Աղեքսանդր Ասլանեան
Աղեքսանդր Ասլանեան, (Աղեքսանդր Պետրոսի Ասլանօֆ, 10 Հոկտեմբեր 1874[1], Պաքու, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 11 Յուլիս 1960[1], Տիթրոյթ, Միշիկըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ երաժշտագէտ։
Աղեքսանդր Ասլանեան |
---|
Ծնած է Պաքու 1874-ին ուր աւարտելոով երկրորդական վարյարանը՝ կը մտնէ Մոսկուայի ֆիլարմոնիքի քօնսէրվաթուառը եւ անոր ընթացքը կ'աւարտէ միաժամանակ ներկայիս նշանաւոր Սերժ Կուսեւեցկիի, նշանաւոր երգիչ Սարինօվի, Մոսկուայի գեղարուեստական թատրոնի պրիմիէր Կնեպեր Ձեխովայի եւ Մոսկվինի հետ: 1899 թուականէն սկսած՝ Ռուսիոյ նշանաւոր քաղաքներուն մէջ վարած է մեծ սէմֆոնիք օրքէսդրաներ: 1909-ին Փեթրոկրատի քօնսերվաթուառի տնօրէն Ա. Գլազունով՝ միակ յարմարագոյն մարդը կը գտնէ յանձին Ասլանովին՝ գլխաւոր նուագապետի պաշտօնը վարելու այն ժամանակներուն նշանաւոր եւ ամբողջ Ռուսիոյ մէջ յայտնի Պավլովսկի ամառնային մեծ սէմֆօնիք օրքէսդրային: Այդ օրքէսդրան անընդհատ կը վարէ մինչեւ 1917 միեւնոյն ժամանակ 1911-ին կը հրաւիրուի Փեթրոկրատի կայսերական Օփերայի նուագապետ՝ երբ հոն կ'երգէր նաեւ ռուս նշանաւոր երգիչ Ֆ. Շալեապին, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1917: Ասլանեան կը համարուի Ռուսիոյ լաւագոյն սիմֆօնիք եւ օբերայի նուագապետներէն: Անոր նուագահանդէսներու մասին մեծ գովեստով են խօսած Ռուսիոյ նշանաւոր քննադատները: 1922-էն ետք Փարիզ եւ Մօնթէքարլօ՝ Ասլանեան վարած է մէկ քանի սիմֆօնիք նուագահանդէսներ եւ օբերաներ, որոնց մասին Ֆրանսական թերթերը մեծ գովեստով են խօսած եւ յետոյ Ամերիկա է անցած:
Ասլանօֆ Նիւ Եորքի մէջ «Արսլանօֆ» Աթուտիոյն կը բանայ որուն վարիչ տնօրէնութիւնը ինքը կը վարէ, ուր իր արուեստը կատարեալագործած է երգչուհի Մարի Արագեան:
Հայազգի երաժշտագէտը հեղինակած է նաեւ օրքեսթրայի համար գրուած հայերէն երգերու եւ նուագներու շարգ մը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, էջ 225։
- Յ. Մեհրապեան, «նաւասարդ», Ա. Տարի, էջ 114։