ՀՀ պետական խորհրդանիշներ
Հայաստանի պետականութեան խորհրդանիշներն են Հայաստանի դրօշը, Հայաստանի զինանշանը եւ Հայաստանի պետական օրհներգը։
Խորհրդանիշներ
ԽմբագրելՀայաստանի պետական դրօշ
ԽմբագրելՀաստատուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի մասին» օրէնքով ( 24 Օգոստոս 1990-ին), որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 1919-ին ընդունած դրօշն է։
15 Յունիս 2006-ին ընդունուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի մասին» նոր օրէնք։
Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը եռագոյն է՝ վերեւէն ներքեւ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն հորիզոնական հաւասար շերտերով։ Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար։ Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկնքի ներքոյ։ Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը։
Դրօշի լայնութեան եւ երկարութեան յարաբերութիւնը 1։2-է, որու պահպանմամբ կրնայ օգտագործուիլ ցանկացած չափի դրօշ։
Հայաստանի պետական զինանշան
Խմբագրել«Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի մասին» օրէնքը ընդունուած է 19 Ապրիլ 1992-ին, որմով վերականգնուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան զինանշանը (1919-ին)։ 27 Նոյեմբեր 2005-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան բարեփոխումներէն ետք 15 Յունիս 2006-ին ընդունուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի մասին» նոր օրէնքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի կեդրոնը՝ վահանի վրայ պատկերուած են Արարատ լեռը՝ Նոյյան տապանով եւ պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններէն չորսի՝ վերեւի ձախը՝ Բագրատունիներու, վերեւի աջը՝ Արշակունիներու, ներքեւի ձախը՝ Արտաշէսեաններու, ներքեւի աջը՝ Ռուբինեաններու զինանշանները։
Վահանը կը պահեն արծիւը (ձախէն) եւ առիւծը (աջէն), իսկ վահանէն ներքեւ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերու խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն։
Զինանշանի հիմնական, գոյնը ոսկեգոյնն է, պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններու զինանշաններունը՝ վերեւի ձախը ու ներքեւի աջը՝ կարմիր, վերեւի աջը ու ներքեւի ձախը՝ կապոյտ, կեդրոնը՝ վահանի վրայ պատկերուած Արարատ լեռը՝ նարնջագոյն, որոնք կը խորհրդանշեն Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյները։
Զինանշանի հեղինակներն են ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը։
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգ
ԽմբագրելՀայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը՝ «Մեր Հայրենիք» ( խօսք՝ Միքայէլ Նալպանտեանի, երաժշտութիւն՝ Բարսեղ Կանաչեանի) հայրենասիրական հանդիսաւոր երգ է։ Այն կ՚արտացոլէ հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարը յանուն ազատութեան, ներշնչուած է հայրենասիրութեան եւ անկախութեան վսեմ գաղափարով, կը դաստիարակէ հպարտութիւն իր հայրենիքի հանդէպ։ Օրհներքի հանդիսաւոր հնչիւններու ներքոյ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը կը դիմաւորէ այլ երկիրներու նախագահներուն, իսկ արտասահմանեան երկիրներուն մէջ կը դիմաւորեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, միջազգային մարզական մրցաշարերուն մէջ Հայաստանի մարզիկներու յաղթանակի պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներքի ներքոյ կը բարձրացուի ՀՀ պետական դրօշը։ Օրհներքի կատարմամբ կը բացուին պետական հանդիսաւոր արարողութիւնները։
Մեր Հայրենիք
Մեր Հայրենիք, ազատ, անկախ,
Որ ապրել է դարեդար,
Իր որդիքը արդ կանչում է
Ազատ, անկախ Հայաստան։
Ահա եղբայր, քեզ մի դրօշ,
Զոր իմ ձեռքով գործեցի,
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի։
Նայիր նրան՝ երեք գոյնով
Նուիրական մեկ նշան,
Թող փողփողի թշնամու դէմ,
Թող միշտ պանծայ Հայաստան։
Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի, որ յուր ազգի
Ազատութեան կզոհվի։
«Մեր Հայրենիքը», սահմանած է Հայաստանի Հանրապետութեան ԳԽ-ն 1 Յուլիս 1991-ին՝ հիմք ընդունելով Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրհներգը (1919 -ին)։
Սահմանուած են նաեւ պետական պարգեւներ՝ շքանշաններ, մետալներ եւ պատուաւոր կոչումներ, ինչպէս՝ Հայաստանի բարձրագոյն պետական պարգեւը՝ Ազգային հերոսի կոչումը, եւ «Հայրենիք» շքանշանը։