Գէորգ Հաճեան, լիբանանահայ օփերային երգիչ, խմբավար, ազատամարտիկ[2]։

Գէորգ Հաճեան
Ծնած է 1971
Ծննդավայր Այնճար, Լիբանան
Մահացած է 6 Հոկտեմբեր 2020(2020-10-06)
Մահուան վայր Արցախի պատերազմ
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան[1]
 Հայաստան
Կարողութիւն Կոմիտաս եւ ռազմահայրենասիրական երգերու մեկնաբան
Մասնագիտութիւն Թենոր երգիչ եւ խմբավար
Գործունէութիւն խմբավար
Կուսակցութիւն ՀՅԴ
Ամուսին Բանասէր Ֆրիտա Գզլեան-Հաճեան
Երեխաներ Թաթուլ Հաճեան
«…Եթէ կ՚ուզես ազգային պատկանելիութեան սահմանը անգամ մը չափել, պէտք է երթալ եւ հայ զինուորին կողքին կենալ»[3]:
- Գէորգ Հաճեան «Ազդակ», 6-1-2018

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գէորգ Հաճեան ծնած է 1971 թուականին Լիբանանի Այնճար քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի «Յառաջ» եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարաններուն մէջ։ 1984-ին յաճախած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Զարեհեան դպրեվանք, զոր աւարտած է 1992 թուականին։ Յաճախած է Լիբանանին «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը, ուսուցիչը եղած է հայ խմբավար, «Սեբաստացիներ» եւ ԵՊԿԵ գեղարուեստական ղեկավար Յարութիւն Թոփիկեանը։ Որպէս մեներգիչ` հանդէս եկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի», Համազգայինի «Կոմիտաս», «Պարոյր Սեւակ» եւ Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբերուն մէջ։ Եղած է Անճար քաղաքի «Առաջ» երգչախումբի ղեկավարը, մասնակցած է 14 դպրոցներու միջեւ տեղի ունեցող «Բարսեղ Կանաչեան» մրցոյթին եւ գրաւեր առաջին տեղը։

 
Օփերային երգիչ, խմբավար, ազատամարտիկ, նահատակ Գէորգ Հաճեան Արցախի Ազատ Անկախ հանրապետութեան մէջ գտնուող Գանձասարի վանքին ետեւի դրան դիմաց։

1994-ին տեղափոխուած է Քուէյթ, ուր 10 տարի ղեկավարած է Ազգային վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը եւ Ազգային առաջնորդարանի չափահասներու «Նարեկացի» երկսեռ երգչախումբը[4]:

2005 թուականին ընտանիքին հետ հաստատուած է Հայաստան, ուր ալ մինչեւ 2009 թուականը ուսումը շարունակած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի մէջ։ Որպէս մեներգիչ` հանդէս եկած է Երեւանի «Շարական» հնագոյն երաժշտական համոյթի մէջ՝ Դանիէլ Երաժիշտի ղեկավարութեամբ:

Մենահամերգներ

Խմբագրել

Գէորգ Հաճեանը մենահամերգներ ունեցած է Հայաստանի, Արցախի, Վիեննայի, Սլովենիայի, Գանատայի, ԱՄՆ-ի, [[Պրազիլիոյ|Պրազիլիոյ]], Կիպրոսի, Պուլկարիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Քուէյթի, Քաթարի եւ Իրանի մէջ։

Գէորգ Հաճեանի Համերգները Արցախի Մէջ

Խմբագրել
  • 28 Սեպտեմբեր 2018-ին, Արցախի սահմանամերձ Նորշէն գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգ Հաճեանի առաջին համերգը` Ստեփանակերտի «Տնջրէ» եւ Նոր շէնի «Մոնթէ» համոյթներուն մասնակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ արցախեան շարժման 30- ամեակին[5]:
  • 29 Սեպտեմբեր 2018-ին, Գէորգ Հաճեան համերգային ծրագիրներով այցելեց Արցախի երկու N զօրամասեր, ուր իր խրոխտ երգերով ոգեւորեց հայ զինուորները: Զինուորներուն կողքին երգը աւելի իրական կը հնչէր, որովհետեւ իրենց ձօնուած էր:
  • 30 Սեպտեմբերին Գէորգ Հաճեան համերգով հանդէս եկաւ Քարվաճառի մէջ, ու եզրափակուեցաւ անոր արցախեան այցելութիւնը: Սակայն, ինչպէս երգիչը նշած է, համերգները Արցախի մէջ այսուհետեւ շարունակական պիտի ըլլան[5]:
  • 22 Մարտի 2019-ին, Քաշաթաղի շրջանի Կովսական քաղաքին մէջ, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, կայացաւ լիբանանահայ հայրենադարձ երգիչ Գէորգ Հաճեանի համերգը, զոր նուիրուած էր մեծ երգահան Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին[6]:

Պատուոյ գիր եւ շնորհակալագիր

Խմբագրել
  • 2011-ի նոյեմբերին մասնակցելով Իտալիայի «International Competition of Opera Singers»-ին` դասուեր է լաւագոյն տասնեակին մէջ եւ արժանացեր պատուոյ գիրին:
  • 29 Սեպտեմբեր 2018-ին, Գէորգ Հաճեանը Արցախի երկու N զօրամասերու հրամանատարութեան կողմէ արժանացաւ յատուկ շնորհակալագիրի` պաշտպանութեան բանակին հետ սերտ համագործակցութեան համար[5]:

2020 թուականի աշնանը մասնակցեր է Արցախի մէջ տեղի ունեցող հայ-ատրպէյճանական պատերազմին[7]։ ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար Մհեր Յարութիւնեանի եւ նոյն վաշտի ազատամարտիկ Քրիստափոր Արթինի հետ անոնք հերոսաբար նահատակուեցան Հոկտեմբեր 6-ին՝ Արցախի մէջ, ռազմավարական կարեւորագոյն նշանակութեան ունեցող՝ հիւսիսային «Վարանգաթաղ» (Լուլասազ) բարձունքի մը ազատագրութեան համար մղուած ծանր մարտին մէջ՝ ջախջախիչ հակահարուած տալով թշնամիին[8]:

Սկաւառակագրութիւն

Խմբագրել
  • «Կոմիտասեան Երախայրիք»[9]
  • «Զքեզ Օրհնեմք»
  • «Հայաստանը Երգերում»
  • «Ղօղանջ անկախութեան» խորագիրով՝ երկու ձայնասկաւառակէ բաղկացած գեղատիպ այս հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ ազգային-յեղափոխական երգերու փունջ մը, որ մեզի կը պատմէ 20-րդ դարու հայ ազատագրական պայքարի մասնակից տիտան հերոսներու կեանքն ու սխրանքը, ազատութեան, անկախութեան եւ հայրենիքի փրկութեան մղուած մարտերու կենսագրութիւնը[3]:

Ի շարս այլոց, ուշագրաւ է «Յարատեւ կռիւ» երգը, որ արդէն տեսերիզի մը մէջ իր խայտանքը կ՛ապրի իբրեւ նիւթ եւ մատուցում: Փաստօրէն, բեմադրիչ եւ ազատամարտիկ Սամուէլ Թադեւոսեանի յղացումով (երգ ու տեսերիզ), այս երգը թռիչք առած կը թեւածէ հայրենի բանակին կողքին ու հայոց լեռներու ամբողջ տարածքին: Արցախ աշխարհին մէջ նկարահանուած այս երգն ու տեսերիզը, որ նուիրուած է հայոց բանակին ու անոր ցուցաբերած զոհաբերութեան, մեծագոյն փաստն է հայ արուեստագէտներու, յատկապէս այս պարագային Գէորգ Հաճեանի հայրենասիրութեան[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. https://web.archive.org/web/20201016015542/https://gols.am/?p=5682
  2. One Studio։ «Ինքնաճանաչողութիւնը Աստուծոյ ներկայութիւնը քու մէջ զգալու կարողութիւնն է. Գէորգ Հաճեան»։ www.yerkir.am (ամհարերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-08 
  3. 3,0 3,1 3,2 Ի Սրտի Խօսք` Հայրենապաշտ Երաժիշտ Գէորգ Հաճեանին (Նոր Հրատարակուած Ձայնասկաւառակի Մը Առիթով)
  4. Գէորգ Հաճեան. «Ես միշտ գոհ չեմ իմ աշխատանքէն»
  5. 5,0 5,1 5,2 Գէորգ Հաճեանի Համերգները Արցախի Մէջ
  6. Ապառաժ»-ի Հարցազրոյցը Լիբանանահայ Հայրենադարձ Երգիչ Գէորգ Հաճեանի Հետ
  7. «PanARMENIAN.Net - Mobile»։ www.panarmenian.net։ արտագրուած է՝ 2020-10-08 
  8. Գերագոյն Մարմինը Կը Գուժէ Ընկերներ Մհեր Յարութիւնեանի, Գէորգ Հաճեանի եւ Քրիստափոր Արթինի Մահը [permanent dead link]
  9. «CD ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ եւ ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ԵՐԱԽԱՅՐԻՔ»։ Cilicia Bookstore (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-08 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել