Հայերէն երգարաններ

Հայոց լեզուով առաջին երգարանի ստեղծումը կը վերաբերի դեռ 1513 թուականին. այդ Յակոբ Մեղապարտի հրատարակած հինգ գիրքերէն մեկն էրՙ «Տաղարանը», տպագրուած Վենետիկի մէջ: Ընդհանուր առմամբ, Հայերէն երգարանները ունին լայն աշխարհագրութիւնՙ Վենետիկ, Կալկաթա, Կոստանդնուպոլիս, Մարզուան, Վառնա, Երուսաղէմ, Թիֆլիս, Ախալցխա, Պէյրութ, Մոսկուա, Սենթ Փեթերսպուրկ, Տոնի Ռոստով, Երեւան, Պոսթըն, Նիւ Եորք, Լոնտոն եւ այլուր:[1]

Հանրայայտ տպագրուած երգարաններ Խմբագրել

  • Քալքաթայի մէջ 1830 թուականին տպագրուած է «Սիրակարկաջ որ է հանդիսարան հայերէն, պարսկերէն եւ հնդստանցերէն երգոց» երգարանը, ուր պարսկերէն երգերը, ըստ բանասէր Ջանի Միրզաբէկեանի, կը պատկանին պարսիկ բանաստեղծ Հաֆեզի գրիչին: Կալկաթայի մէջ 1846-ին տպագրուած է նաեւ «Նուագարան զբօսանաց» երգարանը: Այս երկու երգարաններն ալ կը պարունակեն սիրոյ, պանդխտութեան, խրախճանքի եւ ամուսնութեան երգեր:
  • Վենետիկի մէջ լոյս տեսած են Յակոբ Մեղապարտի վերոնշեալ «Տաղարանը» (1513) եւ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի «Հայոց Երգք Ռամկականք» (1852) ժողովածուն: Թրիեսթի Մխիթարեան Միաբանութեան տպարանին մէջ լոյս տեսած է «Հանդիսական հոգեւոր երգք եւ մաղթանք» հատորը (1777):
  • Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տպագրուած առաջին ուշագրաւ երգարաններէն ենՙ «Փոքրիկ Գանձարանը» (1739), «Երգարան ազգային երգոց» (1861), «Թանգարան ազգային երգոց» (1862), «Երգարանՙ ի յիշատակ Գաբրիէլ Երանեան»ի (1863), որոնց մէջ երեւելի են ժամանակի հանրայայտ մտաւորականներու (Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Գէորգ Ապտուլլահ, Ռափայէլ Պատկանեան, Նահապետ Ռուսինեան եւ այլք) ստեղծագործութիւնները: Յաջորդող թուականներուն լոյս տեսած են «Քնար հայրենին» (1864), «Հայկական քաղցր երգերը» (1908), Բարսեղ Կանաչեանի «Ձայնագրուած հայկական երգարանը» (1909), Հմայակ Արամեանցի «Հայուն երգարանը» եւ «Դայլայլիկը» (1911, 1912), Ահարոն Մսրլեանի «Պատկերազարդ ձայնագրուած հայկական երգարանը» (1919, 1921), որոնց մէջ ընդգրկուած են ազատագրական, հայրենասիրական, ազգային սահմանադրութեան ընդունմանը ձօնուած տարբեր յայտնի եւ անյայտ հեղինակներու երգեր: Երգարաններէն շատերը հարուստ են նաեւ ժամանակի մտաւորականներու հազուագիւտ լուսանկարներով, ընդգրկած են Հ. Յ. Դաշնակցութեան, Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան, յեղափոխական տարբեր ձեռնարկներու նուիրուած երգեր:
  • 1870-1880-ական թթ. Կ. Պոլսոյ մէջ տպագրուած երգարաններու մէջ առկայ են երկու թատերական երգարանՙ «Երգարան թատերական» եւ «Երգարան թատերական, ազգային եւ սիրահարական կամ Քնար հայկական»: Ատոնք ընդգրկած են թատերական ներկայացումներու համար գրուած երգերու բանաստեղծական բնագրեր («Արքայն զբօսնու», «Ջաղացպան», «Գիւղին սիրահարեալները», «Ռոպերթ աւազակապետ» թատերգութեան): Այդ երգարանները շռայլ են նաեւ պարերգերու ընդգրկման տեսանկիւնէնՙ «Պարերգ ափրիկեան», «Պարերգ գեղջկուհեաց», «Պարերգ բոլոնիական», «Պար վենետիկեան» եւ այլն:
  • Առանձին ուշադրութեան արժանի են մանկական երգարանները, որոնցմէ են դարձեալ Պոլսոյ մէջ տպագրուած «Երգեր ու եղանակներ տղայոց համար Կիրակի եւ ուրիշ օրերու դպրոցներու մէջ գործածելու համար թէ՛ հայերէն ու թէ՛ տաճկերէն լեզուով» (1868), Յովնան Փալագաշեանի կազմած «Պզտիկներուն երգարանը» (1903), որը գործածուեր է որպէս «Դասագիրք ընթերցանութեան մանկապարտէզներու, ծաղկոցներու, նախապատրաստական կարգերու եւ տարրական դասընթացի համար»:
  • Յատուկ ուշադրութեան է արժանի 1911-ին Կոմիտաս վարդապետի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Ձեռաց տետրակ հայ գեղջուկ համերգի, որ ղեկավարութեամբ Կոմիտաս վարդապետի եւ սիրայօժար մասնակցութեամբ իր 300 երկսեռ երգիչներու, Կիրակի,Մարտ 30-12 Ապրիլ 1911, Բերա Իւնիօն ֆրանսէզի սրահ», «Ի նպաստ հիմնելի հայ երաժշտանոցի» երգարանը, որը նոյն թուականին լոյս տեսած է նաեւ Ալեքսանդրիոյ մէջ:

Յատկանշական են հոգեւոր երգերով ամենատարբեր քաղաքներուն մէջ լոյս տեսած տաղարանները, գանձարանները, որոնց մեջ կան Կ. Պոլսոյ, Էջմիածնի, Մատրասի, Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած ինչպէս քանի մը հեղինակներու, այնպէս ալ մէկ հեղինակի երգերի խօսքեր պարունակող ժողովածուներՙ կազմուած Ղազար Ճահկեցու, Պաղտասար Դպիրի, Սիմէոն Երեւանցու, Գրիգոր Գապասաքալեանի հոգեւոր ստեղծագործութիւններէն:

  • Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած հայերէն երգարաններէն աչքի կ'իյնան «Նոր երգարան-ժողովածու գործածական երգերի» հատորը (1864), ուր ընդգրկուած են մեծ մասամբ Ռափայէլ Պատկանեանի, նաեւ Սայաթ-Նովայի, Պետրոս Ղափանցու, Մ. Թաղիադեանցի, Ղեւոնդ Ալիշանի, Յովհաննէս Միրզա Վանանդեցիի եւ այլոց ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ստեղծուած հոգեւոր բնոյթի, Հայաստանին նուիրուած, մայրենի լեզուն ու բարբառը գովերգող երգեր: Այստեղ ընդգրկուած է Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Եղբայր եմք մեք» երգը (երաժշտութեան հեղինակՙ Քարլօ Ֆոսքինի), որ հետագային, ըստ երաժշտագէտ Աննա Ասատրեանի, դարձած է հայ մասոններու օրհներգը, քանիր որ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանը անդամակցած է Կ.Պոլսոյ հայ մասոններու «Սէր» օթեակին:

Այս շարքին մէջ պէտք է նշել նաեւ Ներսիսեան ազգային հոգեւոր դպրոցի ձայնագրութեան ուսուցիչ Եզնիկ քահանայ Երզնկեանցի «Մանկական երգարանը» (1879), «Մուզայք Հայաստանին» (1880) ժողովածուները, Աղեքսանդր Մխիթարեանցի «Տաղեր եւ խաղերը» (1900)ՙ բաղկացած Մովսէս Խորենացիի, Գրիգոր Պահլաւունի, Սահակ Պարթեւի, Ներսէս Շնորհալիի շարականներէն ու տաղերէն, Կամսար Տէր-Դաւթեանցի «Ծոցի երգարանը» (1903), ամենատարածուած ընտիր երգերու «Ծաղկեփունջ» ժողովածուն (1907), «Չը մրսես, բարաշկա ջան» (հին եւ նոր աշուղներու երգեր, 1910), «Ազատութեան երգեր» (1917) երգարանները:

  • Գրիգոր քահանայ Գրիգորեանցի «Սոխակ» լիակատար երգարանը 1888-1902-ին հրատարակուեր է Սենթ Փեթերսպուրկի, Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ: Մինչ օրս փնտրուած երգարան է «Արեան ձայները» (1904, Փեթերսպուրկ), որը կազմուած է հայրենասիրական եւ ազատագրական երգերէ: Թիֆլիսի եւ Փեթերսպուրկի մէջ հրատարակուեր են հայ երգահանններուՙ Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեանի խմբերգերը, երկձայն մանկական երգերը (1914) եւ այլ ստեղծագործութիւններ, բոլորը հաւանութեան արժանացած Փեթերսպուրկի երաժշտանոցի գեղարուեստական խորհուրդի կողմէ, ինչպէս նաեւ Ազատ Մանուկեանի (1915) եւ Դանիէլ Ղազարեանի (1917) մանկական երգերը: Պաքուի մէջ 1874-1912 թթ. վեց անգամ հրատարակուեր է «Սոխակ Հայաստանի» լիակատար երգարանը, 1908-ինՙ երգահան Անտոն Մայիլեանի «Գարուն եւ Լո Լո» երգերու ժողովածուն դաշնամուրի նուագակցութեամբ, իսկ 1910-ինՙ անոր «Մանկական երգերը» դաշնամուրի նուագակցութեամբՙ որպէս «Թատրոն եւ երաժշտութիւն» հանդէսի յաւելուած:
  • Բուն Հայաստանի մէջ առաջին անգամ երգարան հրատարակուած է Վաղարշապատի մէջ, 1891-ինՙ հոգեւոր երգասացութեան ժողովածու, իսկ 1903-1905 թուականներուն Կոմիտաս Վարդապետը եւ Մանուկ Աբեղեանը լոյս ընծայած են հանրայայտ «Հազար ու մի խաղ» ժողովրդական երգարանը, որու վերահրատարակութիւնները լրացուած են տարբեր երգերով: Ալեքսանդրապոլի մէջ Արշակ Բրուտեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է «Ռամկական մրմունջներ. ժողովրդական երգեր եւ պարերգեր» ժողովածուն (1895), որ վերահրատարակուած է նաեւ 1901 եւ 1904 թթ.: Հետագային Բրուտեանի թոռնուհինՙ Երեւանի երաժշտանոցի փրոֆեսոր, արուեստագիտութեան թեկնածու Մարգարիտ Բրուտեան, խմբագրած եւ հրատարակած է մեծ հօր աշխատութիւնը ամբողջութեամբ՝ «Ռամկական մրմունջներ (ձայնագրեալ ժողովրդական երգեր, պարերգեր եւ պարեղանակներ)» ընդհանուր խորագրով (մաս 1, 1985, մաս 2, 2002): Ախալցխայի մէջ 1906 թուականին լոյս տեսած է «Ազգային քնար» երգարանըՙ երգի վերածուած Յովհաննէս Թումանեանի, Ֆահրատի, Աւետիք Իսահակեանի, Շերամի, Ռափայէլ Պատկանեանի բանաստեղծութիւններով, նաեւ այլեւայլ հայրենասիրական երգերով: Իսկ 1907-ին «Արիւնի երգը» անուանումով երգարան լոյս տեսած է նաեւ Երեւանի մէջՙ նմանապես պարունակելով ազատագրական պայքարիՙ ժամանակի հանրայայտ երգերը:
  • Երգարաններ հրատարակուեր են նաեւ հայկական այլեւայլ գաղթավայրերու մէջ: Վառնայի մէջ (Պուլկարիա) 1897-ին լոյս տեսած են Յակոբ Սիսակի «Երգարան մանկապարտէզի. ի պէտս փոքրիկ տղայոց» երգարանը (որոնց մէջ մեծ ուշադրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ ներկայացուած են մանուկներու առօրեային բնորոշ երգերու խօսքեր, հոգեւոր բնոյթ ունեցող ստեղծագործութիւններ), «Նոր քնար հայկական կամ հաւաքածոյ հին եւ նոր ազգային երգերու», «Նոր երգարան կամ Մրմունջք հայկական» երգարանները: 1905 եւ 1906 թթ. Լոնտոնի մէջ լոյս տեսած է «Ազգային երգարան գրպանի» (մաս Ա եւ Բ), 1914-ին Գահիրէի մէջՙ «Երգարան կրօնական եւ ազգային», 1915-ինՙ Բոստոնում «Ըմբոստ երգեր» ժողովածուները, 1917-1918 թթ.ՙ «Հայ-ամերիկեան ազգային նոր երգարանը», 1919-ինՙ «Ընդարձակ գրպանի երգարանը»:

Թերթելով տարբեր հայ գաղթօճախներու մէջ հրատարակուած երգարաններու այս ցանկըՙ կը նկատենք, որ բազմաթիւ երգեր հանրայայտ եղած են եւ տարբեր տարիներուն շրջանառուած են երգարաններուն մէջ՝ միաւորելով օտարութեան մէջ ապրող հայի հայրենասիրական, կարօտի, սիրոյ եւ ուրախութեան զգացումները: Այդպիսի հանրայայտ երգերէն են «Կիլիկիան», «Երգ մեռանող հայրենասէրի», «Երգ Ազատութեան» (ներկայիս ՀՀ ազգային օրհներգը), «Ծիծեռնակ», «Տալվորիկի կտրիճ» եւ այլ հանրայայտ երգեր:

Մատենագիտութեան բաժինները Խմբագրել

Մատենագիտութեան առանձին բաժինները կը ներառեն նաեւ հայատառ թրքերենով յայտնի եւ անյայտ երգերու խօսքեր պարունակող ժողովածուներ, մէկ հեղինակի երգերէն կազմուած ժողովածուներու մասին տեղեկութիւններ, որոնց մեջ կը հանդիպինք ինչպէս հոգեւոր բանաստեղծութեան ներկայացուցիչներու (Պաղտասար Դպիր, Պետրոս Ղափանցի, Գրիգոր Գապասաքալեան, Ղունկիանոս Կարնեցի, Մխիթար Սեբաստացի), այնպէս ալ աշուղական արուեստի ներկայացուցիչներու (Սայեաթ-Նովա, Շիրին, Շերամ, Ջիւանի, Ֆիզահի) երգերը:

Առանձին բաժիններու մէջ ընդգրկուած են նաեւ թերի տուեալներ պարունակող հրատարակութիւններ, երաժշտութեան դասագրքեր, մէկ ստեղծագործութեան տպագութիւններ, օրինակՙ Ահարոն Մսրլեանի «Դասընթացք ձայնական երաժշտութեան դիւրուսոյց եղանակով» (1911, Կ.Պոլիս), Սպիրիդոն Մելիքեանի «Դասագիրք երգեցողութեան» (1912, Թիֆլիս), Ռոմանոս Մելիքեանի եւ Ազատ Մանուկեանի «Երաժշտական այբբենարան» (1913, Փեթերսպուրկ) հրատարակութիւններուն, իսկ երաժշտական պարբերականներու ցանկը կ'ընդգրկէ ժամանակի հանրայայտ ամսագրերն ու թերթերը («Քնար Հայկական», «Քնար արեւելեան», «Նուագք օսմանեան», «Քնար Արարատեան» եւ այլն):

Մեկական երգեր պարունակող հրատարակութիւններու բաժնին մէջ կը հանդիպինք հայ եւ օտարազգի երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու հրատարակութիւններու, որոնց մէջ կան նաեւ հազուագիւտ տեղեկութիւններ. օրինակ, իտալացի Քառլօ Ֆոսքինիիՙ Գաբրիէլ Երանեանի յիշատակին նուիրված երգը եւ ուրիշ հետաքրքրական փաստեր եւ տեղեկութիւններ:

Մատենագիտութեան ժամանակագրութիւնը կ'աւարտի 1921 թուականովՙ կապուած խորհրդային կարգերու հաստատման հետ, երբ արդէն երգարաններու բովանդակութիւնը միանգամայն այլ բնոյթ ու երանգ ստացեր է եւ ընթացեր է պատմական այլ հանգամանքներու մէջ:

Ուսումնասիրելով մօտ չորսուկէս դար ժամանակահատուածի մէջ հայերէն երգարաններու պատմական ուղինՙ կրկին կը համոզուինք, որ գտնուելով նոյնիսկ հասարակական-քաղաքական ամենադժուար, ծանր պայմաններուն, անցնելով կոտորածներու եւ եղեռնի միջովՙ երգը միշտ ուղեկից եղեր է հայուն, սփոփեր, ոգեւորեր, հանդարտեցուցեր է անոր եւ օգներ է պահպանելու ապրելու ոգին, սէրը դէպի արուեստն ու մշակոյթը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել