Եոհաննէս Լեփսիուս

(Վերայղուած է Եոհան Լեփսիուս-էն)

Եոհաննէս Լեփսիուս (15 Դեկտեմբեր 1858(1858-12-15)[1], Պերլին, Պրուսիոյ թագաւորութիւն[2] - 3 Փետրուար 1926(1926-02-03)[1], Պերլին, Պրուսիայի ազատ պետություն[2]), գերմանացի հասարակական գործիչ, հոգեւորական, արեւելագէտ, մարդասէր, որ կը փորձէր կանխել Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ։

Եոհաննէս Լեփսիուս
Ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1858(1858-12-15)[1]
Ծննդավայր Պերլին, Պրուսիոյ թագաւորութիւն[2]
Մահացած է 3 Փետրուար 1926(1926-02-03)[1] (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Պերլին, Պրուսիայի ազատ պետություն[2]
Քաղաքացիութիւն  Գերմանիա
Կրօնք Լուտերականութիւն
Ուսումնավայր Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան Համալսարան, Միւնիխ[3]
Ֆրետերիք Կիւլէոմի Երկրորդական Վարժարան, Պերլին
Մասնագիտութիւն բարեգործ, աստուածաբան
Ծնողներ հայր՝ Գարլ Ռիչըրտ Լեփսիուս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Եոհաննէս Լեփսիուս  ծնած է 1858-ին, գերմանական Փոթստամ (Potsdam) քաղաքին մէջ՝ բողոքական հոգեւորականի մը ընտանիքին մէջ։

Նշանաւոր եգիպտագէտ Քառլ Ռիչըրտ Լեփսիուսի եւ անոր կնոջ՝ Էլիզապէթին կրտսեր որդին էր։ Մայրը նշանաւոր գրող եւ գրավաճառ Ֆրետերիք Նիկոլայի ծոռն էր։ Վերջինս ԺԸ. դարակիսուն Պերլինեան լուսաւորութեան առանցքային դերակատարներէն մէկ էր։

Երկրորդական դպրոցը աւարտելէ ետք, Լեփսիուս կը մեկնի Էրլանկեն՝ աստուածաբանութիւն ուսանելու։ Առաջին կիսամեակը աւարտելէ ետք՝ ան կը լքէ համալսարանն ու քաղաքը, կը տեղափոխուի Միւնիխ, ուր կ'ուսանի թուաբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն, 1880-ին կը ստանայ դոկտորի կոչում։

Նոյն տարին ան կը մեկնի Երուսաղէմ, ուր աշխատանքի կը լծուի իբրեւ գերմանական բողոքական դպրոցի ուսուցիչ եւ գերմանական համայնքի քարոզիչի օգնական[4]։ Երուսաղէմի մէջ կը հանդիպի բողոքական եպիսկոպոսի թոռան՝ Մարկարէթ Ցելլերին, զորս բոլորը կը ճանչնային իբրեւ Մակի, որ հետագային կը դառնայ Եոհաննէսին առաջին կինը։ 1886-ին անոնք Երուսաղէմէն կը մեկնին Ֆրանքֆորթ, ուր բնակութիւն կը հաստատեն քանի մը ամիսով եւ աղքատութիւնը յաղթահարելու նպատակով Եոհաննէս կը հիմնէ գորգագործարան մը, ուր կը սկսի գործել քառասուն կին։

1894-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ապտուլ Համիտ Բ. սուլթանին իշխանութեան օրով հայերուն դէմ իրագործուող ոճիրներու մասին կը տեղեկանայ: 1896-ին ընկերներուն հետ կը հիմնէ Հայաստանի օգնութեան գերմանական բարեգործական հիմնադրամը եւ իրավիճակին ծանօթանալու նպատակով կ'որոշէ ուղեւորուիլ հայաբնակ վայրեր։ 1896-ի գարնան, իբրեւ գորգավաճառ ծպտուելով, ան կը շրջի Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:

Կը յաջողի յայտնաբերել բազմաթիւ վայրեր, ուր դեռ կը կրէին 1894-ին սանձազերծուած սպանդի հետքերը եւ կը հաստատէ այդ օրերուն ականատեսներու կողմէ տրուած համակողմանի վկայութիւնները։ Այս բոլորէն խորապէս ցնցուած՝ ան անմիջապէս կը վերադառնայ Գերմանիա եւ կը փորձէ հանրային դասախօսութիւններու միջոցով հասարակութիւնը իրազեկ դարձնել հայերու հետ տեղի ունեցող սանձազերծուած իրադարձութիւններու մասին։

Պերլինի մէջ լոյս տեսնող Der Reichsbote թերթը 12 Օգոստոս 1896-ին կը տպագրէ «Ճշմարտութիւնը Հայաստանի մասին» յօդուածաշարքին առաջին մասը։ Շուտով շարքը կը հրատարակուի նաեւ իբրեւ գիրք՝ «Հայաստան եւ Եւրոպա. մեղադրական եզրակացութիւն ընդդէմ քրիստոնեայ գերտերութիւններու եւ կոչ քրիստոնեայ Գերմանիոյ» վերնագիրով, որ առաջին իսկ տարին եօթ անգամ կը վերահրատարակուի։ Գիրքը կը թարգմանուի քանի մը լեզուով։

Լեփսիուս կը նախաձեռնէ շրջիկ դասախօսութիւններու շարք մը, որոնց կը մասնակցի նաեւ կինը՝ Մարկարեթը, որ արդէն վեց երեխայ ունէր եւ կ'օժանդակէր ամուսինին բոլոր մարդասիրական ձեռնարկներուն։ Այս բոլորը Մարկարեթը ֆիզիքապէս կը հիւծէ, որուն իբրեւ հետեւանք 1898-ին ան կը մահանայ՝ խոր կսկիծ պատճառելով Լեփսիուսին։

1899-ին ան կը վերադառնայ Արեւմտեան Հայաստան եւ Օսմանեան կայսրութեան ծայրամասերուն մէջ, հայերուն եւ այլ քրիստոնեայ փախստականներուն համար կը կառուցէ դպրոցներ, արհեստանոցներ ու հիւանդանոցներ: Կը հիմնէ Գերմանա-հայկական ընկերութիւնը՝ դառնալով անոր նախագահը։

1900-ին Եոհաննէս Լեփսիուս կ'ամուսնանայ Ալիս Պրիւնինկի հետ, որուն հետ եւս կ'ունենայ վեց երեխայ։

Հանդիպում Էնվեր Փաշային Հետ

Խմբագրել

Ապրիլ 1915-ին, երբ Եւրոպայի մէջ լուր կը տարածուի, որ երիտթուրքերու կառավարութիւնը կը հրահանգէ հալածանքներ սկսիլ հայութեան նկատմամբ եւ ձեռնամուխ կ'ըլլայ բնակութեան պատմական վայրերէն անոնց զանգուածային տեղահանութեան, Լեփսիուս կրկին կը մեկնի Թուրքիա, այս անգամ՝ Պուխարեսթէն ու Սոֆիայէն։ Ճամբան հայ հոգեւորականութիւնը անոր կը տրամադրէ Թուրքիոյ մէջ կոտորածներէն վերապրողներուն մասին մանրամասն վկայութիւններ։

10 Օգոստոս 1915-ին երիտթուրք պարագլուխներէն մէկը՝ ռազմական գործերու նախարար Էնվեր փաշան, անձամբ կ'ընդունի Լեփսիուսը։ Թէեւ վերջինս կը ներկայանայ իբրեւ Արեւելեան առաքելութեան եւ իր եկեղեցւոյ դեսպան, ան չի յաջողիր փաշային միտքը փոխել։

Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կը հրատարակէ իր "Bericht über die Lage des armenischen Volkes in der Türkei" («Տեղեկագիր հայ ժողովուրդի կացութեան մասին Թուրքիոյ մէջ») աշխատութիւնը, ուր ան մանրամասն կը փաստէ եւ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Երկրորդ հրատարակութիւնը կը կոչուի "Der Todesgang des armenischen Volkes" («Հայ ժողովուրդին Ջարդերը»), ուր ներառուած էր հարցազրոյց մը Էնվեր Փաշային հետ։ Լեփսիուս ստիպուած էր զայն գաղտնի հրատարակել, որովհետեւ Թուրքիա Գերմանիոյ դաշնակիցն էր։ Լեփսիուս կը յաջողի զեկոյցէն 20.000 օրինակ տարածել։ «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին մէջ Ֆրանց Վերֆել Լեփսիուսը նկարագրած է իբրեւ հայերու պահապան հրեշտակը։

Եոհաննէս Լեփսիուսի  մտաւոր ժառանգութիւնը կը գտնուի «Եոհաննէս Լեփսիուս արխիւին մէջ», զոր հիմնած է պատմաբան Հերման Կոլթց (Hermann Goltz)։

Եոհաննէս Լեփսիւս Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Խմբագրել
 
Եոհաննէս Լեփսիուս հայկական դրոշմանիշին վրայ[5]

Գերմանացի հասարակական գործիչ, հոգեւորական (աստուածաբանութեան դոկտոր), արեւելագէտ Եոհաննէս Լեփսիուս, դատապարտելով թրքական իշխանութիւններու հայաջինջ գործողութիւնները, իր երկրին կառավարութենէն պահանջած է ազդու միջոցներով դադրեցնել հայերուն կոտորածները։ Անոր երկերը եւ դիւանը (պատմական փաստաթուղթերու ժողովածու) կ'ապացուցեն, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերուն մէջ Ա. համաշխարհային պատերազմին (1914-1918) ատեն տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Եոհաննէս Լեփսիուս երկար տարիներ զբաղած է Հայկական հարցով։ 1896-ի գարնան՝ համիտեան կոտորածներու ատեն, Գերմանիոյ հասարակական գործիչ, հայազգի Ճէյմս Կրինֆիլտի հետ շրջած է Փոքր Ասիա՝ ականատեսներու վկայութիւններ հաւաքելու եւ կարելի եղած չափով հայերուն օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։ Նոյն թուականի Օգոստոսէն Լեփսիուս գերմանական մամուլին մէջ հրապարակած է «Ճշմարտութիւնը Հայաստանի մասին» յօդուածաշարքը (18 յօդուած), որ դարձած է «Հայաստանը եւ Եւրոպան...» (1896) գործին հիմքը։

Վերջինս երկու տարուան ընթացքին հրատարակուած է եօթ անգամ եւ թարգմանուած անգլերէնի ու ֆրանսերէնի։ Լեփսիուս մասնակցած է հայերուն սպանդին դէմ բողոքի ցոյցերու կազմակերպման, իր ելոյթներուն մէջ ընդգծած է, որ այդ յանցագործութիւնը կատարած է թրքական կառավարութիւնը՝ սուլթանին գլխաւորութեամբ։ Սակայն անոր հայապաշտպան գործունէութիւնը հանդիպած է Թուրքիոյ հետ մերձեցման ձգտող Գերմանիոյ պաշտօնական շրջանակներու հակազդեցութեան։

ԺԹ. դարու վերջը Լեփսիուս միջոցներ  հաւաքած է Փոքր Ասիոյ հայ բնակչութեան եւ տարբեր երկիրներու մէջ ապաստանած հայ փախստականներու համար որբանոցներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ արդիւնաբեր հաստատութիւններ կառուցելու համար։ Արեւմտահայերուն օգնելու նպատակով Յունիս 1914-ին անոր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Գերմանա-հայկական ընկերութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նախագահն էր մինչեւ մահը։ Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին եւրոպական երկիրներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բարենորոգումներ կատարելու համար, համագործակցած է Կ.Պոլսոյ հայերուն, Պօղոս Նուպար փաշային (Պօղոս փաշա Նուպարեան) հետ։

Յուլիս 1915-ին՝ հայերուն շարունակուող տեղահանութեան եւ կոտորածներու օրերուն, Լեփսիուս հանդիպած է երիտ-թրքական եռապետութեան պարագլուխներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր յանցագործներէն Էնվերին հետ, պահանջած դադրեցնել ոճրագործութիւնը, սակայն ապարդիւն։ Սեպտեմբեր 1915-ին զուիցերիական թերթի մը մէջ հրապարակած է «Ամբողջ ժողովուրդի մը ոչնչացումը» յօդուածը՝ սկզբնաւորելով հայապաշտպան մեծ արշաւը։ 1916-ին հրատարակած է «Տեղեկագիր հայ ժողովուրդի կացութեան մասին Թուրքիոյ մէջ» երկը, զոր բաժնած է Գերմանիոյ քաղաքական եւ եկեղեցական գործիչներուն։ 1919-ին այդ գիրքը վերահրատարակած է լրացումներով՝ «Հայ Ժողովուրդի Մահը» վերնագիրով (հայերէն՝ «Հայաստանի Ջարդերը», 1919)։

«Տեղեկագիրը» հրատարակելէ ետք, Լեփսիուս տարագրուած է չէզոք երկիր մը՝ Հոլանտա, ուր շարունակած է հայանպաստ գործունէութիւնը, կապեր հաստատած հայկական շրջանակներու, գրագրութիւն՝ անգլիացի պետական գործիչ Ճէյմս Պրայսի հետ։ Մշակած է ի պաշտպանութիւն հայերու ստեղծուելիք Միջազգային լիկայի մանրամասն ծրագիրը։

Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք Լեփսիուս հրապարակած է բազմաթիւ կարեւոր փաստաթուղթեր Հայաստանի վերաբերեալ («Գերմանիան եւ Հայաստանը 1914-1918 թուականներուն», 1919)։ Այդ ժողովածուն Աւետիք Իսահակեանի միջոցով ուղարկած է Վերսաեան հաշտութեան խորհրդաժողովին մասնակցող հայկական պատուիրակութեան։ Ժողովածուին նիւթերը՝ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ դեսպաններուն, հիւպատոսներու եւ պաշտօնական այլ անձերու գաղտնի զեկուցագիրերը, ականատեսներու վկայութիւնները, կը հաստատեն, որ երիտ-թուրքերու կազմակերպած հայերու տեղահանութիւնն ու կոտորածները նպատակ ունէին ոչնչացնել հայ ժողովուրդը, եւ այդ յանցագործութեան մէջ մեղքի իր բաժինն ունէր նաեւ Գերմանիան։

Հայոց արտերն ու ստացուածքները օսմանեան կառավարութիւնը կը գրաւէ անոնց մեկնումէն անմիջապէս ետք: Թուրք պաշտօնատարներ հայոց բոլոր ունեցածները հրապարակային աճուրդներու միջոցաւ չնչին գիներով կը վաճառեն իսլամներուն: Այս մասին Եոհաննէս Լեփսիուս կը գրէ.

  Եղածը պետութեան մէկուկէս միլիոն քաղաքացիներու իրաւազրկումն է իրենց ստացուածքներէն, քաղաքացիներ, որոնք ամէնէն աւելի սատարած էին երկրին տնտեսական զարգացումին՝ աշխատանքին մէջ իրենց ունեցած յամառ կորովով:  

Ըստ Լեփսիւսի՝ սխալ էր Եւրոպայի մէջ տարածուած այն կարծիքը, թէ Օսմանեան Պետութեան մէջ ազգային ու կրօնական տարբեր ինքնութիւններու տէր մարդիկ չեն կրնար գոյակցիլ: Նոյնն էր պարագան Պոսնիա-Հերձեկովինայի բնակչութեան, ուր իսլամներն ու քրիստոնեաները իրարու հետ հաշտ կ'ապրէին (Լեփսիւսի կարծիքը չի համապատասխաներ իրականութեան): Արաբներն ու ասորիները, հայերն ու քիւրտերը, թուրքերը, յոյները եւ այլ ժողովուրդներ համատեղ կ'ապրէին խաղաղութեան մէջ: Օսմանեան կառավարութիւնն էր որ այս հաւաքականութիւնները իրարու դէմ գրգռելով պառակտում յառաջացուցած էր անոնց մէջ:

Շարունակած է նիւթական օգնութիւն ցուցաբերել հայ որբերուն ու փախստականներուն, Խորհրդային Հայաստան  ուղարկած Գերմանա-հայկական ընկերութեան հայթայթած դեղորայքը։ Ըստ գերմանացի Եոհաննէս Լեփսիւսի վկայութեան, Եղեռնի նախօրէին Կարնոյ նահանգը ունէր 200 հազար հայ բնակիչ, որոնցմէ փրկուեցաւ 40 հազարը: Այս վերապրողները զանազան գաղութներու մէջ քով-քովի գալով կը հիմնեն իրենց հայրենակցական միութիւնները[6]: Լեփսիւսի համոզումով, Օսմանեան Պետութիւնը ամէն ինչ նախապէս մտածած ու ծրագրած էր: Բոլոր ապօրինութիւնները գրեթէ նոյն ժամանակին մէջ տեղի ունեցած են եւ՝ կանոնաւորաբար: Սակայն պարագան այդպէս չէր հայկական դիմադրութեան սակաւաթիւ պարագաներուն, ինչպէս Վանի, Շապին Գարահիսարի, Զէյթունի եւ այլ վայրերու մէջ: Հայ ժողովուրդի յանկարծակի եւ արդար պոռթկումին դրսեւորումներն էին անոնք: Իրարմէ աշխարհագրականօրէն հեռու դիրքերու վրայ կը գտնուէին եւ տեղի ունեցած են տարբեր ժամանակներու մէջ: Կանխամտածուած հայկական դիմադրական շարժում տեղի չէ ունեցած երբեք: Այս մասին Լեփսիուս կը գրէ.

  Թրքական կառավարութիւնն ալ երբեք չէ հաստատած թէ հայ ժողովուրդը, իբր այդ, յեղափոխական ըմբոստութեամբ մը ինքզինք մեղապարտ կացուցած ըլլայ: Ամբողջ ամիսներ մենք թրքական մամուլին մէջ կը կարդայինք, թէ հայերը հաւատարիմ մնացած էին իրենց օսմանեան հայրենիքին:  

Օսմանեան բանակին մէջ կռուող հայ քաղաքացիները լաւ վարմունք ցուցաբերած են: Կ. Պոլսոյ զինուորական վարժարանին մէջ թուրքերէ աւելի հայեր պահեստի սպայ արձանագրուած են: Անոնք կը փափաքէին գործող բանակին միանալ, քան թղթատարական գրասենեակներու պաշտօնեայ դառնալ: Լեփսիուս կը գրէ.

  Երբ պատերազմական նախարար Էնվեր փաշա Կովկասի ճակատէն Փետրուար ամսուան մէջ Կ. Պոլիս վերադարձաւ, հայոց պատրիարքին իր մասնաւոր գոհունակութիւնը յայտնեց վարմունքին եւ քաջութեան մասին հայ զօրագունդերու, որոնք իրենց պարտականութիւններուն մէջ կատարեալ եղած էին կռիւներու ընթացքին:  

Սողոմոն Թեհլիրեանին Դատավարութիւնը

Խմբագրել

1921-ին Պերլինի մէջ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան հանդէս  եկած է իբրեւ վկայ եւ մերկացուցած երիտ-թուրք ոճրագործ Թալէաթ փաշան։ Այդ ելոյթը մեծապէս ազդած է դատավարութեան վրայ: Ահա հատուած մը իր ելոյթէն.

  Համընդհանուր տեղահանութեան որոշումը կայացուցած է երիտթրքական կոմիտէն, այդ հրամանը տուած է ներքին գործերու նախարար՝ Թաեաթ փաշան, ռազմական նախարար Էնվերի հետ: Անատոլիոյ ամբողջ հայութիւնը, ի

վերուստ ստացած հրամանին համաձայն, աքսորուեցաւ Միջագետքի անապատի հիւսիւսային եւ հարաւային շրջաններ՝ Տէր Զօր, Ռաքքա, Մեսիենէ, Ռաս ուլ Այն, ընդհուպ մինչեւ Մուսուլ: Տեղահանուեցաւ մօտաւորապէս 1,400,000 հայ: Թալեաթի ստորագրած հրամանին մէջ կային այսպիսի բառեր. «Տեղահանութիւնը բնաջնջում է »…:

 

Սողոմոն Թէհլիրեանը կ’արդարացուի: Սողոմոն Թէհլիրեան այսպէս նկարագրած էր մեծ հայասէրը.

  Վաթսունը անց, բաց, գեղեցիկ ճակատ, կարճատես, կապոյտ աչքեր, մանկունի բերան, ալեխառն մօրուք, պիրկ ու խիստ այտեր՝ այդպիսին էր դոկտոր Լեփսիւսը:  

Եոհաննէս Լեփսիւսի տառապագին կեանքը կը քայքայէ իր առողջութիւնը: Կը մեկնի Իտալիոյ Մերանօ քաղաքը՝ բուժուելու համար, հոն ալ կը մահանայ Փետրուար 1926-ին:

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Troeger, Brigitte, Brennende Augen, Brunnen-Verlag, (2008), ISBN 3-7655-1904-9
  • Edition of the Documents and Periodicals of the Johannes Lepsius Archive It is made up of three parts – 1) Catalogue, 2) Microfiche edition, 3) Thematical lexicon
  • Part 1։ Katalog. Dokumente und Zeitschriften aus dem Dr. Johannes-Lepsius-Archiv – Zusammengestellt und bearbeitet von Hermann Goltz und Axel Meissner. – XXVIII, 622 Seiten – K. G. Saur Verlag München – ISBN 3-598-34407-4
  • Part 2։ Mikrofiche-Edition of the Documents and Periodicals of the Johannes Lepsius Archive. Bearb. von Hermann Goltz und Axel Meissner. Unter Mitarbeit von Ute Blaar and others. – 317 Silberfiches inkl. Begleitheft. Lesefaktor 24 X. – K. G. Saur Verlag München – ISBN 3-598-34408-2
  • Part 3։ Thematisches Lexikon zu Personen, Institutionen, Orten, Ereignissen – Zusammengestellt und verfasst von Hermann Goltz und Axel Meissner. XIII, 605 Seiten. – K. G. Saur Verlag München – ISBN 3-598-34409-0

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել