Անրի Մարգարեան (Մարգ Արեան, 14 Նոյեմբեր 1926(1926-11-14)[2][1], Վալանս[1] - 30 Նոյեմբեր 1985(1985-11-30)[3][1], Օհայն, Բելգիա, Lasne, Նիվել, Վալոնյան Բրաբանտ, Վալոնիա, Պելճիքա), հայազգի ֆրանսացի եւ Պելճիքացի երգիչ, երաժշտահան եւ բանաստեղծ։ Համերգներ կատարած էր նաեւ Հայաստանի մէջ։

Մարգ Արեան
ֆրանսերէն՝ Marc Aryan
Ծննդեան անուն հայ.՝ Henri Markarian[1]
Ծնած է 14 Նոյեմբեր 1926(1926-11-14)[2][1]
Ծննդավայր Վալանս[1]
Մահացած է 30 Նոյեմբեր 1985(1985-11-30)[3][1] (59 տարեկանին)
Մահուան վայր Օհայն, Բելգիա, Lasne, Նիվել, Վալոնյան Բրաբանտ, Վալոնիա, Պելճիքա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
 Պելճիքա
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն երգիչ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Մարգ Արեանը ծնած է 14 Նոյեմբեր 1926-ին Ֆրանսայի Վալանս քաղաքը լիբանանահայերու ընտանիքի մէջ:[4], որոնք գաղթեր էին Մալաթիայէն, Թուրքիա։ Երեք երեխաներէն կրտսերն էր։ Հակում ունէր դէպի լեզուները՝ կը խօսէր 9 լեզուով։ Իր սէրը դէպի երաժշտութիւնը երեւան եկաւ վաղ տարիքին։ Սկզբնական շրջանին կ'օգնէր հօր առեւտուրին՝ վաճառելով միջինարեւելեան սնունդ։ Երբ 18 տարեկան էր լուրջ հիւանդացաւ եւ ձգեց հօր առեւտուրը, իսկ աւելի ուշ որոշեց կեդրոնանալ երաժշտութեան վրայ։ Վալանսի մէջ կը յաճախէ երաժշտական եւ դաշնամուրի դասընթացներու եւ կը սկսի երգեր գրել։ 1957 թուականին Վալանսէն կը տեղափոխուի Փարիզ՝ աւելի լաւ երաժշտական հնարաւորութիւններ գտնելու համար։ 1963 թուականին կը մեկնի Պելճիքա, ուր քոյրերէն մէկը Knokke-le-Zoute ափին գիշերային ակումբ ունէր։ Իր երգերը մեծ յաջողութիւն կ'ունենան ակումբի պարային ծրագրի մէջ[4], եւ Մարգը կ՛որոշէ մշտական բնակութիւն հաստատել Պելճիքայի մէջ՝ սկիզբը Ուաթըրլույի, այնուհետեւ՝ Օհայնի մէջ։


Մարգ Արեան սիրահարած է Քաթի անունով աղջկան մը, որ շատ կը գնահատէ իր արուեստը, իր սիրային երգերը, սակայն կը խոստովանի, որ իրեն համար անհատի մը արտաքինը նոյնքան կարեւոր է, որքան` անոր արուեստն ու բնաւորութիւնը: Արդէն յաջողած երգիչ է: Անհամար շրջապտոյտներ: Նիւթապէս ապահով, սակայն Քաթիի անփոխադարձ սէրը կը տանջէ զինք:

Իր իսկ քրոջը խոստովանութեամբ`

  «Եղբայրս` Մարգ չափէն աւելի բարեսիրտ էր: Տաղանդաւոր երգիչ ու երգահան էր, սակայն դժբախտաբար արտաքինով շատ ալ ընդունելի չէր իգական սեռին մօտ: Կարճահասակ էր եւ իր ճաղատութիւնը ծածկելու համար կեղծամ կը գործածէր, եւ ամէն մարդ գիտէր, որ իր իսկական մազերը չեն, եւ մտերիմները կատակելով` «Ուիկի» (Wig, անգլերէնով կեղծամ) կեղծանունը տուած էին իրեն, եւ Մարք չէր բարկանար, կը ժպտէր: Կը գործածէր հաստ տեսողութեան ակնոցներ, որոնք աւելի կը տգեղցնէին զինք»[5] :  


Ասպարէզ Խմբագրել

Անրի Մարգարեանը սկզբնական շրջանին իր երգերը կը թողարկէր սեփական՝ Մարգալ պիտակով։ Յետոյ կը փոխէ պիտակի անունը Մալաթիա, ուրկից որ սերած էին ծնողները։ Քանի մը երգեր կը ձայնագրէ ալպոմի համար, որ կը թողարկուի Պրիւքսելի մէջ։ Յաջողութեան սկիզբը կ'որոշէ որպէս բեմական անուն ընտրել Մարգ Արեանը (իր ազգանունի կամ մականունի հայերէն արտասանութիւնը)։

Իր մեներգները յայտնի դարձան Պելճիքայի ֆրանսախօս շուկայի եւ Ֆրանսայի մէջ։ 1964-1965 թուականներուն թողարկուած «Katy» մեներգը կը գլխաւոր էր Wallonia եւ Flanders Singles երաժշտական աղիւսակը կամ սիւնակը՝ դառնալով 1965 թուականի ամենաշատ վաճառուած մեներգներէն մէկը։ Ամբողջ Պելճիքայի մէջ հանդէս կու գար համերգներով, որոնց տոմսերը կը սպառուէին ժամանակէն շուտ։ Իր այլ յայտնի մեներգներէն են՝ «Volage Volage» (20 շաբաթ կը գլխաւոր էր Պելճիքայի Top 10-ը), «Un Petit Slow» (կրկին #1 հիթ), «Angelina», «Giorgina», «Parce que je t'aime», «Si j'etais sur․․», «Quand je te prends dans mes bras», «Qu'un peu d'amour», «Mon petit navire», «La chanson du viel aveugle» and «Tu es numéro 1 au hit-parade de mon cœur»։

Միջազգային յաջողութիւններ Խմբագրել

1964 եւ 1965 թուականները յաջողակ էին տեղի շուկայի համար, իսկ 1966 եւ 1969 թուականները ամենաբեղմնաւորն էին միջազգային շուկայի համար։ Մարգ Արեանը մեծ յաջողութիւն կը վայելէր Միջին Արեւելքի մէջ՝ յատկապես Լիբանանի եւ Սուրիոյի մէջ, ուր կ'երգէր նաեւ որոշ հայերէն երգեր, ինչպէս նաեւ յայտնի էր Արեւելեան Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ։ Շահութաբեր արեւտրական որոշ յաջողութիւններ արձանագրեց Քէպէքի մէջ՝ Քանատայի ֆրանսախօս նահանգի մէջ։

Մարգ Արեանը այցելեց Թուրքիա, ուրկից սերած էին ծնողները։ Ան սկսաւ մեծ յաջողութիւն վայելել, երբ թողարկեց «Սթամպուլ» հիթը։ Հետեւելով եւրոպական յայտնի երգիչներու օրինակին, ինչպիսիք են Սալվատորէ Ատամոն, Ճոնի Հալիտեյը, Սաշա Տիսթելը, Էնրիքօ Մասիասը եւ Փեփինո տի Քափրին՝ թրքերէն թողարկեց նաեւ իր շարք մը յայտնի հիթերու վերագործիքաւորած տարբերակները։ Իր թրքալեզու «Սթամպուլ» ալպոմը կը ներառէր 9 երգ՝ «Yalancısın», «Dünya Dönüyor», «Kalbin Yok Mu?» եւ այլն։ Երգերու թրքերէն բնագիրը գլխաւորապէս կը գրէր Ֆեճրի Էպճիօղլուն։

1968 թուականին այցելեց նաեւ Խորհրդային Միութիւն, ուր համերգներ տուաւ Մոսկուայի տասնեակ հազարաւոր երկրպագուներու համար, ինչպես նաեւ այլ քաղաքներու մէջ՝ լեցուն մարզադաշտերով։ Մարգ Արեանը այցելեց նաեւ հայրենիք՝ Հայաստան՝ յաջող համերգային շրջագայութեամբ, ուր կատարեց հայերէն երգեր՝ ներառեալ յայտնի «Երեւան»-ը՝ նուիրուած Հայաստանի մայրաքաղաքին։

Katy տաղաւար եւ արտադրողական գործունէութիւն Խմբագրել

1969 թուականին վերադառնալով ստեղծեց երաժշտական ձայնագրութեան տաղաւար՝ անուանելով իր յայտնի մեներգի «Katy»-ի անունով։ Շատ հանրայայտ երգիչներ իրենց ալպոմները կը ձայնագրէին Մարգ Արեանի տաղաւարի մէջ՝ ներառեալ Խուլիօ Իկլեսիասը, Սալվատորէ Ատամոն, Միշել Ֆիւկենը, Ֆրետերիք Ֆրանսուան, Ուիլ Թարան, Տանիէլ Ժերարտը, Փաթրիք Էռնանտեսը եւ Թութս Թիլեմանսը։

Էնթոնի Քուինը այստեղ ձայնագրեց իր յայտնի «I Love You» հիթը։ Մարվին Կեյը եւս 1981 թուականին «Katy» տաղաւարի մէջ ձայնագրեց իր «Midnight Love» ալպոմը։ Ալպոմը 2 Կրեմմի բերաւ երգիչին։

Արեանի լաւագոյն երգերը թողարկուեցան 1974 թուականին կրկնակի CD հաւաքածուներով եւ կրկին գլխաւորեցին վաճառքի Top 10-ը։ Ան գրած է աւելի քան 200 երգ։

Մահ Խմբագրել

Մարգ Արեանը մահացեր է 1985 թուականին Պելճիքայի մէջ սրտի կանգէն՝ 59 տարեկանին։

1997 թուականին Պելճիքայի Սխարպէք համայնքին կողմէ իր պատուին համերգ կազմակերպուեցաւ՝ «Hommage à Marc Aryan» խորագիրով, ուր ժամանակակից երգիչները՝ ներառեալ Մարգան, Փերի Ռոուզը, Տոմինիք Ա-ն, Ժան Լիւք Սթելիան, Զոփ Հոփհոփը եւ դերասան Պենուա Փուլվորտը կատարեցին իր յայտնի երգերը[4]։

Սկաւառակագրութիւն Խմբագրել

ֆրանսերէն
հայերէն
  • Երեւան
թուրքերէն

(ֆրանսերէն բնօրինակ անուանումները՝ փակագիծերու մէջ)

  • Dünya dönüyor [Atlı karınca] - (Volage Volage)
  • Moda yolu - (Ma Loulou)
  • Doğum günün kutlu olsun - (Feliz Cumpleanos)
  • Mersi - (Volage Volage)
  • Ayşe, Fatma, Semra [Eski Aşıklar]
  • Kalbin yok mu?
  • Yalancısın - (Si j'etais sur..)
  • Nasıl evlenirsin bu lisanla (Giorgina)
  • Kimdir bu sevgili (Un Petit Slow)
  • Dinle yavrucuğum (Tu es une petite fille)
հաւաքածու ալպոմներ
  • 1994: 41 succès inoubliables (Ariane/AMC Records)
  • 1998: L'essentiels 21 succès (Ariane/AMC Records)

Նշումներ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել