Վահան Մանուէլեան (Տողրամաճեան)
Վահան Մանուէլեան, 1870 կամ 1870[1], Իզմիթ, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 16 Մայիս 1904, դաշնակցական ղեկավար գործիչ, յեղափոխութեան գիրկը նետուած է կանուխէն Պոլսոյ մէջ իբրեւ գործակից Արշակ Վռամեանի եւ Բաբգէն Սիւնիի։
Վահան Մանուէլեան | |
---|---|
Ծնած է | 1870 կամ 1870[1] |
Ծննդավայր | Իզմիթ, Այտըն, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 16 Մայիս 1904 |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, ֆետայի |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԿարապետ Տողրամաճեան (ծածկանունով՝ Վահան Մանուէլեան) ծնած է Մարմարա 1870 (ենթադրաբար) թուականին, Մարմարա Ծովու ափին, Իզմիթ քաղաքի Մեծ Նորգիւղ թաղամասը։ Երբ 1890-ական թուականներուն Հայ Յեղափոխական շարժում կը սկսի, Կարապետ կը սկսի աշխատիլ Վահան Մանուէլեան անունով եւ կ՚անդամանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ կը նետուի պայքարի դաշտ։
Կազմակերպչական сործեր
Խմբագրել1893-1894 թուականներուն Պոլիսի տարբեր Հայկական վարժարաններուն մէջ կը սկսի աշխատիլ եւ կը գործակցի Արշակ Վռամեանի եւ Բաբգէն Սիւնիին հետ եւ ամուր հիմերը կը դնէն Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան։ Համիտեան լայնատարած կոտորածներու ժամանակ, Վռամեանի, Սիւնիի, եւ Վահանի գլխաւորութեամբ, Պոլսոյ ՀՅԴ-ի կոմիտէն ժողովրդական բողոքի մեծ ցոյցեր կը կազմակերպէ։Այդ նոյն տարիներուն, իր ընկերներուն հետ կը նախաձեռնեն Օսմանեան Դրամատան պատմական յանդուգն գործը, Պանք Օթոմանը, ուր փորձեցին Եւրոպական մեծ տէրութիւններէն ուշադրութիւն գրաւել որպէսզի Սուլթան Համիտը իրեն պատասխանատուութեան առջեւ սանձեն։
Պանք Օթոմանի գրաւումէն ետք, Վահան կը հեռանայ Պոլիսէն որովհետեւ Թրքական ոստիկանութեան կողմէ կը սկսի հետապնդուիլ։ 1896-ին կը հաստատուի Պուլկարիա եւ Վառնայի եւ Ֆիլիպէի Հայկական վարժարաններուն հաստատման եւ ուսուցչութեան գործին կ՚անցնի։ Վահան նաեւ կ՚աշխատի պանդուխտի Հայ երիտասարդներուն ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորել եւ Դէպի Երկրի կարգախօսով մղել իրենց այդ ուղղութեամբ։ Ան նաեւ կը դառնայ Պուլկարիոյ «Շարժում» թերթի գործակիցներէն մէկը եւ յօդուածներ կը գրէ Հայկական հարցերու եւ ազգային-ազատագրական շարժման նիւթերու շուրջ ու կը յայտնէ իր քաղաքական ու գաղափարական ծալքերն ու առաջադրանքները։
1899 թուականին Վահան կ՚ընտրուի «Դաշնակցութեան Կամքը» մարմինին եւ Ռոստոմի յանձնարարութեամբ կ՚անցնի Թիֆլիս, ուր Դէպի Երկիր զէնք, զինամթերք, եւ մարտիկ ուղարկելու գլխաւոր կեդրոնն էր։ 1901-ին կ՚անցնի Թաւրիզէն կ՚անցնի Վան ու կ՚աշխատի Նիկոլ Դումանի կողքին։ Ապա՝ կ՚անցնի Սասուն եւ կը կը փորձէ լուծել ներքին վէճեր որ ծագած էր ապստամբական շարժման ռազմավարային ուղին ճշդորոշելու հարցին վրայ Անդրանիկի եւ Հրայր Դժոխքին միջեւ։ Վահան դեր կ՚ունենայ ներքին այդ վէճերու հարթումին եւ փարատումին մէջ։ Ապա կը ստանձնէ Սասնոյ եւ Մուշի յեղափոխական կազմակերպութեան ընդհանուր ղեկաւարութիւնը եւ աւելի քան երկու տարի նախապատրաստական մեծ աշխատանք կը տանի որպէսզի ամբողջ շրջանը կրնայ դիմագրաւել Համիտի ջարդարար ծրագիրները։
1902էն 1904, Վահան կը մասնակցի տարբեր կռիւներու իբրեւ պատասխանատու։ Կը հռչակուի որպէս անվեհեր մարտիկ եւ կ՚ունենայ «Վահան Փաշային» խորագրով գովք երգ մը որ նոյնիսկ կ՚երգէին քիւրտերը։
Մահ
ԽմբագրելՍասուն անցնելով, Հրայրի սերտ գործակցութեամբ կը ստեղծէ յեղափոխական միաձոյլ բանակ մը եւ Սասնոյ հայութեան մղած հերոսական կռիւներէն ալ անմասն չէ մնացած։ Հրայրի մահէն տակաւին ամիս մը չանցած, Մայիս 16, 1904ի Գոմերու հռչակաւոր յաղթական կռուի ժամանակ, 34-ամեայ Վահան, երբ իրեն ընկերներուն հետ Թաքստոց քարայրէն դուրս եկաւ լեռ բարձրանալու որպէսզի Գէորգ Չաւուշի խումբին միանայ, կը գնդակահարուի եւ իր անկենդան մարմին կը գլորուի ձորը։ Դժբախտաբար, ընկերները չէն կրնար տանիլ Վահանի անշունչ մարմինը եւ ան կը մնայ անթաղ հայոց լեռներուն վրայ։
Քանի մը ամիս ետք, կը յայտնաբերուի Վահանի վերջին նամակը, որ յղուած էր «Դրօշակ» պարբերաթերթին, ուր Վահան կը գրէր Հրայր Դժոխքի մահուան մասին, ըսելով, թէ «Իր կարմիր մահը կարմիր մելանով գրեցի» եւ շարունակելով, կ՚ըսէր, թէ «Վաղը թերեւս նոր կռիւ ունենանք։ Եթէ յաղթուենք եւ Սասունը ոչնչանայ, թող ուրիշներ լուծեն մեր վրէժը»։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Պատանիին Գիրքը, Ա. Հատոր։
- ARF Official Website - Article from Troshag Archived 2018-09-01 at the Wayback Machine.