Հայկական Կաւ, կաւի տեսակ, որ կոչուած է նաեւ հայոց կաւ:

Հայկաւ եւ այլ կաւերու տեսակներ գերմանական դեղարանի թանգարանին մէջ:

Մութ կարմիր գոյնով կաւաքար (ocre) մը, որ կը գործածուէր հին բժշկութեան մէջ՝ վէրքերը ցամքեցնելու կամ սպիացնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ արիւնարգել, զօրացուցիչ եւ պորոմիչ (astrigent)։

Գոյնը պայմանաւորուած է բաղադրութեան մէջ «Fe2O3»ի քանակով։

Ժամանակին հայկաւը կ'արտադրուէր Հայաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ։ Ներկայիս անիկա առկայ է Իտալիոյ Թոսքանա գաւառին եւ Ֆրանսայի Սոմիւռ եւ Բլուա քաղաքներուն շրջակայքը։ Ֆրանսայի մէջ հայկաւով պատրաստուած դեղահատերը ժամանակին ծանօթ եղած են հայկաւի դեղահատերը (pilules de bol d'Armenie) անունով։

Հայկական կաւի բարձրորակ տեսակները հինէն ծանօթ եղած են Հայաստանի սահմաններէն ալ դուրս։ ԺԲ. դարու արաբ աշխարհագիր Իտրիսին կը պատմէ, որ Հայաստանի լիճերէն մէկուն ափին հանուած է կաւի տեսակ մը, որմէ ջուրի կուժեր շինած են։ Այդ գեղակերտ կաւէ սափորները Հայաստանէն ուղարկուած են Իրաք, Սուրիա եւ Եգիպտոս, ուր վաճառուած են բարձր գիներով։ Իսլամական աշխարհին մէջ բարձր գնահատուած է «Հայկաւ» հայկական կաւի տեսակը[1]։

Հայկական կաւին մասին ցարդ ծանօթ՝ առաջին գրաւոր յիշատակութիւնը կատարած է Կիլիկիա ծնած յոյն բժիշկ, դեղագործ, բուսագէտ եւ գիտնական` Փետանիուս Տիոսկորիտէսը (Pedanius Dioscorides 40-90), որ առաջին դարուն, շուրջ 70 թուականին հրատարակած է 5 հատոր յունարէն բժշկական հանրագիտարան մը, որ 1500 տարի օգտագործուած է[2]:

Հայ միջնադարեան մատենագրութեան մէջ հայկական կաւը կը յիշատակվուի նաեւ «հայհող» եւ «հայկաւակ» անուններով։

Հայկաւը զանազան լեզուներով

Խմբագրել
 
Հայկական կաւ

Բուժիչ յատկութիւններ

Խմբագրել
 
Հայկական կաւի նմուշ, Հայ բժշկութեան թանգարանին մէջ

Կաւաբուժութիւնը կը համարուի հին հայկական աւանդական բուժիչ ձեւերէն մէկը [3]: Կաւը հարուստ է հանքային աղերով, որոնք խիստ անհրաժեշտ են մարդու կառուցուածքին:

  • Կը դարմանէ բորբոքումները:
  • Ունի հակակնճիռային յատկութիւն, կը կանխարգիլէ կնճիռներու յառաջացումը։
  • Կը սպիտակեցնէ մաշկը։
  • Կը քաշէ մաշկը։
  • Կը սնուցանէ մաշկը ։
  • Ոսկրաբեկումի կաղապարի կը ծառայէ:
  • Արիւնահոսութիւնը կը դադրեցնէ:
  • Անցեալին կը գործածուէր ձիերու եւ այլ ընտանի անասուններու դարմանումին համար:

Հայկական կաւի՝ իբրեւ ոսկրախտի բուժման միջոցի, մաղձաբերի եւ հակաթոյնի մասին կը վկայեն Մխիթար Հերացիին եւ Ամիրտովլաթ Ամասիացիին աշխատութիւնները։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել