Եղիշէ Այվազեան ծնած է Արարատեան դաշտավայրին մէջ 1890 թուականին։ Աշակերտած է Թիֆլիսի Ներսիսեան Վարժարանը՝ 1907-1910 Թուականներուն։ Գրաբարի ուսուցիչին՝ յայտնի լեզուաբան Ստեփան Մալխասեանի հետ մէկ անհասկացողութեան եւ անարդար դիտքաւորումի հետեւանքով, Թողեց Ներսիսեանը եւ փոխադրուեցաւ Երեւանի թեմական դպրոցը։ 1912 թուականին, թեմական վարժարանէ ընդարձաւարտ ընդունուած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանի լսարանական բաժինը եւ այդտեղ ալ շրջանաւարտ եղած է 1914 թուականին։ 1922 թուականին Պարսկաստանի Թաւրիզ քաղաքը մեկնեցաւ Փարիզ, անկէ անցնելու համար պրագա՝ ուր կ'առաջադրէր հետեւիլ տեղւոյն համալսարանական դասնդացքներուն. սակայն Փարիզի մէջ, մեծանուն գրագէտ Աւետիս Ահարոնեանի պնդումին վրայ, հրաժարուեցաւ Պրագայի եւ արձանագրուեցաւ Սորբենի հոգեբանական եւ փիլիսոփայական դասընթացքներուն։ «Սորբոնէն վերջ, 1926 թուականին, վկայուած է Էպինալի (վոժ) հիւսուածեղէնի բարձրագոյն Վարժարանին, ճարտարագիտական տիտղոսով։ 1928 թուականին ամուսնացաւ եւ հաստատուեցաւ Պոլիս[3]:

Եղիշէ Այվազեան
Ծնած է 1890
Ծննդավայր Արարատեան Դաշտ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1993[1]
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել