Արսէն Կէօրկիզեան

Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան (Վան, 1887-1977, Փրովիտենս), ուսուցիչ, խմբագիր, Աւետ. Եկեղեցւոյ հովուապետ:

Արսէն Կէօրկիզեան
Ծնած է 1887 կամ 1886[1]
Ծննդավայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն[1]
Մահացած է 1977[1]
Մահուան վայր Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Անաթոլիա Գոլէճ[1]
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, Խմբագիր, հոգեւորական, բանասէր, պատմաբան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան ծնած է Վան 1887-ին: Մարզուանի Անատոլիա Գոլէճը աւարտելէ ետք, կը մեկնի Պերլին, տեղւոյն Էլայենս Սեմինարին մէջ հետեւելով աստուածաբանութեան: Վերադառնալով երկիր, 1912-1915 թուականներուն կը վարէ Վանի Քաղաքամէջի ամերիկեան երկսեռ որբանոցի փոխ տեսչութեան պաշտօնը:

1915-ի հերոսամարտին, կռուի առաջաւոր դիրքերու վրայ, քաջ զինավարժ, կարեւոր խումբի մը առաջնորդն է: Ապա՝ ուսուցչական պաշտօնով կ'անցնի Պաքու, 1917-ին՝ Երեւան, ուր կը վարէ Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութեան բաժանմունքներէն մէկը։ Նոյն թուականի վերջերուն կը հրաւիրուի Թաւրիզի Հայ Երիցական Եկեղեցիի հովուութեան, Պարսկաստան:

Թրքական արշաւանքին հետեւանքով կ'անցնի Հայաստան եւ կը հովուէ տեղւոյն Աւետ. եկեղեցին: Անգլիական զինուորական իշխանութեանց ձեռքով սննդակայաններ կը հիմնէ Համատան-Քիրմանշահ-Պաղտատ գիծին վրայ՝ օգնելու Վասպուրականի երկրորդ արտագաղթին ենթարկուող իր հայրենակիցներուն:

Նոյն տարին, կը ղրկուի Պաղտատ իբրեւ Թեհրան-ի Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ անգլիական իշխանութեան մօտ, ծառայելու 20,000 հայ տարագիրներու:

Պաքուպայի անապատին մէջ կը հիմնէ ու կը վարէ Հ.Բ.Ը. Միութեան Վասպուրական եւ Արարատեան երկսեռ որբանոցները:

1919-ին վերադառնալով Հայաստան, կը պաշտօնավարէ ելեւմտական նախարարութեան մէջ։ Ապա Ամերիկեան Նպաստամատոյցի կողմէ կը նշանակուի Ղամարլուի ենթաշրջանի նպաստի գործին վարիչ:

Կարճ շրջանի մը համար, Լոնտոնի «Լորտ Մեյըրզ ֆընտ» կազմակերպութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ կը նշանակուի: Միաժամանակ կը վարէ Երեւան հրատարակուող «Հայաստանի Ձայն»-ի խմբագրւթիւնը:

1921-ին կը վերադառնայ Թաւրիզ՝ իր նախկին հովուական պաշտօնին:

1923-ին Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան կ'անցնի Միացեալ Նահանգներ, ուր եկեղեցական ու հովուական պաշտօններու կողքին (Նիւ Ճըրզի, Ֆրէզնօ, Ֆաուլըր, Սեյլըմ, Հեյվըրհիլ, Փրովիտընս) կարեւոր պաշտօններ կը ստանձնէ Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան դաշտին մէջ, միաժամանակ՝ Փրինսթընի եւ Եունիըն համալսարաններու մէջ հետեւելով աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման:

Հրատարակութիւն եւ աշխատասիրութիւններ

Խմբագրել

Մամուլին մէջ հրատարակած իր բազմաթիւ յօդուածներէն անկախ, Վեր. Արսէն Կէօրկիզեան հրատարակած է հետեւեալ հատորները.

  1. ՎԱՆԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ (Պէյրութ,1965)
  2. ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՅԱՄԱՐՏԸ (Պէյրութ,1967)
  3. ՊԱՒՂԻԿԵԱՆ ԹՈՆԴՐԱԿԵՑԻՆԵՐՈՒ ՇԱՐԺՈՒՄԸ Է.-ԺԲ. ԴԱՐ (Պէյրութ,1970)

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.