Մուսա Ալ-Սատր (արաբերէն՝ السيد موسى الصدر‎, 15 Ապրիլ 1928(1928-04-15) կամ 15 Մայիս 1928(1928-05-15)[1], Ղոմ, Իրան[1]) իրանցի-լիբանանցի շիա իսլամ փիլիսոփայ եւ շիա իսլամ կրօնական ղեկավար է[2]: Ծնած է Իրանի Քոմ քաղաքին մէջ ու մասնակցած՝ բազմաթիւ կրօնագիտական դասընթացքներու եւ սեմինարներու Իրանի մէջ։ Ան կը մեկնի Նաժաֆ, ուր կրօնագիտութիւն կ'ուսանի, սակայն 1958-ի իրաքեան յեղափոխութենէն ետք կը վերադառնայ Իրան:

Մուսա Ալ-Սատր
պարս․՝ موسى صدر
Ծնած է 15 Ապրիլ 1928(1928-04-15) (96 տարեկան) կամ 15 Մայիս 1928(1928-05-15)[1] (96 տարեկան)
Ծննդավայր Ղոմ, Իրան[1]
Մահուան վայր անյայտ
Քաղաքացիութիւն  Պահլավական Իրան
 Լիբանան
Մայրենի լեզու Պարսկերէն
Կրօնք Շիա Իսլամ
Ուսումնավայր Թեհրանի Համալսարան
Najaf Seminary?
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, աստուածաբան, ախուն
Աշխատավայր Qom Seminary?
Վարած պաշտօններ Գլխավոր այաթոլլա? եւ Head of Amal Movement?
Կուսակցութիւն Ամալ Շարժում
Ծնողներ հայր՝ Sadr al-Din al-Sadr?

Ան կը պատկանի Լիբանանի Ժապալ Ամելի Մուսաուի գերդաստանին պատկանող Սատր ընտանիքին: Մուսաուի գերդաստանը Մուհամմէտ մարգարէի դուստր Ֆաթիմայի եւ եօթներորդ շիա իմամ Մուսա Ալ-Քատիմի ժառանգորդն է: Այս պատճառով ալ Մուսա Ալ-Սատրի կը տրուի սայյիտ տիտղոսը: 1958-ի Իրաքէն վերադարձէն քանի մը տարի ետք, Սատր կու գայ Սուր, Լիբանան Պրուժերտի եւ Հաքիմ այաթոլլաներու լրտես: Ֆուատ Աժամի զայն կը կոչէ մեծ արդի շիա քաղաքական մտածող եւ հրահանգող[3]: Ան Լիբանանի շիա իսլամութիւնը «համայնքի կը վերածէ»[4]: Լիբանանի մէջ ան կը հիմնէ եւ կը վերականգնէ բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ դպրոցներ, բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ Ամալ շարժումը:

Ընդառաջելով Մուամմար Ալ-Քատտաֆիի հրաւէրին, 25 Օգոստոս 1978-ին, Սատր եւ երկու ընկերակիցներ կը մեկնին Լիպիա՝ տեսակցութիւն ունենալու կառավարական անձնաւորութիւններու հետ: Անոնք վերջին անգամ կը յայտնուին 31 Օգոստոսին, որմէ ետք անոնցմէ որեւէ լուր չկայ: բազմաթիւ տարակարծութիւններ կը շրջանառուին Սատրի աներեւութացումին գծով, սակայն ոչ մէկը փաստուած է:

Նախնական կեանք եւ ուսում

Խմբագրել

Նախնական կեանք

Խմբագրել

Մուսա Ալ-Սատր ծնած է 4 Յունիս 1928-ին, Շեհարմարտան թաղամաս, Քոմ, Իրան[4][5]:

Կը յաճախէ Քոմի Հայաթ նախակրթարան դպրոցը, որմէ ետք 1941-ին կը սկսի ճեմարան յաճախել: Ուսուցիչները զինք կը նկատէին դիւրին սորվող եւ մանկութենէն ինքնազարգացում ունեցող անձ մը: Ժամանակ մը ետք, կը սկսի սորվեցնել տարրական դասեր: Այս մէկը կը զուգադիպի «իրանեան քաղաքականութեան ազատագրութեան»[2]:

Որպէսզի ազդեցիկ դառնայ իր երկրին կեանքին մէջ, ան կը նկատէ, որ պէտք է քաջատեղեակ ըլլալ արդի գիտութեան եւ ժամանակակից աշխարհին, ուստի ան կրօնական դասերուն կողքին կը ստանայ աշխարհիկ կրթութիւն: Ան կը տեղափոխուի Թեհրան, ուր կ'աւարտէ իսլամական դատավարութիւնը (Ֆիքհ), Թեհրանի համալսարանին մէջ քաղաքական գիտութիւններ կ'ուսանի եւ անգլերէն ու ֆրանսերէն կը սորվի[2]: Ապա կը վերադառնայ Քոմ, Ալլամա Մուհամմէտ Հիւսէյն Թապաթապայի հետ կրօնագիտութիւն եւ իսլամական փիլիսոփայութիւն սորվելու համար[4]:

Իրաքի մէջ

Խմբագրել

Իր հօր մահէն ետք, 1953-ին կը մեկնի Նաժաֆ՝ Մուհսին Ալ-Հաքիմ եւ Ապուլ Քասիմ Խուի այաթոլլաներուն հետ կրօնագիտութիւն սորվելու համար[4]: Հոն, ան Այաթոլլահ Հաքիմի, շէյխ Մորթեզա Ալ-Եասինի, Այաթոլլահ Ապուլ Քասեմ Խուիի, շէյխ Հոսէյն Հիլլիի եւ շէյխ Սատրա Պատքուպահիի նման ուսուցիչներ ունեցած է, որոնք Այաթոլլահ Պրուժերտիի մահէն ետք կը դառնան մարժաներ: Մուսա Ալ-Սատր Նաժաֆի մէջ մուժթահիտ կը դառնայ: 1955-ին ան կ'այցելէ Լիբանան, ուր հանդիպում մը կ'ունենայ Ապտ Ալ-Հոսէյն Շարաֆըտտինի հետ: Ան նախապէս տեսած էր Շարաֆըտտինը 1936-ին, երբ իր ընտանիքը զինք հիւրընկալած է Իրանի մէջ։ Նոյն տարին, ան կը վերադառնայ Նաժաֆ եւ 1956-ի աշնան կ'ամուսնանայ Այաթոլլահ Ազիզոլլահ Խալիլիի դուստրին հետ[2]:

Վերադարձ դէպի Իրան

Խմբագրել

Իրաքի 1958-ի յեղափոխութենէն եւ վարչակարգի փոփոխութենէն ետք, Սատր կը վերադառնայ Իրան: Հոն, ան կ'ընդունի Այաթոլլահ Շարոաթմատարիի կողմէ ղրկուած Ալի Տաւանիի առաջարկը ու կը դառնայ Ալաթոլլահ Պրուժերտիի կողմէ հովանաւորուած Քոմի Հաուզային մէջ լոյս տեսնող «Տարշայի ազ մաքթապ-է իսլամ»-ի («Մաքթապ-է իսլամ») խմբագիրը: Ան կը սկսի ներդրել երրորդ բաժինին, որ կը կեդրոնանար իսլամական տնտեսութեան վրայ։ Յետագային, այս բաժինին մէջ գրած իր յօդուածները առանձին գիրքի մը մէջ կը հրատարակուին: Սատր կը դառնայ պարբերաթերթին ընդհանուր խմբագիրը: Դեկտեմբեր 1959-ին, բազմաթիւ հիմնադիրներու հետ ան կը լքէ պարբերաթերթի աշխատանքը[2]:

Մեկնում դէպի Լիբանան

Խմբագրել
 
Մուսա Ալ-Սատր Ճամալ Ապըտ Ալ-Նասըրի հետ 1960-ականներուն

Ալ-Սատր իբրեւ Այաթոլլահ Պրուժերտիի ներկայացուցիչ Իտալիա մեկնելու առաջարկը մերժուելով, կը մեկնի Նաժաֆ: Այդտեղ, Ալ-Սատր Այաթոլլահ Մուհսին Ալ-Հաքիմի ստիպումով կ'ընդունի Սուրի մէջ շիա ղեկավար դառնալու հրաւէրը՝[2] յաջորդելով Ապտիւլ Հուսէյն Շարիֆ Ալ-Տինի, որ մահացած էր 1957-ին: Ան կը հասնի Սուր 1959-ին[4]՝ իբրեւ Այաթոլլահ Պրուժերտիի եւ Այաթոլլահ Հաքիմի լրտես[3]: Ընդառաջելով շարք մը կրօնաւորներու խնդրանքին, ան քանի մը անգամ կ'այցելէ Իրան, ուր կը դասախօսէ շարք մը կրօնական նիւթերու շուրջ, ինչպէս՝ «Իսլամութիւնը կեանքի կրօն մըն է» եւ «Աշխարհը պատրաստ է իսլամութեան ձայնը լսելու»: Վերջինս կը խօսէր Լիբանանի մէջ իր փորձառութեան մասին՝ կարեւոր նկատելով իսլամներու բարելաւման գործընթացը[2]:

1967-ին, իմամ Ալ-Սատր կ'այցելէ Արեւմտեան Ափրիկէ՝ նպատակ ունենալով հանդիպիլ այդ շրջանի լիբանանցի համայնքին հետ, հետազօտելու անոնց աշխատանքները եւ կապելու զանոնք իրենց հայրենիքին: Ան հանդիպում կ'ունենայ Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Ֆելիքս Հուֆուէ-Պուայնիի եւ Սենեկալի նախագահ Լէոփոտ Սետար Սենղորի հետ ու յատկանշական հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ Սենեկալի որբերուն: Սենղոր կը գնահատէ իմամին աշխատանքը՝ նշելով, որ ան շատ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւի անոր աշխատանքներուն, որոնք շատ մեծ ազդեցութիւն ունին քաղաքացիներուն միջեւ սիրոյ եւ հաւատքի զգացումներու տարածման գործին մէջ[6]:

Սատր, որ հանրածանօթ կը դառնայ իմամ Մուսա անունով, պաշտպանը կը դառնայ Լիբանանի շիա իսլամ բնակչութեան, որ այդ ժամանակ տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս շատ յետամնաց էր[7]:

Ըստ Վալի Նասըրի, Սատր տքնաջան աշխատանք կը տանի իր համայնքը զարգացնելու, անոր ձայնը լսելի դարձնելու եւ զայն պատերազմներէ եւ ներքին խռովութիւններէ պաշտպանելու ուղղութեամբ[8]: Սատր կը վայելէ լիբանանցիներու համակրանքը՝ առանց համանքային խտրականութեամբ բոլորին գործնական օգնութիւն ցուցաբերելով[4]: Ան պարկեշտ կ'երեւի[9] եւ կ'ուզէ, որ մարունի համայնքը ետ քաշէ իր ուժերուն մէկ մասը՝ նպատակ ունեալով այս երկու համայնքներուն միջեւ խաղաղ կապեր հաստատել[10]:

1969-ին իմամ Մուսա Ալ-Սատր կը նշանակուի Լիբանանի մէջ Շիա Իսլամութեան Բարձրագոյն Ժողովի պետը (արաբերէն՝ المجلس الإسلامي الشيعي الأعلى‎), ինչ որ կը նպաստէ կառավարութեան մէջ շիա համայնքի ձայնը ազդեցիք դառնալուն:

Յաջորդ չորս տարիներուն, Սատր յարաբերութեան մէջ կը մտնէ Սուրիոյ Ալաուիներուն հետ, նպատակ ունենալով իրենց քաղաքական ուժերը միացնելու 12-ական շիաներուն հետ: Ըստ ապատեղեկատուութիւններու, Ալաուի կրօնքը իբրեւ շիա իսլամութեան ճիւղաւորում ի յայտ կու գայ Յուլիս 1973-ին, երբ ինք ու ալաուի կրօնական պետերը միասին ալաուի միւֆթի մը կը նշանակեն 12-ական համայնքին մէջ[11][12]:

 
Պէյրութի Սաֆա մզկիթին մէջ Մուսա Ալ-Սատրի կողմէ կազմակերպուած 3 օրուան հացադուլ

Ան կը վերականգնէ Ժամիաթ Ալ-Պիրր ուալ-Իհսան բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած էր Սալիհ Մոհամմէտ Շարաֆըտտինի կողմէ եւ Սուրի մէջ գտնուող Ընկերային Կազմակերպութիւն որբանոցին համար դրամահաւաք կը կազմակերպէ: 1963-ին, Սատր կը հիմնէ կարի դպրոց եւ մանկամսուր մը, որ կը կոչուի «Աղջիկներու տուն» (Պէյթ ըլ-ֆաթաթ): Նոյն տարին, ան կը հիմնէ իսլամական գիտութիւններու հիմնարկը: 1964-ին, Սատր կը հիմնէ Պուրժ Ալ-Շամալիի արհեստից հիմնարկը, որուն շինութիւնը կը ֆինանսաւորուի շիա բարերարներու, դրամատնային վարկերու եւ Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան կողմէ[4]: 1974-ին, Հուսէյն Ալ-Հուսէյնիի հետ կը հիմնէ «Զրկուածներու շարժում»-ը՝ ամրապնդելու համար շիաներու տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը: Անոնք Հարաւային Լիբանանի տարածքին կը հիմնեն բազմաթիւ վարժարաններ ու դարմանատուներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ այսօր կը գործեն[9]: Պէյրութի մէջ մզկիթի մը մէջ ծոմապահութեամբ, Սատր կը փորձէ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի մղող վայրագութիւնները կանխարգիլել: Լիբանանի բոլոր համայնքները այցելութիւն կու տան Սատրի: Միասնութեան նիստ կազմելու միտքը կու գայ այս հանդիպումին ընթացքին եւ Սատր կը յաջողի կարճ ժամանակի համար խաղաղութիւն հաստատել[4]:

Պատերազմի ժամանակ, ան կը հակի Լիբանանի Ազգային Շարժման[13] եւ Զրկուածներու շարժման ու Մուսթաֆա Շարանի հետ համագործակցելով կը հիմնէ Աֆուաժ ալ-Մուքաուամաթ ալ-Լուպնանիա (արաբերէն՝ أفواج المقاومة اللبنانية‎) խումբը, որ աւելի կը ճանչցուի Ամալ Շարժում անունով[14])[4]: Այս կազմակերպութիւնը կը համախմբէ երիտասարդներն ու Հուսէյնի եւ Մուսաուի ընտանիքներու զարգացած սերունդը[15]: Շիաները կը դառնան միակ մեծ համայնքը առանց զինեալ խմբաւորումի զինուորական գետնի վրայ։ Ամալ կը ստեղծուի Սատրի կողմէ շիա իսլամներու իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար[14]:

1976-ին՝ երբ Սուրիա կը յարձակի Լիբանանի վրայ, Սատր կը կասեցնէ Սուրիոյ տուած իր օժանդակութիւնը[16]: Քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, ան աշխուժօրէն կը համագործակցի Մուսթաֆա Շամրանի, Սատեծ Ղոթպզատեհի եւ այլ իրանցի իսլամական շարժման պարագլուխներու հետ[17][18]: Սատր եւ Շամրան շատ կարեւոր դեր կը խաղան Իրանի Իսլամական Յեղափոխութեան մէջ։ Անոնք ձեռնամուխ կ'ըլլան Իրանէն դուրս շահին դէմ կատարուող ցոյցերուն: Ըստ Ամալի ներկայացուցիչ Ալի Խարիսի, Մուսա Սատր ու Շամրան իրանեան յեղափոխութեան նեցուկն էին եւ ոչ ոք չէր կրնար այս յեղափոխութեան մասին առանց իրենց մասին անդրադառնալու, խօսիլ[19]:

Աւելին, Սատր միջոց մըն էր Սուրիոյ օրուան նախագահ Հաֆէզ Ալ-Ասատի եւ Իրանի շահին՝ Մուհամմէտ Ռեզա Փահլաւիի հակառակորդներուն միջեւ[20][21]:

Անձնական կեանք

Խմբագրել

Սատր շատ մօտիկ ազգականական կապեր կ'ունենայ Իրանի, Լիբանանի եւ Իրաքի քաղաքական գործիչներուն հետ: Իրանցի Սատեք Թապաթապէյը Սատրի զարմիկն է[2][22][23][24][25]: Մուհամմէտ Խաթամին իր զարմիկին ամուսինն է[26][27]: Իսկ Այաթոլլահ Խումէյնիի որդին՝ Ահմատ Խումէյնին ամուսնացած է իր զարմիկներէն մէկուն հետ[2][21][26]: Սատրի որդին ամուսնացած է Խումէյնիի թոռան հետ[21]: Սատրի քոյրը՝ Ռապապը, բարեսիրական գործերով կը զբաղի, Իտալիոյ մէջ սորված է գեղանկարչութիւն ու ստացած է տոքթորական վկայական[28][29]:

Անհետացում

Խմբագրել

Մուամմար Ալ-Քատտաֆիի հրաւէրով, 25 Օգոստոս 1978-ին, Սատր եւ իրեն ընկերակցող շէյխ Մուհամմէտ Եաաքուպն ու լրագրող Ապպաս Պատրըտտինը կը մեկնին Լիպիա, հանդիպում ունենալու համար քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ[30][31]: Անոնք վերջին անգամ տեսնուած են 31 Օգոստոսին[30]: Մինչեւ այսօր անոնք կը մնան անյայտ կորած[7][30]:

Շիա իսլամները կը հաւատան, որ Քատտաֆին է այս երեքին սպանութեան հրաման տուողը[32], բայց այլ տարակարծութիւններ ալ գոյութիւն ունին: Լիպիա մշտապէս կը մերժէ ստանձնել այս գործողութեան պատասխանատուութիւնը՝ ըսելով, որ Սատր եւ իր ընկերակիցները մեկնած են Իտալիա[33]: Սակայն Սատրի համակիրները կը պնդեն, որ Սատրի ճամբորդական պայուսակները գտնուոած են Թրիփոլիի պանդոկներէն մէկուն մէջ եւ իր Հռոմ մեկնելուն մասին ոչ մէկ փաստ գոյութիւն ունի[33]: Օդանաւային ընկերութիւններն ալ չեն կրնար հաստատել Սատրի Լիպիայէն Իտալիա մեկնած ըլլալը[33]:

Ալ-Սատրի որդին յայտնած է, որ իր հօր բանտին մէջ ըլլալը գաղտնի կը պահուի, առանց որեւէ փաստացի տուեալներ ունենալու[34]: Սատրի անհետացումը Լիբանանի եւ Լիպիոյ մէջ կը շարունակէ մնալ շատ մեծ պայքարի դրդապատճառ[35]: Ըստ Լոնտոնի մէջ գտնուող սէուտական Շարք Ալ-Աուսաթ օրաթերթի 27 Օգոստոս 2006-ի թիւին, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի յայտարարած է, որ լիպիական վարչակարգը՝ յատկապէս Լիպիոյ ղեկավարը պատասխանատու է Սատրի անյայտացման[36][37][38]:

Ըստ իրանցի հրամանատար Մանսուր Քատարի, Սուրիոյ ապահովութեան պետ Ռիֆաաթ Ալ-Ասատ յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանը խօսած է Սատրը սպաննելու Քատտաֆիի ծրագիրին մասին[8]: 27 Օգոստոս 2008-ին, Լիբանանի կառավարութիւնը Սատրի անյայտացման համար կ'ամբաստանէ Քատտաֆին[39]: Քատտաֆիի վարչակարգի փլուզումէն ետք, Լիբանան ու Իրան կը դիմեն Լիպիոյ զինեալներուն, հետախուզելու համար Մուսա Ալ-Սատրի ճակատագիրը[40]:

Ըստ քաղաքական վերլուծաբան Ռուլա Թալժի, Քատտաֆիի որդիներէն Սայֆ Ալ-Իսլամ Քատտաֆին յայտնած է, որ Սատրն ու իր պատուիրակութեան անդամները՝ Մոհամմէտ Եաաքուպն ու Ապպաս Պատրըտտինը չեն հեռացած Լիպիայէն[41]: Ըստ Գահիրէի մէջ գտնուող Լիպիոյ Ազգային Փոփոխութեան Ժողովին, Շիա իսլամութեան մասին խօսելէ ետք, Քատտաֆի կը հրամայէ Սատրը սպաննել: Սատր զայն կ'ամբաստանէ, իբրեւ անտեղեակ իսլամական կրթութեան եւ իսլամական կրօնքի Սիւննի եւ Շիա համայնքներու ճիւղաւորումներուն ու Քատտաֆի զայրանալով կը հրամայէ Սատրի եւ իր պատուիրակութեան անդամներուն սպանութիւնը[42]: Այլ աղբիւրներու համաձայն, Քատտաֆի Պաղեստինի ղեկավարի առաջարկով կը սպաննէ Սատրն ու իր ընկերակիցները. այն ժամանակ շիաներն ու պաղեստինցիները Հարաւային Լիբանանի մէջ հակամարտութիւններու մէջ էին[43][44]: Ըստ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին անդամի մը, Սատր մինչեւ մահ կը քարկոծուի, երբ կրօնագիտական նիւթ մը կը խօսի Քատաֆֆիներու տան մէջ[45]: «Ալ-Այն» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ժամանակ, Քատաֆիի վարչակարգի ամէնէն ազդեցիկ դէպքերէն եւ Սատրի ու Քատտաֆիի հանդիպումի ականատես Ահմատ Ռամատան կը յայտնէ, որ հանդիպումը տեւած է երկուքուկէս ժամ եւ աւարտին Քատտաֆի կը հրամայէ զայն տանիլ: Ռամատան կու տայ երեք քաղաքական գործիչներու անուններ, որոնք հաւանաբար պատասխանատու են Սատրի մահուան[46][47][48]:

Ժառանգութիւն

Խմբագրել
 
Սուրի մէջ աֆիշ մը, որ կը նշէ Սատրի անյայտացման 40-րդ ամեակը

Մինչեւ այսօր Իմամ Մուսա Ալ-Սատր շիա համայնքին կողմէ կը նկատուի իբր քաղաքական եւ հոգեւոր պետ մը: Իր անունը աւելի կը բարձրանայ իր անհետացումէն ետք եւ այսօր իր ժառանգութիւնը կը մեծարուի Ամալ եւ Հըզպ Ալլահ կուսակցութիւններու համակիրներուն կողմէ[49]: Շատերու համար ան նահատակ ու «անհետացած իմամ» մըն է: Իր յիշատակը վառ պահելու համար, Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն մէջ Սատրի պարսկական խօսելաոճը կը կապկեն[8]: Սատրի հիմնած կուսակցութիւնը՝ Ամալ շարժումը, կը շարունակէ շիա իսլամական կարեւոր կուսակցութիւն մը մնալ Լիբանանի մէջ եւ Սատր կը նկատուի անոր հիմնադիրը:

Գործեր

Խմբագրել

Ալ-Սատր երկար նախաբան մը գրած է Հենրի Քորպինի «Իսլամական փիլիսոփայութեան պատմութեան»[50] գիրքին:

Ալ-Սատրի «Իսլամութիւն, մարդկութիւն եւ մարդկային արժէքներ» թերթիկը հրատարակուած է Ահլ Ալ-Պէյթ Համաշխարհային Նիստին կողմէ[51]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Deutsche Nationalbibliothek Record #11904207X // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 2,8 Chehabi Hussein, Abisaab Rula Jurdi (2006)։ Distant Relations: Iran and Lebanon in the Last 500 Years։ I.B.Tauris։ ISBN 978-1860645617 
  3. 3,0 3,1 Nasr Seyyed H. (1989)։ Expectation of the Millennium: Shiʻism in History։ Albany, NY: State University of New York Press, Albany։ էջ 425 , chapter 26
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 4,6 4,7 4,8 Samii Abbas William (1997)։ «The Shah's Lebanon policy: the role of SAVAK»։ Middle Eastern Studies 33 (1): 66–91։ doi:10.1080/00263209708701142։ արտագրուած է՝ 21 August 2013 
  5. ʻAlī Rāhnamā. Pioneers of Islamic Revival Palgrave Macmillan, 1994 978-1856492546 p 195
  6. http://www.imamsadr.net/Home/contents1.php?id=2
  7. 7,0 7,1 Nicholas Blanford (2011)։ Warriors of God: Inside Hezbollah's Thirty-Year Struggle Against Israel։ Random House։ էջեր 16,32։ ISBN 9781400068364 
  8. 8,0 8,1 8,2 Nasr Vali։ The Shia Revival: How Conflicts within Islam Will Shape the Future (անգլերեն)։ W. W. Norton & Company։ ISBN 9780393066401։ արտագրուած է՝ 26 May 2016 
  9. 9,0 9,1 Rihani May A.։ Cultures Without Borders (անգլերեն)։ Author House։ ISBN 9781496936462։ արտագրուած է՝ 26 May 2016 
  10. «Islam Times – Imam Musa Al Sadr – his life and disappearance»։ Islam Times։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-06-05-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-10 
  11. «Syria's Alawis and Shiism – Martin Kramer on the Middle East» 
  12. Talhamy Yvette (Autumn 2009)։ «The Syrian Muslim Brothers and the Syrian-Iranian Relationship»։ The Middle East Journal 63 (4): 561–580։ doi:10.1353/mej.0.0088։ արտագրուած է՝ 29 July 2013 
  13. Staff writers։ «The Imam Musa Sadr»։ almashriq.hiof.no։ Al Mashriq։ արտագրուած է՝ 27 June 2016 
  14. 14,0 14,1 Esposito John L.։ The Islamic Threat: Myth or Reality? (անգլերեն)։ Oxford University Press։ ISBN 9780199826650։ արտագրուած է՝ 27 June 2016 
  15. Roy Olivier։ The Failure of Political Islam (անգլերեն)։ Harvard University Press։ ISBN 9780674291416։ արտագրուած է՝ 26 June 2016 
  16. Aronoff Myron Joel։ Religion and Politics (անգլերեն)։ Transaction Publishers։ ISBN 9781412832915 
  17. Ostovar Afshon P. (2009)։ «Guardians of the Islamic Revolution Ideology, Politics, and the Development of Military Power in Iran (1979–2009)» (PhD Thesis)։ University of Michigan։ արտագրուած է՝ 26 July 2013 
  18. Badran Tony (8 September 2010)։ «Moussa Sadr and the Islamic Revolution in Iran… and Lebanon»։ Now Lebanon։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 10 September 2013-ին։ արտագրուած է՝ 28 July 2013 
  19. Shaery-Eisenlohr Roschanack։ Shi'ite Lebanon: Transnational Religion and the Making of National Identities (անգլերեն)։ Columbia University Press։ ISBN 9780231144278։ արտագրուած է՝ 2 July 2016 
  20. Badran Tony (22 June 2010)։ «Syriana»։ Tablet։ արտագրուած է՝ 4 August 2013 
  21. 21,0 21,1 21,2 «Musa al Sadr: The Untold Story»։ Asharq Alawsat։ 31 May 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 19 October 2013-ին։ արտագրուած է՝ 5 August 2013 
  22. Ataie Mohammad (2013)։ «Revolutionary Iran's 1979 Endeavor in Lebanon»։ Middle East Policy Council։ արտագրուած է՝ 2 June 2016։ «Another pro-Amal figure in the provisional government was Musa Sadr's nephew, Sadeq Tabatabai (...)» 
  23. «Funeral ceremony held for late Sadeq Tabatabaei»։ Ettela'at։ 1 July 2016։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 August 2016-ին։ արտագրուած է՝ 2 June 2016։ «Sadeq Tabatabaei was born on December 12, 1943 in the city of Qom. He was son of Ayatollah Mohammad Baqer Tabatabaei and nephew of Imam Musa Sadr.» 
  24. Marjai Farid (2011)։ «Musa Sadr in Libya?»։ Payvand։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 August 2016-ին։ արտագրուած է՝ 2 June 2016։ «Sadeq Tabatabai of the Provisional Government in Iran was a nephew of Imam Sadr» 
  25. «Imam Grandson, Iranian President Condole Tabatabai's Passing Away»։ en.imam-khomeini.ir։ 2015։ արտագրուած է՝ 2 June 2016։ «Late Seyed Sadegh Tabatabai, who recently passed away, has been brother in law of late Hajjat al-Islam Seyyed Ahmad Khomeini, son of the founder of the Islamic Republic and nephew of Imam Musa Sadr.» 
  26. 26,0 26,1 Savant Sarah Bowen (2014)։ Genealogy and Knowledge in Muslim Societies: Understanding the Past։ Edinburgh: Edinburgh University Press։ էջ 147։ ISBN 978-0748644971 
  27. Mallat Chibli (2015)։ Philosophy of Nonviolence: Revolution, Constitutionalism, and Justice Beyond the Middle East։ Oxford: Oxford University Press։ էջ 272։ ISBN 978-0199394203։ «Sadr was born in 1928 and grew up in Iran. He was a widely respected personality both in Iran and in Iraq, in addition to Lebanon, with strong family relations with various prominent leaders in both countries, including former Iranian president Mohammad Khatami (who married his niece).» 
  28. The journey of Rabab Sadr, president of Imam el Sadr Institutions
  29. Habib C. Malik, "The Arab World: The Reception of Kierkegaard in the Arab World" in Jon Steward (ed.), Kierkegaard's International Reception: The Near East, Asia, Australia and the Americas, Tome III, Ashgate (2009), p. 89
  30. 30,0 30,1 30,2 «Lebanon FM to interview Muammar Gaddafi's top spy about Sadr's fate»։ Ya Libnan։ 3 September 2012։ արտագրուած է՝ 4 March 2013 
  31. Dakroub Hussein (3 September 2012)։ «Mansour, Lebanese judge to question Sanousi on Sadr's fate»։ The Daily Star։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 17 January 2013-ին։ արտագրուած է՝ 4 March 2013 
  32. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named The Atlantic
  33. 33,0 33,1 33,2 Norton, Augustus R. Hezbollah A Short Story. Princeton: Princeton UP, 2007. Print.
  34. Staff (31 August 2010) "Imam Sadr and companions still alive in captivity of Libya, son tells news agency" The Daily Star (Lebanon).
  35. «BBC NEWS – Middle East – Court in Lebanon summons Gaddafi» 
  36. «بري يحمل النظام الليبي ورئيسه مسؤولية «الجريمة المنظمة» في اختطاف موسى الصدر ورفيقيه, أخبار»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-03-02-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-30 
  37. «المجلس الشيعي في لبنان يدعو ليبيا إلى «كشف لغز» اختفاء موسى الصدر, أخبار»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-03-12-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-30 
  38. Libya is responsible for Musa Sadr’s disappearance: paper Archived 6 March 2009 at the Wayback Machine.
  39. "Gaddafi charged for cleric kidnap". BBC News, 27 August 2008.
  40. Saeed Kamali Dehghan։ «Lebanon and Iran urge Libyan rebels to probe 33-year-old mystery»։ the Guardian 
  41. «Imam Moussa al-Sadr never left Libya»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-28-ին։ արտագրուած է՝ 2018-10-01 
  42. Gaddafi has martyred Imam Mousa Sadr[permanent dead link]
  43. Fouad Ajami (17 May 2011)։ «Fouad Ajami: Gadhafi and the Vanished Imam – WSJ»։ WSJ 
  44. «Is the Missing Shi'ite Cleric Imam Musa Sadr Alive in Libya? – TIME»։ TIME.com։ 25 February 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 April 2011-ին։ արտագրուած է՝ 1 October 2018 
  45. Worth Robert F. (25 September 2011)։ «Qaddafi's Never-Neverland»։ The New York Times։ էջ 26 
  46. Mousa Jenan։ «احمد رمضان يكشف اسماء الاشخاص الذين قاموا بتصفية موسى الصدر»։ Akhbar Al Aan։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 November 2011-ին։ արտագրուած է՝ 15 November 2011 
  47. «Lebanon Shiite leader was 'liquidated' in Libya»։ Yahoo Maktoob։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 November 2011-ին։ արտագրուած է՝ 15 November 2011 
  48. «Lebanon Shiite leader was 'liquidated' in Libya»։ France24։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 November 2011-ին։ արտագրուած է՝ 15 November 2011 
  49. «As Gaddafi Teeters, Will the Mystery of Lebanon's Missing Imam Be Solved?»։ TIME Online։ 22 February 2011։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 4 March 2013-ին։ արտագրուած է՝ 1 October 2018 
  50. «"Shia Muslims in Lebanon", 1st Work Published in Iran on Imam Musa Sadr» 
  51. https://www.al-islam.org/printpdf/book/export/html/21634