Արտեմիս (գրական հանդէս)

հանդես

Արտեմիս գրական հանդէսը առաջին հայ կանանց գրական հանդէսներէն մէկն էր: Հրատարակուած եւ խմբագրուած է Աղեքսանդրիոյ մէջ, Եգիպտոս, Մարի Պէյլերեանի կողմէ, 1902 թուականի Յունուարէն մինչեւ Դեկտեմբեր 1903: Պէյլէրեանի կեանքի երազն էր հիմնել հանդէս մը ուր հայ կանայք կրնային իրենք զիրենք ազատօրէն արտայայտել: Ժամանակաշրջանի մը մէջ երբ կիները մուտք կը գործէին տարբեր ոլորտներու մէջ, Արտեմիսը հարթակ մը հանդիսացաւ ուր կիներ կրնային հրատարակել իրենց կարծիքները արդի հայ կանանց կեանքերու մասին: Յօդուածները կը ղրկուէին սփիւռքի տարբեր քաղաքներէ, ինչպէս Կարս, Նոր Ջուղա (Իսֆահան), Թիֆլիս, Մոսկուա, Փարիզ, եւ Նիւ Եորք: Հանդէսը գովաբանուած էր սփիւռքահայութեան կողմէ:[2]

Արտեմիս
Արտէմիս
Տեսակ հանդէս[1]
Լեզու հայերէն
Խմբագիր Մարի Պէյլերեան[1]
Հիմնադրուած է Յունուար 1902
Հիմնադիր Մարի Պէյլերեան[1]
Գրասենեակ Գահիրէ, Եգիպտոս[1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել