Արեւելեան Հարցը
Քանի որ Ֆրանսիս տը Փրեսանսէի բացատրութեան համաձայն Հայկական Հարցը բազմաթիւ երեսներէն մէկն է միայն Արեւելեան մեծ եւ ահաւոր հարցին, տեղին է ուրեմն նախ համառօտակի ամփոփել Արեւելեան Հարցի պատմութիւնը, զայն նկատի առնելով յատկապէս հայկական հարցին վրայ ունեցած իր ազդեցութեան տեսակէտէն։
Թուրանցիներու Տեղատուութիւնը
ԽմբագրելԵղաւ ժամանակ մը երբ Ասիոյ եւ Եւրոպայի ամբողջութիւնը Մոնկոլ-Թուրանեան ցեղերու տիրապետութեան տակ պիտի իյնար կարծես։ Բայց Արեւմուտքի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի ուժերը ի վերջոյ կրցան զսպել վաչկատուն ցեղերու այս փոթորիկը եւ զանոնք ետ մղել դէպի իրենց բնավայրի ուղղութեամբ։ Արեւելեան Ասիոյ մէջ անոնց ուժի անկումը սկսած էր արդէն ԺԴ. դարուն, երբ չինացիք ազատագրութեան Եուաններու մոնկոլական հարստութեան վաղանցիկ տիրապետութենէն։ Շատ չանցած, Միջին Արեւելքի արեւելեան կողմը, Հնդկաստանի մէջ, Մոնկոլ-Թուրանեան զօրութենէն մնաց միայն այսպէս կոչուած Մեծն Մոնկոլի կայսրութիւնը, որ գոյաատեւեց մինջեւ ԺԸ. դար, երբ անգլիացիք եկան եւ ջնջեցին զայն։
Ռուսիոյ մէջ, Մոսկովիան ԺԵ. դարու վերջը ազատագրուեցաւ թաթարներու լուծէն եւ ձեռնարկեց այն յաղթական հակայարձակումին, որ ԺԶ. դարուն առաջ բերաւ Գազանի եւ Աստրախանի խանոութիւներուն ջանջախումը եւ որ շարունակուելով ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերուն՝ թուրանեան այդ գերդաստանի ճիւղը ոչնչացուց իբրեւեւ քաղաքական ազդակ։
Գալով թուրանական ցեղի թուրքերով ներկայացուած ճիւղին՝ անոր յառաջխաղացքը Եւրոպայի սրտին ուղղութեամբ կասեցուցին Հունգարիան եւ Հապսպուրկներու Աւստրիան, որոնք ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն դարձան Եւրոպայի պատուարները։ Այսուհանդերձ, թրքական նահանջը ԺԸ. դարէն սկսեալ միայն վերջնական բնոյթ ստացաւ, այսինքն այն շրջանին երբ Ռուսիան ասպարէզ իջաւ։
ԺԷ. դարու վերջաւորութեան արդէն Թուրքիան կը ստիպուէր Ռուսիոյ ձգելու Սեւ Ծովու վրայ առաջին պատուհանը՝ Ազովը, Հունգարիան յանձնելու Աւստրիոյ եւ հրաժարելու Թրանսիլվանիոյ իր պահանջներէն։ Գարլովիցի (1699) հաշտութիւնը Օսմանեան կայսրութեան առաջին տեւական ընկրկումը կը նուիրագործէ եւրոպական ցամաքասին վրայ։
ԺԸ. դարուն շարք մը պատերազմներու մէջ աւստրիացիք Օսմանեան կայսրութենէն խլեցին Պանաքը (1718) եւ Պիւքովինիան (1775), իսկ Ռուսիա տիրացաւ Խրիմին (1783) եւ ապա Օտեսայի շրջանին (1792):
Ռուսիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ մղուող կռիւներուն վերջ տուող այլազան դաշնագիրներէն պետք է յիշատակել մասնաւորաբար Քայնարճիի դաշնագիրը պարտադրուած Կատարինէ Բ. կայսրուհիին կողմէ։ Այդ դաշինքը իրականին մէջ կը նշէ Օսմանեան կայսրութեան վախճանը իբրեւեւ մեծ տէրութիւն։
Արեւելեան Հարցը Մինջեւ 1877
ԽմբագրելԱրեւելեան հարցը, այնպէս ինչպէս սկսաւ ներկայանալ ԺԸ. դարուն եւ ԺԹ. դարուն գրաւեց եւրոպական դիւանագիտութեան ուշադրութեան խոշոր մէկ մասը, կը ծագի օսմանեան թուրքերու զօրութեան անկումին հետ. այդ պետութեան տկարացումին յաջորդեց Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ պետական ուժին ծաւալումը։ Այս վերջին երկու երկիրները, դարեր շարունակ թուրանական ցեղերու գլխաւոր զոհերը ելլալէ ետք, անոնց պարտութեան մէջ խաղացին գլխաւոր դերը։
Ինչպէս որ շեշտած է Ալպէր Սորել, արդի Ռուսիոյ ստեղծումն է մասնաւորապէս, որ նոր ազդակ մը դառնալով՝ խոր ազդեցութիւն գործեց եւրոպական ընդհանուր քաղաքականութեան վրայ եւ փոփոխութեան ենթարկեց Արեւելեան հարցին տուեալները։
ԺԸ. դարուն է, որ այս նոր մեծ պետութիւնը ստեղծուեցաւ իրապէս նախաձեռնութեամբը երկու հանճարեղ վեհապետներու՝ Մեծն Պետրոս եւ Կատարինէ Բ.: Մեծն Պետրոսի օրով Ռուսիան հաստետուեցաւ Սեւ ծովէն մինչեւ Պալթիկ ծով։
Շեշտած ենք արդէն, թէ Ռուսիոյ ասպարէզ գալը գլխաւոր պատճառը հանդիսացաւ օսմանեան թուրքերու շարունակական նահանջին ԺԸ. դարու ընթացքին։
ԺԸ. դարու վերջերուն, այսինքն այն շրջանին երբ ֆրանսական յեղափոխութիւնը պայթեցաւ, Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ կը պատրաստուէին արդէն հաշւեյարդարի ենթարկելու Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Կատարինէ Բ. կ'երազէր Ռուսիոյ հովանաւորութեան տակ վերականգնել յունական նոր պետութիւն մը, որ իր մէջ առնէր Պալքաններու մէկ մասը եւ Նեղուցներու շրջանը։
Ինչպէս դիտել տուած են բազմաթիւ պատմաբաններ, Օսմ. կայսրութիւնը, դատապարտուած Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ միջեւ բաժնուելու, իրականութեան մէջ փրկուեցաւ Ֆրանս. յեղափոխութեամբ, ինչպէս որ 1917-ի Ռուսական յեղափոխութիւնը փրկեց ինչ որ մնացած էր Օսմ. կայսրութենէն, թոյլ տալով որ թուրքերը իրենց ձեռքը պահեն Նեղուցները եւ Հայաստանի ու Քիւրտիստնաի մեծագոյն մասը։
Ֆրանսական յեղափոխութեան եւ կայսրութեան պատերազմները Ռուսիոյ եւ Աւստրիոյ ուժերը շեղեցին իրենց նպատակէն եւ թուրքերուն ընծայեցին քսանհինգ տարուան թանկագին դադար մը (1790-1815):
Արդ, այս դադարէն ետք, Օսմ. կայսրութիւնը խուսափեցաւ իր ճակատագրէն, այսինքն անդամահատումէն, որովհետեւ մեծարժէք դաշնակից մը գտաւ յանձին Անգլիոյ։ Արդարեւ անգլիացիք Հնդկաստան հաստատուելէ ետք հետեւեցան Հնդկաստանի ճամբէն մեծ տէրութիւնները հեռացնելու սկզբունքին։
Հնդկաստանի ճամբան ազատ պահելու համար, մօտ մէկ դար Անգլիա նեցուկ կանգնեցաւ անկումի մէջ եղող Օսմ. կայսրութեան, որ իր աչքին կ'երեւէր իբրեւեւ իտէալ պահակ, բաւականաչափ զօրեղ՝ պաշտպանելու համար այդ ճամբան, բայց եւ չափազանց տկար՝ ինքն իսկ այդ ճամբուն սպառնալ կարենալու համար։
Արեւելեան Միջերկրականը աստիճանաբար դարձաւ Բրիտանական կայսրութեան պաշտպանութեան գլխաւոր գօտին։
Անզլիացիներու աչքին՝ Հնդկաստանի ճամբուն պաշտպանութիւնը ռուսական սպառնալիքին դէմ պէտք է դառնար երեք գլխաւոր կէտերու շուրջ.- Նեղուցները, Ալեքսանտրէթի Ծոցը եւ Պարսից Ծոցը։ Եւ որովհետեւ հայկական բարձրաւանդակի գրաւումը ռուսերուն հնարաւորութիւն կու տար սպառնալու այս երեք կէտերուն, Անգլիա ժԹ. դարու ընթացքին ջանաց արգիլել եւ յապեղեցնել Ռուսիոյ տարածումը Փոքր Ասիոյ մէջ։
Օսմ. կայսրութեան այս պաշտպանութիւնը մօտ ամբողջ դար մը անշարժ սկզբունք դարձաւ անգլիական քաղաքականութեան համար։
Այս քաղաքականութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Անգլիա աչք գոցէ Կ. Պոլսոյ կառավարութեան անիրաւութիւններուն, կեղեքումներուն եւ վայրագութիւններուն, մինչ ԺԹ. դարուն աշխարհի այլ մասերուն մէջ անոր քաղաքականութիւնը կը ձգտէր, ընդհակառակն, զօրավիգ կանգնիլ անկախութեան շարժումերուն (ինչպէս օրինակ՝ Հարաւային Ամերիկայի, Իտալիոյ եւ Լեհաստանի մէջ) եւ ազատական գաղափարներուն։
Արդ, Նեղուցներու շրջանին տիրապետութիւնը, որուն ամէն գնով Անգլիա կ'ուզէր արգելք հանդիսանալ, կենսական նշանակութիւն ունէր Ռուսիոյ համար։
Ռուսիոյ դէպի Վոսփորի եւ Սեւ ծովու ափերը կը մղուէր նախ պատմական դրդապատճառներով։ Բիւզանդական կայսրութեան ժառանգորդ՝ կոչում կը զգար թրքական տիրակալութենէն ազատագրելու այն վայրերը, որոնք մշակոյթին օրրանն էին հանդիսացած։ Երեւակայել անգամ մը կաթոլիկ պետութեանց հոգեվիճակը՝ եթէ Հռոմը, իրենց հաւատքին օճախը, թուրքերու ձեռքը գտնուէր։ Այս իմաստով, Ռուսիա աւանդապահն էր ամբողջ քրիստոնէութեան, որ Վերածնունդի շրջանին կարօտախտը։ Իրականութեան մէջ, դարեր շարունակ Պալքանները նկատուեցան քրիստոնէական ազատագրելի հողամաս մը։
Ռուսիոյ հաստատումը Պոլսոյ մէջ ռուսերուն պիտի ընծայէր նաեւ նշանակալի առաւելութիւններ։ Նեղուցներուն մէջ հաստատուելէ ետք, ռուսերը հսկայական ազդեցութիւն ի գործ նիտի դնէին Պալքաններու, Փոքր Ասիոյ եւ նոյնիսկ արեւելեան Միջերկրականի վրայ։
Նեղուցներուն տիրանալու փափաքը, սակայն, մղում կը ստանար միեւնոյն ատեն զինուորական մտահոգութիւններէ։ Այնքան ատեն որ Նեղուցները թուրքերուն ձեռքը մնային՝ այս վերջինները որեւէ ատեն կրնային թշնամի տէրութեան մը առջեւ բանալ Սեւ ծովու մուտքը եւ անոր հնարաւորութիւն տալ Ռուսիան հարուածելու ամէնէն դիւրազգաց շրջաններու մէջ (Ուքրանիա, Կովկաս): Ընդհակառակն, Նեղուցներու պանութինը կեդրոնացնել դիւրաւ պաշտպանելի այդ շրջանին մէջ, այսպէսով ուժրու եւ միջոցներու հսկայ խնայողութիւն ընելով։
Այս քաղաքականութեան մէջ, ԺԹ. դարուն Ռուսիա տեւաբար բախեցաւ Անգլիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ։
Անգլիոյ եւ Աւստրիոյ այս թշնամութիւնն է, որ ԺԹ. դարուն արգելք հանդիսացաւ Ռուսիոյ՝ Օսմ. կայսրութեան անդամահատութիւնը առաջ բերելու։ Որքան ալ բաւականաչափ զօրեղ Թուրքիան ճզմելու համար, Ռուսիա հարկադրուեցաւ միշտ ալ հաշուի առնելու այն հաւանակութիւնը, որ թուրքերը կրնային իրենց օգնութեան կանչել անգլիացիները եւ զանոնք տեղաւորել Նեղուցներուն մէջ։
Գալով Ֆրանսայի, որ ԺԸ. դարու վերջերուն յենարան եղած էր Օսմ. կայսրութեան՝ ընդդէմ Աւստրիոյ եւ Ռուսիոյ, եւրոպական հաւասարակշռութիւնը պահելու նպատակով, ան իր քաղաքականութիւնը փոխեց ԺԹ. դարու առաջին կիսուն։ Ան ոչ միայն թանկագին օժանդակութիւն մը ընծայեց յոյներուն՝ իրենց անկախութեան պայքարին մէջ, այլ Թուրքիոյ դէմ պաշտպան կանգնեցաւ Մեհմէտ Ալիի Եգիպտոսին. երկիր մը՝ ուր Ֆրանսա գերակշիռ ազդեցութիւն կը բանեցնէր։
Հետագային, ճիշդ է որ Նափոլէոն Գ. մխրճուեցաւ Խրիմի պատերազմին մէջ (1854-1856), բայց 1860-ին, Օսմ. կայսրութեան կաթոլիկ քրիստոնեաներու աւանդական պաշտպանը հանդիսացող Ֆրանսան (ինչպէս որ Ռուսիան ալ օրթոտոքս քրիստոնեաներուն պաշտպանն էր), զինուորապէս միջամտեց Լիբանանի մէջ, կասէցնելու համար մարոնինրու ջարդը եւ ստիպեց որ թրքական կառավարութիւնը որոշ ինքնավարութիւն մը տայ անոնց։
Երկու տարի ետք, 1826-ին, Նափոլէոն Գ. արդիւնաւորապէս կը միջամտէր ի նպաստ Զէյթունի հայ լեռնականներուն, որոնք ռազմունակ ցեղախումբերու կիսանկախ համայնք մը կը կազմէին, տեսակ մը հայկական Մոնթենեկրօ, եւ որոնցմէ Բարձրագոյն Դուռը կ'ուզէր խլել այդ ինքնավարութիւնը։
Գալով այն գխաւոր դէպքերուն, որոնք յատկանշեցին Արեւելեան Հարցի հոլովոյթը մինչեւ 1876, կարելի է զանոնք ամփոփել հետեւեալ ձեւով.- յոյներու անկախութեան պատերազմի ընթացքին (1821-1828), Անգլիա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա միջամտեցին ի նպաստ յոյներուն։ Յունական նոր պետութեան ստեղծումը իրականին մէջ ապահովուեցաւ Թուրքիոյ դէմ ռուսերու տարած յաղթանակով 1828-1829-ին:
Յաջորդ տասը տարիներուն քաղաքական բեմին տիրապետողը Եգիպտոսի մեծազօր փաշային՝ Մեհմէտ Ալիի պատերազմներն են Թուրքիոյ դէմ։ Օժանդակութեամբ Ֆրանսայի, որուն ազդեցութիւնը տիրական էր Եգիպտոսի մէջ, Մեմհմէտ Ալի վճռական պարտութեանց մատնեց թուրքերը եւ գրաւեց Սուրիան։ Սարսափահար սուլթանը օգնութեան կանչեց Ռուսիան եւ ստորագրեց Հիւնքեար Իսկելեսիի դաշնագիրը (1833), որ Ռուսիոյ կ'ապահովէր գրակշիռ ազդեցութիւն մը Թուրքիոյ մէջ։
