Այգ (թերթ, Պէյրութ)

թերթ (Պեյրութ)

«Այգ», հասարակական քաղաքական օրաթերթ։ Լոյս տեսած է 1953-1975 թուականներուն։ Հրատարակիչ-տնօրէններ՝ Տիգրան եւ Լիւսի Թոսպաթ։ Խմբագիրներ՝ Երուանդ Կոպէլեան, Եղիա Նաճարեան, Մինաս Թէօլէօլեան, Նազարէթ Պէրթիզլեան, Շահանդուխտ (Սանդուխտ Պէրթիզլեան)։ Տպագրած է լիբանանեան, հայկական եւ միջազգային քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարզական լուրեր, գրական էջեր ու յօդուածներ։ Աշխատակցած են Խորէն Գաբիկեանը, Մուշեղ Իշխանը, Տիրան Աճէմեանը, Գրիգոր Շահինեանը, Շաւարշ Նարդունին, Նշան Պէշիկթաշլեանը, Զարուհի Պահրին, Յակոբ Մնձուրին, Միքայէլ Կիւրճեանը, Լեւոն Քէշիշեանը, Լեւոն Մինասեանը, Պարոյր Մասիկեանը, Ստեփան Շահպազը, Մանասէ Սեւակը, Ճորճ Մարտիկեանը։ Փակուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով։ Հրատարակիչները յետագային գաղթած են ԱՄՆ, վաճառած օրաթերթի հրատարակութեան արտօնագիրը։ Տիգրան Թոսպաթը միաժամանակ Պէյրութի մէջ 1947-էն լոյս ընծայած է «Լը Սուար» ֆրանսերէն օրաթերթը։

Այգ
Այգ
Տեսակ թերթ
Հիմնադրուած է 1953
Երկիր  Լիբանան
Գրասենեակ Պէյրութ, Լիբանան
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։