Վիպերգական Կամ Պատմողական Սեռ

Վիպերգական կամ պատմողական սեռ, վիպերգական կամ պատմողական սեռի գործերու մէջ կը ներկայացուին կեանքի իրականութիւնները՝ իրենց մէջ պարունակելով նաեւ հեղինակային երեւակայութիւն, որ կը ներկայանայ դարձեալ որպէս իրականութիւն։ Սովորաբար դէպքերը պատմողը հեղինակն է, բայց կրնայ նաեւ հերոսներէն մէկուն բերնով պատմուիլ (Րաֆֆի- «Կայծեր»)։

Պատմողական սեռերն են՝ վէպը, վիպակը, պատմուածքը, նորավէպը, ակնարկը, յուշագրութիւնը եւ օրագրութիւնը[1]։

Վէպը կ’ընդգրկէ մեծ ժամանակաշրջանի մէջ կատարուող բազմաթիւ դէպքեր, կ’ունենայ բազմաթիւ հերոսներ եւ կու տայ անոնց անձնական կեանքի մանրամասնութիւններ։ Վէպին մէջ կը ներկայացուին հասարակական կեանքի լայն պատկեր, հերոսներու նկարագիրներու հոգեբանական զարգացում, միջավայր, բնութիւն, ժողովրդական սովորութիւններ, բարքեր եւ այլն։

Վէպը կ’ունենայ գաղափարական հիմնական ըսելիք, որուն կը հիւսուին սիրային եւ այլ պատմութիւններ, դէպքեր, պատմական-ազգագրական, քնարական շեղումներ, փիլիսոփայական միտքեր եւ այլն։

Վէպը ունի բազմաթիւ տեսակներ, ինչպէս՝ պատմական, քաղաքական, սիրային, հոգեբանական, մանկավարժական, փիլիսոփայական, արկածային եւ այլն։

Վիպակը պատմողական սեռի ոչ շատ ընդարձակ գրութիւն է։ Ան միջին տեղ կը գրաւէ վէպի ու պատմուածքի միջեւ։ Գործող անձերու քանակով, ժամանակաշրջանի ու կեանքի պատկերումի ընդգրկումով ան մեծ է պատմուածքէն, բայց փոքր է վէպէն։ Վիպակը եւս կրնայ ունենալ դիպաշարային քանի մը գիծեր, կրնայ ունենալ քնարական, ողբերգական շունչ, կրնայ արծարծել կարեւոր գաղափարներ, ստեղծել ամբողջական նկարագիրներ եւ խորանալ անոնց հոգեբանուեթան մէջ։ Ընդհանրապէս վէպի եւ վիպակի խիստ սահմանազատում դժուար է ընել։ Հայ գրականութեան մէջ նշանաւոր են Նար-Դոսի «Սպանուած աղաւնին», Լեւոն Շանթի «Կինը», «Դարձ» եւ այլ վիպակները։

Պատմուածք

Խմբագրել

Պատմուածքը փոքր ծաւալի արձակ պատմողական գրութիւն է, որ իր արմատներով կապուած է բանահիւսութեան։ Հետագային ան զարգացեր ու փոփոխութիւններու ենթարկուեր է։ Հոն հերոսին կեանքէն քանի մը դրուագ միայն կը ներկայացուի։ Վէպի համեմատութեամբ պատմուածքը կեանքի աւելի նեղ շրջանակ կ’ընդգրկէ եւ քիչ հերոսներ կ’ունենայ, բայց լաւ պատմուածին մէջ եւս կ’արտացոլուին կեանքի հիմնական կողմերը, կը կատարուին ընդհանրացումներ, կը կերտուին լիարժէք տիպարներ։ Պատմուածքին մէջ կը ներկայացուի միջավայր՝ իւրայատուկ գիծերով, կը նկարագրուին բնութեան տեսարաններ։ Հոն նաեւ կ’արծածուի որեւէ գաղափարական հարց։ Լաւագոյն պատմուածքի օրինակներ են Թումանեանի «Գիքորը», Զօհրապի «Ճիտին պարտքը» եւ այլ գործեր։

Նորավէպ

Խմբագրել

Նորավէպը (իտnovella- նորութիւն) ծագում առած է Իտալիա, վաղ Վերածնունդի շրջանին եւ իր լաւագոյն արտայայտութիւնը գտած է Պոկաչչոյի «Տեքամերոն» գիրքին մէջ (ԺԴ. դար)։ Ան սեղմ ծաւալի արձակ ստեղծագործութիւն է, որ ունի դէպքերու արագ ընթացք եւ սակաւաթիւ տիպարներ։ Նորավէպը կը պատկերէ մարդու կեանքի մէկ աւարտուն դրուագ։ Նորավէպին յատուկ են անսովոր դէպքը, սուր բախումը, գործողութեան արագ ու անշեղ ընթացքը եւ անսպասելի վախճանը։ Լաւ նորավէպը իր անշեղ ընթացքին համար կը նմանցնեն աղեղէն թռած նետի։ Բնութեան տեսարաններու, մարդկային հոգեվիճակներու, միջավայրի մանրամասն նկարագրութիւններ հոն կամ չկան, կամ քիչ տեղ կը զբաղեցնեն։ Ժամանակակից գրականութեան մէջ դժուար է նորավէպը զատորոշել պատմուածքէն։

Համաշխարհային մեծ նորավիպագիրներ են՝ Կի Տը Մոբասանը, Անթոն Չեխովը եւ ուրիշներ։ Հայ գրականութեան վարպետ նորավիպագիրն է Գր. Զօհրապը։

Ակնարկ

Խմբագրել

Ակնարկը վաւերագրական գրականութեան սեռերէն է։ Հոն հեղինակը կը պատմէ ո՛չ թէ երեւակայական, այլ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող, վաւերական անձերու եւ անոնց հետ կատարուած դէպքերու մասին։ Ակնարկին մէջ կը յիշուին հերոսին անունը, գործողութեան ճիշդ վայրը, ժամանակը, կենսագրական փաստեր, նկարագրային գիծեր եւ այլն։ Այս յատկանիշերով ան կը տարբերի զուտ գեղարուեստական գործերէ։ Սակայն ակնարկի հեղինակը եւս կ’ունենայ երեւակայութիւն՝ երեւոյթներէն իւրայատուկը ընտրելու եւ հերոսներու վարմունքը հոգեբանօրէն պատճառաբանելու համար։ Ան կրնայ ստեղծել լիարժէք տիպարներ՝ համոզիչ նկարագիրներով։ Ակնարկագիրը եւս կրնայ դիմել գեղարուեստական միջոցներու՝ բնութեան նկարագրութիւն, երկխօսութիւն, հեղինակային միջամտութիւն, որոնք կը զուգակցէ գիտական կամ փաստացի տուեալներու (թիւեր, փաստաթուղթեր եւ այլն)։ Հայ գրականութեան մէջ նշանաւոր ակնարկագիրներ են Րաֆֆին («Աղթամարայ վանքը», «Ճանապարհորդութիւն Պարսկաստանում»), Պարոնեանը («Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ») եւ ուրիշ շատեր։

Յուշագրութիւն

Խմբագրել

Յուշագրութիւնը ( ֆրանսերէն՝ memoires-յիշողութիւններ) ոեւէ անձի յիշողութիւններու վերաշարադրանքն է անցեալի այն անձերու, իրադարձութիւններու, հանդիպումներու մասին, որոնց հետ ինք անձնապէս առնչութիւններ ունեցած է։ Հոն փաստերու ստոյգ պատումը կը զուգորդուի հեղինակի անձնական տպաւորութիւններուն։ Կարեւոր է, որ հեղինակը կարող ըլլայ ճաշակով ընտրութիւն կատարել, ընտրել յատկանշականը, առարկայական ու նոյն ատեն գեղարուեստական շունչով ներկայացնել յուշերը։ Նման գործեր մեծ հաճոյքով կ’ընթերցուին, ինչպէս՝ Գուրգէն Մահարիի «Մանկութիւն», «Պատանեկութիւն» եւ «Երիտասարդութիւն»ը, Աւետիս Ահարոնեանի «Իմ գիրքը», «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն»ը, Երուանդ Օտեանի «Մանկութեան յիշատակներ», «Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս»ը, «Անիծեալ տարիներ»ը, ուր 1915-ի իր աքսորական տարիներու տառապանքները կը նկարագրէ, Շիրվանզադէի «Կեանքի բովից»ը, ուր կը ներկայացնէ իր ճանչցած հայ գրողները եւ այլն։

Օրագրութիւն

Խմբագրել

Օրագրութիւնը աւելի անձնական բնոյթ ունի, ուր հեղինակը պարբերաբար կը գրառէ իր եւ շրջապատի մարդոց, դէպքերու, երեւոյթներու մասին՝ սեփական տպաւորութիւններու տեսանկիւնէն։ Օրագրութիւն մը հետագային կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել գրական երկի մը։ Երբեմն ալ հեղինակը օրագրութեան ձեւին կը դիմէ իբրեւ գեղարուեստական հնարանք եւ իր ստեղծագործութիւնը լման կամ մասամբ կը գրէ իբրեւ իր օրագրութիւնը։ Նման գործ է Լեւոն Շանթի «Երազ օրեր» վիպակը։ Օրագրութեան ձեւով գրուած գործին մէջ շարադրանքը առաւել անկեղծ ու հաւաստի տպաւորութիւն կը ձգէ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի