, յայտնի էր աշուղ Ճամալ անունով: Իր հօր մօտիկ ազգականներէն էր նաեւ աշուղ Շերամը՝ Գրիգոր Տալեանը: Մանկութեանը միշտ ըլլալով աշուղական երգարուեստի մէջ, ստանալով երաժիշտական կրթութիւն եւ յաճախակի ներկայ ըլլալով աշուղական մրցումներուն, իր մօտ կանուխ տարիքէն ի յայտ կու գան երաժշտութեան հանդէպ սէրը եւ ունակութիւններ: Ութ տարեկանին կ'ընդունուի Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոց, ուր կը յաճախէ մինչեւ 1913 թուականը, միաժամանակ աշակերտելով Գրիգոր Սիւնիին եւ Կոմիտասի աշակերտ Սպիրիտոն Մելիքեանին: Այդ ընթացքին ան կ'երգէ նաեւ դպրոցի երգչախումբի մէջ եւ 13 տարեկանէն խումբի մեներգիչն է։ 1908 թուականին, երբ երգահան Արմէն Տիգրանեանը նոր սկսած էր աշխատիլ «Անուշ» օփերայի վրայ, ատոր արդէն քիչ թէ շատ աւարտի մասերը կը ներկայացուին Թիֆլիսի մէջ՝ Ներսիսեան դպրոցի սաներու ուժերով, որոնցմէ մէկն ալ Շարա Տալեանն էր։ Ատկից քանի մը տարի անց՝ 1911 թուականին՝ Շուլավերի մէջ, 1912 թուականին Թիֆլիսի մէջ տեղի կ'ունենայ Շարա Տալեանի առաջին մենահամերգները. ան աչքի կ'իյնայ կատարողական ոճի անհատականութեամբ եւ կ'արժանանայ երաժշտագէտներու ու երաժշտասէրներու ուշադրութեանը:

Մասնակցութիւնը «Անոյշ» Օփերային

Խմբագրել
 
1912 թուականի օգոստոսի 4-ի Ալեքսանտրապոլի Քաղաքային ժողովրդական տանը կայանալիք Անուշ օփերայի առաջին ներկայացման պաստառը։

Շարա Տալեանը դեռ չէր աւարտած դպրոցը, երբ 1912 թուականին Թիֆլիսի մէջ մասնակցեցաւ Տիգրան Չուխաճեանի «Լեպլեպիճի Հոր-հոր աղա» կատակերգական օփերայի բեմադրութեանը՝ ճանչցուելով Հոր-հոր աղայի դերերգով: Նոյն տարին երգահան Արմէն Տիգրանեանը կը պատրաստուէր հանրութեան ներկայացնել Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ» բանաստեղծութեանը հիման վրայ գրած իր համանուն օփերան՝ արդէն ամբողջութեամբ: Ներկայացումը տեղի ունեցաւ 1912 թուականի Օգոստոսի 4-ին երգահանի ծննդավայր Ալեքսանտրապոլի մէջ։ Սարոյի դերակատարն էր Շարա Տալեանը, իսկ Անուշը կը մարմնաւորէր Աստղիկ Մարիկեանը: Քաղաքի համերգային դահլիճը լեփ-լեցուն էր։ Անոնք, որոնք չէին կրցած դահլիճ մտնել, օփերան լսած էին բաց պատուհաններու քով կանգնած: Այդ տարիներուն գրեթէ միջոցներ չկային պատշաճ բեմադրութիւն ստեղծելու համար: Լաւ չէր ձայնաpանութիւնը (acoustics), 12 երաժիշտէ բաղկացած փոքրիկ նուագախումբ էր, հագուստն ու զարդարիչը խիստ համեստ էին: Նուագախումբի երաժիշտները շատ երիտասարդ էին, որոնք թէկուզ լաւ կը կատարէին, բայց չունէին համապատասխան մասնագիտական հմտութիւններ: Եւ հակառակ այս բոլոր բացթողումներուն, հանդիսատեսը կրցաւ զգալ օբերայի ուժն ու շքեղութիւնը: Իր խաղով Շարա Տալեանը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ մնաց որպէս Սարոի դերի չգերազանցուած կատարողը: Ներկայացումէն յետոյ մարդոց բազմութիւնը ջահերով փողոց ելան: Անոնք օփերայէն հատուածներ կ'երգէին եւ այնքան սրտանց կը կատարէին, որ կ'արտացոլուէր Թումանեանի հերոսներու բնաւորութիւնն ու Լոռուայ բնութիւնը: Ճշգրտապէս այդ ժամանակ պարզ դարձաւ, որ «Անոյշ» օփերան մեծ ապագայ կ'ունենայ:

Մանկավարժական եւ երաժշտական գործունէութիւն

Խմբագրել

Օփերայի ներկայացումի յաջորդ տարին՝ 1913-1916 թուականներուն, որպէս երգեցողութեան ուսուցիչ եւ խմբավար, Շարա Տալեանը կ'աշխատի Սուրբ Խաչ քաղաքին մէջ, որը կը գտնուի Հիւսիսային Կովկասի մէջ (այժմեան Պուտիոնովսկ քաղաքը ՌԴ Սթավրոպոլի երկրամասի վրայ): Ան մեծ ոգեւորութեամբ հայ մանուկներուն ու պատանիներուն կը սորվեցնէ երգ ու երաժշտութիւն, կը կազմակերպէ քառաձայն երգչախումբ, կը դասաւանդէ ու կը տարածէ Քրիստափոր Քարա-Մուրզայի, Մակար Եկմալեանի ու Կոմիտասի երգերը: Երիտասարդ երաժիշտ Շարան համոզուած էր, որ արուեստի բարձունքներուն հասնելու համար անհրաժեշտ է կատարելագործել սեփական արուեստը, ուսումնասիրել համաշխարհային երգարուեստի նուաճումները, ծանօթանալ տարբեր ժողովուրդներու երաժշտական ժառանգութեանը եւ դասական երաժշտութեան աւանդոյթներուն:

Այդ նպատակով 1916-17 թուականներուն ան կը յաճախէ Սան Փեթերսպուրսի երաժշտանոցը, ուր աշակերտած է Կապելին եւ Քլինովսքուն: Ատոր զուգահեռ հայկական եկեղեցիին մէջ երգչախումբի մենակատարն է: Այդ տարիներուն Շարա Տալեանը իր ստեղծած թատերական խումբերով Անդրկովկասի շատ քաղաքներու մէջ նուագած է որպէս երգիչ կատարող: 1923 թուականին կազմակերպած եւ ղեկավարած Գիւմրիի հայկական օփերա-օփերեթային խումբը, որու կազմին մէջ էին Հայկանուշ Դանիելեանը, Լեւոն Իսեցքի-Յովհաննիսեանը, Հայկ Տանզասը, Ալեքսանտր Մելիք-Փաշաեւը եւ ուրիշներ, որոնց հետ բեմադրած է Շառլ Կունոյի «Ֆաուսթ» (հայերէնով), Անթոն Ռուպինշթեյնի «Տեւը», Փիոտր Չայքովսքիի «Եւկենի Օնեկին» օփերաները, Իմրէ Քալմանի «Սիլվա» եւ այլ օփերեթներ: Շարա Տալեանը միայն երգիչ կատարող չէր: Օժտուած ըլլալով գիտական արուեստագէտի յատկանիշներով, պրպտած ու յայտնաբերած է բազմաթիւ հին երգեր եւ կենդանութիւն տալով ատոնց:

1927 թուականին բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ եւ այստեղ ալ կազմակերպած է «Հայ աշուղներ» ազգագրական խումբը եւ ամենուրէք տարածելով մեր տաղերգուներու ու գուսաններու երգերն ու տաղերը: 1936 թուականի Հոկտեմբերին Շարա Տալեանը կը կազմակերպէ գուսանական երգերու համոյթը, ուր որպէս մեներգիչ հանդէս կու գայ նաեւ Վաղարշակ Սահակեանը, որը հետագային կը դառնայ «Սայեաթ-Նովա» գուսանական համոյթի գեղարուեստական ղեկավարը: Շարա Տալեանն ազգային մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդիրներուն կը հասցնէ Պաղդասար Դպիրի, Նաղաշ Յովնաթանի, Քիւրճի-Նավէի, Միսքին-Պուրճիի, Սայեաթ-Նովայի, Ճամալի, Շիրինի, Ճիվանի, Շերամի եւ շատ ուրիշներու դեռ անծանօթ երգերը: Ատոնք կը մատուցէ այնպիսի ինքնատիպ կառուցուածքով, որու շնորհիւ կ'արտայայտէ ոչ միայն զգացմունք եւ ապրումներ, այլեւ կը վերակենդանացնէ ժամանակի շունչն ու ոգին:

1933 թուականը հայ ժողովուրդի երաժշտական կեանքին մէջ նշանաւոր դարձաւ այն բանով, որ այդ տարի հիմնադրուեցաւ ազգային օփերային թատրոնը, որու կազմակերպիչներէն ու անդամներէն մէկն ալ կը դառնայ Շարա Տալեանը: Մօտ քսան տարի ստեղծագործելով ազգային թատրոնին մէջ, ան կը ստեղծէ երեսունէն աւելի դերերգներ՝ ընդգրկելով տարբեր ժողովուրդներու երգահաններուն: Շարա Տալեանի օփերային արուեստը իր վառ ու ամբողջական արտայայտութիւնը ստացաւ ազգային կերպարներու մարմնաւորման բնագաւառին մէջ։ Ատոր փայլուն արտայայտութիւնն էր, ինչպէս տեսանք, Սարոյի մարմնաւորումը Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերային մէջ։ Հետագային Շարա Տալեանը մեծ յաջողությամբ կերտեց նաեւ Արշակ թագաւորի կերպարը՝ Տիգրան Չուհաճեանի «Արշակ Բ» օփերային մէջ, Դաւիթ Բէկի կերպարը՝ Արմէն Տիգրանեանի համանուն օփերային մէջ եւ այլն: Որքան ալ արժէքաւոր ու բազմաբեղուն է Շարա Տալեանի երաժշտական- հասարակական գործունէութիւնը, այնուամենայնիւ իր ստեղծագործութեան գագաթնակէտը եւ տարերքը հայ աշուղական երգն է: Իր՝ դեռ 1911-15 թուականներու համերգային ծրագրերուն մէջ կը հանդիպին Կոմիտասի «Կռունկ», «Հով արէք, սարեր ջան» երգերը, Ալեքսանտր Սպենդիարեանի «Այ Վարդ», Ռոմանոս Մելիքեանի «Վարդ» ռոմանսները, ժողովրդական «Ծաղկոց մտայ», «Համեստ աղջիկ», «Մայր Արաքսի ափերով» եւ ուրիշ շատ երգեր: Համերգային այդ ծրագրերէն կ'իմանանք, որ այդ երգերու կողքին ան կատարեր է նաեւ ռուսական ու արեւմտաեւրոպական երգեր: Շարա Տալեանը տարիներ շարունակ մեծածաւալ աշխատանք կը կատարէր՝ մէկ կողմէն մշակելով իր կատարողական արուեստը, միւս կողմէն խորանալով ազգային երաժշտութեան բնոյթի ու առանձնայատկութիւններու ուսումնասիրութեան, ատոնց ընկալման մէջ:

Շարա Տալեանը «Հայ երգի երեկոյ» խորագրով բազմաթիւ համերգներ ունեցեր է Հայաստանի ու արտասահմանի մէջ՝ հնչեցնելով հայկական անմոռաց մեղեդիները: Մուշեղ Աղայեանի հետ գրի առած է, կազմեր ու խմբագրեր Սայեաթ-Նովայի (1946 թ., 1963 թ.) եւ հաւաքեր ու կազմեր Ջիւանի (1955 թ.) երգերու առաջին նոթային ժողովածուները: Ջիւանի բոլոր երգերը կը պատկանին ժողովուրդին, բայց կային ունկնդրին անյայտ ու մոռացուած երգեր: Ու Շարա Տալեանն էր, որ մոռացութեան քողի տակէն դուրս բերաւ ատոնք՝ «Սպիտակ մազեր», «Պանդուխտի երգը», «Առ նազելին», «Խեղճ մարդը», «Ինչ կամենաս ընկերիդ», «Հոգսերով լի» երգերը:

Կատարողական արուեստ

Խմբագրել

Շարա Տալեանը հայ երգի կոմիտասեան երգեցողութեան ոճի լաւագոյն հետեւորդներէն է: Անոնք, որոնք լսեր են Կոմիտասի անմահ երգը, պահպանուած ձայնագրութիւնները, պիտի կարողանան նկատել, որ թէեւ Շարա Տալեանի երգեցողութեան ոճն ունի իր ուրոյն, միայն իրեն յատուկ ու եզակի երանգը, սակայն ան կը հիմնուի կոմիտասեան երգեցողութեան սկզբունքային դրոյթներու ու առանձնայատկութըւններու վրայ:Ան ինքն ալ զբաղուեր է հայ երգի կատարման տեսական հարցերով: Ան կարեւոր կը նկատէր երկար տեւողութեամբ հնչիւններու վրայ ձայնի սահումներն ու տատանումները, աւելորդ կը համարէր գեղգեղանքներն ու կլկլոցները, յիշեցնելով, որ երգեցողութեան չափէն դուրս երկարութիւնը խորթ է եւ օտար հայ երգի համար: Ան կը պնդէր, որ հայ երգը կատարելու ժամանակ պէտք է փոխել մտածելակերպն ու հոգեբանութիւնը, ելակէտ ունենալ ոչ թէ ռոմանսը կամ պայեաթին, այլ հայ երգի երանգներն ու ոլորտները: Ի դէպ, բարեկամներ, Շարա Տալեանն օժտուած էր լիրիկատրամաթիքական պարիտոնի իւրայատուկ ազգային երանգ ունեցող ձայնով: Առհասարակ, ձայնական տուեալներու մասին խօսելով կարելի չէ գտնել այնպիսի բնորոշումներ, որ երգիչին չլսած ունկնդիրները կարողանան մտովին լսել այդ ձայնի հզօրութիւնն ու երանգը, ելեւէջներու արտայայտչական նրբութիւնները: Այնուամենայնիւ, եթէ քանի մը բնորոշում կարելի ըլլար տալ.

իր ձայնին մասին, ապա ատոնք են՝ զարմանալի յստակութիւնը, քիչ մը փոքր խստութիւնն ու հնչեղութիւնը, հզօրութիւնն ու լայնայորդութիւնը: Այս բոլորը, միանալով լաւագոյն մարզուածութեան հետ, այնպիսի տուեալներ կը ստեղծեն երգիչի համար, որոնց շնորհիւ ալ իր երգը կը դառնայ յարատեւ:

Ցոյց տալու համար Շարա Տալեանի կատարողական արուեստը, պէտք է տեսնել, թէ ինչպէս է ան կեանքի կը կոչէ հայկական երգը, ինչպէս կ'արտայայտուի ամէն երգի մը ներքին իմաստը, ինչպէս կը կարողանայ իմաստաւորել այդ երգի մեջ ներդրուած մանրամասները եւ ատով իսկ երգին հաղորդելով թարմ, ինքնատիպ ու խոր արտայայտչականութիւն: Շարա Տալեանի խոշոր արժանիքներէն մէկն ալ անոր յստակ ու անթերի արտասանութիւնն ու առոգանութիւնն է: Այն պէտք է անջատէր իր կատարողական տուեալներէն եւ միացնէր կատարման գեղարուեստական սկզբունքներուն, որովհետեւ իսկապէս անոր խօսքն իր իմաստով, յանգով ու շեշտով այնպիսի ինքնուրոյնութիւն ձեռք կը բերէ, որ այն ունկնդրելով միաձոյլ ու ներդաշնակ կ'ընկալես բառը մեղեդիի հետ, զգալով երգուող բառի բացառիկ նշանակութիւնը:

Կեանքի վերջին տարիներ

Խմբագրել
 
Շարա Տալեանի յուշատախտակը Երեւանի մէջ

Շարա Տալեանը պարգեւատրուեր է պետական շատ պարգեւներով: Մեծ արուեստագէտը երկար տարիներ եղեր է Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր: 1955 թ-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա Պալճեանի ընտրութեան ծիսակատարութիւններու ժամանակ Տալեանը երգչախումբի հետ կատարած է պատարագի մեներգները: 1956 թուականին Շարա Տալեանը կատարեր է Մակար Եկմալեանի եւ Նիկոլ Քալանտերեանի մինչ այդ չհնչած երգերէն: Վերջին անգամ ելոյթ ունեցեր է նոյն թուականին, Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ՝ հայկական արուեստի եւ գրականութեան երկրորդ տասնօրեակի եզրափակիչ համերգին:

Մեծանուն երգիչը ու սիրուած արուեստագէտը մահկանացուն կնքեց Երեւանի մէջ 1965 թուականի Յուլիսի 11-ին: Այսօր Շարա Տալեանի անունով կը կոչուի Վանաձորի երաժշտական դպրոցներէն մէկը, նաեւ կան փողոցներ Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ:

Երգացանկ

Խմբագրել

Շարա Տալեանը հաւաքեր, կազմեր ու տպագրեր է Սայեաթ-Նովայի եւ Ջիւանի երգերու առաջին նոթագրուած ժողովածուները։ Ան կատարեր է աշուղական, գիւղական ու քաղաքային ժողովրդական, հայ երգահաններու երգեր, միջնադարեան տաղեր, որոնք նշանակալի տեղ ունեցեր են իր երգացանկին մէջ։ Գլխաւորապէս տիրապետեր է եւրոպական վոքալ արուեստին ու բեմական վարպետութեանը։

1933-54 թուականներուն եղեր է Երեւանի օփերայի եւ բալետի թատրոնի մեներգիչ, ունեցեր է նաեւ մենահամերգներ։

Կատարեր է Սարոյի («Անոյշ»),

Դաւիթ Բէկի (Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ»), Արշակի (Տիգրան Չուհաճեանի «Արշակ Բ»), Գրիգորի (Ստեփանեան, «Լուսաբաց»), Ֆաուսթի (Շառլ Կունո, «Ֆաուսթ», Տոն Խոսէի (Ժորժ Պիզէ, «Կարմէն»), Ալմավիւայի (Ռոսսինի, «Սեւիլեան սափրիչ»), Ժերմոնի, Ռիկոլեթթոյի, Ամոնասրոյի (Ճիւզեփփէ Վերտի, «Թրավիաթա», «Ռիկոլեթթօ», «Աիտա»), Օնեկինի, Ելեցկու (Փիոտր Չայքովսքի, «Եւկենի Օնեկին», «Փիկովայա տամա») եւ բազմաթիւ այլ դերերգներ։

1955 թուականին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Վեհափառի ընտրութեան ծիսակատարութիւններու ժամանակ պատարագի մեներգները երգչախումբի հետ միասին կատարեր է Շարա Տալեանը։ 1956 թուականին կատարեր է Եկմալեանի եւ Քալանտերեանի՝ մինչ այդ չհնչած երգերէն[3]:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Тальян Шара Мкртычевич // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969. — Т. 25. — С. 240.
  2. 2,0 2,1 2,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. «Շարա Տալեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2020-03-16 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Լեւոն Աւագեան, Շարա Տալեան. (1893-1965), «Գարուն», Յունուար-Փետրուար, 2012 թ.:

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել