Իշխան (Նիկողայոս, Նիկոլ Պօղոսեան) (1883 կամ 1879, Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 17 Ապրիլ 1915(1915-04-17) կամ 1915, Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Հիրճ, Ոստան, Վան, Թուրքիա): Հայ յեղափոխական գործիչ, քաղաքական ժողովի անդամ:

Վանայ Իշխան
­Նի­կոլ ­Մի­քա­յէ­լեան
Ծննդեան անուն Նիկողայոս Պօղոսեան
Ծնած է 1883 կամ 1879
Ծննդավայր Շուշի, Ելիզավետպոլ Նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Ապրիլ 1915(1915-04-17) կամ 1915
Մահուան վայր Վան, Վանի Նահանգ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Հիրճ, Ոստան, Վան, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Յեղափոխական, հանրային գործիչ, ֆետայի
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կեանքը

Խմբագրել

Ծնած է Արցախի միջնաբերդ Շուշիի մէջ 1883-ին՝ Նիկոլ Միքայէլեան աւազանի անունով։ Յաճախած է Շուշիի թեմական դպրոցը։ Պատանի տարիքէն դրսեւորած էր քաջ, անվեհեր եւ ըմբոստ իր նկարագիրը։ Իր ըմբոստութեան հետեւանքով՝ վտարուած էր Շուշիի Թեմականէն, բայց ուսումնատենչ եւ ընդունակ ըլլալով՝ Իշխան իր ուսումը շարունակած էր Երեւանի Թեմական վարժարանին մէջ[2]։ Աշակերտական տարիներուն, Շուշիի մէջ, ծանօթացած է Արամ Մանուկեանի՝ մասնակցելով Արամի կազմած աշակերտական ինքնազարգացման ու յեղափոխական խումբերուն։ Այդ ճամբով նաեւ կանուխ տարիքէն անդամագրուած է Դաշնակցութեան։ Շուտով նուիրուած է յեղափոխական գործունէութեան. նախ աշխատակցած է Քրիստափոր Միքայէլեանի հիմնած Շուշիի Դաշնակցական կոմիտէին մէջ։ Ապա, 1905-ին անցած՝ Վան, ուր գործած է իբրեւ զինուորական ղեկավար Վանի՝ Թիմար, Հայոց Ձոր, Գաւաշ, Շատախ կեդրոններուն մէջ, ուր զինած է երիտասարդներ եւ կռուած՝ գիւղացիներուն պաշտամունքին առարկան դառնալով։

Անուս գեղջուկ պատանիները դաստիարակելու եռանդէն տարուած, ընկերներու աջակցութեամբ բոլոր այդ շրջաններուն մէջ բանալ կու տայ բազմաթիւ դպրոցներ, ուր կը դասախօսեն Վանի Կեդրոնականէն շրջանաւարտ երիտասարդներ։ Այդ դպրոցներէն յիշատակելի է մանաւանդ Աղթամարի դպրոցը, ուր ընդյատակեայ թերթ կը տպուէր՝ «Արեան Ձայնը»[3]։ Սահմանադրութենէն ետք Իշխան կը գործէ կրկին լեզուով եւ գործով. կ'աշխատի «Աշխատանք» թերթին եւ կը բանախօսէ զանազան հաւաքներու։ Կ'ըլլայ քաղաքական ժողովի անդամ եւ զարկ կու տայ կրթական գործին։

Հազիւ 20 տարեկան, 1903-ին միացած է ռուս-թրքական սահմանը հատող Նեւրուզի զինատար խումբին՝ Սասուն զէնք եւ կռուող ուժ հասցնելու առաքելութեամբ։ Արշաւախումբը իր ճամբուն վրայ ընդհարումներ ունեցած է եւ Իշխան եղած է այն քիչերէն, որ կրցած է փրկուիլ։

1904-ին մուտք գործած է Վասպուրական աշխարհ եւ շատ արագ ընտելացած թէ՛ երկրին, թէ՛ ժողովուրդին։ Մտաւորական ու գաղափարական հիմնաւոր իր պատրաստութեամբ, մարտական ղեկավարի իր ընդունակութեամբ, կազմակերպական իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդային լայն խաւերուն հետ հաղորդակցելու՝ ինքնավստահութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչելու իր բնատուր շնորհքով, ան արժանաւորապէս դարձաւ Վանայ Իշխանը։

  Մէկը այն լուսագեղ աստղերէն, որ այնքան շքեղօրէն կը զարդարեն Վանի փառաւոր յեղափոխութեան երկնակամարը։ Վայրենաբարոյ քիւրտերուն ոճրագործ բնազդները զսպողը ռազմիկ Իշխանի հռչակուած համբաւն էր։ Կար նաեւ մտաւորական Իշխանը, որ սուրի հետ միասին ձեռքին մէջ կը պտտցնէր նաեւ լուսաւորութեան ջահը։ Աղթամարի հարուստ Վանքը մաքրելէ յետոյ մակաբոյծ տարրերէ, հոն հաստատեց նախակրթարան-ուսուցչանոց մը, որ մտաւորական վառարանը եղաւ Վասպուրականի ամբողջ շրջանին։ Անկէ դուրս եկան այն երիտասարդ ուսուցիչները, որ ցրուած գիւղերու մէջ, մէկ կողմէ հայ մանուկին սորվեցուցին գրել եւ կարդալ, միւս կողմէ ալ հայ գիւղացիին մէջ դրին զէնքի եւ կռուի պաշտամունքը։ Կրթութիւնը պարտաւորիչ էր, ամէն գեղ առանց այլ եւ այլի ունենալու էր իր սեփական դպրոցը՝ վայ եկած էր այն գիւղին, որ կը թերանար այս պարտականութեան մէջ։ Իշխանը կար. ամբողջ քրտութիւնը ծունկի բերող անոր հռչակուած սարսափը անխնայ էր նաեւ հայուն համար, երբ ան խօսք չէր հասկնար եւ կը փորձէր խոչընդոտ հանդիսանալ ազատագրական շարժումին։ «Իր գրիչը եղաւ հատու ինչպէս իր սուրը, խօսքը՝ տիրական եւ հեղինակաւոր, ինչպէս իր զինուորական համբաւը:
- Մանուկ Ասլանեան
 

1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով շեփորուած ազատութեան եւ եղբայրութեան խոստումներուն նկատմամբ Իշխանի վերապահութիւնը, Վանի կուսակալն ու թուրք պաշտօնատարները մղած են Իշխանի «չէզոքացման» դաւադիր ծրագիրներ մշակելու։

 

1915-ին Շատախ ենթակայ կ'ըլլայ քիւրտ յարձակումի մը, դէ՛պք մը, որ ծանր համեմատութիւններ կ'առնէ։ Կառավարութիւնը հարկ կը տեսնէ քննութիւն մը կատարել. Դաշնակցութեան տեղական մարմինն ալ քննիչ կը նշանակէ, Իշխանէն կը խնդրուի, որ իր հեղինակութիւնն ու վարկը գործածելով՝ երթայ ու տեղւոյն վրայ հաշտեցնէ կողմերը։ Իշխան երեք զինակիցներով, 3 Ապրիլին, կը հասնի Հիրճ գիւղը եւ կ'իջեւանի վաղեմի իր քիւրտ ծանօթին՝ Քեարիմ Օղլի Ռաշիտի տունը։ Դաւադրութիւնը մանրամասնօրէն սադրուած էր. Իշխանն ու իր երեք զինակիցները, տանտիրոջ եւ ոստիկանապետին հետ հազիւ հացի նստած՝ ներս կը խուժեն կուսակալ Ճեւտէթ Պէյի ուղարկած 12 ձիաւոր չէթէները, անմիջապէս կրակ կը բանան եւ տեղն ու տեղը կը սպաննեն հաշտութեան համար եկած Իշխանն ու ընկերները։

  Իշխան իր երեք ընկերներով հասած է Հիրճ գիւղը, Ուրբաթ օր, ուշ գիշերին եւ նախընտրած է իջեւանիլ իր վաղեմի բարեկամ Քետրիմ օղլի Ռաշիտի տունը: Մինչ Իշխանն ու ընկերները, զէնքերը վար դրած, վայլած են Ռաշիտի ու ոստիկանապետի կեղծաւոր հիւրասիրութիւնը. քաղաքէն, Ճէվտէթի յատուկ կարգադրութեամբ, ճամբայ ելած եւ Իշխանն ու ընկերները դաւադրօրէն սպաննելու տմարդի պաշտօնն ստանձնող 12 զինուած չէթաները՝ վրայ կը հասնին եւ սենեակը մտնելով յանկարծական կրակի կը բռնեն եւ տեղն ու տեղը կ'անշնչացնեն Իշխանն ու իր երեք ընկերները: Իշխան հազիւ ժամանակ կ'ունենայ ձեռքը ատրճանակին տանելու... Չորս ընկերներն ալ կը նահատակուին միեւնոյն վայրկեանին...
- Յովսէփ Խլղաթեան
 


Իշխանի նահատակութեան մանրամասնութիւնները եւ Վռամեանի ձերբակալումի լուրը կը ցնցեն Վասպուրականի հայութիւնը: Վանի երիտասարդ գործիչներէն Հմայեակ Մանուկեան, որ մասնակցած էր հերոսամարտին, կը գրէ հետեւեալը.

  Այնքան անակնկալօրէն ու այնքան վայրկենական կատարուած Իշխանի եղեռնական մահը ստեղծեց պահանջուած մոմենտը: Ամէնքը, յեղափոխականն ու պահպանողը, ծերն ու երեխան, բոլորը, բոլորը մէկ վայրկեանի մէջ, հոգեբանական զսպանակի մը ուժով զգացին, որ զէն ի ձեռին պաշտպանուելէ զատ՝ չկայ ուրիշ միջոց: Իշխանի մահը եղաւ շաղկապող, զօդող օղակը հասարակական բոլոր ուժերու, հանրային բոլոր կարողութիւններու, անիկա accumulator մը եղաւ եւ մեր դիմադրական ուժի բոլոր ակերը բացաւ մէկ կէտի վրայ։ Իշխանի մահը եղաւ երկաթեայ այն հարուածը՝ որ դարբնեց բոլոր կարողութիւնները եւ անոնցմէ ստեղծեց կամք մը հզօր ու ապառաժեայ՝ Ցեղի գոյութիւնը պահելու եւ յաղթանակելու անյողդողդ որոշումով մը:  

Անմիջապէս կը ձեռնարկուի ինքնապաշտպանութեան: Ճեւտէթ պէյի բերած կանոնաւոր բանակը, թնդանօթները, քիւրտ աշիրէթները անզօր կը դառնան խորտակելու վասպուրականցիներու դիմադրական կորովը: Ապարդիւն չէր անցած Իշխանի եւ իր ընկերներուն տարիներով տարած աշխատանքը, իսկ վերջին պահուն Իշխանի արիւնը՝ խորհրդանշանը կը դառնայ կռիւի եւ յաղթանակի:

Վանի վերապրող երիտասարդութիւնը, Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ, հետագային ցոյց կու տայ իր կրած խոր ազդեցութիւնը մտաւորական ու հայդուկ Իշխանէն:

Յեղափոխական գործիչը

Խմբագրել

Վանայ Իշխան Հայկական Յեղափոխութեան անընկճելիութիւնը խորհրդանշող՝ անպարտելի՛ մարտիկ էր նաեւ թրքական իշխանութեանց աչքին։ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն առաջ թէ ետք, 1904-էն սկսեալ եւ ամբողջ 11 տարի, Արցախի ծնունդ այս դիւցազնը գործած է Վանի մէջ, յատկապէս Վասպուրական աշխարհի գաւառին ու գիւղերուն վրայ կեդրոնացնելով իր յեղափոխական ծաւալուն գործունէութիւնը՝ եկող-գացող թուրք կուսակալներու, ոստիկանապետներու եւ անոնց հետ գործակցող քիւրտ հրոսակներու «աչքի փուշ»ը դառնալով[4]

  Զարմանալի ղեկավարելու, թելադրելու, կազմակերպելու շնորհ ունէր։ Նրանից պատկառում էին ե՛ւ Վանի մեր ընկերներն ու զինուորները։ Իսկ ժողովուրդը ո՛չ միայն պատկառում էր, այլեւ՝ սիրում։ Արդէն սկսել էին երգել նրա քաջագործութիւնները՝ «Իշխան եկաւ, ձեռքն մաուզեր…»։ Կա՛րճ. իմ Վան մտած ժամանակ Իշխանը, կարելի է ասել, ամենահեղինակաւոր զինուորական յեղափոխականն էր
- Արամ Մանուկեան
 
 
Ձախէն աջ` Յարութիւն, Արամ Մանուկեան, Իշխան եւ Սողօ. Van 1915

Վանայ Իշխանին ուղղակի անձնական ձեռակերտը հանդիսացած է Վասպուրականի Հ.Յ.Դ. Լեռնապարի կազմակերպութիւնը, որ իր ղեկավարութեամբ ոչ միայն կրցած է դիմադրել Օսմանեան Սահմանադրութենէն առաջ թէ ետք շրջանի հայութեան սպառնացող վտանգներուն, այլեւ առանցքը դարձած է 1915-ի Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան։

Հետեւողական եւ անդուլ անձնուէր աշխատանքի գնով շրջած է բոլոր գիւղերուն մէջ, ինքնազարգացման խումբեր կազմած, զինավարժութիւն սորվեցուցած, «Աշխատանք» թերթը հրատարակած եւ խմբագրած է, բայց մանաւանդ յղացած, ծրագրած ու իրագործած է դէպի Տարօնի աշխարհ «Ծծման եղանակով» զէնք ու կռուող ուժ հասցնելու աշխատանքը։

  Եւ հայ գիւղէն ու գիւղացիէն Իշխան չբաժնուեցաւ ամբողջ տասնըմէկ տարիներ։ Եւ Իշխանի եղերական մահը նորէն նոյն գիւղի եւ գիւղացիի համար եղաւ։ Հպարտ ու ասպետ, յանդուգն ու վճռական, ճարպիկ ու վարպետ, մարդկային գրեթէ բոլոր լաւագոյն ընդունակութիւններով օժտուած էր Իշխան։ Զարմանալի կերպով թելադրել, ղեկավարել, կազմակերպել գիտէր։ Ինք հաւատաւոր էր եւ գիտէր ներշնչումի ու հաւատքի մէջ պահել իր շրջապատը, իր զէնքի ու գաղափարի ընկերները, իր աշակերտները, ամբողջ գիւղացիութիւնը։ Գիտէր պատկառանք ու անվերապահ յարգանք ազդել իր ոչ միայն գործին, այլ եւ անձին շուրջ։ Գիտէր ամէնէն կարեւորը՝ կարգապահութեան մէջ պահել կուսակցական շարքերը։ Կարգապահութիւն մը, որ ոչ թէ կոյր է, այլ գիտակցական
- Օննիկ Մխիթարեան
 

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 274. — ISBN 978-2-905686-93-0
  2. «Վանայ Իշխան (Նիկոլ Պօղոսեան, Միքայէլեան. 1883-1915). Անվեհեր Դաշնակցական Ազատամարտիկը, անպարտելի Հայ Յեղափոխականը»։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (en-US)։ 2018-04-04։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-31-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-31 
  3. «ԴԷՄՔԵՐ ԵՒ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-25 
  4. Վանայ իշխանը

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել