Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս

Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս (Բագրատեան, 14 Ապրիլ 1846(1846-04-14)[1], Բատավիա, Հոլանտայի թագաւորութիւն - 3 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-03) կամ 4 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-04)[2], Գյոթինգեն, Ստորին Սաքսոնիա, Գերմանիա[2]), արեւելագէտ, իրանագէտ, բանասիրութեան եւ արևելեան լեզուագիտութեան հայազգի[3] գիտնական, հին հայկական արքայական Բագրատունի տոհմի ներկայացուցիչ։

Ֆրիտրիխ Քարլ Անդրէաս
գերմաներէն՝ Friedrich Carl Andreas
Ծնած է 14 Ապրիլ 1846(1846-04-14)[1]
Ծննդավայր Բատավիա, Հոլանտայի թագաւորութիւն
Մահացած է 3 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-03) (84 տարեկանին) կամ 4 Հոկտեմբեր 1930(1930-10-04)[2] (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Գյոթինգեն, Ստորին Սաքսոնիա, Գերմանիա[2]
Քաղաքացիութիւն  Գերմանիա
Ուսումնավայր Էրլանգեն-Նյուրնբերգի համալսարան?
Մասնագիտութիւն արեւելագէտ, լեզուաբան, համալսարանի դասախօս, համաժամանակյա (սինխրոն) թարգմանիչ
Աշխատավայր Գյոթինգենի համալսարան?
Համպոլտթ Համալսարան
Անդամութիւն Գյոթինգենի Գիտությունների ակադեմիա?
Ամուսին Լու Անտրեաս-Սալոմէ
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծագումնաբանութիւն

Խմբագրել

Նախքան Գերմանիա՝ Կէօթինկէն տեղափոխուիլը, անոր կենսագրութիւնը բաղկացած է կարգ մը դրուագներէ եւ բոլոր պարագաներուն՝ ոչ-հաւաստի աղբիւրներէ:

Աղբիւրները սակայն միահամուռ են այն հարցին մէջ, որ Անդրէաս հայազգի էր: Այդ մասին կը վկայեն գերմանական հանրագիտական հրապարակումները, անոր երբեմնի ուսանողները նաեւ Անդրէասի կնոջ՝ ռուսական արմատներով եւրոպացի գիտնական Լու Անդրէաս-Սալոմէի կենսագիրները:

Անդրէաս, ի սկզբանէ՝ Բագրատեան, ծնած է 1846 թուականին՝ նետերլանտական Հնդկաստանի մէջ՝ Պաթավիա[3] (այժմ՝ Ինտոնեզիա, Ճաքարթա)՝ ռազմական բժիշկ Բագրատեանի ընտանիքին մէջ։ Մայրը՝ տիկին Վայց, գերմանական եւ մալեզիական ծագում ունէր[4]:

Վեց տարեկանին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Համպուրկ։

Կրթութիւն

Խմբագրել

Համպուրկի մէջ սկսած է իր ուսումնական առաջին քայլերը՝ յաճախելով մասնաւոր դասընթացքներու։ 14 տարեկանին ան, իբրեւ կիմնազիայի սան, կը տիրապետէր գերմաներէնի, անգլերէնի, հոլանտերէնի, ֆրանսերէնի, լատիներէնի եւ յունարէնի։ Աւարտելով կիմնազիան՝ Անդրէաս-Բագրատունի կը շարունակէ կրթութիւնը Հալէի, Երլանկէնի, Կէօթինկէնի եւ Լայպցիքի համալսարաններուն մէջ՝ ուսանելով արեւելեան եւ դասական բանասիրութիւն, պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն:

Մասնագիտական գործունէութիւն

Խմբագրել

Անդրէաս արեւելագիտութեան տոքթորի կոչման արժանացած է «Ներդրումներ միջին պարսկերէնի՝ պահլաւերէնի ճշգրիտ իմացութեան վերաբերեալ: Գիրն ու արտասանութեան համակարգը» ատենախօսութեան համար, զոր պաշտպանած է 1868 թուականին[5][4]: Այս գիտական գործը կորսուած կը նկատուի:

Ատենախօսութիւնը պաշտպանելէ ետք երիտասարդ գիտնականը կը մեկնի Քոփենհակընի համալսարան՝ ուսանելու համար Հիւսիսային Եւրոպայի լեզուները:

1870-1871 թուականներուն, կամաւոր զինուորագրուելով եւ մասնակցելով փրուս-ֆրանսական պատերազմին, ան կը յաջողի հրաշքով փրկուիլ ու վերադառնալ Լը Մանի յայտնի ճակատամարտէն։ Պատերազմը աւարտելուն պէս կը շարունակէ ուսումը, այս անգամ՝ Քիլի համալսարանը:

Ինչպէս կը նշէ Անդրէասի աշակերտներէն յայտնի իրանագէտ Ուոլֆկանկ Լենթց, իր երբեմնի ուսուցիչը 1875-1881 թուականներու ընթացքին, դաշտային հետազօտութիւններ իրականացնելու նպատակով գտնուած է Հնդկաստան ու ուսումնասիրած՝ փարսերու լեզուն եւ մշակոյթը, ինչպէս նաեւ եղած է Հարաւային Իրանի մէջ: Ըստ Լենթցի, Անդրէասի հետաքրքրութեան լայն շրջանակները կը հասնէին մինչեւ հնդկաաֆղանական սահմանը՝ ուսումնասիրելու տեղի ժողովուրդներուն մշակոյթն ու լեզուն, իսկ Կովկասի մէջ զայն սկսած էր հետաքրքրել օսերէնը։

Պարսկաստանի մէջ անցուցած վաղ հնագիտական եւ լեզուագիտական աշխատանքին վերաբերեալ Անդրէասի գիտելիքները այնպիսի անհամաձայնութիւն ստեղծած էին իր եւ արշաւախումբի միւս մասնակիցներուն միջեւ, որ ատոր արձագանգները հասած էին Պերլին: Գերմանիայէն պահանջած են, որ ան լքէ արշաւախումբը եւ վերադառնայ։ Սակայն Անդրէաս չէ ենթարկուած եւ շուրջ վեց տարի, իր միջոցներուն հաշւոյն, յամառօրէն մնալով Պարսկաստան, շարունակած է լեզուագիտական ու հնագիտական պրպտումները՝ ամբողջութեամբ ծախսելով սեփական միջոցները: Այդպիսով սակայն ան ուսումնասիրած է Արեւելքը։

Անդրէաս Գերմանիա վերադարձած է ամբողջութեամբ սնանկացած: 1887 թուականին որպէս դասախօս սկսած է աշխատիլ Պերլինի համալսարանը: Նոյն թուականին ամուսնացած է հոգեվերլուծող Լու Սալոմէի հետ, որ մտերիմ էր Ֆրիտրիխ Նիցչէին եւ ժամանակի ուրիշ փիլիսոփաներու հետ: Սակայն համալսարանի գործընկերները հաշտ աչքով չէին նայեր եռանդուն եւ բանիմաց գիտնականին եւ ան երկու տարի ետք կը հեռանայ համալսարանէն:

1882 թուականին Անդրէաս կը հրատարակէ երկհատորեայ «Փերսեփոլիս: Փերսեփոլիսի, Իսթաքխրի, Պասարկատայի, Շահփուրի աքեմենեան եւ սասանեան յուշարձաններն ու արձանագրութիւնները» աշխատութիւնը՝[3] գիտական շրջանակներուն ծանօթացնելով Պարսկաստանի հարաւը ունեցած իր հետազօտութիւններուն արդիւնքները[6]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Deutsche Nationalbibliothek Record #116012498 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  3. 3,0 3,1 3,2 Foundation Encyclopaedia Iranica։ «Welcome to Encyclopaedia Iranica»։ iranicaonline.org (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-04 
  4. 4,0 4,1 «Friedrich Carl Andreas»։ saednews.com (անգլերէն)։ 2021-08-17։ արտագրուած է՝ 2022-02-04 
  5. Biographie Deutsche։ «Andreas, Friedrich Carl - Deutsche Biographie»։ www.deutsche-biographie.de (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-02-04 
  6. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-04