Ներսէս Մելիք Թանգեան
Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք Թանգեան (Աւազանի անունով՝ Նիկողայոս, 16 (28) Մարտ 1866[1], Բռնակոթ, Օրտուպատի գաւառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 26 Սեպտեմբեր 1948[1], Թաւրիզ, Իրան[1]), բանասէր ու մտաւորական, բազմակողմանի հետաքրքրութիւններով եւ շնորհներով օժտուած մեծավաստակ հոգեւորական
Ներսէս Մելիք Թանգեան | |
---|---|
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Նիկողայոս Պետրոսի Մելիք-Թանգյան |
Ծնած է | 16 (28) Մարտ 1866[1] |
Ծննդավայր | Բռնակոթ, Օրտուպատի գաւառ, Երեւանի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 26 Սեպտեմբեր 1948[1] (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Թաւրիզ, Իրան[1] |
Ուսումնավայր |
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան[1] Սուրբ Բեթըրսպուրկի Կայսերական համալսարան[1] |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական, բանասէր |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Բռնակոթ գիւղը (Զանգեզուր, Սիսիանի մարզ)։ Հազիւ իր գիւղի վարժարանը աւարտած, ընդունուած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, ուր եւ ընտրած է հոգեւորականի իր կոչման ծառայելու ճանապարհը։
1886-ին աւարտած է Գէորգեան Ճեմարանը եւ ստանձնած Էջմիածնի մէջ ուսուցչական ու վարչական աշխատանքներ։ Մտաւորական իր ընդունակութիւնները զարգացնելու նպատակով՝ ուղարկուած է Ս. Փեթերսպուրկ, որու համալսարանին իրաւաբանական բաժինը յաջողութեամբ աւարտած է 1900-ին։
Վերադարձած է Ս. Էջմիածին եւ 1901-ին Վարդապետ ձեռնադրուած է՝ Ներսէս վերանուանուելով։ Այդպիսով ալ սկսած է հոգեւորականի իր բազմավաստակ գործունէութիւնը։
Գործունէութիւն
Խմբագրել1902-ին արդէն Զանգեզուր է՝ Տաթեւի վանքի վանահայրի առաքելութեամբ։ Տենդագին լծուած է հայոց հոգեմտաւոր զարգացման դարաւոր այդ մեծ կեդրոնի աւանդներու վերանորոգման՝ շրջանի ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ բուռն խանդավառութիւն առաջացնելով հայոց հաւատքին ու հայ մշակոյթին նկատմամբ։
Հայկական Յեղափոխութեան եւ յատկապէս Դաշնակցութեան ազգային-քաղաքական ու յեղափոխական առաջադրանքներուն մօտ կանգնած հոգեւորական՝ Ներսէս Վարդապետ գաղափարական իր մկրտութիւնը ստացած է 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ, երբ կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ Զանգեզուրի ինքնապաշտպանութեան մէջ՝ անոր առաջնորդող ոգին դառնալով Սեբաստացի Մուրատին հետ։
1906-ին Ներսէս Վարդապետ վերստին Ս. Էջմիածին է, ուր երկար չի մնար սակայն, որովհետեւ Զանգեզուրեան իր գործունէութիւնը աննկատ չէ անցած Ցարական իշխանութեանց աչքէն, որոնք Կովկասի փոխարքայութեան ուղղակի միջամտութեամբ կը ստիպեն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որ ժամանակաւորապէս Էջմիածնէն հեռացնէ յեղափոխաշունչ հոգեւորականին։
Ներսէս Վարդապետ 1907-ին կ՚աքսորուի Ղրիմ՝ իբրեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։ Երկար չի տեւեր, սակայն, Ներսէս Վարդապետի աքսորը։ 1909-ին նորօծն Մաթէոս Բ. Կաթողիկոսի կողմէ ետ կը կանչուի Ս. Էջմիածին եւ կը կոչուի Վանքի վարչական պատասխանատուութեան։
Հայ ժողովուրդի յեղափոխական խմորումները ճզմելու մտասեռումով ցարական իշխանութեանց ձեռնարկած ծաւալուն հալածանքի ժամանակաշրջանն էր, որ յանգեցաւ այսպէս կոչուած «Դաշնակցութեան Դատ»ին։ Ատենի հայ մտաւորականութեան, հոգեւորականութեան եւ յեղափոխական գործիչներու ողջ սերուցքը ամբաստանուեցաւ իբրեւ «դաշնակցական յեղափոխական»։
Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Աւետիս Ահարոնեան, Ներսէս Վրդ․ Մելիք Թանգեան եւ մեծանուն շատ ու շատ դէմքեր – 159 ամբաստանեալ – թիրախ դարձան հայ քաղաքական միտքը գլխատելու Ցարական Կայսրութեան լայնածաւալ հալածանքին։
1912-ին աւարտեցաւ «Դաշնակցութեան Դատը» եւ ամբաստանեալները մեծ մասով անպարտ արձակուեցան։
Այդ շրջանին նոր էջ մը բացուեցաւ Մելիք-Թանգեան Քաջ Հովիւի կեանքին մէջ։ Ատրպատականի հայութիւնը դիմեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան՝ Ներսէս Եպիսկոպոսը իբրեւ թեմակալ առաջնորդ Թաւրիզ առաքելու խնդրանքով։ Գէորգ Ե․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդառաջեց դիմումին եւ, 1917-ին Արքութեան արժանացնելով Մելիք Թանգեան Եպիսկոպոսին, ուղարկեց Ատրպատական[2]։
Մինչեւ իր կեանքին վերջալոյսը՝ 1948ի Սեպտեմբեր 29ը, Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան մնաց ու գործեց Ատրպատականի մէջ, իբրեւ Ատրպատականի թեմի եւ ողջ Իրանի հայութեան անսահման սիրոյն, յարգանքին եւ հոգեմտաւոր պաշտամունքին արժանացած Քաջ Հովիւ։
Յատկապէս Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ տակաւին Եպիսկոպոս էր, Մելիք Թանգեան պատմական տարողութեամբ ու նշանակութեամբ մեծ գործ կատարեց՝ տարագրուած ու Երեւան եւ Անդրկովկաս ցիրուցան դարձած Ատրպատականի հայութեան գաղթականական բեկորները գտնելու, հաւաքելու եւ ետ Ատրպատական վերադարձնելու ուղղութեամբ։ Ամէն դուռ բախեց, անհրաժեշտ միջոցները ստեղծեց եւ յաջողութեամբ ի կատար ածեց իր հօտի վերահաւաքման այդ կարեւորագոյն առաքելութիւնը։ Իր այդ ծառայութեան իբրեւ վարձատրութիւն՝ արժանացաւ Արքեպիսկոպոսի պատուական աստիճանին[3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 Հայկական սովետական հանրագիտարան — Երևան: 1981. — հատոր 7. — է. 387.
- ↑ «Մելիք-Թանգեան Ներսէս | armenianreligion.am»։ web.archive.org։ 2017-03-22։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-03-22-ին։ արտագրուած է՝ 2023-08-05
- ↑ «ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Ներսէս Արքեպիսկոպոս Մելիք-Թանգեան (1866-1948) Հայ Եկեղեցւոյ Քաջ Հովիւի պատկառելի կերպարը – ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2023-08-05