Մուշեղ Եպս. Սերոբեան

Թաւատառ գրութիւն (աւազանի անունով՝ Արտաշէս, 1869, Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա - 1951), եկեղեցական եւ հասարակական գործիչ, պատմաբան։ Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներէն։

Մուշեղ Եպս. Սերոբեան
Ծնած է 1869
Ծննդավայր Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա
Մահացած է 1951
Մասնագիտութիւն հասարակական գործիչ
Ստորագրութիւն

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Ծնած է Իզմիտի (Նիկոմեդիա) Ասլանպէկ գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք, փոքր հասակէն յարած է ֆետայական շարժումնին, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան միջոցով:

1889-ին ընդունուած է Արմաշի դպրեվանք, որ այդ տարիներուն հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութեան առումով եռուն դարբնոցի մը վերածուած է եւ հասցուցած բազմաթիւ բազմահմուտ հոգեւորականներ եւ նուիրեալ ազգային ու հասարակական գործիչներ: Մուշեղ Սերոբեանը Արմաշի առաջին շրջանաւարտներէն մէկը կը համարուի:

Արմաշի մէջ աշակերտած է Մաղաքիա Օրմանեան Սրբազանին, որ իր «Խոհք եւ խօսք» գիրքի «Արմաշական դպրեվանքցիներ» գլուխին տակ, Մուշեղ Սերոբեանին այսպէս նկարագրած է.

  Աւազանի անունով Արտաշէս, Ասլանպէկցի. բացման օրերուն ներկաներէն մին եւ առաջին շրջանի եօթներէն մին։ Աւարտաճառի նիւթը առաւ Նարեկացիի Աղօթամատեանը։․․․
- Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան
 

1892-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ:

1895-ին ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ, ստանալով Մուշեղ անունը:

Գործունէութիւն Խմբագրել

Կուսակրօն քահանայ դառնալէ ետք, Օրմանեան Պատրիարքը զինք Զմիւռնիա ղրկած է, տեղւոյն առաջնորդին որպէս օգնական: Սերոբեան Զմիւռնիոյ մէջ ծառայած է երկու տարի:

Իր յախուռն, ըմբոստ, նուիրեալ եւ կազմակերպողի ընդունակութիւններով օժտուած ըլլալու հանգամանքներուն շնորհիւ, Պոլսոյ Պատրիարքական խառն ժողովը յարմար կը նկատէ զինք Արաբկիր ղրկել, ու աւերուած համայնք մը գոյութիւն ունեցած էր, շուրջ 10 հազար հայ բնակիչներով:

1897-ին Օրմեանեան Պատրիարքէն ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանը, եւ նոյն տարւոյն սեպտեմբերին մեկնած է Արաբկիր՝ որպէս առաջնորդական տեղապահ: Կարճ ժամանակ մը ծառայելէ ետք, դարձած է սիրելի տեղի բնակչութեան, որով եւ դարձած է անոնց առաջնորդը եւ ծառայած Արաբկիրի մէջ շուրջ վեց տարի:

Արաբկիրի մէջ ծառայած տարիներուն, Հնչակեան կուսակցութեան տեղի վերակազմեալ մասնաճիւղը Սերոբեանը եւս ներառած են իրենց շարքերէն ներս:

Նկատի ունենալով իր խրոխտ նկարագիրը, Օրմանեան Պատրիարքը զինք Արաբկիրէն Պոլիս կանչած է, վստահելով անոր Պոլսոյ մի քանի եկեղեցիներու քարոզիչի պաշտօնը:

Որոշ ժամանակ մը Պոլիս մնալէ ետք, Ատանա քաղաքի գաւառական ժողովը Սերոբեանը ընտրած է իբրեւ առաջնորդ Ատանայի հայոց: Ստանալով Սիսի Կաթողիկոսութեան համաձայնութիւնը, միաժամանակ Օսմանեան կայսրութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Գաբրիէլ Նորատունկեանի միջամտութեամբ, դարձած է Ատանայի թեմի առաջնորդ:

Ատանայի առաջնորդութեան տարիներունենթարկուած է հալածանքներու՝ իր յախուռն բնաւորութեան պատճառով:

  Ատանայի կուսակալ Պահրի փաշան կը դառնայ պաշտպանը հայր սուրբին։ Ատանա քաղաքը շուրջ 30 հազար հաշուող իր հայ ազգաբնակչութեամբ կը վայելէ Սերոբեանի զարկ տուած մշակութային եռուզեռը, ինչպէս նաեւ անոր օրով հայկական վարժարաններու համար նոր ծրագիր կը մշակուի, որ պիտի ընդգրկէր գիշերօթիկ վարժարան մը։
- Արա Ահարոնեան
 



1906-ի Հոկտեմբերին, Սիսի մէջ, ձեռամբ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում կը ստանայ եւ դարձեալ կը վերադառնայ Ատանա:

1908-ի Օսմանեան Սահմանդարութեան հռչակումէն ետք, մեկնած է Եգիպտոս, ուր այդ ժամանակ կը գործէր կայուն հայկական գաղութ մը, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) գործունէութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պօղոս Նուպար փաշայի: Եգիպտոսի մէջ Սերոբեան Եպիսկոպոս հանդիպումներ ունեցած է եւ հանգանակութիւններ կատարած է, Ատանայի մէջ դպրոցներ կառուցելու համար: Սակայն 31 Մարտ 1909-ին, լուրը ստացած է՝ Ատանայի դէպքերուն կապակցութեամբ: Ճամբայ ելած է՝ հասնելու իր ժողովուրդին: Մերսին հասնելէ ետք զինք արգիլած են Կիլիկիա մուտք գործել եւ ստիպուած վերադարձած է Եգիպտոս:

Հասկնալէ ետք, որ այլեւս ինք պիտի չկարենար Կիլիկիա վերադառնալ ու շարունակէր իր հոգեւոր ծառայութիւնը, որոշ ժամանակ մը Եգիպտոս մնալէ ետք, մեկնիած է Կիպրոս ու գործունէութիւն ծաւալած է այնտեղ:

Լառնաքայի մէջ եգիպտահայ մի քանի բարերարներու աջակցութեամբ դպրոց մը հիմնած է, որ սկիզբը իր անունով՝ «Մուշեղեան ազգային վարժարան» կոչուած է, իսկ աւելի ուշ ստացած՝ «Նարեկ» անունը:

Մէկ տարի Լառնաքա մնալէ ու վարժարանի կրթական գործերը կարգի դնելէ ետք անցած է Անգլիա։ Ան Մանչեսթըրի մէջ ծանօթացած է հայ գործարարներու, որոնք քաջալերած են զինք մեկնելու Ամերիկա եւ սկսելու իրենց աջակցութեամբ հրատարակչական գործունէութիւն։

Ֆրեզնոյի մէջ Սերոբեան հիմնած է տպարան մը ու նորակազմ գաղութին համար դարձած է ծխական հովիւ:

1910-ին, Պոսթընի մէջ հրատարակած է «Ատանայի դէպքերը եւ պատասխանատուները» աշխատութիւնը, ուր մանրամասնօրէն ներկայացուցած է տեղւոյն արարքները:

1910-ին Ֆրեզնոյի մէջ հիմը դրած է ՀԲԸՄ-ի առաջին մասնաճիւղին եւ աշխատանք տարած՝ այլ շրջաններու մէջ ալ Բարեգործականի համար մասնաճիւղեր հիմնել: Սերոբեան մեծապէս նպաստած է Բարեգործականի գործունէութեան:

1911 թուականի Յուլիսին, իբրեւ Ամերիկայի թեմի առաջնորդական տեղապահ, Մուշեղ Եպիսկոպոսը Քալիֆորնիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարած է: Մէկ տարի ետք նոյն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս դպրոց մը եւ Կիրակնօրեան վարժարան մը բացուած է: Մուշեղ Սերոբեանի ջանքերով, 1927-ին Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը առանձին թեմի վերածուած եւ մտած է Մայր Աթոռի ենթակայութեան տակ:

Բարեգործականին կողմէ Մուշեղ Սրբազանը ղրկուած է Արեւելեան Ամերիկա, ուր նաեւ Բարեգործականին համար մասնաճիւղեր բացած է:

1913-ին, Եգիպտոսի մէջ կազմուած է Ազգային պաշտպանութեան կոմիտէն եւ Մուշեղ Սերոբեանէն խնդրած են վերադառնալ Եգիպտոս: Սրբազանը անմիջապէս վերադարձած է: Վերադարձին անցած է Եւրոպայէն ու Ռուսաստանէն, որպէսզի նպաստէ կովկասահայութեան ծրագիրին:

Յետեղեռնեան տարիներուն գործունէութիւն ծաւալած է Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ[1]։

Ազգային պատուիրակութիւնը, 1917-ին, զինք հրաւիրած է Ֆրանսա, ուր Պօղոս Նուպար փաշա որոշած էր զինք ուղարկել Իրաք՝ օժանդակելու որբահաւաքի ծրագիրներուն եւ դառնալու Պաղտատի առաջնորդ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրամանագրով դարձած է արքեպիսկոպոս ու ստանձնած է Պաղտատի հայոց թեմի առաջնորդի պաշտօնը 1918-ի Մարտին[2]։

Տարի մը ետք, գացած է Ատանա որբախնամի առաքելութեամբ, վերադարձին արգիլած են իր մուտքը Իրաք՝ անգլիական իշխանութիւններուն կողմէ։ Վերադարձած է Կիլիկիա ու դարձած է Խապայեան Կաթողիկոսի աջակիցը՝ դարձեալ ստանձնելով Ատանայի թեմակալ առաջնորդութիւնը։

1920-ի Յունուարին գումարուած է Ազգային համագումարի լիակատար նիստ, ուր Սերոբեան ներկայացուցած է իր պատրաստած տեղեկագիրը։

Իբրեւ եկեղեցական՝ այլեւս Սերոբեան թեմակալ պաշտօն ստանձնելով չէ զբաղած, այլ ամէն ջանք ըրած է ցիրուցան հայութեան համար կրթական օճախներ հիմնել ու մանաւանդ զարկ տալ Բարեգործականի մասնաճիւղերու կազմութեան[1]:

Երկեր Խմբագրել

  • «Դիտումներ եւ դատումներ», Պէյրութ, 1932, 301 էջ։
  • «Իրականութեան լոյսին տակ», Գահիրէ, 1926, 87 էջ։
  • «Հայկական հարցը եւ անոր փուլերը», Պէյրութ, 1937, 207 էջ։
  • «Մեր պայքարը հայ ազատագրութեան ուղիով», Գահիրէ, 1948, 385 էջ։
  • «Հայաստանի անկախութեան առթիւ», Գահիրէ, 1950, 90 էջ։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. 1,0 1,1 «ՄՈՒՇԵՂ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՍԵՐՈԲԵԱՆ (1869-1951)»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2024-04-22 
  2. «1638-2018. 380-ամեակ Իրաքահայ թեմի»։ ՆՈՐ ՕՐ (hy-AM)։ 2019-11-28։ արտագրուած է՝ 2024-04-22 
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։