Սուրիոյ Լեզուները

Արաբերէնը Սուրիոյ պաշտօնական լեզուն է, եւ երկրին մէջ ամէնաընդարձակօրէն խօսուող լեզուն։[1][2]

Արաբերէնի զանազան արդի բարբառներ կը գործածուին ամէնօրեայ կեանքին մէջ, մասնաւորապէս Շամի (Լեւանթերէն, արեւելեան) արեւմտեան շրջաններուն մէջ, եւ Միջագետքական բարբառը հիւսիս-արեւելքին մէջ։

Ըստ Արաբերէն Լեզուի եւ Լեզուաբանութեան Հանրագիտարանին, արաբերէնի կողքին, հետեւեալ լեզուներն ալ այբուբենական կարգով շարուած կը խօսուին երկրին մէջ․ Քրտերէն[1], թրքերէն[1], Նոր-Արամերէն (չորս բառբարներ)[1], Չերքէզերէն[1], Չեչէներէն[1], Հայերէն[1], եւ վերջապէս Յունարէն[1]: Այս լեզուներէն ոչ մէկը պաշտոնական դրութիւն ունի[1]։

Պատմականօրէն, Արամերէնը տարածաշրջանին ընդհանուր լեզուն էր (Լինկուա Ֆրանքա) մինչեւ Արաբերէնի գալուստը եւ դեռ կը շարունակէ խօսուիլ Արամեացիներուն (Ասորիներ) կողմէն։ Դասական Սրեաներէնը (Քրիստոնէական Արամերէն) դեռ կը գործածուի որպէս ծիսական լեզու տարբեր Քրիստոնէական յարանուանութիւններու կողմէն։ Ամենաուշագրավն այն է թէ Արեւելեան Նոր-Արամերէնը դեռ կը շարունակէ խօսուիլ Մաալուլա (Արաբերէն՝ معلولا, Արամերէնի Սրեանի Այբուբենով՝ ܡܥܠܘܠܐ, Արեւմտեան Արամերէնի Մաալուլական այբուբենով՝ מעלולא) գիւղին մէջ ինչպէս նաեւ երկու դրացի գիւղերու մէջ:

Սուրիական Նշաններու Լեզուն խուլերու համայնքին հիմնական լեզուն է։

Արաբերէն Խմբագրել

Արդի Գրական Արաբերէնը (Արաբերէն՝ الفصحى, Ալ-Ֆուսհա) ուսման եւ գրելու լեզուն է։ Իրեց տուներուն մէջ, Սուրիացիներուն մեծ մասը Շամի Արաբերէնի զանազան բարբառներ կը խօսին, Դամասկոսի բարբառը լրատուամիջոցներուն մէջ կը մնայ գերիշխող լեզուն։ Տարբեր քաղաքներու (Դամասկոս, Հոմս, Համա եւ Թարթուս) բարբառները աւելի նման են իրար քան հիւսիսի Հալէպ շրջանի բարբառները։ Ծովեզրին գտնուող լեռներուն բնակիչները կը խօսին համանման բարբառներ։

Լիբանանի Արաբերէնը Սուրիոյ բարբառին կողքին կը դասուին որպէս Հիւսիսային Շամի Արաբերէն (ISO 636-3 Լեզուներո օրինագիրք apc)։ Լիբանանի բարբառը նման է յատկապէս Սուրիոյ յարաւային բարբառներուն։

Սուրիոյ բազմամշակութայնութեան եւ արտագին կայսերաանութեան եւ գաղութատիրութեան պատճառով, Սուրիոյ մէջ խօսուող Արաբերէնը օտար լեզուներէ փոխառած է խոշոր թուով բառապաշառ, այս լեզուներն են Քրտերէնը, Հայերէնը, Արամերէնը (Սրեանի), Պարսկերէն, Ֆրանսերէնն ու թրքերէնը։ Այս բառերը հիմնաչափ հնչիւններ չունին, սակայն սովորաբար անոնք կը գրուին Արաբերէն Այբուբենով, աջէն ձախ։

Արաբերէնի այլ բարբառներ կը խօսուին սուրիոյ մէջ՝

  • «Ճապալ Ալ-Տուրուզ» կամ «Ճապալ Ալ-Արաբ»-ի բարբառը, «Տուրզի» փոքրամասնութեան կողմէն։
  • Արեւելեան բարբառի խումբը «Ալ-Հասաքահ», «Ալ-Րաքքահ», եւ «Տէր Զօր», որոնք մաս կը կազմեն Միջագետքեան բարբառներու ընտանիքին հազուադեպօրէն կը կոչուին Հիւսիս Սուրիական բարբառներ։
  • «Շաուի» Արաբերէն, կը խօսուի ոչխարաբոյծ պետեուիներուն կողմէն։[3]
  • «Նաճտ»-ական Արաբերէն, կը խօսուի «Րուալա» ցեղախումբին կողմէն։

Արաբերէնի ոչ բնիկ բարբառներ, նամանավանդ Իրաքի եւ Պաղեստինի բարբառները, յատկապէս Իրաքի եւ Պաղեստինի բարբառները, յաճախ կը գործածուին Սուրիոյ մէջ պատսպարեալ համապատասխան սփիւռքներուն կողմէն, մանաւանդ Դամասկոսի մէջ:

Քրտերէն Խմբագրել

Քրտերէնը (յատկապէս Քուրմանճի) սուրիոյ մէջ երկրորդ ամէնաշատ խօսուող լեզուն է[1]։ Անիկա կը խօսուի մասնաւորապէս հիւսիս արեւելքին եւ հիւսիս արեւմուտքին մէջ քրտական փոքրամասնութեան կողմէն[2]։

Թրքերէն Խմբագրել

Թրքերէնը Սուրիոյ մէջ երորդ ամէնաշատ գործածուող լեզուն է[1]։ Թրքական տարբեր բարբառներ կը խօսուին թուրքմէն/թուրքօման փոքրամասնութեան կողմէն, մասնաւորապէս Եփրատի արեւելեան ափին գտնուող գիւղերուն մէջ[2]։ Բացի Հոմս եւ Ալ-Քալամուն շրջաններուն մէջ գտնուող թրքերէնի կղզիներէն[1]։

Ասկէ զատ, Արաբերէնի Սուրիական բառբարները թրքերէնէն բոխառած են բազմաթիւ բառեր, մասնաւորապէս օսմանեան բռնատիրութեան ժամանակ[1]։

Արամերէն Խմբագրել

Արամերէնի չորս բարբառներ կը խօսուին Սուրիոյ մէջ[1]։ Արեւելեան Նոր-Արամերէնը կը խօսուի Դամասկոսի երէք գիւղերու մէջ որոնք են[1]՝ Պախաա (Արաբերէն՝ بخعة, Արամերէնի Սրեանի Այբուբենով՝ ܒܟܥܐ, Արեւմտեան Արամերէնի Մաալուլական այբուբենով՝ בכעא, նաեւ Ալ-Սախրա الصخرة կը կոչուի) եւ Ճուպաատին գիւղին մէջ (Արաբերէն՝ جبعدين, Արամերէնի Սրեանի Այբուբենով՝ ܓܦܥܘܕ, Արեւմտեան Արամերէնի Մաալուլական այբուբենով՝ גפעוד) եւ Մաալուլան։ Թոր-Ապտին շրջանէն (Տիգրանակերտի մերձակայ շրջաններ) բռնագաղթուած եւ Սուրիոյ Ալ-Հասաքահ շրջանին մէջ հաստատուած բնակչութիւնը[1]։ Խապուր գետի երկայնքով կայ նաեւ լեզուական համեմատաբար մեծ կղզի մը, ձեւաւրուած Ասորիներու (Նեստորական եկեղեցւոյ Արամեացի հետեւորդներ) կողմէն։ Աւելին, Սուրիոյ հիւսիս արեւելքին կայ Քաղտէախօս (Արեւելեան Արամերէն) բնակչութիւն մը[1]։

Չերքէզերէն Խմբագրել

Չերքէզերէնը կը խօսուի Հալէպի կարգ մը գիւղերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հոմսի շրջանին եւ Գոլանի Բարձրունքներուն մէջ[1]։ Չերքէզերէնը մասնաւորապէս կը խօսուի Չերքէզական փոքրամասնութեան կողմէն[2]։

Չեչէներէն Խմբագրել

Չեչէներէնը կը խօսուի Չեչէն փոքրամասնութեան կողմէն Խապուր գէտի ափին գտնուող երկու գիւղերու մէջ[2]։

Հայերէն Խմբագրել

Հայերէնը կը խօսուի Հալէպի Հայերուն կողմէն, եւ այլ խոշոր քաղաքներուն մէջ[2] ինչպիսին է Դամասկոսը, եւ մէկ փոքր աւանի մը մէջ բացարաբար Քէսապի մէջ[1]։ Թէեւ Սուրիան չի ճանչնար ոչ մէկ փոքրամասնութեան լեզու, սակայն հայերը միակ համայնքն են որորնց արտոնուած է իրենց լեզուն դասաւանդել արաբերէնի կողքին[1]։

Յունարէն Խմբագրել

Յունախօսերու փոքր թիւ մըն ալ կայ Սուրիոյ մէջ։ Յունարէնը կը խօսուի Ալ-Համիտիյյա աւանին մէջ Կրետացի (Յունաստանի Կրետ Յունարէն՝ Κρήτη կղզին) Մահմետականներու կողմէն[1]։ Անոնց պահանջը, որ թոյլ տրուի իրենց դպրոցներուն մէջ Կրետական Յունարէն դասավանդել մերժուեցաւ պետութեան կողմէն, պատճառաբանելով որ անոնք Մահմետականներ են[1]։

Օտար լեզուներ Խմբագրել

Անգլերէնն ու Ֆրանսերէնը նաեւ կը խօսուին Սուրիոյ քաղաքացիներուն կողմէն, մեծ մասամբ մարզային կեդրոն քաղաքներուն եւ կրթուածներու շրջանակներուն մէջ[2]։

Աղբիւրներ Խմբագրել

  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 1,12 1,13 1,14 1,15 1,16 1,17 1,18 1,19 1,20 1,21 Behnstedt, Peter (2008), «Syria», in Versteegh, Kees; Eid, Mushira; Elgibali, Alaa և այլք։, Encyclopedia of Arabic Language and Linguistics, 4, Brill Publishers, p. 402, ISBN 978-90-04-14476-7 
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 Etheredge, Laura (2012), Middle East Region in Transition: Syria, Lebanon, and Jordan, Britannica Educational Publishing, p. 9, ISBN 1615303294 
  3. Younes Igor, Herin Bruno (2016-01-01)։ «Šāwi Arabic»։ Encyclopedia of Arabic Language and Linguistics Online Edition