Բայց անգլիական դիւանագիտութիգնը անդուլ աշխատեցաւ՝ Օսմ. կայսրութեան ամբողջականութինը անվթար պահպանելու համար։ Աւստրիոյ վրայ յենելով, ան յաջողեցաւ Ռուսիոյ պարտադրել, որ հրաժարի Հիւնքեար Իսկելեսիի դաշնագրէն եւ Նեղուցները ազատել այսպէսով ռուսական սպառնալիքէն։ Օսմ. կայսրութեան հողամասերու միւս ծայրամսերուն վրայ, Անգլիա ամէն ինչ ի գործ դրաւ խորտակելու համար ֆրանսական ազդեցութիւնը Եգիպտոսի մէջ, չհանդուրժելով ֆրանսական հակակշիռը շրջանի մը վրայ, որ Հնդկաստանի ճամբուն բանալին նկատուած էր։ Եգիպտոսի փոխարքան՝ Մեհմէտ Ալի ցանկութիւններ կը սնուցանէր Սուրիոյ հանդէպ։ Անգլիա կրցաւ եւրոպական զինակցութիւն մը ստեղծել ընդդէմ Ֆրանսայի, որ ուժ կու տար Մեհմէտ Ալիին (1839-1940): Ֆրանսա հարկադրուեցաւ տեղի տալ Եւրոպայի դէմ պատերազմ մղելու սպառնալիքին առջեւ, բայց ինչպէս որ դիտել տուած է Կլատսթոն՝ կէս դար ետք, տեղի տուաւ պատուով, անվթար պահելով եթէ ոչ իր հեղինակութիւնը, գոնէ իր արժանապատուութիւնը։
Վերջապէս, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ միջեւ ծագած ջնջին տարողութեամբ վէճի մը հետեւանքով, 1853-ին ծագեցաւ Խրիմի պատերազմը։
1856-ին, Փարիզի վեհաժողովին կնքուած դաշնագրին առիթով, թուրք կառավարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ընդունուեցաւ այսպէս կոչուած եւրոպական հաւաքոյթէն ներս։
Լոնտոնի եւ Փարիզի կառավարութեանց մտածումով, արեւմտեան տէրութեանց կողմէ Սեպաստափոլի մէջ փրկուած Օսմանեան կայսրութիւը պէտք է առնուազն յանձնառու ըլլար բարեկարգելու իր հաստատութիւնները եւ իր քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւնները ազատելու հարստհարութենէ։ Իրականութեան մէջ, Թուրքիա ֆրանքօ-անգլիական յաղթանակէն օգտուեցաւ՝ իր բռնատիրութիւնը ուժեղացնելու համար։
Եզրակացնելու համար կարելի է ըսել, թէ Օսմանեան կայսրութեան անդամահատութիւնը, որ անխուսափելի դարձած էր պարագաներու եւ վարչակարգի կազմալուծումին պատճառով, խափանուեցաւ իբրեւեւ հետեւանք պետութեանց մրցակցութեան, որ կանգուն պահեց յարդով լեցուն այս դիակը։
Օսմ. կայսրութեան անդամահատութիւնը չափազանց դժուար կ'երեւէր, որովհետեւ այս կայսրութիւնը իր մէջ կը պարունակէր Պոլիսը եւ Նեղուցները եւ ոչ մէկ մեծ պետութիւն չէր ուզեր այս կարեւոր դիրքը ուրիշի մը յանձնել։
Այսպէսով է, որ Նեղուցները հակառակ ամէն բանի մնացին թուրքերու ձեռքը, հնարաւորութիւն տալով որ անոնք ժամանակի պահանջներուն համաձայն վայելեն այլազան պետութեանց օժանդակութիւնը։
Օսմանեան Կայսրութեան Վիճակը
ԽմբագրելԱրեւելեան Հարցը իրականին մէջ սեղանի վրայ եկած էր Օսմ. կայսրութեան անկեալ վիճակին պատճառաւ, որ մասնաւորապէս կը շեշտուէր ԺԸ. եւ ԺԹ. դարերու ընթացքին Արեւմուտքի ձեռք բերած հսկայ յառաջդիմութեանց շնորհիւ։
Այս անկումը հետեւանքն էր թուրքերու վարչական եւ կառավարական անկարողութեան, առնուազն օտար ժողովուրդներ կառավարելու տեսակէտով, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ նոյն պետութեան մէջ կողք-կողքի կ'ապրէին ճնշուած բայց յեղափոխութեամբ վարակուած ցեղեր (յոյներ, պուլկարներ, հայեր, արաբներ) եւ տիրող բայց յետամնաց ցեղ մը-թուրանական թուրքերը։
Օսմ. կայսրութիւնը աստուածապետական հիմքով պետութիւն մըն էր՝ հաստատուած հաւատացեալներու եւ անաւատներու քաղաքական եւ ընկերային անհաւասարութեան վրայ։ իբրեւեւ տէր ուզելով ապրիլ, այսինքն պաշտօնեայի կամ զինուորականի ասպարէզ ընտրելով, թուրքերոուն սկզբունքն էր շահագործել պարտուած եւ հպատակ ժողովուրդները։
Արդարեւ այս շահագործումը կը կատարուէր ոչ թէ թուրք ժողովուրդին կողմէ, մեծ մասամբ բաղկացած անատոլացի գիւղացիներէ, այլ զինուորականներու եւ պաշտօնեաներու վարիչ դասակարգէ մը, որ իր մէջ կը հաշուէր թրքացած լըւանթէններու ստուար թիւ մը։
Գալով թրքական լուծի տակ գտնուող քրիստոնեայ ժողովուրդներու դիրքին, ան կը ներկայացնէր ստրկութեան վիճակին մատնուած ժողովուրդներու դիրքը, զրկուած ամենատարրական իրաւունքներէն. անոնց ինչքերը եւ կեանքը տեւաբար ենթակայ էին կառավարական կամայականութեանց եւ կայսրութեան մահմետական քաղաքացիներու յարձակումներուն։
Եթէ քրիստոնեայ ժողովուրդները որոշ ինքնավարութիւն կը վայելէին իրենց համայնքներու ներքին սահմանադրութեամբ, սակայն անոնք ենթակայ էին կամայականութեան՝ պետութեան եւ մահմետական քաղաքացիներու հետ իրենց ունեցած յարաբերութեանց մէջ։
Բնակչութեան այս աշխատասէր մասը, զոր կը ներկայացնէին քրիստոնեաները (գլխաւորաբար պուլկարներ եւ յոյներ՝ Եւրոպայի սահմաններուն մէջ, հայեր եւ յոյներ՝ Ասիոյ նահանգներուն մէջ), ենթակայ էր տեւական հարստահարութիւններու՝ ամէնէն տարրական ապահովութենէն իսկ զրկուած։
Քրիստոնեաներու եպ մահմետականներու միջեւ ծագած վէճերու ընթացքին իսլամ կրօնական դատարանն է, որ կը դատէր համաձայն Գուրանին եւ յանուն հաւատացեալներու պետին, այսինքն Խալիֆային։ Քրիստոնեայի մը վկայութիւնը գործնապէս երբեք չէր ընդունուէր մահմետականի մը դէմ. հաւատացեալը միշտ իրաւունք ոնէր, անհաւատը միշտ յանցաւոր էր։
Քրիստոնեայ բնակչութիւնը յարձակումներ կը կրէր նաեւ մահմետական զինեալ հորդաներու կողմէ (բաղկացած թուրքերէ, ալպանացիներէ, չերքէզներէ, քիւրտերէ) եւ Բարձրագոյն Դուռը, որուն հեղինակութիւնը տկարացած էր, չէր կրնար անոնց ապահովել նուազագոյն պաշտպանութիւնն իսկ, զոր քրիստոնեաները վայելած էին նախորդ շրջաններուն, երբ սուլթաններու հեղինակութիւնը զգալի էր տակաւին իրենց բոլոր հպատակներուն վրայ։
Կայսրութեան անկումը ԺԸ. դարուն յանգած էր այնպիսի կացութեան մը, ուր նահանգներու կառավարիչներ եւ տեղական աւատապետներ ի վիճակի էին գործելու ըստ իրենց կամքին, կեղեքելով, կողոպտելով եւ յարձակումի ենթարկելով իրենց կամքին ձգուած համայնքները։
Թուրքիոյ վարչական դրութիւնը, ինչպէս դիտել կու տար Պիւրնուֆ, կը հիմնուի ոմանց ընչաքաղցութեան եւ ուրիշներու կողմէ ի գործ դրուած բարքերու ապականութեան վրայ, եւ կառավարելու այս կերպերը կ'արտահայտւէին նէկ բառով,- ուժը։
Բայց այս տմարդի շահագործումը, այս վայրագ ախորժակները ի վերջոյ յանգեցան իրենց տրամաբանական մահուան ն,- կատարեալ անիշխանական վիճակի։
Օսմանեան Կայսրութեան Բարեկարգութեան Փորձերը
ԽմբագրելԵւրոպական մեծ տէրութիւնները եւ մասնաւորապէս անոնք, որոնց Անգլիոյ նման զօրավիգ կը կանգնէին Օսմ. կայսսրութեան ամբողջականութեան պահպանումին, ժամանակի ընթացքին հասկցան, որ այս տէրութեան արագ քայքայումին փոխարէն նախընտրելի էր բարենորոգութիւններ մտցնել հոն։
Թուրքերը իրենք ալ ԺԹ. դարու սկիզբը փորձեր էին զօրացնել իրենց պետութեան զինուորական եւ վարչական կառոյցը, զայն արդիականացնելով։ Մեծ սուլթան մը՝ Մահմուտ Բ. (որուն մայրը ֆրանսուհի մըն էր, Էմէ Տիւպաք տը Ռիվերի, ծնած Մարթինիք, գերի առնուած մաւրիտանացի յելուզակներու կողմէ եւ ի վերջոյ ինկած կայսերական հարեմէն ներս) որոշ թիւով բարենորոգութիւններ իրագործեց, յատկապէս բնաջնջելով ենիչէրիները եւ ստեղծելով կազմակերպուած բանակ՝ համաձայն եւրոպական սկզբունքներուն։
Բայց մինչ այս միջոցառումներուն նպատակն էր թուրք պետութեան կերպարանափոխութիւնը, մեծ տէրութիւնները կը պնդէին, որ կայսրութեան ներքին վիճակը եւ կամայականութեան յանձնուած քրիստոնեայ քաղաքացիներու ճակատագիրը բարելաւուին։
Անոնց ազդեցութեան տակ, Մահմուտ Բ.ի յաջորդը՝ Ապտիւլ Մեճիտ սուլթան, իր նախորդներէն մէկուն՝ Ռաշիտ փաշայի աջակցութեամբ, 1839-ին, բարեկարգութեան ֆերման մը հրատարակեց, ծանօթ «Հաթթը-Շերիֆ» անունով, որ ի միջի այլոց կը խոստանար ապահովել կայսրութեան բոլոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը, առանց ցեղի եւ կրօնի խտրութեան։
«Հաթթը-Շերիֆ»ը դրական կարգադրութիւններու որինագիրք մը չէր, այլ պարզապէս սկզբունքներու յայտարարութիւն մը: Այս ուղղութեամբ ոչինչ կամ գրեթէ ոչինչ կատարուեցաւ եւ ինչ որ կատարուեցաւ աւելի վնասակար եղաւ քան օգտակար: Յանուն բարեկարգութեան, իշխանութիւնը կեդրոնացաւ եւ զօրացուեցաւ, խորտակելով տեղական ինքնավարութիւնները, որոնք բնակչութեան կարգ մը խմբաւորումներուն համար պատնէշ կը կազմէին Օսմանեան կայսրութեան դէմ: Ամբողջ կայսրութեան մէջէն անցաւ կեղեքիչ եւ բռնակալ վարչութեան մը հարթիչ գլանը, այնպէս որ ժողովուրդներու վիճակը աւելի վատթարացաւ:
Հաթթը-Շերիֆի կողմէ ներմուծուած միակ մնայուն փոփոխութիւնը զգալի դարձաւ արդիականացած բանակի մը կազմակերպութեան եւ կայսրութեան վարչական մեքենայի վերակազմութեան մէջ:
Խրիմի պատերաազմին հետեւանքով, սուլթանը ստիպուեցաւ բարեկարգութեան նոր ֆերման մը հանելու, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ ճնշումին ներքեւ:
«Հաթթը-Հիւմայուն» կոչուած բարենորոգումի այս նոր քայլ մը կ'արձանագրէր, միշտ թուղթի վրայ, ապահովելով կայսրութեան բոլոր քաղաքացիներուն ազատութիւնն ու օրինական հաւասարութիւնը։ Կը ջնջէր գլխահարկի տուրքը, կը ստեղծէր նահանգային խորհուրդներ եւ քրիստոնեայ քաղաքացիները կ'ընդունէր ամէն տեսակ պաշտօնի եւ աստիճանի համար։
Իրականութեան մէջ այս ֆերմանը նոյնքան արժէքազուրկ դուրս եկաւ, որքան նախորդը։ Գլխահարկը վերահաստատուեցաւ՝ իբրեւեւ զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու փրկագին, նահանգնային խորհուրդները կազմակերպուեցան այնպիսի ձեւով մը, որ միշտ բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովեն թուրք ներկայացուցիչներուն, նոյնիսկ այն շրջաններուն մէջ, ուր թուրքերը փոքրամասսնութիւն կը կազմէին, քրիստոնեաները ընդունուեցան միայն ստորադաս պաշտօններու մէջ եւ վերջապէս տուրքերու բարեկարգումը (որ կը նախատեսէր կապալառութեան դրութեան ջնջումը) մեռեալ տառ մնաց։
Ասկէ զատ, քրիստոնեայ քաղաքացիներու կեանքն ու ինչքերը կը շարունակէին յանձնուած մնալ կառավարութեան կամայականութեան եւ կողոպտիչ ու ոճրագործ հրոսակախումբերու ախորժակին, ինչպէս եկան փաստելու 1860-ի Լիբանանի ջարդերը (որոնց պատճառով Ֆրանսա զինեալ միջամտութիւն կատարեց, 10.000 հոգինոց արշաւախումբ մը ուղարկելով), 1875-ի Պոսնոյ խռովութիւնները եւ 1876-ի Պուլկարիոյ սարսափները, որոնց յաջորդեց Սելանիկի եւրոպացի հիւպատոսներու ջարդը։
1875-ին, Սուլթան Ապտիւլ Ազիզ, մեծ տէրութեանց միջամտութեան վրայ, ստորագրեց բարենորոգումի նոր ֆերման մը, որ 1839-ի եւ 1856-ի յայտարարութեանց հանդիսաւոր վերահրատարակութիւնը եղաւ։ Այս նոր ֆերմանը ի սփռէ տիրող կացութեան վրայ. «Այսուհետեւ, ամբողջ կայսրութեան մէջ, ոստիկան-զօրաց թեկնածուները պիտի ընտրուին պարկեշտ մարդոցմէ»:
Բարենորոգումներու զաւեշտը 1876 Դեկտեմբերին իր գագաթնակէտին հասաւ ազատական սահմանադրութեան մը հրատարակութեամբ, որ կը հաստատէր ներկայացուցչական կառավարութիւն մը, հաւաքոյթներու եւ մամուլի ազատութիւն, բայց որ նախորդ բոլոր բարենորոգութեանց նման մեռեալ տառ մնաց։
1877-1878 պատերազմին եւ Պերլինի վեհաժողովի նախօրեակին բազմաթիւ ապացոյցներ եկած էին հաստատելու, թէ Օսմ. կայսրութեան ընդհանուր բարենորոգութեան մը գաղափարը ցնորական էր եւ թէ կարգ մը նահանգներու պայմաններուն բարելաւումը միայն, անուանապէս ճշդորշուած եւ մասնայատուկ կանոնագրութեամբ մը օժտուած, կրնար լուծում բերել թրքական տիրապետութեան ենթակայ ազգերու հարցին։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՀայոց Պատմութիւն (Հրանդ Փաստրմաճեան) Դ. Տպագրութիւն (խտացուած եւ պատկերազարդուած)