Աննա Հետվիկ Պուլ

Աննա Հետվիկ Պուլ (4 Փետրուար 1887(1887-02-04), Հաապսալու, Էսթլյանդյան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 3 Հոկտեմբեր 1981(1981-10-03), Հայդելբերգ, Պատըն Ուըրթեմպերկ, Գերմանիոյ արեւմտեան շրջան), էսթոնացի միսիոնարուհի, որ կարեւոր առաքելութիւն իրականացուցած է Կիլիկիոյ մէջ ու իր ողջ կեանքը նուիրած է հայութեան։

Աննա Հետվիկ Պուլ
էստ․՝ Anna Hedwig Büll
Ծննդեան անուն էստ․՝ Anna Hedwig Bühl
Ծնած է 4 Փետրուար 1887(1887-02-04)
Ծննդավայր Հաապսալու, Էսթլյանդյան նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 3 Հոկտեմբեր 1981(1981-10-03) (94 տարեկանին)
Մահուան վայր Հայդելբերգ, Պատըն Ուըրթեմպերկ, Գերմանիոյ արեւմտեան շրջան
Քաղաքացիութիւն  Էսթոնիա
Կրօնք Լուտերականութիւն
Մասնագիտութիւն միսիոներուհի
Ծնողներ հայր՝ Ernst Gottlieb Theodor Büll?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աննա ծնած է Լիւթերական ընտանիքի յարկէն ներս։ Ան եղած է՝ 8 երեխաներէ բաղկացած, ընտանիքի 6-րդ զաւակը: Մինչեւ 15 տարեկան կը յաճախէ տեղական պետական դպրոցը, ապա՝ կարճ ժամանակ ետք, Գերմանիոյ մէջ կը ստանայ միսիոնարական կրթութիւն:

Աննա կը տիրապետէր՝ էսթոներէնին, ռուսերէնին, ֆրանսերէնին, անգլերէնին եւ գերմաներէնին: Աւելի ուշ, Կիլիկիոյ միսիոնարական առաքելութեան ընթացքին սորված նաեւ թրքերէն եւ հայերէն[1]:

Միսիոնարական Առաքելութիւն

Խմբագրել
  • 1909 թուականին, եւրոպական մամուլէն տեղեկանալով Ատանայի հայկական կոտորածներուն մասին, Աննա Պուլ կ'որոշէ մեկնիլ Կիլիկիա կոտորածի պատճառաւ որբացած քրիստոնեայ երեխաներու փրկութեան գործին մասնակցելու համար:
  • 1911-ին կը ժամանէ Կիլիկիա եւ Մարաշի մէջ հիմնուած որբանոցին մէջ կ'աշխատի որպէս ուսուցչուհի: 1915-էն ան ականատես կ'ըլլայ հայկական կոտորածներուն: 1916-1919 թուականներուն Հետվիկ Պուլ կը ծառայէ Մարաշի հարաւը գտնուող գերմանական որբանոցին մէջ։ 1918 թուականին երիտասարդ միսիոնարուհին իր գործադրած գերմարդկային ջանքերուն շնորհիւ ստոյգ վտանգէ կը փրկէ որբանոցի սաները: 1919 թուականին հաշուի առնելով Կիլիկիոյ մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը՝ Պուլ հարկադրաբար կը մենի Էսթոնիա։
  • 1922-ին Պուլ կը մեկնի Հալէպ՝ «Քրիստոնէական առաքելութիւն արեւելքի մէջ» աւետարանական մարդասիրական կազմակերպութեան հետ. այդ ժամանակ Սուրիոյ մէջ կային աւելի քան 160 հազար գաղթականներ, որոնք ապաստանած էին Սուլէյմանիէի եւ Ռամատանիէ արուարձաններուն մէջ կառուցուած գաղթակայաններու մէջ, ուր տարածուած էին վարակիչ հիւանդութիւններ, որոնք օրական հարիւրաւոր կեանքեր կը խլէին:

Աննա Պուլի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի մէջ կը բացուի հիւանդանոց, ուր կ'աշխատին Սուրիոյ նշանաւոր հայ բժիշկներ: Հայ գաղթականներուն վիճակը թեթեւցնելու համար Պուլ Մարաշի իր ծանօթներուն օգնութեամբ կը հիմնէ ջուլհականոց եւ ձեռագործի արհեստանոց: Աշխատանքի կը լծուին շուրջ 500 հայ կիներ եւ աղջիկներ, որոնց գործած կարպետներն ու ձեռագործները կը վաճառուէին եւրոպական երկիրներու մէջ, իսկ ստացուած հասոյթը կը տրուէր հայ կիներուն՝ իբրեւեւ աշխատավարձ:

Պուլի նախաձեռնութեամբ, Հալէպի տարբեր դպրոցներ յաճախող աւելի քան 250 հայ երեխաներուն համար կը սահմանուին կրթաթոշակներ: Իր կատարած բազմաթիւ հայանպաստ աշխատանքներուն համար Պուլ այնքան սիրուած էր Հալէպի հայ համայնքին կողմէ, որ արժանացած էր «Պուլ Մայրիկ» կոչման[2]:

  • 1947 թուականին աշխարհասփիւռ հայութեան համար Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելու հնարաւորութիւն կ'ընձեռուի։ Բազմաթիւ սուրիահայեր, անոնց կարգին Պուլին հարազատ դարձած մարդիկ, կը հաստատուին Հայաստան։ Հայասէր էսթոնուհիի նուիրական երազանքն էր իր սուրիահայ բարեկամներուն հետ բնակութիւն հաստատել Հայաստան, սակայն ներգաղթի կոմիտէն կը մերժէ անոր խնդրագիրը։

40 տարի կեանքն անմնացորդ նուիրելով հայ ժողովուրդին՝ Պուլը 1951 թուականին 64 տարեկան հասակին կը հեռանայ Հալէպէն՝ այդպէս ալ չունենալով սեփական ընտանիք։ Սակայն ան չի կարնար վերադառնալ Էսթոնիա, քանի որ այն Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ էր, հետեւաբար մուտքի թոյլատուութիւն ստանալը՝ անհնար։ Պուլը Եւրոպա կը հաստատուի։ Այստեղ ան կը շարունակէ նամակագրական կապը իր նախկին սաներուն հետ, որոնք ցրուելով աշխարհով մէկ՝ չէին մոռնար սիրելի Պուլ Մայրիկին։ Անոնցմէ մէկուն ուղղուած նամակին մէջ Հետվիկ Պուլը գրած էր. «…իմ սիրտը հայ է…»։

Կեանքին վերջին տարիները Պուլը կ'անցընէ գերմանական ծերանոցի մը մէջ։ 90-ը անց միսիոնարուհին մահուան մահիճին մէջ պառկած՝ մոռցած էր այն 6 լեզուները, որոնց կը տիրապետէր եւ ծերանոցի աշխատակիցներուն հետ կը հաղորդակցէր միայն իրեն հարազատ դարձած հայերէնով[3]։

Յիշատակի Յաւերժացում

Խմբագրել
 
Աննա Հետվիկ Պուլի անուան յուշատախտակը Հաապսալուի անոր տան պատին
  • 1989Ապրիլ 29-ին, Պուլի ապրած փողոցին վրայ հաստատուած է ցուցատախտակ, որուն վրայ արձանագրուած է՝
  Էսթոնացի միսիոնար, որ իր կեանքը նուիրաբերեց Մերձաւոր Արեւեքի երկիրներուն մէջ թրքական եղեռնէն հայերը փրկելու գործին:  
  • 2003 թուականին Աննա Հետվիկ Պուլի գերեզմանէն բերուած հողը ամփոփուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի յուշապատին մէջ[4]:
  • 2014 թուականի Սեպտեմբեր 22-էն Էսթոնիոյ Հաապսալու քաղաքին մէջ հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս էսթոնացի միսիոնարուհի Աննա Պուլի յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւն կատարուեցաւ[5]:
  • Մարիա Ճէյքըպսընի ու եւս չորս եւրոպացի մարդասիրական կանանց կեանքի ու գործունէութեան մասին կը պատմէ 2015 թուականին նկարահանուած «Փրկութեան քարտէս» ֆիլմը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել