Աւետիք Տիգրանակերտցի
Աւետիք Տիգրանակերտցի (Աւետիք Ամդեցի, Աւետիք Պաղտասարեան, անհայտ[1], Տիարպեքիր[1] - անհայտ[1]), 17-18-րդ դարերու հայ մշակութային գործիչ, մաթեմադիկոս, աստղագէտ, տոմարագէտ, պատմիչ եւ գրիչ։ Տիրապետած է արաբերէնին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին, եբրայերէնին, ղպտերէնին, թրքերէնին, յունարէնին, լատիներէնին եւ ֆրանսերէնին։
Աւետիք Տիգրանակերտցի | |
---|---|
Ծնած է | անհայտ[1] |
Ծննդավայր | Տիարպեքիր[1] |
Մահացած է | անհայտ[1] |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Մասնագիտութիւն | մշակութային գործիչ, թուաբանագէտ, աստղագէտ, պատմաբան, գրիչ, տոմարագէտ, ճանապարհորդ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Տիգրանակերտ։ Երկար տարիներ ապրած, սովորած ու ստեղծագործած է Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային աչքի զարկած կենդրոններուն մէջ՝ Էրզրումի, Վանի, Բաղէշի, Սեբաստիոյ եւ Թոքատի։
Ուսումնառութեան նպատակով եղած է Պարսկաստանի, Արաբիայի մէջ։ Առանձնակի հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է դէպի բնական գիտութիւնները, զբաղած է նաեւ պատմագրութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ[2]։ Գիտութեան անկաշառ նուիրուածութեան պատճառով բոլորը ենթարկուած է ժամանակի «որոուայնամոլ եւ արբշիռ, ուսումնատեաց եկեղեցականաց» նախատինքներուն եւ հալածանքներուն։
Գործունէութիւն
ԽմբագրելՕգտուելով հայ եւ օտար աղբիւրներէ՝ մշակած ու կազմած է աստղաբաշխութեան, տոմարագիտութեան, աշխարհագրութեան, երաժշտութեան վերաբերեալ գործեր։ Ձեռագիր վիճակով մեզի հասած են 1684-1709 թուականներուն գրած աստղագիտական-տոմարագիտական ստուարածաւալ «Տեֆթեր գիրք»ը, 1695-1709 թուականներուն կազմած «Ըստուռլապ»ը, որուն մէջ նկարագրուած են աստղաբաշխական զանազան գործիքներ, 1700 թուականին գրած «Ոսկեփորիկ»ը, 1719 թուականին կազմած «Զիճ գիրք»ը, ապա «Ախտարացոյց»ը, «Աշխարհացոյց»ը։
1701-1712 թուականներուն, օտար եւ հայ պատմիչերու երկերուն հիման վրայ, շարադրած է խիստ կարեւոր ժամանակագրութիւն մը՝ «Աղի սակապատմագիր», սկսելով աշխարհի արարչագործութենէն, հասցնելով մինչեւ Աստուածատուր Համատանցի կաթողիկոսին գահ բարձրանալու թուականը՝ 1714 թուականը։
Հայ պատմագրութեան համար որոշակի արժէք ունին աշխատութեան վերջին մասերը, որ կը վերաբերին Հայաստանի 16-17-րդ դարերու քաղաքական անցուդարձերուն։ Ուշագրաւ են նաեւ «Աշխարհացոյց»ի մէջ Աւետիք Տիգրանակերտցիի, իբրեւ ականատեսի, Փոքր Ասիայի եւ Կիլիկիայի հայաբնակ վայրերու մասին հաղորդած տեղեկութիւնները եւ, յատկապէս, Հապէշստանին վերաբերող «Վասն որ կամի Հէպէշին երկիրն գնալ, այսպէս է» խորագրով հատուածը։
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԱւետիք Տիգրանակերտցիի աշխատութիւններու ձեռագրերը մեծ մասամբ գտնուած են Վենետիկի Մխիթարեաններու մատենադարանին մէջ։ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ պահպանուած են անոր ժամանակագրութեան երեք օրինակներ (ձեռագիր №1492, 7424, 6243)։
Ձեռագիր №1492-ը Աւետիք Տիգրանակերտցիի ինքնագիրն է՝ արտագրուած իր իսկ սղագիր օրինակին, 1712-1714-ին, Աստուածատուր Համատանցիի համար։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ Histoire de l'humanité: 1492-1789. — UNESCO, 2008. — С. 667. — 1247 с. — ISBN 9789232028143