Բագրատունեաց Հայաստանի Մշակոյթը եւ Արուեստները
Նիւթական հարստութեան կուտակումը եւ տնտեսութեան զարգացումը մարդոց մօտ նորանոր պահանջներ կը յառաջացնեն. կը նրբանայ անոնց ճաշակը, կ'աճի ուսման, գիտութիւններու եւ արուեստի հանդէպ անոնց սէրը։ Այս իմաստով Բագրատունեաց Հայաստանը ամէնէն նպաստաւոր պայմանները կը ստեղծէ մշակութային զարգացման համար։
Արաբական տիրապետութեան շրջանին, հայ գիրն ու գրականութիւնը շուրջ երեք դար (Է.-Թ.) անկում ապրած էին։ Բագրատունեաց իշխանութեան հաստատումով, անոնք դարձեալ վերելք արձանագրեցին։ Բնականաբար, քաղաքական համեմատական անդորրութիւնը ունեցաւ իր բարերար դերը։ Մշակութային զարթօնքի գլխաւոր մղիչները հանդիսացան հոգեւորականութիւնը, ազնուականութիւնը եւ քաղքենի նորակազմ հարուստ դասակարգը։
Վանքեր եւ Ուսումնարաններ
ԽմբագրելՀինէն ի վեր Հայաստանի մէջ վանքերը եղած են նաեւ ուսումնական կեդրոներ։
Մինչեւ Թ. դար, անոնցմէ նշանաւոր եղած են Սիւնեաց, Արշակունեաց, Շիրակի դպրեվանքերը, ինչպէս նաեւ Վաղարշապատի եւ աւելի ուշ՝ Դուինի կեդրոնական դպրոցները, որոնք ժամանակի կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններ էին։ Ժ. դարու վերջերէն սկսեալ անոնց թիւը աննախընթաց կերպով բազմացաւ, ամբողջ երկիրը լեցնելով վանական եւ ուսումնական հաստատութիւններով։ Իւրաքանչիւր թագաւոր, իշխան եւ հարստացած քաղքենի իր պարտքը նկատեց վանք մը կամ տաճար մը կառուցանել, իր անունը յաւերժացնելու կամ իր մեղքերուն թողութիւն գտնելու համար։
Նոր հիմնուած վանական հաստատութիւնները ունէին իրենց առանձին աշխատանոցները՝ մագաղաթներ պատրաստելու, ձեռագիրներ ընդօրինակելու, ծաղկելու, կազմելու, ինչպէս նաեւ յարակից այլ աշխատանքներու համար։ Վանքերը կ'ունենային իրենց գրատուները կամ մատենադարանները, ուր կը հաւաքուէին գրական, պատմական, կրօնական եւ իմաստասիրական հազարաւոր գիրքեր։
Մեծ վանքերու մէջ կանոնաւոր կերպով կ'ուսանէին քանի մը հարիւր աշակերտներ։ Իւրաքանչիւր նիւթ ունէր իր հմուտ դասախօսը, որ յաճախ իր ուսումը կատարելագործած կ'ըլլար արտասահմանի մէջ։ Ուսման եւ գիտութիւններու զարգացման հետ, հայ դաստիարակներու ճիգը եղաւ բարձրագոյն աստիճանի հասցնել կրթութեան մակարդակը Հայաստանի մէջ։ Այս նպատակին համար գործի լծուեցան անուանի գիտնականներ եւ թարգմանիչներ, բարեկարգուեցան ուսումնարաններ, թարգմանուեցան օտար մեծ հեղինակներու գործեր։ Կրօնական նիւթերու կողքին, հայկական վանքերուն մէջ կը դասաւանդուէին Եռեակ եւ Քառեակ կոչուող գիտութիւնները, որոնք կը բովանդակէին քերականութիւն, ճարտարապետութիւն, թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, աստղաբաշխութիւն եւ երաժշտութիւն։
Նոր հիմնուած վանական հաստատութիւններու գլխաւորներն էին Սանահինի, Հաղբատի, Մարմաշէնի, Բջնիի, Կամրջաձորի, Հոռոմոսի, Տաթեւի, Նարեկի, Վարագի, Աղթամարի, Սեւանի եւ այլ բազմաթիւ վանքեր։ Անոնց գործունէութիւնը եւ ներքին կազմակերպուածութիւնը ծաւալեցաւ եւ զարգացաւ։ Այս շրջանի վանական մեծ հաստատութիւնները 300-500 եւ երբեմն մինչեւ հազար հոգինոց միաբանութիւն, ուսանողութիւն ու ծառայողներ հաշուող հսկայ կազմակերպութիւններ էին, որոնք հիմնական դեր կը խաղային ժամանակի հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կեանքին մէջ։
Մեծ քաղաքներու յառաջացումը պատճառ դարձաւ, որ աճի նաեւ աշխարհիկ վարժարաններուն թիւը. ասոնք եղած են ժողովուրդին համար եւ հոն դասաւանդուած են մասնաւորաբար գործնական գիտելիքներ։ Գործնական գիտութիւնները նաեւ մուտք գործած են վանքերէն ներս։ Այսպէս, գրչութիւնը, մանրանկարչութիւնը, նկարչութիւնը, հաշուագիտութիւնը եւ բժշկութիւնը իրենց կարեւոր տեղը ունեցած են ուսումնարաններէն ներս։ Նոյնիսկ քանդակագործութիւնը եւ ճարտարապետութիւնը կը դասաւանդուէին եւ գիտենք, թէ ինչպիսի վարպետներ տուած է Հայաստան այս մարզերէն ներս։
Գրականութիւն
ԽմբագրելԹէեւ Բագրատունեաց շրջանին մեծ հեղինակներ ու մանաւանդ զարգացած մտաւորականներ եւ ուսուցիչներ չեն պակսիր, այսուհանդերձ, գրականության մէջ, բացի Գրիգոր Նարեկացիէն, ուրիշ փայլուն դէմքերու չենք հանդիպիր։ Ասոր պատճառն ալ մասամբ գրական կեանքի կղզիացումն է վանքերու մէջ եւ գրականութեան անմատչելիութիւնը ժողովուրդին, թէ՛ իր լեզուով եւ թէ մշակած սեռերով։ Արդարեւ, փոքրամասնութիւն մըն է, որ կը հետաքրքրուի իմաստասիրական եւ մեկնողական գործերով կամ կրօնաշունչ բանաստեղծութեամբ, ճառերով եւ ներբողներով, որոնք գրուած են յաճախ խրթին գրաբարով մը։ Այս տեսակէտէն յատկանշական է ԺԱ. դարու նշանաւոր հեղինակ՝ Գրիգոր Մագիստրոս, որ այլապէս աշխարհական բազմահմուտ գիտնական մըն է։
Պատմագրութիւնը համեմատաբար աւելի զարգացաւ Բագրատունեաց օրով եւ մենք ունեցանք Արծրունեաց տոհմի պատմիչ Գագիկ Արծրունին, Բագրատունեաց տոհմի պատմիչներ՝ Յովհաննէս Դրասխանակերտցին, Ստեփանոս Տարօնեցին կամ Ասողիկը, ինչպէս նաեւ Շապուհ Բագրատունին, որուն գործը դժբախտաբար կորսուած է։
Այս հեղինակները իրենց պատմութիւնը կը սկսին Ադամէն կամ ջրհեղեղէն եւ կը հասնին մինչեւ իրենց ապրած օրերը։ Իրենց գործին մէջ ամէնէն շահեկան բաժինը վերջինն է, ուր իբրեւ ականատես անոնք կը պատմեն իրենց ժամանակակից դէպքերը, այսինքն Բագրատունի եւ Արծրունի թագաւորութիւններուն ստեղծումը, պայքարը՝ արաբ արշաւողներուն դէմ, իշխանութեան ամրացումը, շինարարական աշխատանքները եւ այլն։
Յիշատակելի է ԺԱ. դարու մատենագիր Արիստակէս Լաստիվերտցին, որ գրի առած է 1000-1071 տարիներու պատմութիւնը։ Ան ցաւագին կ'ողբայ հայկական թագաւորութեան անկումը, սելճուքներու արշաւանքները, ջարդերը եւ Հայաստանի հարուստ քաղաքներուն աւերումը։
Գրիգոր Նարեկացի այս շրջանի հայ մատենագրութեան մեծագոյն դէմքն է։ Ան ծնած է շուրջ 945-ին. շատ փոքր տարիքէն կորսնցուցած է մայրը եւ դրուած է Նարեկայ վանքը, ուր ստացած է զուտ կրօնական կրթութիւն։ Ապա, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով, նոյն հաստատութեան մէջ դարձած է ուսուցիչ։ Ամբողջ կեանքը անցուցած է Նարեկայ վանքին մէջ, միշտ աղօթելով, ուսանելով, ուսուցանելով եւ կարդալով։ Մենաւոր կեանք մը ունեցած է եւ կենդանութեան արդէն սուրբի հռչակ վայելած է։
Նարեկացիի մեծագոյն գործն է «Մատեան Ողբերգութեան»ը, որ ծանօթ է նաեւ «Նարեկ» անունով։ «Նարեկ»ը աղօթամատեան մըն է, որ կը բաղկանայ 95 «Բան»երէ կամ գլուխներէ։ Նարեկացիի միակ մտահոգութիւնը եղած է սրտին մէջ կուտակուած մեղքերը խոստովանիլ Աստուծոյ եւ հայցել Անոր գթութիւնը։ Հայուն համար «Նարեկ»ը եղած է ու կը մնայ աղօթամատեան եւ հրաշագործ գիրք:
Արուեստներ
ԽմբագրելՃարտարապետութիւն
ԽմբագրելԲագրատունեաց շրջանին թափ առած է շինարարութիւնը, բազմացած ու զարգացած են քաղաքները՝ իրենց բերդերով, պալատներով, կամուրջներով ու տաճարներով։ Ամբողջ երկիրը լեցուած է վանքերով եւ ճարտարապետական այլ յուշարձաններով։ Անոնց մեծ մասը, կանգուն թէ աւերակ վիճակի մէջ, մինչեւ այսօր կը վկայէ այդ ժամանակաշրջանի փառքին մասին։
Անիի աւերակները բաւական են մօտաւոր գաղափար մը կազմելու համար Ժ. եւ ԺԱ. դարերու հայկական ճարտարապետութեան ձեռք բերած նուաճումներուն մասին։ Ամբողջ քաղաքը շրջապատուած էր կրկնակի պարիսպներով, որոնք կը կրէին բազմաթիւ բազմայարկ աշտարակներ։ Պարիսպներն ու աշտարակները զարդարուած էին քանդակներով եւ գեղագիր արձանագրութիններով։ Անիի գլխաւոր դրան վրայ քանդակուած էր Բագրատունեաց խորհրդանիշ՝ յառաջացող առիւծը։ Քաղաքին կեդրոնը կը գտնուէր միջնաբերդը, ուր կառուցուած էր արքայական շքեղ պալատը՝ իր քանդակազարդ եւ ոսկեզօծ ընդարձակ սրահներով։ Մայրաքաղաքին այլ շինութիւններէն նշանաւոր են Տրդատաշէն Մայր Տաճարը, Հովիւի եկեղեցին, Ս. Փրկիչ եկեղեցին եւ այլն։
Շինարարական եւ ճարտարապետական այլ կեդրոն մըն է Վասպուրականը, ուր կը գտնուի Գագիկ Արծրունիի պատուէրով՝ Մանուէլ ճարտարապետի կառուցած Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին։
Բագրատունեաց օրով շինուած են բազմաթիւ վանքեր, պալատներ, բերդեր, կամուրջներ, հիւրանոցներ, հանրային բաղնիքներ, իջեւաններ եւ այս բոլորը՝ հայկական ճարտարապետութեան ինքնուրոյն ոճով, որ ամբողջ երկրին մէջ տարածուելէ ետք, իր ազդեցութիւնը գործած է նաեւ դրացի երկիրներու ճարտարապետական ոճերուն վրայ։
Քանդակագործութիւն
ԽմբագրելԹէեւ հայկական եկեղեցիները ընդհանրապէս չեն բեռնաւորուած քանդակներով կամ այլ տեսակի զարդերով, սակայն կարելի է հանդիպիլ կարգ մը եկեղեցիներու, օրինակ՝ Աղթամարի Ս. Խաչը, որոնք առաւել կամ նուազ չափով քանդակազարդ են։ Այդ քանդակները կը ներկայացնեն Աստուածաշունչէն առնուած դրուագներ եւ կամ բուսական եւ կենդանական աշխարհի պատկերներ, ինչպէս՝ ոչխար, այծ, կով, առիւծ, ցորեն, խաղողի ողկոյզ, նուռ եւ այլն։
Մանրանկարչութիւն
ԽմբագրելՄանրանկարչական արուեստը ամփոփուած է ձեռագիր մատեաններու մէջ։ Մեզի հասած ձեռագիրներու հնագոյն օրինակները կը պատկանին Թ. դարու վերջերուն եւ Ժ. դարուն։ Անոնք յաճախ ծաղկողներու կողմէ պատկերազարդուած են։ Ընդհանրապէս Աւետարաններուն առաջին էջերը, լուսանցքները եւ պարբերութիւններու առաջին բառերուն սկզբնատառերը ծաղկուած են գոյներու եւ պատկերներու բարդ, բայց ներդաշնակ յօրինումներով, թռչնագիրներով ու այլ տեսակի զարդերով։