Երուանդ Պապայեան
Երուանդ Պապայեան ծնած էր 25 Մայիս, 1913 Մայիսին՝ Այնթապի մէջ։ Ան իր մահկանացուն կը կնքէ 6 Օգոստոս, 2014-ին, Միշըն Հիլզ-ի Արարատ Տարեցներու Տան մէջ։ Երախտաւոր կրթական մշակ: Ազգային-հասարակական գործիչ: 60 տարիներու բազմաբեղուն հասարակական վաստակ:
Երուանդ Պապայեան | |
---|---|
Ծնած է | 25 Մայիս, 1913 |
Ծննդավայր | Այնթապ |
Մահացած է | 6 Օգոստոս, 2014-ին |
Կարողութիւն | Ազգային-հասարակական գործիչ |
Մասնագիտութիւն | Մանկավարժ |
Աշխատավայր | Բազմավաստակ ուսուցիչ եւ կրթական գործի կազմակերպիչ |
Ամուսին | Ռոզին՝ մահկանացուն կնքեց 2 Նոյեմբեր , 2016-ին |
Երեխաներ | Դոկտ. Փրոֆ. Սիլվա Գարայեան` («Պապայեան» հիմնարկի ատենապետուհի), Արա եւ Ներսէս Պապայեաններ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԵրուանդ Պապայեան ծնած էր 25 Մայիս, 1913-ին՝ Այնթապի մէջ։ Երեք մանչերու երկրորդն էր ան Ներսէս Աւագ Քահանայ եւ երիցուհի Նեկտար Պապայեաններուն:
Հայրը՝ Ներսէս Քահանայ ծանօթ էր Այնթապի մէջ, որպէս ծանօթ մտաւորական ու դաստիարակ ու այդ ալ պատճառով պիտի ձերբակալուէր ու բանտարկուած պիտի մնար, ապա հրաշքով ազատէր ու միանար իր ընտանիքին:
- Մեծ Եղեռնի արհաւիրքը Պապայեաններուն համար գաղթականութեան ազդանշանը դարձաւ, ու այլոց նման անոնք եկան հաստատուելու Հալէպ, ուր արդէն տեղահան եղած այնթապցի Հայ ընտանիքներ հաստատուած էին:
- Ծանօթ միջավայրի մէջ էր, որ Երուանդ Պապայեանը հասակ պիտի առնէր ու յաճախէր նախ Կիլիկիեան, ապա Հայկազեան վարժարանները, իր նախակրթութեան համար, երկրորդական ուսման շրջանին ան կը ծանօթանայ Ֆրանսերէն լեզուին, յաճախելով Ֆրանսական լիսէ վկայականը, որ պիտի աւարտէր 1933-ին:
- Ան Կիլիկեան վարժարանին որպէս ուսուցիչ ծառայած է 1933-1940 տարիներուն, իսկ որպէս տնօրէն` 1940էն մինչեւ 1953:
- Հալէպի մէջ կեանքի ընկեր պիտի ընտրէր Ռոզին Գապագեանը ու անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով՝ Սիլվա (Գարայեան), Ներսէս եւ Արա: Բարեբախտութիւն եղաւ Պապայեանի համար իր զաւակները տեսնելու ազգային հասարակական կեանքէն ներս: Յետագային տոհմիկ իրենց դաստիարակութեամբ ու ազգային գիտակցութեամբ, երեքն ալ դարձան գործունեայ գաղութահայ կրթական ու ազգային իրենց գործունէութեամբ:
- Այսպէս դուստրը` Սիլվան, որպէս կրթական մշակ բերաւ իր ծառայութիւնը մեր կրթական կեանքէն ներս, Ներսէս, շրջան մը մաս կազմեց Պոստոն հրատարակուող ՌԱԿ «Արմինիըն Միրըր-Սփեքթէյթըր» շաբաթաթերթի խմբագրութեան, իսկ Արան բոլորանուէր ծառայութիւն կը բերէ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄի եւ անոր թատերական շարժումներուն: Ներսէս եւ Արա հաւատաւոր անդամներն են Ռ. Ա. Կուսակցութեան: Իսկ Ներսէսի շնորհալի դուստրը` Թալին կը շարունակէ պահել ընտանեկան ազգային աւանդոյթները` ծառայելով հայ մամուլին ու բեմին:
- Հալէպի մէջ Պապայեան Կիլիկեան վարժարանի շրջանակէն ներս կը որոնէ Հնչակեան գաղափարախօսութեան ծառայելու հայրենասիրական որդեգրած ուղին:
- Ազգային-հասարակական իր խանդավառ գործունէութիւնը Պապայեան պիտի շարունակէր Պէյրութի մէջ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան միջոցաւ, ու մանաւանդ Վահան Թէքէեան վարժարանի ուսուցչակազմը ու շրջանաւարտները մղելով մաս կազմելու Թէքէեանի զանազան կառոյցներու:
- Պէյրութի մէջ երախտաւորը մուտք կը գործէ ՌԱԿ-ի շարքերը ու կը ստանձնէ զանազան կարեւոր պաշտօններ կուսակցական հանգամանքով, ինչպէս նաեւ կը դառնայ փնտռուած ատենախօս ու բեմասաց իր ճառախօսութեամբ հմայելով ունկնդիրները:
- 1977-ի Փետրուարին, Պապայեան կ’ընտրուի ատենապետ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ու շուրջ տարուայ մը համար կը վարէ այդ պաշտօնը, առաւելաբար լիբանանահայ գաղութի վերակերտումի ծրագիրներով կլանուելով: Ու Պապայեան մաս կը կազմէ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Կեդրոնական Մարմնին:
- 1986-ին վերջնականապէս իր կողակիցին՝ Ռոզինին հետ, կու գայ հաստատուելու Լոս Անճելըս, միանալու իր դստեր՝ Դոկտ. Սիլվա Գարայեանին ու կրտսեր որդւոյն Արային ու անոնց ընտանիքներուն: Հակառակ իր 70-ը անցած տարիքին, ան հրաժեշտ առած էր իր երկարամեայ կրթական պաշտօնէն, բայց որպէս նուիրեալ հասարակական գործիչ ան խանդավառութեամբ բաժին պիտի բերէր ամերիկահայ ազգային ու գաղութային կեանքին:
- 1987-ին իրեն կը վստահուի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը՝ ԹՄՄ-ի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, պաշտօն մը, որ Պապայեան ձեռնհասօրէն պիտի վարէր շուրջ 6 յաջորդական տարիներ, որպէս կեդրոնատեղի ունենալով՝ Ալթատինայի Միութեան նորակերտ կեդրոնը: Այս շրջանին (1987), ու յաջորդական երկու տարբեր առիթներով երախտաւորը յատուկ առաքելութեամբ կ’այցելէ Աւստրալիա ու յաջողութեամբ կը դառնայ հիմնադիրը՝ Սիտնիի «Ալեքսանդր» ամէնօրեայ հայկական վարժարանին: Իր այցելութեանց ընթացքին նաեւ կը սատարէ Բարեգործականի եւ ԹՄՄ-ի գործունէութեանց ու ծրագրումներուն:
- Յառաջացած տարիքին բժշկական խնամքի, ինչպէս նաեւ իր աննկուն կամքին ապաւինելով ան վայելեց իր ծննդեան դարադարձը, որ տօնուեցաւ արժանավայել շուքով Պըրպէնքի Հայոց Առաջնորդարանի համալիրէն ներս, ու այս առիթով Լա Քրեսենթա-ի շրջանի ծուխի շաբաթօրեայ վարժարանը կոչուեցաւ «Երուանդ Պապայեան Շաբաթօրեայ Վարժարան»:
- 101 գարուններ բոլորած վաստակաշատ ու նուիրեալ դաստիարակը յաւիտեան իր աչքերը կը փակէ 6 Օգոստոս, 2014-ին, Միշըն Հիլզ-ի Արարատ Տարեցներու Տան մէջ, իր ետին թողելով ազգային-հասարակական, կրթական ու միութենական հարուստ ու բազմաբեղուն վաստակ մը:
Ուսուցչական ասպարէզ
ԽմբագրելՀալէպ Սուրիա
Խմբագրել- 1933 - 1940 տարիներուն Երուանդ Պապայեան արդէն որպէս ուսուցիչ կ’ընդունուի իր յաճախած առաջին վարժարանէն ներս՝ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը: Ազգային հասարակական եռուզերը այդ տարիներուն մանաւանդ Հալէպի մէջ, կարեւորութեամբ ընկալուած էր գաղթաշխարհի կողմէ, ու որպէս տեղական հայութեան համար դարձած էր առաջին կայան:
Թրիփոլի, հիւսիսային Լիբանան
Խմբագրել- Երուանդ Պապայեան կարճ ժամանակի ընթացքին կը դառնայ փնտռուած կրթական մշակ մը, ու շրջանի մը համար կ’ուղարկուի Թրիփոլի, ուր գոյութիւն ունէր փոքրաթիւ հայկական գաղութ մը հիւսիսային Լիբանանի տարածքին, ուր կը դասաւանդէ Բարեգործականի Նուպարեան վարժարանէն ներս:
Հալէպ Սուրիա
ԽմբագրելՊէյրութ Լիբանան
Խմբագրել- 1953-ին Երուանդ Պապայեան ընտանեօք կը տեղափոխուի Պէյրութ, ուր կը դառնայ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէն, պաշտօն մը, որ հմտօրէն ու ամէն զոհողութեամբ պիտի վարէր յաջորդ 33 տարիներուն:
Հիմնադիր «Արեգ» Մշակութային Միութեան
ԽմբագրելՀ.Բ.Ը.Մ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան
Խմբագրել- 1935-ին, Երուանդ Պապայեան կը ստանձնէ ատենապետութեան պաշտօնը Հ.Բ.Ը.Մ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան, որուն հիմնադիրներէն եղած էր խանդավառ երիտասարդը նորակազմ մասնաճիւղին:
«Սասունցի Դաւիթ» զօրասիւնի հանգանակութեան աշխատանքներ - Սուրիա
Խմբագրել- Երուանդ Պապայեան Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն ան իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սասունցի Դաւիթ» զօրասիւնի հանգանակութեան աշխատանքներուն Բերիոյ թեմի օրուան առաջնորդ Զարեհ Սրբազանի հովանաւորութեամբ:
- Մաս կազմած է Հայ դատի հետապնդումին համար կազմուած Ազգային խորհուրդին եւ այդ հանգամանքով մասնակցած է Հայ Ազգային Խորհուրդին ու ներկայացնելով սուրիահայութիւնը մասնակից դարձաւ 1946-ին Աղեքսանդրիոյ խորհրդաժողովին, ու այդ հանգամանքով կը շրջի Պէյրութ, Թել Աւիւ, Հայֆա, Եաֆա, Երուսաղէմ, ինչպէս նաեւ Գահիրէ:
Սուրիոյ մէջ կազմուած ներգաղթի կոմիտէի Ատենադպիր
Խմբագրել- 1946-ին, Երուանդ Պապայեան իր հայրենասէր մասնակցութիւնը կը բերէ որպէս ատենադպիրը՝ Սուրիոյ մէջ կազմուած ներգաղթի կոմիտէին: Այս հանգամանքով ան յաճախ կը մեկնէր Դամասկոս, ինչպէս նաեւ Անթիլիաս, հանդիպելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցին:
Համալսարանական դասընթացքներ
ԽմբագրելՀայագիտութեան եւ Արեւելեան դպրութեան դասընթացքներ - Պէյրութ
Խմբագրել(1953-1956) թուականներուն, Երուանդ Պապայեան Պէյրութի մէջ կը հետեւի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Հայագիտութեան եւ Արեւելեան դպրութեան դասընթացքներուն, ստանալով համապատասխան վկայական բարձրագոյն ուսման մէջ:
Մանկավարժութեան մասնագիտական դասընթացքներ - Փարիզ
ԽմբագրելՈրպէս մանկավարժ, 1961-ին Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հովանաւորութեամբ կը մեկնի Փարիզ Centre International d’Etudes Pedagogiques համալսարանէն ներս հետեւելու մասնագիտական դասընթացքներու, կատարելագործելով իր ուսումը:
Հրատարակչական բնագաւառ
Խմբագրել1957-1960 ծանօթ դաստիարակներ՝ Օննիկ Սարգիսեանի եւ Սիմոն Սիմոնեանի հետ լոյս կ’ընծայէ Աշխարհագրութեան դասագիրքերու շարքի մը, որոնք տրամադրելի կը դառնան Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններու նախակրթարաններուն համար:
Խմբագրական աշխատասիրութիւններ
Խմբագրել- Աշխատակցած է «Արարատ», «Պայքար», «Արեւ», «Նոր Օր», «Սարդարապատ» եւ այլ թերթերու ու յատկապէս «Զարթօնք»ին, որուն հաւատարիմ աշխատակիցը եղած է երկար տարիներ, անոր էջերուն մէջ ստորագրելով ազգային, կրթա-դաստիարակչական բազմաթիւ յօդուածներ, ճանապարհորդական տպաւորութիւններ, կուսակցական, ազգային ու կրօնական անձնաւորութիւններու մասին դիմաստուերներ: Իր ստորագրած յօդուածները պատուաւոր տեղ գրաւած են «Զարթօնք»ի հրատարակած գրեթէ բոլոր բացառիկ համարներուն մէջ:
- 1971-ին Այնթապի Հայրենակցական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով կը դառնայ խմբագիր «Նոր Այնթապ» եռամսեային, պաշտօն մը, որ ձեռնհասօրէն կը վարէ յաջորդ 7 տարիներուն, ինչպէս նաեւ իր աշխատակցութիւնը կը բերէ ՌԱԿ մամուլին, մանաւանդ «Զարթօնք» օրաթերթին, դառնալով փնտռուած յօդուածագիր թերթի բացառիկ հրատարակութեանց համար:
Գործարանի հիմնադրում Հայաստանի «Նոր Այնթապ» աւանի մէջ
Խմբագրել1972-ին Այնթապի Հայրենակցական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան որպէս ներկայացուցիչ Հայաստանի «Նոր Այնթապ» աւանի մէջ կը կատարէ հիմնարկէքը վարագոյրի եւ ժանեակի գործարանին:
Կազմակերպչական գործունէութիւն
Խմբագրել1974-ին հարաւային Ամերիկայի կարեւոր շրջագայութիւնը, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Բարեգործականի որպէս ներկայացուցիչ, ան նպաստեց ՌԱԿ-ի շրջանակի ծրագիրներուն ու Պուէնոս Այրէսի մէջ ծնունդ առաւ «Արշակ Չօպանեան» Մշակութային Միութիւնը, որ յետագային պիտի անուանուէր Թէքէեան Մշակութային Միութիւն ու օժտուէր իր սեփական գեղակերտ նոր կեդրոնով: Ինչպէս նաեւ 1975-ին ալ այդ Միութիւնը պիտի հրատարակէր ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ՝ երկլեզու «Սարդարապատ» շաբաթաթերթը:
Յոբելեաններ եւ գնահատանքի շքանշաններ
Խմբագրել50-ամեայ յոբելեանն ու Շքանշանի եւ Պատուոյ գիրի եւ Ոսկեայ կրծքանշաններու Շնորհումը
Խմբագրել1983 Յունիսին արժանավայել հանդիսութեամբ կը նշուի Երուանդ Պապայեանի 50-ամեայ յոբելեանը՝ կրթական-հասարակական գործունէութեան Պէյրութի մէջ։ Այս առիթով իրեն կը շնորհուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի կողմէ Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ շքանշանը՝ համապատասխան կաթողիկոսական կոնդակով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Կրթական նախարարութեան արժանեաց շքանշանը, իսկ Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքահայութեան Մշակութային Կապի Կոմիտէն ալ պատուոյ գիրով կը պարգեւատրէ զինք: Վաստակաշատ յոբելեարը նաեւ պիտի արժանանար այլ ոսկեայ կրծքանշաններու ու այս առիթով ալ լոյս կը տեսնէ յատուկ գրքոյկ մը երախտաւորին 50-ամեայ վաստակին նուիրուած:
1989 իր յոբելեանը հանգամանօրէն կը նշուի Լոս Անճելըսի մէջ, ուր արդէն համախմբուած էին, սաները, նախկին գործակիցները, միութենական բարեկամները ու գաղափարի ընկերները:
1989-ին յոբելեարը ստացած է գնահատագիրներ Ալեք Մանուկեանէն, Գալիֆորնիոյ կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանէն, Կլէնտէյլի եւ Փասատինայի քաղաքապետներէն, ԹՄՄի Կեդրոնական վարչութենէն, Կիլիկեան Բարեգործական Միութենէն, Լոս Անճելըսի Հայ այնթապցիներու մշակութային միութենէն:
Այս առիթով բազմաթիւ գնահատագրեր կը յղուին Մեծարեալին, ներառեալ Գալիֆորնիոյ ատենոյ կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանի (Այնթապցի) գնահատագիրը, իսկ Ամերիկահայ Միջազգային Գոլէճի ուսուցչարանը (Տատեան) այս առիթով կը կոչուի՝ Երուանդ եւ Ռոզին Պապայեաններու անունով:
2002-ին, կը հրաւիրուի Պէյրութ, ուր որպէս երկարամեայ տնօրէն Վահան Թէքէեան վարժարանի իր մասնակցութիւնը կը բերէ վարժարանի 50-ամեայ տօնակատարութեան, իր այցելութեան առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Երուանդ Պապայեանին կը շնորհէ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը, իսկ Լիբանանի Կրթական Նախարարութիւնն ալ զինք կը պատուէ Ուսուցիչի շքանշանով:
Ծննդեան 90 եւ կրթական-հասարակական գործունէութեան 70-ամեակ
Խմբագրել2004-ին, Երուանդ Պապայեան Մաշտոց Գոլէճի կողմէ արժանացաւ «Պատուոյ Փրոֆեսօր» կոչումին, ու Գոլէճի նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի համալիրէն ներս կայացաւ երախտաւորին ծննդեան 90 եւ կրթական-հասարակական գործունէութեան 70-ամեակին առիթով համագաղութային մեծարանքը, որ կը վայելէր մեծարեալի սաներէն՝ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութիւնը:
Այս առիթով յատկանշական եղաւ ատենոյ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի յղած շնորհագիրը, ու Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յատուկ կոնդակը: Իսկ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան կողմէ Պապայեան երախտաւորին յանձնուեցաւ համապատասխան յուշատախտակ:
Հրատարակչութիւն
ԽմբագրելԵրուանդ Պապայեան ունի հրատարակուած գիրքեր՝ 1983-ին «Ժողովուրդին եւ Հայրենիքին Հետ», որ լոյս տեսաւ իր 50-ամեայ յոբելեանին առիթով,
1983-ին՝ «Պատմութիւն ՀԲԸՄ-ի» որպէս դասագիրք կ’օգտագործուի հայկական վարժարաններէն ներս,
1989-ին «Պատմութիւն հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան»։ (Աշակերտական ընթերցարան)
1994-ին՝ Գ. Հատոր «Պատմութիւն Այնթապի Հայոց»,
1998-ին լոյս կ’ընծայէ նոր հրատարակութիւն մը՝ «Յիշատակներու Արահետներով» հատորը: 1998-ի Հոկտեմբերին հրաւիրուած է Երեւան, ներկայ գտնուելու իր հեղինակած «Յիշատակներու արահետներով» գիրքի շնորհահանդէսին:
2002-ին «Յաւերժ երիտասարդ Լուլուն»։ Հոս գնահատանքով կ’արժէ նշել նաեւ, որ Պապայեանի զաւակներուն նախաձեռնութեամբ, լոյս տեսաւ 2004-ին երախտաւոր Պապայեանին յոբելեանական զոյգ հատորները:
2009-ին երախտաւորը լոյս կ’ընծայէ «Պէտք չէ Մոռցուին» հատորը, որ յուշագրութեանց հաւաքածոյ մըն է այն երախտաւորներուն, որոնց Պապայեան ճանչցած էր ու գնահատած իրենց դերը որպէս երաշխիք Հայ ժողովուրդի յաւերժութեան:
2010-ին լոյս պիտի տեսնէր իր վերջին հրատարակութիւնը՝ «Սիրուած Դէմքեր, Գիրքեր, Իրագործումներ, եւայլն»:
1989-ին «Պատմութիւն հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան»։ (Աշակերտական ընթերցարան)
Աղբիւրներ
Խմբագրել- ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Վաստակաշատ ու Նուիրեալ Դաստիարակ՝ Երուանդ Պապայեան
- «Սարդարապատ» Շաբաթաթերթի Գլխավոր Խմբագիր Դիանա Տեր-Կարապետյանին Հանձնվեց Գլխավոր Մրցանակ
- «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Տիանա Տէր-Կարապետեանին յանձնուեցաւ գլխաւոր մրցանակ
- «Երուանդ Պապայեան» Մանկավարժական Հիմնարկ[permanent dead link]
- Ոչ Եւս է Երուանդ Պապայեան[permanent dead link]
- ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
- Յիշատակներու արահետներով
- Ժողովուրդին եւ հայրենիքին հետ : Հրապարակագրական եւ հրապարակախօսական էջեր
- Վահան Թէքէեան Վարժարանի Ուսման Ճրագի Շողերը Լուսաւորեցին Աշակերտութեան Նոր Ուսումնական Տարին[permanent dead link]