Մովսէս Պչաքճեան

Մովսէս Պչաքճեան (11 Յուլիս 1940(1940-07-11)[1], Հալէպ, Սուրիա - 17 Հոկտեմբեր 2016(2016-10-17), Փարիզի 12-րդ շրջան, Փարիզ[1]), հայ գրող, արձակագիր։

Մովսէս Պչաքճեան
Ծնած է 11 Յուլիս 1940(1940-07-11)[1]
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մահացած է 17 Հոկտեմբեր 2016(2016-10-17) (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 12-րդ շրջան, Փարիզ[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Ուսումնավայր Կրթասիրաց վարժարան?
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան
Դամասկոսի Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, արձակագիր
Աշխատավայր Դամասկոսի Համալսարան
Այգ
Բագին
Սուրբ Հովհաննես Մկրտիչ եկեղեցի (Փարիզ)?
Անդամութիւն Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նախակրթութիւնը ստացած է Կրթասիրաց վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարան, որուն արաբական պաքալորէայի դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, հետեւած է մասնագիտական ուսման, Դամասկոսի (Սուրիա) պետական համալսարանին մէջ, հետեւելով անգլերէնի եւ անգլիական գրականութեան ճիւղերուն ու վկայուելով իբրեւ լոսասիէ։

Մովսէս Պչաքճեան ծնած է Հալէպ, 1940-ին, բայց 1976էն ի վեր կ'ապրէր Փարիզ:

Մովսէսի քոյրը` Լուսին Պչաքճեան վաստակաւոր հայերէնի ուսուցչուհի է Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանին մէջ:

Բեղմնաւոր հեղինակ մըն էր Մովսէս Պչաքճեանը, որ շարունակ արտադրեց, մինչեւ որ ծանր հիւանդութիւն մը շատ բան կործանեց անոր առողջութեան մէջ։ Երկար պայքարեցաւ խօսիլն ու իր գիտցած լեզուները մոռցնել տուող հիւանդութեան դէմ, յաղթահարեց, բայց մնաց դիւրաբեկ առողջութեամբ:

Մովսէս Պչաքճեան Լիոնի մէջ իր աչքերը փակեց 17 Հոկտեմբեր, 2016-ին:

Ուսուցչկան ասպարէզ եւ այլ

Խմբագրել

Մովսէս Պչաքճեան եօթը տարի պաշտօնավարած է Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանին մէջ իբրեւ դասաւանդ ուսուցիչ հայերէնի եւ անգլերէնի՝ բարձրագոյն կարգերուն։

1970-ին փոխադրուած է Պէյրութ (Լիբանան), իբրեւ տնօրէն ճամբորդական գրասենեակի մը:

Ան պաշտօնավարած է Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ, որպէս դիւանապետ ու կը շարունակէր ապրիլ Փարիզ, միեւնոյն ատեն աշխատելով նոր գործերու վրայ՝ պատմուածք, վէպ, թատերակ։

Աշխատութիւններ մամուլի հետ

Խմբագրել

Ուսանողական տարիներուն կը զուգադիպի գրական իր նախափորձերը՝ Ճեմարանի «Պարման» ու «Ծիլեր» պարբերաթերթերուն մէջ։

Աշխատակցած է Հալէպի «Արեւելք» եւ Պէյրութի «Այգ» օրաթերթերուն: Աւելի ուշ, 1970-ականներուն՝ «Բագին» գրական ամսագրին։

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ան հանրաճանաչ դարձաւ իր բանաստեղծական, արձակ ու վիպական բարձրարժէք գրականութեամբ: Իր գրիչին կը պատկանին՝

  • «Անցողիկն ու Անժամանցելին»
  • «Մինչեւ Վերջինը Արեւներուն»
  • «Աշխարհահայեաց Պատուհան»
  • «Լուսաւոր Աչքերով Օտարականը»
  • «Վարագոյրը Իջնելէ Առաջ», Վէպ
  • «Խմելով Քաղաքը», Պատմուածք
  • «Անկատար Վերծանումներ»
  • «Լուացք Փռուած Տանիքի Վրայ»
  • «Անկարելի Կարելին»
  • «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն»
  • «L’Imprevu» («Անկանխատեսելին») պատմուածք - թարգմանութիւն
  • «Սիրոյ պատմութիւն» - վիպակ, թարգմանութիւն

Մովսէս Պչաքճեան եղաւ այն բացառիկ բախտաւորը, որուն ամբողջական գործերը 8 հաստափոր հատորներով եւ գեղատիպ կազմով լոյս տեսան Հայաստանի մէջ:

Թարգմանչական աշխատանք

Խմբագրել

1972-ին թարգմանաբար հրատարակուած է էրիք Սեկալի «Սիրոյ պատմութիւն» վիպակը[2]:

Պարգեւներ

Խմբագրել

1981-ին Պչաքճեանի «L’Imprevu» («Անկանխատեսելին») պատմուածքը ճանչուած է Համազգային մշակութային միութեան «Բագին» գրական հանդէսի տարուայ լաւագոյն արձակ ստեղծագործութիւն:

1990-ին անոր «Ծիծեռնակները պիտի չսարսափին խրտուիլակներէն» վէպին շնորհուած է Թեքէեան մշակութային միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակ[3]:

2009-ին Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով Պչաքճեան պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով

2010-ին Հայ գրողներու միութեան կողմէ` «Գրական վաստակի համար» շքանշանով:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Fichier des personnes décédées
  2. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։
  3. «Մովսէս Պչաքճեան»։ արտագրուած է՝ 2016 Հոկտեմբեր 19 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել