Մուշեղ Բագրատունի

Հայ երգիծաբան, լրագրող, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ։

Մուշեղ Բագրատունի (2 Նոյեմբեր 1870(1870-11-02)[1][2], Կարբի, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2] - 15 Նոյեմբեր 1945(1945-11-15)[1][2], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2][3]), երգիծաբան, լրագրող, հրապարակախօս եւ հասարակական գործիչ։

Մուշեղ Բագրատունի
Ծննդեան անուն հայ.՝ Մուշեղ Արսենի Տեր-Հովակիմյան
Ծնած է 2 Նոյեմբեր 1870(1870-11-02)[1][2]
Ծննդավայր Կարբի, Էջմիածին, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1][2]
Մահացած է 15 Նոյեմբեր 1945(1945-11-15)[1][2] (75 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1][2]
Մասնագիտութիւն երգիծաբան, լրագրող, հանրային գործիչ
Աշխատավայր Կայծ (թերթ, Թիֆլիս)
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[1] եւ Պոլշեւիկեան կուսակցութիւն[1]

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Արագածոտնի մարզի Կարբի գիւղը։ Բագրատունի իր նախնական կրթութիւնը սկսած է ստանալ ծննդավայրի ծխական դպրոցին մէջ, սակայն շատ ժամանակ չանցած ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Շամախ, ուր իբրեւ աշակերտ ընդունուած է տեղի քառամեայ դպրոցը:

Բագրատունի Շամախի դպրոցը եւս չէ կրցած շարունակել, հօր մահուան պատճառաւ՝ անխնամ ձգելով վեց երեխայ, որոնց աւագն էր Մուշեղ:

Երգիծաբանը դուրս գալով դպրոցէն ստանձնած է անոնց խնամքը՝ սկսելով զբաղուիլ ժամագործութեամբ:

Որոշ ժամանակ ետք Բագրատունի իր ընտանիքի անդամներուն հետ տեղափոխուած է Երեւան, ուր սկսած է զբաղիլ յեղափոխական գործունէութեամբ, մաս կազմելով Հնչակեան կուսակցութեան, որուն պատճառով 1904 թուականին ձերբակալուելով բանտարկուած է մինչեւ 1905 թուականը՝ արգիլուած գրականութիւն տարածելու պատրուակով:

Բագրատունի դուրս գալով Հնչակեան կուսակցութեան շարքերէն, 1905-ին մաս կազմած է Պոլշեւիկեան կուսակցութեան եւ տարի մը ետք՝ 1906 թուականին ընտրուած է Երեւանի կոմիտէի անդամ, միաժամանակ աշխատակցած է Պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ հրատարակուող «Կայծ», «Նոր Խօսք» եւ «Օրեր» թերթերուն:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Բազրատունի իր գրութիւնները հրատարակած է «Նար», «Նարեմեան», «Մէ-Բունի», «Մար-Տօ», «Կար-Դան», «Ջաննիկ», «Փալադուզ Մկօ», «Անցւորական» եւ «Լուկուլլոս» գրչանուններով:

Բագրատունի 1911 թուականի Նոյեմբերին Երեւանի մէջ հրատարակած է «Կռան» հասարակական, տնտեսական, գրական եւ գեղարուեստական շաբաթաթերթը, որ իր տեսակին մէջ Երեւանի առաջին երգիծական թերթը եղած է (հրատարակուած է մինչեւ 1912 թուական):

Տարի մը ետք սկսած է հրատարակել «Նոր Մամուլ»ը, որ շարունակութիւնն էր առաջին «Կռան» թերթին: Զանազան յօդուածներով աշխատակցած է նաեւ «Պայքար», «Խօսք» եւ «Պահակ», «Մոծակ», «Աշխատանք», «Մաճկալ» եւ «Խորհրդային Հայաստան» պարբերականներուն:

Հրապարակախօսը 1920 թուականին դարձեալ ձերբակալուելով աքսորուած է Բաշ-Գառնի, ուրկէ անցած է Պարսկաստան եւ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք վերադարձած է Հայաստան:

Բագրատունիի երգիծական պատմուածքներու ժողովածուն՝ «Կրօնի թոյնը» հրատարակուած է 1930 թուականին. հրատարակած է նաեւ «Շնագայլերը» անունով վէպ մը: Համօ Բեկնազարեանը, 1926 թուականին նկարահանած է Բագրատունիի «Շորն ու շորշորը» գրութեան ժապաւէնը:

Մուշեղ Բագրատունիի մահուան թուականը անյայտ է. 15 նոյեմբեր 1937-ին ձերբակալուած է եւ մինչեւ անյայտ թուականի մը գնդակահարուած. զաւակները մահուան ծանուցագիրը ստացած են 1945-ին[4]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել