Մելքոն Սուքիասեան
Մելքոն Սուքիասեան, (1860-ին, Խարբերդի Չմշկածագ նահանգի Միատուն գիւղէն։ Ուսումը ստացած է Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանին մէջ։ Ապա՝ 1878-ին, Ֆրանսա, տոքթ. Տաղաւարեանի, Աղաթօն Պէյի եւ Զաքարեանի հետ հետեւած է Կրինիոնի երկրագործական դասընթացքներուն, որոնք այս մարզի Թուրքիայէն Ֆրանսա գացող առաջին ուսանողները եղած են։ Վերոյիշեալ համալսարանէն շրջանաւարտ եղած է 1881-ին որպէս գիւղատնտեսագէտ։ 1881-83՝ երկու տարի ֆրանսական պետական ագարակները ծառայելէ ետք վերադարձած է Պոլիս, ուր պետական պաշտօնեայ եղած՝ Երկրագործական Նախարարութեան մէջ։ 1884-ին կառավարութիւնը ղրկած է զինք Սելանիկ՝ երկրագործական վարժարան մը հիմնելու։ Հոն Սուքիասեան հիմնած է Սելանիկի այժմու երկրագործական վարժարանը։ Քանի մը տարի ետք վերադարձած է Պոլիս, յետոյ անցած ծննդավայրը՝ ընտանիքը տեսնելու, ուր ամուսնացած է։ Խարբերդի մէջ երկու տարի անհատական ագարակներու հսկելէ ետք դարձեալ կը փոխադրուի Պոլիս, ուրկէ կը ղրկուի Հալէպ 1886-ին որպէս կուսակալութեան երկրագործական տնօրէն։ 1892-ին, Հալէպի կուսակալ՝ Րէուֆ Փաշայի հետ ունեցած մէկ բանավէճին պատճառով դատուելու համար Պոլիս կանչուած է։ Պոլսոյ մէջ դատը շահելէ ետք, նոյն տարին կը փոխադրուի Դամասկոս՝ որպէս ընդհանուր քննիչ, ապա Դամասկոսի կուսակալութեան Տնօրէն եւ ի վերջոյ բովանդակ Սուրիոյ (որ այն ժամանակ կը պարփակէր Հալէպը, Դամասկոսը, Պէյրութը եւ Երուսաղէմը) երկրագործական ընդհանուր տնօրէն։ Սուրիոյ տնօրէնութեան շրջանին կը հիմնէ Միւսլիմիյէի Երկրագործական Վարժարանը: 1909-ին՝ պաշտօնի բերումով կը փոխադրուի իրաք եւ կը հաստատուի Պաղտատ: Երկու տարի ետք դարձեալ կը փոխադրուի Պոլիս, հոնկէ ղրկուելու համար Գասթամունու, հոն ալ երկրագործական վարժարան մը հիմնելու համար։ Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Դաշնակցութեան առաջարկը չմերժելու համար Գասթամունու չ'երթար եւ կ'անցնի Բաղէշ, որպէսզի այդ կուսակալութեան Սբ. Կարապետ վանքին շրջակայքի հայ գիւղացիներուն մէջ գործնական երկրագործութիւնը տարածէ եւ ազգային երկրագործական հիմնարկութիւն մը հաստատէ։ Բարենորոգումներու առթիւ եւրոպացի քննիչ՝ Հոֆէի հետ, իբր խորհրդական, կը փոխադրուի Տիգրանակերտ, ստանձնելու համար երեք հայկական հանահգներու երկրագործական խորհրդականի պաշտօնը։ Տիգրանակերտի մէջ վրայ կը հասնի Առաջին Աշխարհամարտը եւ Տիգրանակերտ ի հայ երեսփոխան Չրագեանի հետ առաջին անգամ ըլլալով կը ձերբակալուի, կը բանտարկուին ու ապա, որպէս թէ, կը ղրկուին դատավարութեան համար, Տիգրանակերտէն ժամ մը դուրս՝ Տիգրիս գետի ափին երկուքն ալ կը սպաննուին։
Մելքոն Սուքիասեան | |
---|---|
Ծնած է | 1860 |
Ծննդավայր | |
Ազգութիւն | Հայ |
Աշխատավայր | Գիւղատնտեսութիւն |
Երեխաներ | վեց զաւակ՝ երեք աղջիկ եւ երեք մանչ՝ Խորէն, Սուրէն եւ Արամ |
Մելքոն Սուքիասեան մօտէն հետաքրքրուած է ազգային կեանքով։ Եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.ի անդամ, կուսակցական (դաշնակցական) եւ ամէն գնով ջանացած իր գտնուած զանազան վայրերուն մէջ հայոց վրայ ծանրացող համիտեան ճնշումը թեթեւցնելու պետական բարձր շրջանակի մէջ ունեցած իր ազդեցութեան շնորհիւ։ Թէ՛ որպէս պետական պաշտօնեայ, եւ թէ որպէս հայ՝ իր գործունէութիւնը եղած է շինարար եւ օգտաշատ։ Սիրուած էր իր պաշտօնակիցներէն եւ զինք շրջապատողներէն՝ անխտիր։
Մելքոն Սուքիասեան ունի մէկ քանի անտիպ երկեր՝ «Տիեզերքին Ծագումը» (ֆրանսերէն), «Մարդուս Ծագումն ու Տարուինականութիւնը» (հայերէն) եւ «Դասընթացք Երկրագործական Բարձրագոյն Վարժարաններու» (թրքերէն):
Պայքարի մարդը՝ Սուքիասեան, առանց տեսնելու արշալոյսը, շատերու նման զոհ կ'երթայ թուրանական եաթաղանին։
Ունեցաւ վեց զաւակ՝ երեք աղջիկ եւ երեք մանչ, Խորէն, Սուրէն եւ Արամ։ Պրն. Խորէն Սուքիասեան փոխ տնօրէնն է Պէյրութի Կեդրոնական Նամակատան: Տոքթ. Սուրէն Սուքիասեան շրջանաւարտ է Պէյրութի Ֆրանսական Համալսարանէն՝ 1927-ին, ու հաստատուած է Պէյրութ։ Իսկ Արամ Սուքիասեան Ելեկտրագէտ է։[1]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։