Ամօթալի Արարք Մը (գիրք)

Ամօթալի Արարք Մը կամ ամբողջական անուանումով՝ Մարդու Իրաւունքները եւ Հայկական Հարցը, Միութիւն եւ Յառաջդիմումէն մինչեւ Անկախութեան Պատերազմը (թրքերէն՝ İnsan Hakları ve Ermeni Sorunu, İttihat ve Terakki'den Kurtuluş Savaşı'na), անգլերէն թարգմանութեան վերնագիրը՝ «A Shameful Act: The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility» (Ամօթալի Արարք Մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքերուն Պատասխանատուութեան Հարցը1999 թուականին գրուած գիրք մըն է «Թանէր Աքչամ»-ի (թրքերէն՝ Taner Akçam) գրիչով, Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Առաջին հրատարակութիւնը թրքերէնով էր։ 2006 թուականին լոյս կը տեսնէ իր անգլերէն թարգմանութիւնը:[1] 2021 թուականին հայաստանեան «Նիումակ» (անգլերէն՝ Newmag) հրատարակչատունը այս գիրքը կը թարգմանէ արեւելահայերէնի, թարգմանչուհին Լիլիթ Թութխալեանն է։

Ամօթալի Արարք Մը (գիրք)
Հեղինակ Թանէր Աքչամ
Սկզբնական վերնագիր A Shameful Act: The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility
Թարգմանիչ Լիլիթ Թութխալեան - Newmag հրատարակչութիւն (Արեւելահայերէն, Խորհրդային Ուղղագրութեամբ)
Լեզու Թրքերէն, Անգլերէն
Նիւթեր Հայոց Կոտորածներ՝ Մեծ Եղեռնը, Ցեղասպանութիւն
Հրատարակուած Հայերէնով
Արեւելահայերէն՝ Խայտառակ Արարք
Գիրքի տեսակ Վաւերագրական Գրականութիւն

Ընդունելութիւն Խմբագրել

 
Համալսարանական ուսուցչապետ՝ Թանէր Աքչամը, լուսանկարը՝ Ռուբէն Ճանպազեանին։


Աքչամը այս գիրքին մէջ կ՚ըսէ թէ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Ընկերութիւնը Ցեղասպանութիւնը կազմակերպեց մղուած ԱՀամաշխարհային Պատերազմին ժամանակ ուրիշ հողեր կորսնցնելու վախէն։ «Կարի Ճ․ Պաս»-ը (Անգլերէն՝ Gary J. Bass) «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին (Անգլերէն՝ New York Times) կը գրէ թէ․ «սեղմ, չափաւոր եւ յետագրութիւններով (լուսանցքի ծանօթութիւններ) լի այս գիրքը խիստ մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ Թուրք բանավիճողներուն համար»։[2] Քիրքուս Մէտիա (Անգլերէն՝ Kirkus Media, երբեմն ալ կը կոչուի՝ Kirkus Reviews) պարբերաթերթը կը հաղորդէ թէ գրողը չխնայող է իր ապացոյցներով, ներառեալ այն փաստը թէ թուրք պաշտոնեաները որոնք մերժեցին ենթարկուիլ սպաննութեան (Հայերուն) հրամանին, իրենք իսկ սպաննուեցան։[3]

2007 թուականին գիրքը կը ստանայ «Մինըսօթա Գիրքի Մրցանակ»-ը՝ ընդհանուր, ոչ-գեղարուեստական գրականութեան համար (անգլերէն՝ Minnesota Book Award for General Nonfiction)։[4]

Քիրքուս Մէտիա-ն կ՚եզրակացնէ թէ գիրքը «պատմութեան համար մեծ նշանակութիւն ունի, եւ վստահ որ» իշամեղուներու բոյները պիտի գրգռէ:[5]

Գիրքին վերնագիրը կը մատնանշէ «Մուսթաֆա Քէմալ»-ի խօսքերէն մէկուն, ուր ան հայերուն աքսորն ու տարագրութիւնը կ՚անուանէ «ամօթալի արարք»։

Պատմաբան Ֆաթմա Ուլկան (թրքերէն՝ Fatma Ulgen) կը գրէ թէ գիրքը․ «տարօրինապէս լուր կը մնայ թրքական պատմութեան պաշտոնական վարկածին մէջ Քէմալին դերակատարութեան մասին՝ ուրացումը եւ ժխտումը հաստատելուն մէջ», եւ կը գրէ թէ Աքչամի միտքը թէ Քէմալին տեսակետները Ցեղասպանութեան մասին կրնան ծառայել ճանաչումին յառաջ մղելուն եւ խթանելուն «կառուցուած է Քէմալի արտայայտութեանց նշանակովի, գերընտրական եւ անպատմական ընթերցումի մը վրայ»։[6]

Տե՛ս Նաեւ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Akçam, Taner. A Shameful Act. Henry Holt and Company, 21 August 2007 (ISBN 1466832126, 9781466832121). Google Books PT741.
  2. Bass, Gary J. (2006-12-17). "Turkey's Killing Fields". The New York Times. Retrieved 2019-06-10.
  3. "A SHAMEFUL ACT The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility". 2006-08-15. Retrieved 2019-06-11. - Posted online on May 20, 2010.
  4. "Minnesota Book Awards". Friends of the Saint Paul Public Library. Archived from the original on 2008-05-01. Retrieved 2008-05-16.
  5. "A SHAMEFUL ACT The Armenian Genocide and the Question of Turkish Responsibility". 2006-08-15. Retrieved 2019-06-11. - Posted online on May 20, 2010.
  6. Ulgen, Fatma (2010). "Reading Mustafa Kemal Atatürk on the Armenian genocide of 1915". Patterns of Prejudice. 44 (4): 369–391. doi:10.1080/0031322X.2010.510719. PMID 20857578. S2CID 25565470.