Երեւանի Պատմութեան Թանգարան
Երեւանի պատմութեան թանգարան, մշակութային-պատմական թանգարան Երեւանի մէջ։
Երեւանի Պատմութեան Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | թանգարան |
Երկիր | Հայաստան[1] |
Տեղագրութիւն | Երեւան |
Հասցէ | ք. Երևան, Արգիշտիի 1/1 |
Հիմնադրուած է | 1931 |
Տնօրէն | Արմինե Սարգսյան? |
40°10′N 44°30′E / 40.17°N 44.5°E | |
Կայքէջ | yhm.am(հայ.)(անգլերէն)(ռուս.) |
Պատմութեանը
ԽմբագրելԹանգարանը հիմնադրուած է 1931-ին Սկիզբը՝ ըլլալով Երեւանի քաղխորհրդի կոմունալ բաժնին առընթեր՝ Կոմունալ թանգարան, իսկ 1936-ին վերանուանուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան։ Թանգարանը հիմնադրման պահուն զբաղեցուցած է Երեւանի հրշէջ վարչութեան շէնքի 2-րդ յարկի սենեակներէն մէկը։ 1936-ին թանգարանը տեղափոխուած է Կապոյտ մզկիթի շէնք, ուր գործած է մօտ 60 տարի[2]։ 1994-1997-ականներուն թանգարանը գտնուած է նախկին Հռիփսիմեան իգական գիմնազիայի շէնքին մէջ, իսկ 1997-2005.՝ Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի մասնաշէնքին մէջ։
2005-ին թանգարանը հաստատուած է Երեւանի քաղաքապետարանի նորակառոյց շէնքին մէջ, որ Երեւանի քաղաքապետարանի հետ կը կազմէ միասնական ճարտարապետական համալիր: Այսպիսով՝ տեւական դեգերումներէ ետք հիմնաւոր ու հաստատապէս, արժանիօրէն ու վաստակածի իրաւունքով թանգարանը հաստատուեցաւ իր անունին, հարուստ հաւաքածոյին, կուտակած արժէքներուն, մայր քաղաքի վաղնջական պատմութեան արժանի, ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանի ստեղծարար մտքին ու շնորհներուն վայել նորակառոյց շէնքին մէջ։ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ այսօր կը պահպանուի աւելի քան 87 հազար առարկայ, որոնք կը ներկայացնեն մայրաքաղաքի՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը ընդգրկող նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը։ Թանգարանին մէջ կը պահուին հնագիտական, ազգագրական, դրամագիտական, կերպարուեստի, գրաւոր աղբիւրներու, լուսանկարներու եւ այլ հաւաքածոներ, որոնք կը պատմեն մայրաքաղաքի եւ անոր մարդոց անցեալին ու ներկային մասին։ Թանգարանին մէջ կը գործէ գիտացուցադրական երեք բաժին, որոնք ստեղծման պահէն ի վեր հաւաքած, ուսումնասիրած եւ ցուցադրած են Երեւանի պատմութիւնը լուսաբանող առարկաները։ Թանգարանին կից կը գործէ գիտական խորհուրդ, որու անդամները եղած են ժամանակի խոշորագոյն մտաւորականներն ու արուեստագէտները՝ ճարտարապետներ Ալ. Թամանեան, Թ. Թորոմանեան, Ն. Բունիաթեան, Մ. Մազմանեան, նկարիչներ Մ. Սարեան, Գ. Գիւրջեան, Տարագրոս, քանդակագործ Ա. Սարգսեան, գիտնականներ Ստ. Լիսիցեան, Ե. Շահազիզ, Ս. Բարխուդարեան, Բ. Առաքելեան, Թ. Յակոբեան եւ այլօք։
Երեւանի տարածքին մէջ մարդը ապրած է դեռեւս հնագոյն ժամանակներէն։ Հրազդան գետի քաղցրահամ ջուրը, մեղմ ու տաք կլիման բարենպաստ պայմաններ ստեղծած են կեանքի զարգացման համար, որու վառ ապացոյցն են Երեւանեան քարայրէն յայտնաբերուած աւելի քան 100 հազար տարուան պատմութիւն ունեցող վանակատէ գործիքները։ Ն.Ք. 4-3-րդ հազարամեակներով կը թուագրուի Առաջաւոր Ասիոյ հնագոյն ու յայտնի պարսպապատ բնակավայրերէն մէկը՝ Շէնգաւիթ բնակատեղին։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին պեղուած զարդանախշերով եւ արձանիկներով պաշտամունքային օջախներ, երկգոյն սեւ եւ կարմիր փայլեցուած խեցեղէն անօթներ, աղորիքներ, հացահատիկային բոյսերու մնացորդներ։ Երեւանը Հայաստանի 12-րդ մայրաքաղաքն է։ Այն հիմանադրած է Արգիշտի առաջին արքան Ն.Ք. 782-ին եւ կոչած էրեբունի, որու հնչիւնափոխութենէն ալ առաջացած է Երեւան անունը։ Թանգարանին մէջ պահուող -ինորմնանկարները, սեպագիր արձանագրութիւնները եւ բազմաթիւ այլ առարկաներ խօսուն վկան են քաղաքի հարուստ հնագոյն անցեալին։ Հնագիտական հաւաքածոյին մէջ կ՚առանձնանան Կարմիր բլուրէն յայտնաբերուած գարեջուրի խեցեղէն անօթները, որոնք կը վկայեն, որ դեռեւս Ն.Ք. 7-րդ դարուն հայերը գարեջուր ըմպած են, որ աւելի ուշ կը հաստատէ յոյն պատմիչ Քսենոփոնը։ Ն.Ք. 1-ին հազարամեակով կը թուագրուի Կարմիր բերդի բնակավայրը, ուրկէ պեղուած է հարուստ հնագիտական հաւաքածոյ՝ պրոնզէ գօտիներ, խեցեղէն անօթներ, քարէ կուռքեր, նետասլաքներ, դանակներ, զարդեր եւ այլն։ Քաղաքի հելլենիստական մշակոյթը կը ներկայացնեն Աւան-Առինջէն պեղուած առարկաները։
Միջնադարեան Երեւանի մէջ կը գործէին Պօղոս-Պետրոս /5-րդ դ./, Կաթողիկէ Սբ. Աստուածածին /13-րդ դ./, Սբ. Յովհաննէս/17-րդ դ/, Սբ. Սարգիս /17-րդ դ./ եւ այլ եկեղեցիներ։ Թանգարանին մէջ կը պահպանուին խոնարհուած եկեղեցիներու երկաթեայ դռները, որմնանկարներ, ծիսական անօթներ, վարագոյրներ, զանգ /1862/, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ13-րդ դարու մանրակերտը եւ այլ մասունքներ։ Քաղաքի կառավարման, առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած են Մելիք-Աղամալեան, Գեղամեան, Աֆրիկեան, Տէր-Աւետիքեան, Եսապեան եւ այլ ընտանիքներ, որոնց մասին պատմող առարկաները տեղ գտած են թանգարանին մէջ։ 1834-ին ռուս կայսր Նիկոլա առաջինը ոսկիէ ժամացոյցը /կը պահպանուի թանգարանին մէջ/ նուիրած է Մելիք-Աղամալեաններու տոհմին՝ ռուս-պարսկական պատերազմի ժամանակ ռուսական զօրքերուն մատուցած մեծ ծառայութիւններուն համար։ Թանգարանային առարկաներուն մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն տառաձուլական եւ տպագրական մեքենաները, որոնք նոյնքան հետաքրքրաշարժ պատմութիւն ունին. Մխիթարեանները 19-րդ դարուն Վիեննայի մէջ հիմնած են տպարան եւ առանձին գրաձուլարան, ուր ձուլած են հայերէն, լատիներէն եւ այլ լեզուներու նոր տառատեսակներ։ Այստեղ կարելի էր շարել եւ տպագրել 50 լեզուով գրականութիւն։ Մկրտիչ Ա. Խրիմեանը՝ Խրիմեան Հայրիկը, տառաձուլական մեքենան ձեռք բերած է Մխիթարեաններէն, օգտագործած է Վարագայ վանքի տպարանին մէջ։ Աւելի ուշ այն տեղափոխուած է էջմիածին, իսկ խորհրդային տարիներուն օգտագործուած է Երեւանի թիւ 1 տպարանին մէջ։ 1960-ին մեքենան հանգրուանած է Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ։ Նոյնպիսի ճանապարհ անցած է տպագրական մեքենան, որմով 1913-ին տպագրուած է «Խօսք» թերթը՝ Արշաւիր Մելիքեանի խմբագրութեամբ։
1938-ին Երեւանի պատմութեան թանգարանի բակին մէջ հայ անուանի նկարիչներ Մ. Սարեանի, Փ. Թերլեմէզեանի, Ս. Առաքելեանի, Գ. Գիւրջեանի ջանքերով կազմակերպուած է Երեւանին նուիրուած ցուցահանդէս, որու աւարտէն ետք ցուցադրուած աշխատանքները նուիրուած են թանգարանին՝ հարստացնելով անոր կերպարուեստի ֆոնդը։ Այս կտաւները, բացի գեղարուեստական բարձր արժէք ներկայացնելէն, ունին վաւերագրական մեծ նշանակութիւն։ Թանգարանի դրօշմանիշերու հաւաքածոն, որ ամփոփուած է քանի մը ալպոմներու մէջ, թողարկուած է Առաջին Հանրապետութեան տարիներուն։ Դրոշմանիշերը ունին գեղարուեստական բարձր ճաշակ եւ կ՚արտացոլեն մեր ժողովուրդի բազմադարեան մշակոյթը ու հոգեւոր կեանքը /նկարիչ՝ Արշակ Ֆեթուաճեան/։ Անոնք տպագրուած են Փարիզի մէջ։ Հայկ Գաւուքճեանի՝ բազմագիտակ ֆիլատելիստի եւ նուիրեալի դրօշմանիշերու հաւաքածոն 1936-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ֆիլատելիայի ցուցահանդէսին արժանացած է պրոնզէ մետալի։ Յետագային անոնք նուիրած են Երեւանի քաղխորհրդի գործկոմին, որ յանձնած է Երեւանի պատմութեան թանգարանին։ Թանգարանը ժամանցի վայր է բոլոր տարիքի, զբաղմունքի եւ նախասիրութիւններու տէր մարդոց համար։ Թանգարանի՝ այցելուներու հետ տարուող աշխատանքային փորձը մեր օրերուն նոր կիրառում ստացած է։ Կը շարունակուի պահպանել եւ ամրապնդել թանգարան-դպրոց կապը՝ ստանալով նոր շունչ եւ նոր երանգ։ Թանգարանը մշտական կապի մէջ է թէ՛ հնաբնակ, թէ՛ մատաղ սերունդի երեւանցիներուն հետ։ Տարեցտարի կը մեծնայ թանգարանի աշխատակիցներուն հեղինակած հրատարակութիւններու ցանկը։ Բա՛ց այս դուռը, մտի՛ր ներս, քոը գոյութիւնը խառնէ՛ քաղաքիդ անցեալ, ներկայ ու գալիք պատմութեան ոսկիէ փոշիին, ապրի՛ր, ապրեցո՛ւր քու մէջ հպարտութիւնը, որ պարզապէս հայ ես, երեւանցի ես...[3]