«Լուվր Ապու Տապի» թանգարան, կառուցուած՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաքին՝ Ապու Տապիի մէջ: Կոչուած է «Անապատի եւրոպական զարդը»[2]:

Լուվր Ապու Տապի
Տեսակ Պատկերասրահ եւ տեսարժանութիւն
Երկիր  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Տեղագրութիւն Ապու Տապի
Վայր Saadiyat Island?
Հիմնադրուած է 7 Մարտ 2007[1]
Մակերես 24 000 քառակուսի մետր
24°31′59″N 54°24′00″E / 24.533°N 54.40001°E / 24.533; 54.40001
Կայքէջ louvreabudhabi.ae
Քարտէս
Քարտէս

Թանգարանին մէջ ներկայացուած են գլուխ գործոց ցուցանմոյշներ:

Թանգարանը բացուած է բացման համար յայտարարուած իր թուականէն հինգ տարի ետք:

Նախագիծին ճարտարապետն է՝ Ժան Նուվէլ:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Արաբական Լուվրի ճարտարապետութեան յատուկ իր արաբանախշ ժանրի արծաթագոյն ծակոտուած բացուածքներով գմբէթը այնպէս շինուած է, որ կարծես ան կը լողայ թանգարանին ճերմակ ցուցասրահներուն վրայէն, ստեղծելով «լոյսի շողեր թափող անձրեւ»:

 

Նորաձեւ այս ճարտարապետութեան հեղինակը Փրիցքէրի ճարտարապետական միջազգային մրցանակի 2008 թուականի դափնեկիր Ժան Նուվէլն է: Ան այսօր կը նկատուի ոչ միայն Ֆրանսայի, այլեւ ժամանակակից աշխարհի ամէնէն ինքնատիպ ճարտարապետերէն մին, որ կ՚իրականացնէ գերարդիական նախագիծեր[3]:

Թանգարանին անցքապատ գմբէթէն դուրս եկող լոյսին շողը յատակին հասնելու համար՝ պէտք է անցնի խորշերուն եւ բացուածքներուն ութ մակարդակներէն, ստեղծելով անընդհատ փոխուող նախշեր, որոնք կարծես արմաւենիներու կամ աւանդական արաբական շուկայի տանիքէն յառաջացած ստուերներ են: Ծակոտկէն գմբէթին շնորհիւ այնպիսի պատրանք ստեղծուած է, որ այցելուներուն կը թուի, թէ թանգարանը բաց ծովուն վրայ է, ուղղակի երկինքի տակ: Ճարտարապետը փորձած է ժամանակակից ստեղծագործողի աչքերով կերտել արաբական Մետինէի՝ լուսաւորեալ քաղաքին գաղափարը:

Թանգարանին շէնքը կը զբաղեցնէ 97 քառակուսի մեթր տարածութիւն եւ մշտական ցուցադրութիւններու համար յատկացուած է 23 սրահ: Կան նաեւ խորհրդակցութիւններու եւ այլ գործնական հանդիպումներու սրահներ:

Արտօնագիր

Խմբագրել

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ֆրանսային կէս միլիառ տոլար վճարած են՝ Լուվր անունը Ապու Տապիի մէջ գործածելու համար: Թանգարանին բացումը, որուն մասնակցելու համար Ապու Տապի ժամանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն, տեղի ունեցած է Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ երեսուն տարուան գործընկերութեան շուրջ համաձայնութիւն կնքելէ տասը տարի ետք: Շուրջ 1.1 միլիառ տոլար կ՚արժէր այդ ընկերութիւնը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Լուվր անունը գործածելու արտօնագինը:

Բանավէճեր

Խմբագրել

«Լուվր Ապու Տապի»ի նախագիծը լարուած բանավէճ մը յառաջացուցած է Ֆրանսայի մէջ, ուր զանազան շրջանակներ ու գործիչներ քննադատած են ֆրանսական կառավարութիւնը՝ արաբական պետութեան ֆրանսական անուն վաճառելուն համար: Կարգ մը ֆրանսացի պատմաբաններ գրած են, թէ անյարմար կը գտնեն, երբ կը տեսնեն, թէ ինչպէս Ֆրանսա իր գանձերը վարձու կու տայ անապատին մէջ: Թանգարանին տնօրէնութիւնը յայտարարած է, որ ֆրանսական Լուվրի անգին գանձերը՝ «Մոնա Լիզա»ն ու «Միլոսեան Վեներա»ն երբեւէ չեն երթար նոր Լուվր:

Թանգարանը տեղակայուած է Ապու Տապիէն ոչ-հեռու՝ Պարսից ծոցի Սաատիյաթ կղզիին վրայ: Այս կղզիին վրայ կ՚ընթանան նաեւ Միացեալ Նահանգներու Սողոմոն Կուկընհայմի թանգարանին մասնաճիւղի շինարարութիւնը, որ աշխարհի մէջ ժամանակակից արուեստի հաւաքածոներ պարունակող առաջին թանգարաններէն մին է: Սաատիյաթը ստացած է «մշակութային կղզի» անուանումը: Կը սպասուի, որ ժամանակի ընթացքին արհեստական եւ առայժմ անմարդաբնակ այս կղզին դառնայ տարածաշրջանին մեծ մշակութային կեդրոնը:

Հաւաքածոն

Խմբագրել

Ապու Տապիի Լուվր թանգարանը վերջին տարիներուն իր մշտական հաւաքածոյին համար գնած է աւելի քան 600 արուեստի գործեր, որոնցմէ 300-ը ֆրանսական թանգարաններէն վարձակալած գործերուն հետ դրած է ցուցադրութեան:

Նորաբաց Լուվրի հաւաքածոյին մէջ կան զանազան դարաշրջաններու եւ քաղաքակրթութիւններու ցուցանմոյշներ, այդ կարգին՝ Փիքասոյի, Փոլ Կոկէնի, Էտուըրտ Մանէի, Ռընէ Մակրիթի եւ Ճիովաննի Պելլինիի նկարները[4]:

Վարձուած գործերուն մէջ են ֆրանսական Լուվրի, Ժորժ Փոմփիտուի կեդրոնի, Վերսայի ցուցանմոյշներէն, ինչպէս Լէոնարտօ տա Վինչիի «Չքնաղ Ֆէրոնիէրա»ն, Անրի Մաթիսի աշխատանքները, Վան Կոկի ինքնանկարը, Ժաք Լուի Դաւիթի «Նափոլէոն Սեն Պերնար անցումին մէջ» կտաւը, Քլոտ Մոնէի «Սեն Լազար կայարանը» աշխատանքը եւ այլ համաշխարհային նշանակութեամբ գլուխ գործոցներ:

Հաւաքածոյէն նմոյշներ

Խմբագրել

Արաբական Լուվրին եւ ֆրանսական Լուվրին միջեւ տարբերութիւններ

Խմբագրել

Արաբական Լուվրը ֆրանսական Լուվրէն կը տարբերի անով, որ փարիզեան Լուվրին մէջ պատմական դարաշրջանին, իրադարձութիւններուն ու արուեստի գործիչներուն նուիրուած են առանձին սրահներ, մինչդեռ Ապու Տապիի մասնաճիւղին մէջ իւրաքանչիւր սրահի մէջ մէկտեղուած են ցուցանմոյշներ, որոնք կը վերաբերին զանազան քաղաքակրթութիւններու եւ դարաշրջաններու, սակայն ունին նոյն նիւթը: Նոյն սրահին մէջ կարելի է տեսնել Քուրանի, Աստուածաշունչի եւ Թեւրաթի հնագոյն հրատարակութիւններ, ուրիշ սրահի մէջ՝ մարդու քանդակ, որ Ք.ա. 3-րդ հազարամեակին կերտուած է ժամանակակից Կիպրոսի տարածքին եւ Ի. դարու նկարիչ Իվ Քլէինի կտաւներէն մին: Թուրք նշանաւոր գեղանկարիչ եւ հնագէտ Օսման Համտի պէյի կտաւներէն նոյնպէս տեղ գտած են թանգարանին մէջ, կախուելով արդի արուեստագէտներու գործերուն մօտ[5]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել