Աղեքսանդր Ծատուրեան

Աղեքսանդր Յովսեփ Ծատուրեան (28 Ապրիլ, 1865, Զաքաթալա, Ռուսիոյ կայսրութիւն – 31 Մարտ, 1917, Թիփղիս), հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ։

Աղեքսանդր Ծատուրեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Ալեքսանդր Հովսեփի Աստվածատրյան
Ծնած է 28 Ապրիլ, 1865
Ծննդավայր Զաքաթալա, Ռուսիոյ կայսրութիւն
Մահացած է 31 Մարտ, 1917
Մահուան վայր Թիֆլիս, Թիֆլիսի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն Թիփղիս
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Տեսակ բանաստեղծություն? եւ քնարապատմողական?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թարգմանիչ, լեզուաբան

Կենսագրութւն

Խմբագրել

Ծնած է Զաքաթալա, երեք տարեկանին կորսնցուցած է հայրը, որ ձկնորս էր ու մօր հետ կը մնայ յետին չքաւորութեան մէջ։

Ալեքսանդր Ծատուրյանը սորված է ծննդավայրի դպրոցը, աշակերտած է Արշակ Ագապեանը: Ուսումը շարունակելու համար 1881 թուականի աշնանը անցած է Թիփղիս՝ Ներսիսեան դպրոց ընդունուելու երազանքով, որը չէ իրականացուած։ Բանուորութիւն ըրած է խճուղիի շինարարութեան, աշխատած է որպէս գործակատար։ Ի վերջոյ, 1883 թուականին, զինք կ'ընդունին Միքայէլեան արհեստից վարժարանը, ուր սակայն չի կրնար երկար մնալ։ 1887-ին, Նիժնի Նովկորըտի մէջ կը ստանձնէ հայ վաճառականի մը զաւկին ուսուցչութիւնը, եւ, նոյն ընտանիքին հետ, կը կը փոխադրուի Մոսկուա: Կապ կը հաստատէ ուսանողութեան հետ, որոնց կարգին՝ Սմբատ Շահազիզի:

Ստեղծագործական Կեանք

Խմբագրել

1891-ին կը հրատարակուի իր բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը։ 1898-ին երկրորդը։ 1901-ին լոյս կ'ընծայէ երգիծական կարգ մը էջեր՝ «Գրչի հնարքներ» անունով։

Կեանքին իսկ բերումովյ Զատուրեանի քերթողութիւնը խառնուրդ մըն է անարդարութեան դէմ ընդվզումի, վշտի եւ տառապանքի։ Զինք կը գտնենք մօտիկ՝ համեստ, աշխատաւոր, անիրաւեալ դասակարգին . պանդախտներուն։ հայրենասիրութիւնը բռնկուն կրակ մըն էիր հոգիին մէջ, ու հաւատայ թէ «արեան գնով» ու մարտիրոսներու եւ նահատակներու ճամբով միայն կարելի է ազատութիւն ձեռք ձգել։ Մեր ազատագրական պայքարի առաջին երգիչներէն մէկն է։ Սասնոյ 1893-1894-ի ապստամբութեան նուիրած է «Որդեկորոյս մայրերին» խորագրուած իր բանաստեղծութիւնը՝ որ հրաւէր մըն է չողբալու եւ չսգալու կորուստը անո՜նց, որոնք ազատութեան համար կ'իյնան։

Նաեւ սիրային իր երգերուն մէջ, Ծատուրեան կը յատկանշուի չգոհացուած, անտեսուած, որբացած մարդու հոգեբանութեամբ։ Տառապանքը ամէնէն ցայտուն գիծն է իր քերթողութեան, ու թէեւ մեծ սլացքներ կամ ներշնչումի զօրեղ թափ չունի, սակայն խորունկ եւ ապրուած զգացումներու մէկտեղում մըն է արտայայտութեան միջին կարելիութիւններով[3] :

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել