Ս. Յակոբ Մծբնացի
Յակոբ Մծբնացի (Մծբինի Ս. Յակոբ հայրապետ), Դ. դարու եկեղեցական, սուրբ (անյայտ, Մծբին (այժմ Նուսայպին-Թուրքիա)[2] - 350), ծագումով ասորի, կը համարուի Մեծ Հայքի մէջ քրիստոնէութիւնը քարոզողներէն մին։
Ս. Յակոբ Մծբնացի | |
---|---|
Ծնած է | 3-րդ դար |
Ծննդավայր | Մծբին |
Մահացած է | 338[1] |
Մահուան վայր | Մծբին, Միջագետք (Հռոմէական նահանգ) |
Քաղաքացիութիւն | Հին Հռոմ |
Կրօնք | Հայ Առաքելական եկեղեցի Ասորական Ուղղափառ Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Վարած պաշտօններ | եպիսկոպոս |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՀայ ժողովուրդին համար մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սուրբ մըն է Ս. Յակոբ: Կոչուած է Մծբնայ հայրապետ, որովհետեւ ծնած, մեծցած ու գործած է Մծբին քաղաքին մէջ, որ այսօր կը կոչուի Նուսէյպին, եւ կը գտնուի Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան սահմանին վրայ, Սուրիոյ մօտակայքը:
Ս. Յակոբ ծնունդով ասորի էր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին հօրաքրոջ որդին: Անոնք միասին դաստիարակուած էին Կեսարիոյ մէջ: Ս. Յակոբ որոշ ժամանակ մը ապրած էր Պարսկաստանի արքունիքին մէջ, սակայն հետագային ընտրած է ճգնաւորի կեանքը եւ Ս. Հոգիին ներգործութեամբ ուղղուած՝ Մծբին քաղաքի վանքերէն մէկը՝ Մարուգէ ճգնաւորին քով, ինքզինք նուիրելով ճգնողական եւ աղօթքի կեանքին: Ան մասնակցած է Նիկիոյ մէջ կայացած տիեզերական ժողովին՝ 325-ին: Մծբինի աթոռին համար ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, որ գուշակուած էր մարուգէ ճգնաւորին կողմէ:
Հայ մատենագրութեան մէջ նշանաւոր են իր 22 ճառերէն բաղկացած «Զգօն» գիրքը: Ս. Գրիգոր Նարեկացին հիացող մը եղած է Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին[3]:
Մծբին քաղաքի առաջնորդը վախճանելէ ետք, ժողովուրդին փափաքին համաձայն կ'ընտրուի Մծբինի առաջնորդ, 320-ական թուականներուն:
Ան մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական առաջին ժողովին, Արիոս հերետիկոսին դատապարտութեան եւ սրբազան հաւատքի պաշտպանութեան համար, երբ «Հաւատամք»ը խմբագրուեցաւ:
Պատմութեան մէջ նշանաւոր առաջին անձնաւորութիւնն է, որ փորձած է բարձրանալ Արարատ լեռը։
338-ին կազմակերպած է Հայրենի Մծբին քաղաքին 70-օրուան պաշտպանութիւնը՝ պարսկական զօրքին դէմ։ Կը պատմուի, թէ պարսից Շապուհ Բ. թագաւորը աշխարհածաւալ իր արշաւանքներուն ընթացքին կը հասնի Մծբին, զոր կը պաշարէ 70 օր շարունակ: Շնորհիւ Ս. Յակոբի քաղաքին ներսէն կազմակերպած միջոցառումներուն, ան անկարող կ'ըլլայ գրաւելու Մծբինը: Այդ յաղթանակին առիթով, Ս. Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Յակոբին կը նուիրէ «Յաղթող եւ Սուրբ Հայրապետ» անունով շարականը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին Ս. Յակոբը դասած է սուրբերու շարքին: Անոր վարքը, զոր գրած է Մար Աուգինը գրաբարէն թարգմանուած է եւ 1814-ին հրատարակուած՝ Վենետիկի Մխիթարեաններուն կողմէ («Լիակատար վարք եւ վկայաբանութիւն սրբոց, հատոր 10, Վենետիկ, 1814)։
Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին ստեղծուած են, գործած եւ կը գործեն՝ Ս. Յակոբ անունով շարք մը եկեղեցիներ:
Ս. Յակոբին հրաշքները
ԽմբագրելՍ. Յակոբին կեանքը լեցուն է հրաշագործ դրուագներով, որոնք կը վկայեն, թէ որքան ժողովրդականութիւն վայելող սուրբ մը եղած է ան:
Ս. Յակոբին կեանքին հրաշքներէն հետաքրքրականը՝ սուրբին խիստ փափաքն էր Արարատ լեռ բարձրանալը եւ Նոյեան Տապանը տեսնելը: Երբ Ս. Յակոբ կը սկսի Արարատ լեռ բարձրանալ, գիշերը հասած տեղը կը քնանայ, որ յաջորդ առտու շարունակէ բարձրանալը: Ամէն առտու զարմանքով կը տեսնէ, թէ առաջին օրուան սկսած տեղն է տակաւին: Նոյն դէպքը քանի մը օր կրկնուելէ ետք, առաւօտ մը կ'արթննայ ու կը տեսնէ, թէ իր քով Նոյեան Տապանէն կտոր մը կայ, որ Աստուծոյ հրեշտակը բերած էր, իբրեւ վարձատրութիւն իր զօրաւոր հաւատքին (տապանին մասունքը մինչեւ օրս կը պահպանուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ)[4]:
Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետին Տօնի Յիշատակումը
ԽմբագրելՀայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին տօնը կը յիշատակէ Դ. Յիսնակի Կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Deutsche Nationalbibliothek Record #1021403261 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
- ↑ Սուրբ Յակոբ Մծբնացի Հայրապետ[permanent dead link]
- ↑ Ս. Յակոբ
- ↑ «Նոյեան տապանին մասունքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-12-09-ին։ արտագրուած է՝ 2023-12-09
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ», Ուխտ հոգեւոր մատենաշար, Հալէպ:
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Սուրբ Յակոբ (Մծբնացի) հայրապետ Archived 2010-11-27 at the Wayback Machine.
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։ |