Սապրինա Գրիգորեան

Սապրինա Մարկոսի Գրիգորեան (28 Յուլիս 1956(1956-07-28), Հռոմ, Իտալիա - 10 Յունիս 1986(1986-06-10)[1], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ դերասանուհի:

Սապրինա Գրիգորեան
Ծնած է 28 Յուլիս 1956(1956-07-28)
Ծննդավայր Հռոմ, Իտալիա
Մահացած է 10 Յունիս 1986(1986-06-10)[1] (29 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Իտալիա
Մասնագիտութիւն դերասանուհի
Աշխատավայր NBC?
Ծնողներ հայր՝ Մարգոս Գրիգորեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սապրինա Գրիգորեան ծնած է Հռոմի մէջ Մարգոս Գրիգորեանի եւ Ֆլորա Ադամեանի ընտանիքին մէջ։ Մեծ եղած է Մարգոյի ազդեցութիւնը Սապրինային վրայ, ով միշտ հետեւած է աղջկան գործունէութեանը եւ աջակցած է անոր: Սապրինան նախնական կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի մէջ, միջնակարգը՝ Նիւ Եորքի մէջ, սորված տ նաեւ Զուիցերիոյ մէջ։ Վերադառնալով Թեհրան՝ ծանօթացած է Թեհրանի «Դիմակներ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար Փաթրիսա Զիքիի հետ եւ սկսած է մասնակցիլ «Դիմակներ» խումբին ներկայացումներուն: Առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Թեհրանի մէջ հայկական «Արարատ» ինքնագործ թատերախումբի հետ՝ Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ Սիրտը Լեռներուն Մէջ Է» գործին հանդիսանալով Ճոնիի դերակատարմամբ: Այդ բեմադրութիւնը համարուած է ամէնանշանակալից իրադարձութիւնը թեհրանահայ համայնքի թատերական կեանքին մէջ (նախքան Սապրինան, 1965 թուականին, Երեւանի մէջ Ճոնիի դերը առաջին անգամ կատարած է Վարդուհի Վարդերեսեան` Գաբրիէլ Սունդուկեանի Անուան Ակադեմիական Թատրոնին մէջ):

Սապրինայի խաղաոճին բնորոշ եղած են իր հակապատկերական տեսարանները, սուր հակադրութիւնները, ուժգին պոռթկումները, քնարական ներշնչուածութիւնը: Սապրինային խորթ եղած են միապաղաղութիւնը, հանդարտութիւնը, գործողութեան կերպարի դանդաղ ու տարտամ ընթացքը:

Արուեստի ոլորտէն ներս իսկական կրթութիւն ստանալու նպատակով Սապրինան կը մեկնի Լոնտոն, ուր 1978 թուականին կ'աւարտէ Կիլտհոլի Երաժշտութեան եւ Տրամայի դպրոցը, կը մասնագիտանայ ֆիլմի եւ թատրոնի պատմութեան ոլորտին մէջ` Փաթրիսիա Զիքի անմիջական ղեկավարութեամբ: Ուսումնառութեան տարիներուն ընթացքին եղած է Զուիցերիոյ, Սպանիոյ, եւ Իտալիոյ մէջ:

Յետագային Սապրինան կ'աշխատի Նիւ Եորքի NBC հեռուստաընկերութեան մէջ, պատրաստած եւ եթեր հեռարձակած է հեռուստատեսային տարաբնոյթ հաղորդումներ, հեղինակած է երաժշտական-թատերական յօդուածներ, գրած ու բեմադրած հեռուստատեսային թատերագրութիւններ: Անոր յօդուածները լոյս տեսած են Delta SKy Magazine, Ladies Home Journal, Division Magazine եւ այլ պարբերականներու մէջ[2]:

Ներկայացումներ

Խմբագրել
  • Ռոզա Կոնզալեզ՝ Թ. Ուիլեամզ, «Ամառ եւ Ծուխ»
  • Հիփոլիթա եւ Էմիլա՝ Ուիլիըմ Շէյքսփիր, «Ամառային Գիշերուայ Երազը», «Օթելլօ»
  • Մաշայ՝ Անթօն Չեխով, «Երէք Քոյր»
  • Տինա՝ Հենրիք Իպսըն, «Հասարակութեան Սիւները»
  • Պելուետերա՝ Թ. Օթոուէ, «Պաշտպանուած Վենետիկը»
  • Թուխ Կինը՝ Պեռնարտ Շոու, «Սոնեթներու Թուխ Կինը»
  • Մարկո՝ Ֆ. Գուտրիչ, «Աննա Ֆրանքի Օրագիրը»
  • Քորի՝ Ն. Սայմըն, «Ոտաբոբիկ Այգիին Մէջ»
  • Տիկին Մարթին՝ Յ. Իոնեսքօ, «Ճաղատ Մեներգչուհին»
  • Մետէա՝ ըստ Եւրիիիտեսի համանուն դիցաբանական ողբերգութեան

Մէջբերումներ Սապրինա Գրիգորեանի մասին

Խմբագրել
  ...Սապրինան շողշողուն աստղ մըն էր, որու լոյսը երբէք չի հանգչիր մեր սրտերուն մէջ։ Ան միշտ` իմ գիտցած խանդավառ երիտասարդ կանանցմէ էր, վեհ հոգի մը, որու հետ առնչուող ամէն ոք կը սրբագործուին, կը դառնար աւելի լաւը:
- Փաթրիսիա Զիքի
 


Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել