Բժշկական Գիտութիւնները Հայաստանի մէջ
Բժշկական գիտութիւնները Հայաստանի մէջ գրեթէ 3 հազար տարուայ պատմութիւն ունին: Ժամանակի ընթացքին ստեղծուած է դեղանիւթերու հարուստ գանձարան: Հայկական լեռնաշխարհի դեղաբոյսերը արտահանուած են Արեւելքի եւ Արեւմուտքի շարք մը երկիրներէն եւ գտնուած են հնագոյն դեղագիտարաններուն մէջ։ Հայաստանը անցեալին եղած է շարք մը արժեքաւոր խեժատու բոյսերու, ինչպէս նաեւ վայրի դեղաբոյսերու հայրենիքը: Օգտագործուած են հանք, դեղանիւթեր՝ հայկավը, հայքարը, պորակը, ինչպէս նաեւ սնդիկի, երկաթի, զինքի, կապարի առանձին միացութիւններ, որդան կարմիրը, որոնք Հայաստանէն արտահանուած են դրաձի երկիրներ, կենդանական ծագման դեղանիւթեր՝ պատրաստուած կենդանիներու սեռական գեղձերէն, ուղեղէն, լիարդէն, փայծաղէն:
Բժշկութեան սկզբնաւորումը Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելԳործնական բժշկութեան մակարդակի մասին կը վկայեն ուրարտական եւ աւելի հին շրջանի հնագիտական պեղումներու արդիւնքները (բժշկական գործիքներ եւ այլն): Հայաստանի մէջ մասնաւոր հիւանդանոցներ եղած են 3-րդ դարուն: Միջնադարեան հայ մատենագրութեան մէջ 4 տարրերու (հող, ջուր, կրակ, օդ) եւ անոնց համապատասխանող 4 հիմնական հեղուկներու (արիւն, լորձ, դեղին եւ սեւ մաղձ) հին տեսութիւնը առաջին անգամ յիշատակած է Եզնիկ Կողբացին իր «Եղծ աղանդոց» (5-րդ դար) երկին մէջ։ Հիւանդութիւններու առաջացումը ան կապած է հիմնական հեղուկներու հաւասարակշռութեան խախտման հետ: Հիփոքրաթին պէս՝ Եզնիկ Կողբացին հոգեկան հիւանդութիւնները համարած էր գլխուղեղի հիւծման հետեւանք:
Յիշատակութիւններ հայկական հնագոյն բժշկութեան մասին
ԽմբագրելԴաւիթ Անյաղթի (5-րդ դարու վերջէն - 6-րդ դարու սկիզբը) մի քանի երկերուն մէջ շոշափած է մարդակազմութեան, կենսաբանութեան, դեղագիտութեան, հիկիենայի եւ բժշկական բարոյագիտութեան հարցեր: Ըստ անոր «Վերլուծութիւն «Ներածութեանն Պորփիւրի»» աշխատութեան՝ Հայաստանի մէջ 5-6-րդ դարերուն կատարուած են դիահերձումներ:
Անանիա Շիրակացին 667 թուականին կազմած իր «Քննիկոնում» տեղ տրամադրած է նաեւ բժշկագիտութեան: Ան զբաղուած է մասնաւորապէս բուսաբուժութեան հարցերով, նկարագրած է համասփիւռ կոչուող բոյսի բուժիչ հատկութիւնները, որուն պաշտամունքը եղած է Հայաստանի որոշ շրջաններուն մէջ։ 10-11-րդ դարերուն՝ Բագրատունեաց թագաւորութեան ժամանակ, Անիի մէջ, Հաղբատի եւ Սանահինի մէջ հիմնուած են բարձրագոյն դպրոցներ՝ միջնադարեան համալսարաններ, որտեղ ուսումնասիրած են նաեւ բժշկութիւն:
Գրիգոր Մագիստրոսի աշխատութիւններուն մէջ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կան հիւանդութիւններու մահճաբուժութեան, դեղագիտութեան եւ հատկապէս բուսաբուժութեան վերաբերեալ: Ստեղծուած են նաեւ ախտաբանութեան եւ դեղագործութեան վերաբերող բժշկարաններ: Գագիկ Ա թագաւորի (989-1020) օրոք գրուած «Բժշկարանը» (հեղինակն անյայտ է) հետագային խմբագրուած է Կիլիկեան Հայաստանի մէջ՝ առաջին անգամ Ներսես Լամպրոնացու եղբոր՝ Հեթումի մասնակցութեամբ՝ 13-րդ դարու վերջաւորութեան, հարստացուած է 2 բաժնով, խմբագիրը կցած է Մխիթար Հերացիի «Ջերմանց մխիթարութիւն» աշխատութեան 30 գլուխ եւ կիլիկիացի անյայտ հեղինակի՝ մահճաբուժութեան նուիրուած աշխատութիւնը, երկրորդ անգամ՝ Հեթում պատմիչի հրամանով. այստեղէն ալ՝ «Գագիկ-Հեթումեան բժշկարան» անուանումը: Վերջինս մեծ ազդեցութիւն գործած է Հայաստանի միջնադարեան բժշկութեան հետագայ զարգացման վրայ։ Բժշկագիտութեան, հատկապէս մարդակազմութեան առաջընթացին նպաստած է դիահերձումներու եւ կենդանահատումներու ազատութիւնը, որուն մասին կը վկայեն գրաւոր աղբիւրները:
Մխիթար Հերացին եւ հայ բժշկութիւնը
ԽմբագրելՄիջնադարեան հայկական բժշկութեան հիմնադիր, բժշկապետ Մխիթար Հերացին գրած է մարդակազմութեան, կենսաբանութեան, ախտաբանութեան, դեղագիտութեան վերաբերող աշխատութիւններ, որոնցմէ միայն առանձին հատուածներ պահպանուած են հետագայ ժամանակի բժիշկներու երկերուն մէջ եւ մասամբ կը գտնուին «Գագիկ-Հեթումեան բժշկարանին մէջ»: 12-րդ դարու 80-ական թուականներուն Մխիթար Հերացիին «Ջերմանց մխիթարութիւն» գիրքին մէջ (հրատարակուած է՝ 1832-ին) շարադրուած ջերմերու հարուցիչ-գործոններու վերաբերեալ տեսակետը մոտ է հին ժամանակներու բժշկութեան հիմնադիր Հիփոքրաթի տեսակետին: Հայ բժշկապետը մեծ նշանակութիւն տուած է ինչպէս արտաքին միջավայրի անբարենպաստ գործոններուն, այնպէս ալ ներքին ազդակներուն (հոգեկան ապրումներ, անքնութիւն, ընդհանուր հիւծում):
Հիւանդութեան շրջանները ըստ Հերացիին
ԽմբագրելՀին աշխարհի բժիշկներու նման՝ Հերացին նոյնպէս հիւանդութեան ընթացքը բաժնած է 4 շրջանի՝ նախնական, սաստկացման, նուազման եւ աւարտման: Հերացին փորձնական ճանապարհով մշակած է բուժման համալիրի համակարգ մը, որուն հիմնուած էր դեղաբուժութեան, սննդաբուժութեան եւ ֆիզիքական եղանակներուն վրայ։ Հաւատարիմ հին ժամանակներու բժշկութեան սկզբունքներուն՝ հայ բժշկապետը առաջարկած է բուժել «հակառակը հակառակով»:
Բուժման ամենաարդիւնաւէտ ձեւերը ըստ Հերացիին
ԽմբագրելՄխիթար Հերացին դեղաբուժութեան մէջ գլխաւոր տեղը հատկացուցած է բուսաբուժութեան: Բոյսերէն բացի՝ անոր դեղատոմսերուն մէջ կը հանդիպին կենդանական ծագման դեղանիւթեր (եզան լեղի, լեարդ), ինչպէս նաեւ հանքային պատրաստուկներ (հայկավ, ծծումբ, զինք, պորակ եւ այլն):
-
Խնձոր
-
Ծիրան
-
Կարմիր հաղարջ
-
Վարունգ
Բուժման ֆիզիքական ձեւերու շարքին մեծ տեղ հատկացուցած է ջրաբուժմանը. ինչպէս նաեւ մերսումներուն եւ մարմնամարզական վարժութիւններուն: Ան լուրջ ուշադրութիւն դարձուցած է հոգեբուժման, օրինակ՝ ներշնչման, այդ նպատակով օգտագործած է նաեւ երաժշտութիւնը: 1908 թուականին «Ջերմանց մխիթարութիւն»-ը հանգամանորեն ուսումնասիրուած եւ թարգմանուած է գերմաներէն (Էռնեսթ Զէյթել): Մխիթար Հերացին մեծ աշխատանք կատարած է նաեւ բժշկական հայերէն եզրաբանութիւններու ստեղծման ուղղութեամբ:
Բժշկագիտութեան վերելքը
ԽմբագրելԲժշկագիտութիւնը Հայաստանի մէջ նոր վերելք ապրած է 1828 թուականին, երբ Արեւելեան Հայաստանը միացած է Ռուսաստանին: 1833 թուականին Հայաստան եկած է մասնագիտական կրթութիւն ստացած առաջին հայ բժիշկը՝ Ս. Լոռու-Մելիքեանը: Աշխատած են նաեւ բժիշկներ Գ. Տեր-Կարապետեանը (Կարապետով), Հ. Հովհաննիսեանը, Ա. Տեր-Աւետիքեանը եւ ուրիշներ:
19-րդ դարու 2-րդ կէսին անուանի բժիշկներ Դ. Ռոսթոմեանը, Ա. Պապաեանը, Ա. Պուտատեանը, Մ. Առուսթամեանը, Վ. Արծրունին եւ ուրիշներ իրենց աշխատութիւնները գրած են ռուս առաջադէմ բժշկագիտութեան սկզբունքներով: Հայկական բժշկագիտութիւնը մեծ նուաճումներ ձեռք բերած է խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք: 1922 թուականին հիմնադրուած է ԵՊՀ բժշկագիտական բաժանմունքը (1930 թուականին՝ Երեւանի Բժշկական դպրոցը, 1995 թուականին՝ Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը), որ դարձած է բժշկագիտութեան գիտահետազոտական կեդրոն:
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Տեղեկատու էջ Հայ Բժշկութեան թանգարանի մասին Archived 2014-09-15 at the Wayback Machine.