Խորէն Արք. Տողրամաճեան

Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ: Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Սրբ. Եպս. Տողրամաճեան 11 Յունուար 2014-ին արժանացած է Արքութեան պատիւի եւ տիտղոսի, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ անձնուէր ծառայութեան:

Խորէն Արք. Տողրամաճեան
Ծնած է 4 Մարտ
Քաղաքացիութիւն Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն Ուսուցիչ
Մասնագիտութիւն Պսակաւոր գիտութեան տիտղոս
Աշխատավայր Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ
Ծնողներ Յակոբի եւ Նազելիի

Ընտրութիւն, նշանակում եւ տիտղոս

Խմբագրել

2004ի Յունուար 31ին, Յունաստանի Թեմական Պատգամաւորական Գերագոյն Ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած է Առաջնորդ Յունաստանի Հայոց Թեմին 6 տարուան ժամանակաշրջանի համար: 2010ին նոյն ժողովին կողմէ վերընտրուած է դարձեալ միաձայնութեամբ:

2004ի Մարտ 7ին ստացած է խոյր կրելու իրաւունք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կողմէ:

2005ի Ապրիլ 9-10ին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ ստացած է Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն եւ Օծում ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին:

2004-2017 անդամ եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ Հայ Զուիցերիական «Արմենօֆաս» ժողովին, ներկայացնելով Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը:

2012ին եւ 2013ին մաս կազմած է Ս. Էջմիածնի մէջ կայացած Եպիսկոպոսած ժողովին, նախագահութեամբ վեհափառ Հայրապետներուն:

2014ի Յունուարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ ստացած է Արքութեան տիտղոս:

2014ի Սեպտմեբերին մաս կազմած է Տիեզերական Պատրիարքի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին պատմական հանդիպման, Հիւսիսային Յունաստանի Արեւելեան Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ Գոմոթինի Քաղաքին մէջ։

2015ի Սեպտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելով մեկնած է Զուիցերիա, մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւրաւոր որբերու Զուիցերիացի որբախնամ «Փափա» Գունցնէրի յիշատակին կազմակերպուած ձեռնարկներուն:

2017-ի Մարտին կը նշանակուի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Կիպրոսի Հայոց Թեմի:

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Աւազանի անունով Արշակ, որդի Յակոբի եւ Նազելիի, ծնեալ Ճիպէյլ Լիբանան 4 Մարտին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ՝ Թռչնոց Բոյն: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, 12 տարեկանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր Աթոռակից Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի (ապա Ամենայն Հայոց) մղումով մտած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը 1977ին:

1981ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ եւ 1984ին կուսակրօն Քահանայ՝ Աբեղայ վերակոչելով Տէր Խորէն, ի յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երանաշնորհ Խորէն Ա. Նորոգ վախճանեալ Հայրապետի: Երկու ձեռնադրութիւններն ալ ստացած է ձեռամբ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Տաթեւ Ս. Արք. Սարգիսեանի:

1988ին, աւարտելէ ետք իր աւարտաճառը՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երանաշնորհ Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսի կեանքն ու գրական աշխատանքները», ձեռամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ստացած է վարդապետութեան աստիճան:

1990-1992 Լիբանանի «Գասլիք»ի Աստուածաբանական «Սուրբ Հոգի» համալսարանին մէջ, արաբերէն լեզուով հետեւած է աստուածաբանութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան, Նոր Կտակարանի եւ ծիսագիտութեան դասընթացքներու:

1992ին ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն:

1995 5 Դեկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եւ տնօրինութեամբ մեկնած է Յունաստան եւ մինչեւ 2004 թուականի Յունուար ամսու աւարտը ստանձնած է Թեսաղոնիկէի Հայոց Հոգեւոր Հովուութիւնը:

1996ին հետեւած է Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան Համալսարանի մէջ Յունարէն լեզուի դասընթացքներու եւ աւարտած յաջողութեամբ:

1996-1997 տարեշրջանին Թեսաղոնիկէի City Collegeի եւ համագործակցաբար Անգլիոյ Շէֆիլտ Համալսարանի հետեւած է տնտեսագիտութեան MBAի, որ հարկադրաբար կիսած ձգած է՝ առաւել քան երկու ամսուան բացակայութեան պատճառով, որպէս գաւազանակիր եւ քարտուղար ընկերակցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսի դէպի Ամերիկա եւ Գանատա կատարած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան:

1988ին, աւարտելէ ետք իր աւարտաճառը՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երանաշնորհ Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսի կեանքն ու գրական աշխատանքները», ձեռամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ստացած է վարդապետութեան աստիճան:

1990-1992 Լիբանանի «Գասլիք»ի Աստուածաբանական «Սուրբ Հոգի» համալսարանին մէջ, արաբերէն լեզուով հետեւած է աստուածաբանութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան, Նոր Կտակարանի եւ ծիսագիտութեան դասընթացքներու:

1992ին ստացած է լանջախաչ կրելու իրաւունք Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն:

1995 5 Դեկտեմբերին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ նորընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ եւ տնօրինութեամբ մեկնած է Յունաստան եւ մինչեւ 2004 թուականի Յունուար ամսու աւարտը ստանձնած է Թեսաղոնիկէի Հայոց Հոգեւոր Հովուութիւնը:

1996ին հետեւած է Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան Համալսարանի մէջ Յունարէն լեզուի դասընթացքներու եւ աւարտած յաջողութեամբ:

1996-1997 տարեշրջանին Թեսաղոնիկէի City Collegeի եւ համագործակցաբար Անգլիոյ Շէֆիլտ Համալսարանի հետեւած է տնտեսագիտութեան MBAի, որ հարկադրաբար կիսած ձգած է՝ առաւել քան երկու ամսուան բացակայութեան պատճառով, որպէս գաւազանակիր եւ քարտուղար ընկերակցելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսի դէպի Ամերիկա եւ Գանատա կատարած հովուապետական անդրանիկ այցելութեան:

1998ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ ստացած է Ծայրագնութեան աստիճան, ձեռամբ Թեհրանի Առաջնորդ երջանկայիշատակ Գերշ. Տ. Արտակ Արք. Մանուկեանի:

1999ին Սեպտեմբերին որպէս կանոնաւոր ուսանող, Թեսաղոնիկէի մէջ ընդունուած է ամերիկեան (ACT) «Անաթոլիա Գոլէճ»ի համալսարանի բաժանմունքը, ուր չորս տարուան ընթացքին հետեւած է «Պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութեանց» ճիւղին:

2000 թուականի 29 Նոյեմբերին, Յունահայոց Թեմակալ առաջնորդ երջանկայիշատակ Տ. Սահակ Արք. Այվազեանի եւ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան որոշումով՝ նշանակուած է Յունաստանի Հայոց Առաջնորդական փոխանորդ:

2003 Յուլիս 2ին, աւարտած է համալսարանական իր ուսումը գերազանց յիշատակութեամբ, արժանանալով B.A. Պսակաւոր գիտութեան տիտղոսին եւ վկայականին, վաւերացուած Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքի (Մեսէչուսէց նահանգ) համալսարանին կողմէ:

Իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, ունեցած է բեղուն գործունէութիւն

Խմբագրել

Յունաստանի հիւսիսային շրջանի Թեսաղոնիկէի Հոգեւոր Հովիւ նշանակուելէ առաջ, իբրեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան, ունեցած է բեղուն գործունէութիւն:

1984-1995 եղած է Դպրեվանքի ուսուցիչ, հսկիչ եւ ապա փոխ Տեսուչ: Նոյն տարիներուն եւ ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետներուն՝ Երանաշնորհ Գարեգին Բ.ի եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսներու հետ իբրեւ գաւազանակիր, քարտուղար եւ թարգմանիչ ընկերակցած է հովուապետական եւ այլ պաշտօնական այցելութիւններու, Քուէյթ, Արաբական Էմիրութիւններ, Եգիպտոս, Պարսկաստան, Ժընեւ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններ եւ Գանատա:

Կրօնական եւ ազգային բնոյթով դասախօսական, եկեղեցական զանազան սեմինարներու եւ համագումարներու մասնակցութիւն

Խմբագրել

1984էն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցած է կրօնական եւ ազգային բնոյթով դասախօսական, եկեղեցական զանազան սեմինարներու եւ համագումարներու: Եկեղեցական զանազան աշխատանքներու համար եղած է Երուսաղէմ, Միջին Արեւելքի եւ եւրոպական տարբեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ։ Օրինակ՝

՞ մասնակցած է Յունաստանի Կրետէ Կղզիին մէջ գումարուած Էքիւմէնիք ժողովին:

՞ Յունիս 2003ին Վենետիկի մէջ գումարուած Եւրոպայի Հայ Միութիւններու 5րդ համագումարի ֆորումին, Հոկտեմբեր եւ Դեկտեմբեր 2004ին եւ Սեպտեմբեր 2005ին Պրիւքսէլի մէջ Հայ Դատի կազմակերպած ժողովին եւ հաւաքին, քննարկելու Եպրոպայի մէջ հայկական ազգային-մշակութային եւ ինքնութեան խնդիրները եւ բողոքելու Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամակցութեան դէմ:

՞ ինչպէս նաեւ 2005 Մայիս 9-16 Աթէնքի մէջ կայացած աւելի քան 600 Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդին WCC համագումարին, նիւթ ունենալով «Ս. Հոգի Եկուր բուժէ եւ հաշտեցուր» (Come Holy Spirit, Heal and Reconcile), ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը:

՞ 2006ին Պրազիլի Փորթօ Ալեկրէ քաղաքին մէջ մաս կազմելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի պատուիրակութեան, մասնակցած է Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդին հերթական եւ ընտրական ժողովներուն:

Լիբանանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ վարած է ուսուցչական պաշտօններ

Խմբագրել

Լիբանանի մէջ 1984-1995 վարած է ուսուցչական պաշտօններ Դպրեվանքի, Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ»ի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան գոլէճի եւ Մելանգթոն եւ Հայկ Ասլանեան (Նշան Փալանճեան) Ճեմարանին մէջ։

1995-2004 Դեկտեմբերէն ի վեր ուսուցչական իր պաշտօնը շարունակած է վարել Թեսաղոնիկէի Հայ Գթութեան Խաչի շաբաթօրեայ «Մալաքեան-Գասպարեան» Ծաղկոցէն եւ Խալքիտիքիի ամարանոցէն ներս:

2010-2013 տարեշրջաններուն կամաւորաբար որպէս հայերէնի ուսուցիչ, ստանձնած է Աթէնքի «Ճենազեան» Միջնակարգ վարժարանի Հայ Գրականութեան դասաւանդութիւնները, եւ գնահատելով աշակերտներու յառաջդիմութիւնը կազմակերպած է դէպի Հայաստան եւ Ղարաբաղ շրջապտոյտներ:

2017-էն ի վեր Կիպրոսի «Նարեկ» Վարժարանի Միջնակարգէն ներս կը դասաւանդէ Հայ Գրականութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն եւ Կրօններու Պատմութիւն:

Թեսաղոնկէի մէջ հովուութեան ընթացքին

Խմբագրել

Թեսաղոնկէի մէջ հովուութեան ընթացքին ան յաճախակի առիթներով այցելած է հիւսիսային Յունաստանի, Արեւելեան Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հայաբնակ քաղաքները՝ Սերէս, Գավալա, Քսանթի, Գոմոթինի, Ալեքսանտրուպոլիս եւ Տիտիմօթիխօ, ուր շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի հետ, իր պատարագներով, քարոզներով, դասախօսութիւններով, փորձած է ոչ միայն խանդավառել ժողովուրդը, այլեւ կրօնական եւ ազգային նոր շունչ ու ոգի փոխանցել բոլորին:

Յունաստան, Աթէնքի զանազան շրջաններուն մէջ

Խմբագրել

Իբր Յունաստանի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ, 2000-2004 բազմիցս հրաւիրուած է պատարագելու, քարոզելու եւ դասախօսելու Աթէնքի զանազան շրջաններուն մէջ։

2001-2003 տարիներու ընթացքին, Յունաստանի վերեւ նշուած բոլոր քաղաքներուն մէջ մասնաւոր դասախօսութիւններով, արժանաւորապէս նշած է Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700 ամեակն ու Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» 1000 ամեակը:

2003ին, Աստուածաշունչի տարուան առիթով դասախօսութիւններ կատարած է Յունաստանի զանազան քաղաքաներուն եւ Կիպրոսի մէջ։

1999ին, Յունաստանի Թեմը ներկայացնող Ազգային Իշխանութեան պատուիրակութեամբ մը ներկայ գտնուած է Հայաստանի մէջ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի վերջին օծման եւ թաղման արարողութեան:

Հրատարակութիւններ՝ Գիրքեր եւ աշխատասիրութիւններ

Խմբագրել

Հրատարակած է կարգ մը գիրքեր եւ աշխատասիրութիւններ.-

1.- 1984ին իր օծակից եղբօր Գերպ. Տ. Բաբգէն Ծ. Վրդ. Չարեանի հետ միասին (այժմ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց) անգլերէնէ հայերէնի թարգմանած են Ուիլիամ Պարքլէյի «Տէրունական աղօթք՝ Հայր Մեր»ը:

2.- 1992ին «Քաղցր Հրաւէրը» քարոզագիրքը:

3.- 1997ին «Յաջողութեան Գաղտնիքը» քարոզագիրքը:

4.- 1988-2010 (23 տարի) հրատարակած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եկեղեցւոյ օրացոյցը:

5.- 2003ին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ 100 ամեակին առիթով եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ ժամանակագրական առումով հետագայ պատմութեան մասին գրքոյկ մը:

6.- 2004ի Յունուարին, Յունահայոց Երանաշնորհ Առաջնորդ Տ. Սահակ Արք. Այվազեանի մահուան քառասունքին առիթով, իր խմբագրութեամբ «Դէպի Աղբիւրը Լոյսին» 136 էջերով գիրքը:

7.- Հրատարակութեան պատրաստ են յօդուածներու շարք մը, նաեւ քարոզներու եւ Վարդապետական աւարտաճառը Բաբգէն Կիւլէսէրեան Կաթողիկոսի:

8.- Խորէն Արք. Տողրամաճեան գրած է քանի մը գիրքերու յառաջաբանները եւ ատանձնած զանազան գիրքերու հրատարակութեան ծախսերն ու մեկենասութիւնը:

2004ի Նոյեմբերէն մինչեւ 2012 իր նախաձեռնութեամբ եւ խմբագրութեամբ հրատարակած է Յունաստանի Ազգային Առաջնորդարանի «Խորան» պաշտօնական պարբերաթերթը, որուն Ա. Թիւը նուիրուած էր Երանաշնորհ Սահակ Արք. Այվազեանի մահուան Ա. Տարելիցին առիթով հանգուցեալին յիշատակին: Բ. Թիւը Երիտասարդութեան, Մարտ 2005ի թիւը Հայ գիրերու 1600 ամեակին եւ Ապրիլ-Մայիս թիւը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 90 ամեակին նուիրուած բացառիկ մը: Լոյս ընծայած է 30 թիւ, սակայն 2012ին հարկադրաբար տնտեսական տագնապի պատճառաւ դադրած է հրատարակուելէ:

իՐ Հոգեւորականի տիպարէն ներշնչուած Հայաստանի յայտնի բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Ղազարեան Նարեկեան ոճով բանաստեծական գիրք մը ԱՂՈԹՔ անունով հրատարակած է եւ որուն շնորհահանդեսը տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, ներկայութեամբ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտիչեանի:

Մամուլի աշխատակից

Խմբագրել

Խորէն Արք. Տողրամաճեան աշխատակցած է նաեւ զանազան օրաթերթերու, ինչպէս «Ազդակ», «Հորիզոն», «Յառաջ», «Ազատ Օր» եւ «Արծիւ». ամսաթերթերու՝ «Հասկ», «Կայծեր», արաբական կրօնական թերթերու եւ պարբերաթերթերու եւ «Արմենիքա»ի յունարէն լեզուով հրատարակութեան:

Իր յօդուածներն ու գրութիւնները լոյս տեսած են նաեւ բազմաթիւ այլ սփիւռքահայ հայկական թերթերու, ամսաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ:

Հանդիպում Փաֆոս քաղաքի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պետ՝ Տ. Եորղիոս Մետրոպոլիտին

Խմբագրել

Կիպրոսի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Ս. Արք. Տողրամաճեանն ու Ազգային Վարչութիւնը, ինչպէս նախօրօք յայտարարած էին, 2019-ի Հոկտեմբեր ամսուան աւարտին, պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էին Փաֆոս քաղաքի Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ պետ՝ Տ. Եորղիոս Մետրոպոլիտին եւ իրենց սիրալիր զրոյցին ընթացքին, ընդառաջելով Սրբազան Հօր փափաքին, Մետրոպոլիտը սիրայօժար պատրաստակամութիւն յայտնած էր, տեղւոյն յունական եկեղեցիներէն մին տրամադրել հայոց, այդտեղ պատարագներ եւ հոգեւոր արարողութիւններ կատարելու համար:

Ծննդեան Պատարագ եւ Ջրօհնէք Փաֆոսի Յունական Ս. ՆԻՔՈԼԱՈՍ Եկեղեցւոյ մէջ

Խմբագրել

Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ առջեւէն, Ազգային Վարչութեան (անվճար) տրամադրած հանրակառքը (Bus), ժողովուրդն ու երգչախումբը փոխադրեց դէպի Փաֆոս քաղաք: Ծովեզերեայ Յունական Ս. Նիքոլաոս եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Ծննդեան առիթով պատարագեց, Ջրօրհնէք կատարեց ու քարոզեց Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Ս. Արք. Տողրամաճեանը: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ պարմանուհիներու եւ մեծերու խումբէն անդամներ, խմբավարութեամբ՝ Տիկին Վիքի Գույումճեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Տիկին Նարա Սարտարեանի: Ուրախ ենք յայտնելու թէ, Կիպրահայ համբաւաւոր խմբավար եւ դոկտոր (ներկայիս Փրակի՝ Չեխիոյ Համալսարաններու նուագախումբերու գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր նուագավար, ինչպէս նաեւ Կարոլեան Համալսարանի երգչախումբի եւ մի քանի այլ խումբերու գլխաւոր ղեկավար) Հայկ Իւթիւճեան Հայկ Սրկ. Իւթիւճեանի ներկայութիւնը, տարբեր փայլք մը տուաւ օրուան պատարագին եւ շարականներու երգեցողութեան ու մեկնաբանութեան: Սրտի գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտնել նաեւ թէ, պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Ատենապետ՝ Պրն. Յակոբ Պոհտճէլեան եւ Տիկինը (Լառնաքայէն), եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Սեպուհ Արմենակեան եւ Տիկինը (Լիմասոլէն):

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Կիպրոսի հայերը