Սերմնաբջիջներու Անցարգելներ (Բեղմնականխում)

Սերմնաբջիջներու Անցարգելներ, միջոցներ՝ սպաննելու սերմնաբջիջը, յղութեան վերահսկման համար:

Աւելի քան 100 տարի հակաբեղմնաւորիչներու հետազօտութիւնները հիմնովին կեդրոնացած են այն հակաբեղմնաւորիչներու մշակման վրայ, որոնք կա՛մ կը կասեցնեն կիներու ձուահատումը (ovulation), կա՛մ կը դժուարացնեն սերմնաբջիջի մուտքը արգանդ[1]:

Հակաբեղմնաւորման Ձեւեր Խմբագրել

Կիներու համար կան հակաբեղմնաւորման բազմաթիւ ձեւեր, իսկ տղամարդոց համար` միայն երկու: Տղամարդոց համար դեղահատի բացակայութիւնը պատասխանատուութեան բեռ կը դնէ կիներու վրայ, որոնք յաճախ ստիպուած կ'ըլլան ենթարկուելու հակաբեղմնաւորիչներու կողմնակի ազդեցութիւններուն: Կիներու համար կան հակաբեղմնաւորիչներու բազմաթիւ տարբերակներ: Այնուամենայնիւ, որոշ կիներու համար անոնք կրնան ունենալ կողմնակի ազդեցութիւններ: Ի հակադրութիւն, տղամարդոց հակաբեղմնաւորման երկու ձեւ կայ` տղամարդու պահպանակ (condom) եւ վազեքթոմի (vasectomy): Երկուքն ալ ունին քիչ նշանակալի կողմնակի ազդեցութիւններ, եւ լուրջ բարդութիւններ հազուադէպ են անոնց պարագային:

Հետեւաբար կիները աւելի հակուած են կրելու հակաբեղմնաւորիչներու կառավարման պատասխանատուութեան բեռը եւ զգալու հակաբեղմնաւորիչներու օգտագործման կողմնակի ազդեցութիւնները:

Այս բեռը կրնայ թեթեւնալ, եթէ գիտնականները մշակեն տղամարդոց համար անվտանգ եւ արդիւնաւէտ հակաբեղմնաւորիչներ:

Կանացի հակաբեղմնաւորիչներու մեծ մասը ուղղուած է սեռական հորմոններուն, ինչպիսիք են էսթրոժենը եւ փրոժեսթերոնը: Ջանքեր գործադրուած են տղամարդոց հակաբեղմնաւորիչ դեղահատեր մշակելու ուղղութեամբ` ուղղուած արական սեռական հորմոն թեսթոսթերոնին: Բայց այդ մէկը յանգած է կողմնակի այնպիսի ազդեցութիւններու, ինչպիսիք են` ծանրութեան աւելցումը, ընկճուածութիւնը, LDL-ի մակարդակի բարձրացումը եւ այլն:

Անցեալին Օգտագործուած Անցարգելներ Խմբագրել

Շատ առաջ, կիներ կոպիտ սերմնաբջիջներու անցարգելներ կը պատրաստէին տարօրինակ նիւթերով.անոնք ամէն ինչ կը փորձէին յղութիւնը կանխելու համար, կենդանիներու կեղտերէ եւ թունաւոր խմիչքներէ սկսած` մինչեւ կիտրոնազգի պտուղներ եւ փայտէ փականներ: Ժամանակակից բժշկագիտութիւնը մարդոց տուած է դեղահատեր ու կպչուկներ (patch), սակայն անցեալին զոյգերը կը դիմէին յղանալու դէմ պայքարի շատ աւելի անսովոր ձեւերու:

  • Հին հնդիկներն ու եգիպտացիները կ'օգտագործէին կոկորդիլոսներու եւ փիղերու նման «առեղծուածային» անասուններու կեղտը: Եւ անոնց բարձր թթուութեան շնորհիւ` երբեմն կը յաջողէին:
  • Ափրիկէցիները խոտերէ կամ կտորէ փականներ կը պատրաստէին:
  • Ճափոնցի մարմնավաճառները կ'օգտագործէին հնդկեղէգը (bamboo):
  • Իսլամ եւ յոյն կիներ կը գործածէին բուրդը:
  • Սլաւոնները կ'օգտագործէին ճերմակեղէնի լաթեր:
  • Հրեայ կիներ մետաքսով կը փաթթէին ծովային սպունգը, կը թաթխէին զայն քացախի մէջ, թել կը կապէին անոր վրայ եւ կը գործածէին զայն իբրեւ փականք: Այդ մէկը բաւական արդիւնաւէտ է եւ դեռ կ'օգտագործուի ցայսօր:
  • Կիտրոնը կ'ըսուի, որ առասպելական Քազանովան իր սիրահարներէն կը խնդրէր օգտագործել կիտրոնի հիւթը, որովհետեւ անոր թթուութեան բարձր աստիճանը կրնար սպաննել սերմնաբջիջը:
  • Յղութեան վերահսկման առաջին դեղագիրներէն մէկը եղած է պրտաթուղթի (papyrus) վրայ ՔԱ. 1550 թուականին, Եգիպտոսի մէջ: Ան կը պարունակէ խցակ (tampon)` պատրաստուած սերմերու բուրդէ, որ թաթխուած է արմաւի ու մեղրի մէջ: Անիկա հակաբեղմնաւորիչ միջոց է, որ չափաւոր արդիւնաւէտութիւն ունի: Կը դրուի արգանդին վզիկին վրայ` սեռային յարաբերութենէն առաջ եւ կը ձգուի այնտեղ յարաբերութենէն ետք առնուազն վեց ժամ: Սովորաբար մասնագէտի կողմէ տեղադրում կը պահանջուի[2][3]:
  • Մետաղ հագուիլը կամ դնելը մարմինին վրայ կրնայ նեղութիւն տալ անձին, բայց զայն խմելը ուղղակի վտանգաւոր է: Հազարաւոր տարիներ առաջ որոշ չին կիներ հեղուկ կապար (lead) եւ սնդիկ (mercury) կը խմէին` իբրեւ հակաբեղմնաւորիչ միջոց: Այդ երկուքը ունէին ահռելի կողմնակի ազդեցութիւններ, ինչպիսիք են` անբերրիութիւնը (sterility), երիկամներու անկումը (kidney failure), ուղեղային վնասը եւ նոյնիսկ մահը:
  • Բ. դարու յոյն կնախտաբան Սորանոսը կիներուն կը թելադրէր, որ սեռային յարաբերութենէ ետք եօթը անգամ կռնակի վրայ ցատկեն այն ջուրին մէջ, զոր դարբինները կ'օգտագործէին մետաղը սառեցնելու համար, ինչպէս նաեւ` խմել այդ ջուրէն:
  • Ապահովիչի (condom) մասին առաջին յիշատակումը ՔԱ 3000 թուականին էր: Երբ Կրետէի (Crete) թագաւոր Մինոսը (Հոմերոսի «Իլիական»էն) օգտագործած է այծի միզապարկը, որպէսզի պաշտպանէ իր կնոջ սերմնաբջիջը «օձերէն եւ կարիճներէն»: Դարերու ընթացքին մարդիկ օգտագործած են նաեւ հիւսուած կտորներ, ոչխարի աղիքներ եւ ձկան միզապարկեր:
  • Միջնադարուն որոշ մարդիկ կը կրէին յուռութներ (amulet)` պատրաստուած ջորիի ականջի մոմէ, աքիսի ամորձիքներէ (Weasel՛s testicles) եւ սեւ կատուի աջ կողմէն առնուած ոսկորէ:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել