Մինաս Վերածին

հայ ուսուցիչ, խմբագիր, գրող եւ ազգային գործիչ
(Վերայղուած է Մինաս Վերածին (Գասագեան)-էն)

Մինաս Վերածին (աւազանի անունով՝ Գասապեան Մինաս, Մայիս 1882, Պարտիզակ (Քոճայելի), Օսմանեան Կայսրութիւն - 26 Մայիս 1945(1945-05-26), Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ուսուցիչ, խմբագիր, գրող եւ ազգային գործիչ։

Մինաս Վերածին
Ծնած է Մայիս 1882
Ծննդավայր Պարտիզակ (Քոճայելի), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 26 Մայիս 1945(1945-05-26)
Մահուան վայր Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, թարգմանիչ, Խմբագիր
Աշխատավայր Հայրենիք

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կանուխ տարիքէն դրսեւորած է ուսումնատենչ, միաժամանակ՝ ընկերային եւ յանդուգն խառնուածքի տէր անհատականութիւն մը։ 15 տարեկանին արդէն կը փարի յեղափոխական գաղափարներուն եւ կը դառնայ Պարտիզակի երիտասարդական խմորումներուն մասնակից։ Թուրք ոստիկանութեան հետապնդումներէն զինք հեռացնելու մտօք, ծնողքը պատանի Մինասը կը հանեն դպրոցէն եւ Պուլկարիա կ՛ուղարկեն, մօրեղբօր՝ Լեւոն Թորոսեանին մօտ, որպէսզի Թուրքիայէն հեռու շարունակէ իր ուսումը։

Մինասի առջեւ կը բացուի յեղափոխական գործունէութեան աւելի լայն ասպարէզ։ Մօտէն շփում կ՛ունենայ Պուլկարիոյ դաշնակցական գործիչներուն հետ եւ 1900-ի սկիզբը, Ժընեւ անցնելով[1], «Դրօշակ»-ի յարկին տակ կ՛անդամագրուի Դաշնակցութեան։ Եւրոպայի հայ ուսանողական շարժումներուն մասնակիցը եւ Հայ Դատի քարոզիչը կը դառնայ՝ յատկապէս Լոնտոնի մէջ աշխատելու եւ ուսումը շարունակելու տարիներուն։ Կը ծանօթանայ եւ սերտ կապեր կը հաստատէ Լոնտոնի մամլոյ եւ քաղաքական շրջանակներուն հետ, որոնք հիմք կը ծառայեն հետագայ իր քարոզչական աշխատանքներուն եւ գործակցութիւններուն։

1908-ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Մինաս Վերածին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը եւ կը լծուի ուսուցչական եւ կազմակերպչական եռուն աշխատանքի։ Կը դառնայ սերտ գործակիցը Սիմոն Զաւարեանին, որ այդ շրջանին թրքահայոց պատրիարքութեան հայ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչի առաքելութեամբ Պարտիզակ այցելած էր։ Զաւարեանի յորդորներով՝ 1909-ին, անգլիական «Լոնտոն Թայմզ»-ի թղթակիցին հետ, Մ. Վերածին կը ձեռնարկէ ուսումնասիրական շրջագայութեան մը դէպի Կովկասեան Հայաստան, Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջանները, Լազիստան եւ Սեւ ծովու ափի հայաշատ կեդրոնները։

Այդ ուղեւորութեան ընթացքին իր հաւաքած տեղեկութիւններէն պատառիկներ, Ֆարհատ գրչանունով, Մինաս Վերածին լոյս ընծայած է ժամանակի դաշնակցական մամուլին մէջ։ Սիմոն Զաւարեանի կողքին Յարութիւն Շահրիկեան եւս իր հոգածութեան կ՛արժանացնէ երիտասարդ գործիչը եւ կը մղէ Մինասը, որպէսզի աւելի սպառիչ ուսումնասիրութեան արժանացնէ Փոքր Ասիոյ հայաշատ կեդրոնները։ Մինաս լաւագոյնս կը կատարէ այդ աշխատանքը։ Կը շրջի քաղաքէ քաղաք, մօտէն կը ծանօթանայ ցիրուցան հայութեան կեանքի պայմաններուն, տնտեսական ձեռներէցութեան, մշակութային արարումներուն եւ իր հաւաքած հարուստ տեղեկութիւնները լոյս կը ընծայէ արժէքաւոր ուսումնասիրութեամբ մը՝ «Հայերը Նիկոմիդիոյ գաւառին մէջ» խորագրով[2]։

Ուսուցչական Եւ Գրական Ասպարէզ

Խմբագրել

Մինաս կը գործէ Փոքր Ասիոյ հայաշատ տարբեր կեդրոններու վարժարաններուն մէջ՝ ուսուցչական պաշտօնով։ 1915-ի Ապրիլին, երբ Էսկի Շէհիրի հայկական վարժարանին տնօրէնը եղած է, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է։ Մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտն ու զինադադարի կնքումով բանտ մնալով, Մինաս կ՛ապրի դժոխային կեանք մը, ենթարկուելով տաժանքի. կը քայքայուի առողջութիւնը։ Բայց թրքերէնի եւ անգլերէնի իր հմտութիւնն ու հաշուապահի ուսումը կ՛օգնեն, որ բանտային իշխանութիւնները իրեն վստահին գրասենեկային աշխատանք։ Իբրեւ բանտային հաշուապահ, մօտէն կը հետեւի օսմանեան բանակի հայ զինուորներուն վերապահուած դաժան ճակատագրին եւ այդ բոլորին մասին հետագային գրի կ՛առնէ իր յուշերը։

Երկարատեւ բանտային կեանքը Մինաս կը ծառայեցնէ գրական-ստեղծագործական եւ թարգմանչական իր կարողութիւններու զարգացումին։ Եւ երբ ազատ կ՛արձակուի, կ՛որոշէ կենդանի վկայութեան վերածել արհաւիրքը՝ Վերածին գրչանունը ընտրելով։

Եղեռնէն վերապրած հայութիւնը կը խմբուի ու կը կեդրոնանայ Կիլիկիա, ուր Մինաս Վերածին կ՛ուղարկուի իբրեւ գործիչ՝ ստանձնելով «Կիլիկիա» թերթի խմբագրութիւնը։ Կ՛ընտրուի Կիլիկիոյ դաշնակցական շրջանէն պատգամաւոր եւ կը մասնակցի 1919-ի ամառը Երեւան գումարուած Հ.Յ.Դ. 9-րդ Ընդհանուր Ժողովին։ Ժողովէն ետք կարճ ժամանակ մը կը մնայ Երեւան, իր աշխատակցութիւնը կը բերէ «Յառաջ»ին։ Բայց Դաշնակցութիւնը իրեն պէտք ունէր Կիլիկիոյ մէջ, ուր ֆրանսական հոգատարութիւնը քաղաքական-դիւանագիտական իր տխուր խաղերը կը բեմադրէր։ Վերածինի գլխաւորութեամբ հայկական իշխանութիւն մը կը հռչակուի Կիլիկիոյ մէջ, բայց ֆրանսական իշխանութիւնները ամէն քայլի կը դիմեն անոր ձախողեցման համար, որովհետեւ Ֆրանսա արդէն ընտրած էր քեմալականներու հետ «սիրաբանութեան» ուղին։

Հոկտեմբեր 1921-ին կնքուած է թուրքեւֆրանսական համաձայնագիրը, որ պատճառ դարձաւ Կիլիկիոյ հայութեան երկրորդ եւ վերջնական հեռացումին պապենական իր հողերէն։

Վերածին կ՛անցնի Մ. Նահանգներ՝ Պոսթընի «Հայրենիք»ի խմբագրութեան մաս կազմելու եւ գործիչային առաքելութեան լծուելու կուսակցական յանձնարարութեամբ։ Այդ շրջանին «Հայրենիք»ի էջերուն հանդէս կու գայ Մեղու Շնորհալի ստորագրութեամբ երգիծական-քննադատական տոմսերով։ Կը հրատարակէ նաեւ Չարլզ եւ Մէրի Լէմի «Շէյքսպիրեան Աւանդավէպերը», որուն հայերէն թարգմանութիւնը կատարած էր Գոնիայի բանտին մէջ իր արգելափակման տարիներուն։ Լոյս կ՛ընծայէ նաեւ առեւտրական պարբերաթերթ մը, ուր կը ներկայացնէ վաճառականութեան եւ արհեստներու մէջ յաջողած՝ ձեռներէց հայերը[3]։

1939-ի վերջերուն, Մինաս Վերածին կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափը՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ի խմբագիր։ Իր այդ պաշտօնին վրայ կը մնայ մինչեւ մահ՝ 1945Մայիս 26-ը, սրտի հիւանդութեան պատճառաւ:

Հեռու ապրած է Մեծ Եղեռնէն վերապրած իր միակ հարազատներէն՝ մօրմէն եւ քրոջմէ, որոնք Սուրիա տարագրուած էին։ Վերջին անգամ 1938-ին տեսած է զանոնք՝ Սուրիա այցելելով։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել