Լու Անտրեաս-Սալոմէ
Լու Անտրեաս-Սալոմէ (գերմաներէն՝ Lou Andreas-Salomé բուն անունով՝ Լուիզ Վոն Սալոմէ կամ Լուիզա Կուսթաւովնա Սալոմէ (ռուս.՝ Луиза Густавовна фон Саломе), 12 Փետրուար 1861[1][2][3][…], Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] - 5 Փետրուար 1937[1][2][3][…], Գյոթինգեն, Նացիական Գերմանիա[1])։ Լուն եղած է ռուս հոգեվերլուծող եւ հեղինակ[5]։ Անոր տարբեր մտաւորական հետաքրքրութիւնները ընկերութիւններ ստեղծած են շարք մը յատուկ արեւմտեան մտաւորականներու հետ, օրինակ՝ Ֆրետերիք Նիցչէ, Սիկմոնտ Ֆրոյտ, Փոլ Ռի եւ Ռէյնըր Մարիա Ռիլք։
Լու Անտրեաս-Սալոմէ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 12 Փետրուար 1861[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսական Կայսրութիւն[1] |
Մահացած է | 5 Փետրուար 1937[1][2][3][…] (75 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Գյոթինգեն, Նացիական Գերմանիա[1] |
Քաղաքացիութիւն | Գերմանական ռայխ |
Ուսումնավայր | Սուրբ Պետրոսի դպրոց? |
Ազդուած է | Ֆրետերիք Նիցչէ[4], Զիգմունդ Ֆրոյդ?[4] եւ Բենեդիկտ Սպինոզա?[4] |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, հոգեվերլուծաբան, ակնարկագիր, ինքնակենսագիր, փիլիսոփայ |
Ամուսին | Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս |
Ստորագրութիւն |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՎաղ կեանքը
ԽմբագրելԼու Սալոմէն ծնած է Սեն Փեթերսպուրկ, Ռուսիոյ մէջ, 12 Փետրուար, 1861 թուականին։ Անոր հայրը զօրավար մըն էր։ Լուն ունէր 5 եղբայրներ։ Տարիներ ետք ան կը հալածուի նացիներու կողմէ, որովհետեւ կը կարծէին թէ Լուն Ֆինլանտացի հրեայ մըն էր, սակայն ան իրականութեան մէջ ունէր Ֆրանսական եւ Գերմանական ճիւղեր[6]։
17 տարեկանին ուսում փնտռելով, Լուն կը սկսի հետեւիլ հոլանտացի քարոզիչին՝ Հենտրիք Կիլլոթին, որպէսզի իրեն սորվեցնէ աստուածաբանութիւն, փիլիսոփայութիւն, աշխարհի կրօնքներ եւ ֆրանսերէն ու գերմաներէն գրականութիւն։ Կիլլոթը սակայն կը սիրահարուի Սալոմէին եւ կը ծրագրէ ամուսնալուծուիլ իր կնոջմէ եւ ամուսնանալ Լուի հետ։
Ետքը, Լուն եւ իր մայրը կը մեկնին Զիւրիխ, որպէսզի Սալոմէն ստանայ աւելի բարձր ուսում։ Այս ժամանակ արդէն Լուն հիւանդ էր եւ արիւն կը հազար։
Ռի, Նիցչէ եւ յաջորդ կեանքը
ԽմբագրելԵրբ Լուն 21 տարեկան էր, մօր հետ կը ճամբորդէ Ռոմ, ուր կը ծանօթանայ Փոլ Ռիին, որ հեղինակ մըն էր եւ անոնք 2 ամիս ետք կը դառնան աշխատակիցներ։ 13 Մայիս, 1882 թուականին Ֆրետերիք Նիցչէն կը միանայ անոնց խումբին։ Տարիներ ետք, 1894 թուականին, Լու Սալոմէն կը գրէ գիրք մը՝ Նիցչէի կեանքին եւ անձնաւորութեան մասին[7]։
3 աշխատակիցները, Սալոմէին մօր հետ կը ճամբորդեն դէպի Իտալիա եւ ետքը կ'անցնին Գերմանիա, ուր հարցեր կը ստեղծուին աշխատակիցներուն միջեւ եւ Նիցչէն կը բաժնուի խումբէն, որովհետեւ Սալոմէն կը հաւատար թէ Ֆրետերիքը սիրահարուած էր իրեն։
1884 թուականին Սալոմէն կ'ընկերանայ Հելեն Վոն Տրուսքոուիթսին հետ։ Հելենը երկրորդ կինն էր Զիւրիխի մէջ, որ ստացած էր բարձրագոյն տիտղոս՝ փիլիոսոփայութեան ճիւղին մէջ։ Եւ այդ տարիներուն նաեւ տարաձայնութիւններ կը ստեղծուին, թէ Լու Սալոմէն սիրային յարաբերութիւն մը ունէր Սիկմոնտ Ֆրոյտին հետ[8]։
Ամուսնութիւն եւ յարաբերութիւններ
ԽմբագրելՍալոմէն եւ Ռին կ'անցնին Պերլին եւ կը բնակին միասին: Քանի մը տարի ետք Սալոմէն կ'ամուսնանայ[9] լեզուաբան գիտնականի՝ Քարլ Անտրեասի հետ։ Հակառակ Լուին ամուսնութեան գաղափարին ընդդիմութեան եւ իր յարաբերութիւններուն՝ տարբեր մարդոց հետ, Սալոմէն եւ Անտրեասը կը մնան միասին 1887 թուականէն մինչեւ Քարլին մահը 1930 թուական։
Այս ամուսնութեան պատճառով տագնապ կը ստեղծուի Սալոմէին եւ Ռիին միջեւ ու ան կ'անհետանայ Լուին կեանքէն։ Իր ամուսնութեան կեանքի ընթացքին, ան յարաբերութիւններ կ'ունենայ գերմանացի թղթակից եւ քաղաքագէտ՝ Ճորճ Լետպուրի եւ գերմանացի բանաստեղծ՝ Ռէյնըր Մարիա Ռիլքի հետ, որոնց մասին ան գրած է վերլուծական յիշատակագիրեր[10]։ Ան յարաբերութիւն ունեցած է հոգեվերլուծող Սիկմոնտ Ֆրոյտին եւ Վիքթոր Թաուսքին հետ։ Այս բոլորը գրուած են իր «Lebensrückblick» վէպին մէջ։ Սակայն Լուն կ'ըսէ թէ իր յարաբերութիւնը Ֆրոյտին հետ մտաւորական էր, հակառակ եղած տարաձայնութիւններուն՝ անոնց սիրային յարաբերութեան մասին։ Նամակի մը մէջ Լուին մասին, Ֆրոյտ գրած է թէ ան կը քաջալերէ Սալոմէին խորունկ հասկացողութիւնը մարդոց հանդէպ եւ նոյնիսկ ըսած է՝ թէ Լուն մարդոց ներաշխարհը աւելի լաւ կը հասկնայ ու կը ճանչնայ, քան այդ նոյն անձերը[11]։ Երկուքը միշտ նամակներ կը փոխանակէին իրար հետ։
Լուին յարաբերութիւնը Ռիլքին հետ մտերիմ էր։ Անոնք ծանօթացած էին երբ Ռիլքը 21 տարեկան էր եւ մնացած են սիրահարներ եւ աշխատակիցներ մինչեւ Ռիլքին մահը։ Սալոմէն էր որ անոր սկսաւ կոչել «Ռէյնըր» փոխանակ «Ռենէ» անունին եւ այդպէս ալ կը ճանչցուի մինչեւ մահը։ Լուն անոր սորվեցուցած է ռուսերէն որպէսզի կարդայ Լէօ Թոլսթոյին գիրքերը (որուն ետքը անձնապէս կը ծանօթանայ)։ Սալոմէն նաեւ անոր ներկայացուցած է կարեւոր դէմքերու՝ արուեստի մէջ, ըլլալով անոր խորհրդրակիցը եւ մտերմուհին իր երիտասարդ կեանքի ընթացքին[9]։
Մահը
Խմբագրել74 տարեկանին Լու Անտրեաս-Սալոմէն դադրեցաւ իր աշխատանքէն որպէս հոգեվերլուծող։ Ան սկսաւ ունենալ սրտի հարցեր եւ բազմաթիւ անգամներ կը մնար հիւանդանոցներու մէջ։ Անոր ամուսինը, որ արդէն հիւանդ էր, կ'այցելէր Լուին ամէն օր։ 40 տարուայ ամուսնութենէ ետք, թէ՛ Լուն եւ թէ Քարլը հիւանդանալով, աւելի մտերիմ կը դառնան։ Սիկմոնտ Ֆրոյտը այս մէկը նկատելով, կը գրէ՝ «Այս կը փաստէ կայունութիւնը իրենց իսկական յարաբերութեան»։
Ֆրիտիրխ Քարլ Անտրեասը կը մահանայ քաղցկեղէ 1930 թուականին, իսկ Լուն 1935 թուականին կ'ենթարկուի ծանր քաղցկեղի գործողութիւններու։
5 Փետրուար, 1937 թուականի գիշերը, Լու Անտրեաս-Սալոմէն կը մահանայ, արեան թունաւորումի պատճառով, իր քունին մէջ, Կոթինկըն, Գերմանիա։ Անոր մարմինը կը զետեղուի իր ամուսինին մարմնի կողքին, Կոթինկընի գերեզմանատան մէջ։ Լու Սալոմէին յիշատակի տախտակը կը պարունակէ անոր տան հասցէն եւ անոր հոգեվերլուծութեան հաստատութեան անունը։ Լուին մահէն քանի մը օր առաջ, գերմանական քաղաքական գաղտնի ոստիկանութիւնը (կեշտափո) գրաւած էր Սալոմէին գրադարանը, որովհետեւ ըլլալով Ֆրոյտին աշխատակիցը, ան ունէր հրեական գիտական գիրքեր եւ հրեայ հեղինակներու վէպեր։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Roux P. d. Nouveau Dictionnaire des œuvres de tous les temps et tous les pays — 2 — Éditions Robert Laffont, 1994. — Vol. 1. — P. 95. — ISBN 978-2-221-06888-5
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Discogs — 2000.
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Բրոքհաուզի հանրագիտարան
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Collinson D. Biographical Dictionary of Twentieth-Century Philosophers — 1996. — ISBN 978-0-415-06043-1
- ↑ «Lou Andreas-Salome biography»։ Encyclopædia Britannica
- ↑ Powell Anthony (1994)։ Under Review: Further Writings on Writers, 1946–1990։ University of Chicago Press։ էջ 440։ ISBN 0-226-67712-5
- ↑ Salomé, 2001
- ↑ Borossa Julia, Rooney Caroline։ «Suffering, Transience and Immortal Longings Salome Between Neitzsche and Freud»։ The Gale Group։ Sage Publications։ արտագրուած է՝ 1 December 2016
- ↑ 9,0 9,1 Mark M. Anderson, "The Poet and the Muse", The Nation, 3 July 2006, pp. 40–41.
- ↑ Andreas-Salomé, 2003
- ↑ Borossa Julia, Rooney Caroline։ «Suffering, Transience and Immortal Longings Salome Between Nietsche and Freud»։ The Gale Group։ Sage Publications։ արտագրուած է՝ 1 December 2016