Զատիկ Խանզատեան

Զատիկ Խանզատեան (3 Ապրիլ 1886, Մանիսա - 25 Յունուար 1980, Փարիզ), ֆրանսահայ քարտէսագէտ:

Զատիկ Խանզատեան
Ծննդեան անուն Զատիկ Խանզատեան
Ծնած է 3 (15) Ապրիլ 1886[1]
Ծննդավայր Մանիսա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Յունուար 1980(1980-01-23)[1] (93 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[2][3]
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան[3]
Կոչում թղթակից անդամ
Մասնագիտութիւն քարտեզագիր
Աշխատավայր Ֆրանսիայի ռազմածովային ուժեր?[3]
Ազգերի լիգա?
Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[3]
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա[3]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք կ'անցնի Զմիւռնիա, ուր իր ուսումը կը շարունակէ տեղւոյն Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ։ 1903-ին կը մեկնի Ֆրանսա, ուր, նախ կ'ընդունի Պրեսթի ծովային վարժարանը, եւ ապա կ'անցնի Փարիզ[4], ուր իր մասնագիտութեան գծով կը հետեւի նաւագնացութեան բարձրագոյն եւ Ֆրանսայի ռազմածովային ուժերու գլխաւոր անձնակազմի կրթական հաստատութիւններու դասընթացքներուն, ու կը վկայուի իբրեւ ճարտարագէտ ջրագիտութեան, միաժամանակ ստանալով հրամանատարի կոչում: 1911-ին, թրքական կառավարութեան կողմէ կը հրաւիրուի Կ. Պոլիս, եւ պաշտօնի կը կոչուի Թուրքիոյ ռազմածովային ուժերու վարչութեան մէջ։ Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկիզբին, պուլկար բարձրաստիճան սպաներու օգնութեամբ կ'ապաստանի Պուլկարիա: Զինադադարին կ'անցնի Սալոնիկ, ապա՝ Փարիզ, ուր 1919-ին կը մասնակցի հաշտութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Փարիզի մէջ, իր նախկին ուսուցիչներուն աջակցութեամբ ան լայն ասպարէզ կը գտնէ Ֆրանսայի ծովային նախարարութեան մէջ, աշխատելով որպէս քարտէսագէտ: Ազգերու լիկային մէջ կը վարէ աշխարհագրագէտ-քարտէսագէտի պաշտօնը: 1920-1930 թուականներուն, իր պատրաստութեամբ կը հրատարակուին թուրքիոյ տնտեսական աշխարհագրութեան, Ալճերիոյ պատմական աշխարհագրութեան, Պաղեստինի տնտեսական աշխարհագրութեան եւ այլ ատլասներ: Համաշխարհային Բ. Պատերազմին տարիներու կը մասնակցի Ֆրանսայի դիմադրական շարժումներուն:

Հակառակ ասպարէզին պահանջած բազմազբաղ ժամանակացոյցին, Զատիկ Խանզատեան մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Ֆրանսահայ ազգային եւ հասարակական կեանքին: Իր հիմնադրութենէն (1928) մինչեւ 1952, ան կը վարէ նաեւ Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան Վարժարանի քաղաքային տեսուչի պաշտօնը:

Զատիկ Խանզատեան գլխաւոր նպաստը հայագիտութեան կը հանդիսանայ Պատմական Հայաստանի քարտէսագրութեան մէջ ունեցած իր վաստակը:1920-ին կը հրատարակէ 25 քարտէսներէ բաղկացած ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՏԼԱՍը, իսկ 1960-ին՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՔԱՐՏԷՍԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԼԱՍԸ:

1967-ին ան կ'ընտրուի հայկական ՍՍ Հանրապետութեան գիտութիւններու Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ:

Զատիկ Խանզատեան կը մահանայ 25 Յունուար 1980-ին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ 1980 ,էջ (345-346)։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել