Ուսէյն (Իւսէյն) Սանթա Լէօ Պոլթ (անգլերէն՝ Usain Santa Leo Bolt[3], ծնած՝ 21 Օգոստոս 1986) Ճամայքացի կարճ վազքի մարզիկ։ Ողիմպիական ախոյեան եւ ութ անգամ աշխարհի ախոյեան Ուսէյն արձանագրած է երեք համաշխարհային մրցանիշեր 100 մ (9.58 երկվայրկեան), 200 մ (19.19 երկվայրկեան) եւ 4 × 100 մ (36.84 երկվայրկեան)[4]: Միակ մարզիկը կը համարուի, որ յաջողած է յաղթել երեք Ողիմպիական խաղերու ( Փեքին 2008, Լոնտոն 2012 եւ 3-րդը` Ռիօ-2016-ին[5])՝ կարճ վազքերու, 100 եւ 200 մ.[6]: Կը համարուի Ճամայքայի պատմութեան ամենաշատ ողիմպիական ոսկէ մետալ նուաճած մարզիկը[7]: Վազքի արագութեան համար ստացած է «Կայծակ» (անգլերէն՝ Lightning Bolt) կեղծ անունը:

Ուսէյն Պոլթ
անգլերէն՝ Usain Bolt[1]
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Usain St. Leo Bolt[1]
Նաեւ յայտնի է իբրեւ The fastest man alive[2]
Ծնած է 21 Օգոստոս 1986
Ծննդավայր Ժամայքա
Քաղաքացիութիւն  Ճամայքա[1]
Մասնագիտութիւն թեթևատլետ
Կայքէջ usainbolt.com(անգլերէն)

Պոլթ պատմութեան մէջ երրորդ աթլեթիստն է, որ ողիմպիականի 9 տիտղոսի կը տիրանայ[8]։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել
 
Ուսէյն Պոլթի յայտնի շարժումը, Իտալիա, Հռոմ՝ 2011 թուական

Ապագայ մարզիկը, ծնած է փոքրիկ Շէրվուտ-Քոնդենթ (Sherwood Content) գիւղը[9], Տրելոն շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Ճամայքայի հիւսիսը: Ծնողքը՝ Ճենիֆըր Պոլթը եւ Ուեսլի Պոլթը սեփականատերն էին մթերային խանութի մը: Մանկութեան Պոլթ եղած է շատ աշխոյժ երեխայ մը: Ան յաճախած է Վալդենսիայի տարրական դպրոցը: Այդ ատենէն, սկսած էր զբաղիլ մարմնակրթանքով: Տարրական դպրոցը աւարտելէ ետք 1998-ին կ'ընդունուի միջնակարգ Ուիլիամ նաիբբայ դպրոցը: Ան կը սիրէր քրիքեդը եւ քրիքեդի մրցաշարքի մը ժամանակ մարմնակրթութեան մարզիչը կը նկատէ Պոլթի վազքի արագութիւնը: 2001-ին կը նուաճէ իր առաջին մետալը:

Մարզական Կեանք

Խմբագրել

Ասպարէզի Սկիզբ

Խմբագրել

Իր մասնակցած միջազգային առաջին մրցումներուն, որ տեղի ունեցած են 2001-ին Պոլթ նուաճեց երկու արծաթէ մետալներ՝ 200 մ 21.81 եւ 400 մ 48.28: Երեք ամիս ետք ան Ժամայքայի հաւաքական խումբին հետ կը մեկնի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան Պելճիքա: Հոն ան կը մասնակցէ 200 մ վազքի մրցումին., ուր կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, սակայն կ'արձանագրէ իր անհատական մրցանիշը՝ 21.73 եկվ.:

2002-ին առաջին ամենամեծ մրցումը CARIFTA-ի 31-րդ շրջանային մրցումը եղած էր, որ տեղի ունեցաւ Նասաու քաղաքին մէջ։ Հոն Պոլթը 200մ. եւ 400 մ. վազքերու ախոյեան դարձաւ, ինչպէս նաեւ 4 x 400մ. դրօշարշաւի: Քինկսդոնի մէջ երիտասարդներու մրցաշարքին ախոյեան դարձաւ 200մ. վազքի, ինչպէս նաեւ արծաթ մետալակիր 4x100մ. եւ 4x400մ. դրօշարշաւներուն: Յաջորդ տարի, աշխարհի առաջնութեան խաղերուն, դարձաւ 200մ. վազքի յաղթական: 2002 Նոյեմբեր 17-ին, IAAF-ի պարգեւատրումի արարողութեան ընթացքին կը դառնայ «Ծագող Աստղ» անունակարգի յաղթական։

2003-ին եղանակի սկիզբը, ան կը մասնակցի Ժամայքայի աւագ դպրոցներու բաց առաջնութեան։ Պոլթը կը յաղթէ 200մ. (20.25 եկվ.) եւ 400մ.( 45.3 եկվ.) ժամանակ արձանագրելով. Այս երկու արդիւնքները Ժամայքայի աթլեթիզմի 19 տարեկանէ վար նոր մրցանիշ կը նկատուին։ Ապա, ան կը մասնակցի CARIFTA-ի խաղերուն եւ այս մրցոյթին ան կը յաղթէ 200 մ. եւ 400 մ. վազքիպ: Յուլիսին ան կը մասնակցէ Երիտասարդներու աշխարհի առաջնութեան, ուր առաջին դիրքը կ'ապահովէ 200 մ-ի, 20.40 եկվ. ժամանակով։ Մէկ շաբաթ ետք, ան կը մասնակցէ եւ կը յաղթէ երիտասարդներու համա-ամերիկեան մրցաշարքին եւ ուր կ'արձանագրէ երիտասարդներու համաշխարհային մրցանիշ 20.13 եկվ.։ Սա մրցանիշը մինչեւ օրս չէ գերազանցուած։

Արհեստավարժ Ասպարէզի Սկիզբը

Խմբագրել

2004 թուականէն Ուսէյն Պոլթ կը սկսէ մարզուիլ նոր մարզիչի մը ղեկավարութեամբ (Ֆից Քոուլմէն): Ապրիլ 11 2004-ին CARIFTA-ի խաղերուն, որ տեղի ունեցան Տեւընշիր քաղաքը։ Հոն ան 200 մ-ը կը վազէ 19.97 եկվ.-էն եւ կ'արձանագրէ երիտասարդներու համաշխարհային մրցանիշը, որը մինչեւ 2014 թուական անգերազանցելի էր։ Պոլթը եղաւ առաջին երիտասարդը, որ յաջողեցաւ 200 մէթրը վազել 20 երկվայրկեանէ պակաս։ Պոլթի յաջորդ մրցումը եղաւ Աթէնքի Ողիմպիական խաղերը։ Սակայն սա խաղերու ժամանակ, ան ցաւ զգաց եւ չկրցաւ անցնիլ կիսաւարտական փուլ։ 2005-ին եղանակի սկիզբը Պոլթ միացաւ Կլեն Միլլսին մարզական խումբին։ Յուլիս 10-ին ան յաղթեց կեդրոնական Ամերիկայի եւ Գարիպեան աւազանի երկիրներու մրցումին 200 մ-ը 10.03 եկվ.-էն։ Պոլթը մասնակցեցաւ Յուլիս 22-ին Norwich Union British Grand Prix մրցումին եւ գրաւեցաւ 2-րդ տեղը 200 մ. վազքին։

2006-ին Ուսէյն վիրաւորուեցաւ եւ այդ պատճառաւ չկրցաւ մասնակցիլ Մելպուրնի Համագործակցութեան խաղերուն։ Մկէ ամիս անց ան կը վերադառնայ եւ Ապրիլին կը յաղթէ Ֆոր տը Ֆրանսի մէջ տեղի ունեցած մրցոյթի 200 մ. վազքը։ Յուլիս 30-ին կը դառնայ Golden Spike մրցումին յաղթողը 20.28 եկվ. արդիւնքով։ Յուլիսի 11-ին երրորդ դիրքը կը գրաւէ Աթլեթիսսիմոյին մէջ, 19.88 եկվ. արդիւնքով։ Օգոստոս 31-ին կը դառնայ Բորիս Հանցեքովայիչի յիշատակին նուիրուած մրցումին յաղթող 200 մ 20.49 եկվ. արդիւնքով։ Սեպտեմբեր 10-ին կը մասնակցի Միջազգային մարմնակրթանքի եզրափակիչ մրցումին, ուր 20.10 եկվ. արդիւնքով գրաւեցաւ երրորդ դիրքը։ Մէկ շաբաթ անց հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայի խումբով կը մասնակցի IAAF-ի աշխարհի առաջնութեան։ Հոն Պոլթ կը գրաւէ երկրորդ դիրքը 200 մ.-ի 19.96 եկվ. արդիւնքով։

Առաջին համաշխարհային մրցանիշը

Խմբագրել
 
Ուսէյն Պոլթը Ասաֆա Փաուլի հետ 2008 թուականին

24 Յունիս 2007-ին ան կը յաղթէ Ժամայքայի առաջնութիւնը 19.75 եկվ. արդիւնքով։ Այսպիսով, ան կ'արձանագրէ ազգային մրցանիշ, որ կը սահմանուէր 1971-էն ի վեր։ Սա յաղթանակը թոյլ տուաւ Ուսէյնը միանալու Ճամայքայի հաւաքականին աշխարհի առաջնութեան մասնակցելու, որ տեղի կ'ունենար Օզաքա քաղաքը։ Մասնաւորապէս Յուլիս 10-ին, կը գրաւէ երկրորդ դիրքը 20.11 եկվ. արդիւնքով, Յուլիսի 15-ին նոյնպէս կը գրաւէ երկրորդ դիրքը Norwich Union British Grand Prix մրցումին (Շեֆֆիլտ) 20.08։ Օգոստոս 3-ին յաղթեց Norwich Union Super Grand Prix մրցումին 20.06 արդիւնքով։

2007-ին աշխարհի առաջնութիւնը Ժամայքացի մարզիկին համար երկրորդը եղած էր։ Սա առաջնութեան ան կը մասնակցի 200մ. եւ 4×100 մ.-երուն։ Օգոստոս 28-ին ան կ'ապահովէ երկրորդ դիրքը զտումի մրցումներուն, քառորդ աւարտական մրցումին կը գրաւէ առաջին դիրքը։ Յաջորդ օրը ան առաջին դիրքը կը գրաւէ նաեւ կիսաւարտական մրցումին 20.03 եկվ. արդիւնքով։ Օգոստոս 30-ին ան աւարտական մրցումին կը գրաւէ երկրորդ դիրքը։ Օգոստոս 31-ին տեղի ունեցան 4×100 մ կիսաւարտական մրցումները, ուր Պոլթը մասնակցութիւն չունենար։ Եզրափակիչ վազքի ընթացքին Պոլթը կը վազէ երկրորդ հանգրուանին։ Արդիւնքներով Ժամայքայի հաւաքականը կը նուաճէ արծաթեայ մետալ, արձանագրելով նոր ազգային մրցանիշ 37.89 եկվ.։

Մինչեւ 2008 թուական Պոլթին հիմնական վազքը 200 մ եղած էր, միայն անգամ մը՝ 2007 թուականին ան մասնակցած է 100 մ վազքի մը։ Առաջին մրցումը Ողիմպիական եղանակի ընթացքին GC Foster Classics մրցաշարքը եղած էր, որ կայացաւ Մարտ 8-ին Սփանիշ Թաուն քաղաքին մէջ։ Պոլթը դարձաւ ախոյեան 100 մ-ի 10.03 եկվ. արդիւնքով։ Մայիս 3-ին ան յաղթանակ տարաւ միջազգային Jamaica International Invitational մրցումին, որ տեղի կ'ունենար Քինկսթըն քաղաք, արդիւնքները՝ 9.76 եկվ, որ այդ պահուն պատմութեան երկրորդ արդիւնքը եղած էր։ Մէկ ամիսէ ետքը՝ Մայիս 31-ին Adidas Grand Prix մրցումին ան կը սահմանէ համաշխարհային մրցանիշ 100 մ.-ին 9,72 եկվ., յաղթահարելով Ասաֆա Փաուլին ձեռքբերումը։

2008-ի Ողիմպիական Խաղերը

Խմբագրել
 
200մ. վազքին Բոլթ իր մրցակիցներէն յառաջ անցած է

Օգոստոսի սկիզբը Պոլթը կը յայտարարէ, որ Ողիմպիական խաղերուն 100մ. եւ 200 մ. պիտի վազէ։ Իր ելոյթը Ողիմպիական խաղերուն կը սկսի Օգոստոս 15-ին, յաղթելով 100 մ. զտումը 10.20 երկվրկ., քառորդ աւարտականը 9.92 եւ կիսաւարտականը 9.85 արդիւնքներով: Օգոստոս 16-ին եզրափակիչ փուլին կը տիրանայ իր առաջին Ողիմպիական ոսկի մետալին, արձանագրելով նոր համաշխարհային մրցանիշ 9.69 եկվ։ Ան կը դառնայ առաջին Ժամայքացի մարզիկը որ կը տիրանայ ողիմպիական 100 մ.-ի ախոյեանութեան։ Սա յաղթանակէն երեք շաբաթ ետք New Scientist ամսագիրը կը հրապարակէ բնագէտներու ուսումնասիրութիւն մը, որու համաձայն եթէ Պոլթը մինչեւ վերջ վազէր ամբողջ ուժով, իր արդիւնքը պիտի ըլլար 9.69-9.55 եկվ. միջեւ։

20 օգոստոս 2008-ին Պոլթը կը տիրանայ իր երկրորդ ողիմպիական ոսկեայ մետալին, յաղթահարելով Մայքըլ Ճոնսընի 200մ.-ի համաշխարհային մրցանիշը 0.02 եկվ.-ով (19.30)։ Օգոստոս 22-ին, իր քսաներկուերորդ ծննդեան օրէն մէկ օր ետք Պոլթը կը նուաճէ իր երրորդ ողիմպիական ոսկի մետալը, Ժամայքայի հաւաքականի կազմով յաղթելով 4×100մ. եւ արձանագրելով համաշխարհային մրցանիշ 37.10 եկվ.։ Նախորդ համաշխարհային մրցանիշը կը պատկանէր ԱՄՆ-ու հաւաքականին, որ սահմանուած էր 1992 թուականին (37.40)։ Յաջորդ օրը Ողիմպիական խաղերուն ախոյեանը կը նուիրաբերէ 50 000 ԱՄՆ տլար Սիչուանի երկրաշարժէն վիրաւորուած երեխաներուն։

Ողիմպիականէն ետք կը մասնակցի երեք մրցումներու եւ բոլոր երեքին առաջին կը հանդիսանայ։ Օգոստոս 29-ին կը յաղթէ համաշխարհային վարպետութեան մրցումին 100 մ-ին 9.83 եկվ. արդիւնքով։ Սեպտեմբեր 2-ին կը յաղթէ Աթլեթիսսիմայ (Atletissima, Ադամանդեայ Լիկային փուլերէն մին) մրցումին 19.63 եկվ. արդիւնքով, իսկ սեպտեմբեր 5-ին կը յաղթէ Վան Տամմի (Իվօ Վան Դամմե) մրցաշարքին 100 մ.-ը աւարտելով 9.77 եկվ.-էն։ Նոյեմբեր 23-ին Ելենա Իզենպաեւաի հետ կը ճանչցուին 2008 թուականի լաւագոյն աթլեթներ։

Միջողիմպիական Շրջան

Խմբագրել

2009 թուական

Խմբագրել
 
Ուսեյն Պոլթը 2009 թուականի աշխարհի ախոյեան
 
Ուսեյն Պոլթը 2009 թուականի աշխարհի առաջութեան 4x100 մ.-ի ժամանակ (ձախէն աջ՝ Մայքլ Ֆրեյթեր, Ասաֆա Փաուլ, Ուսէյն Պոլթ եւ Սթիւ Միւլինկս)

2009-ին Պոլթը երկու վազք կը կատարէ 400 մ-ի եւ կ՛արձանագրէ 46.35 եւ 45.54 եկվ. արդիւնքներ։17 Մայիս 2009-ին ան 150 մ կը վազէ 14.3 եկվ.-էն։ Յունիսի վերջը Ժամայքաի ախոյեանութեան Պոլթը առաջին հանդիսացաւ 100մ. եւ 200 մ.-երու 9.86 եւ 20.25 եկվ. արդիւնքով: Յունիս 17-ին կը յաղթէ Golden Spike Ostrava մրցումը 100 մ.-ը վազելով 9.77 եկվ.-էն։ Սակայն այդ արդիւնքը կը համարուի ոչ պաշտօնական, քամիին արագութեան պատճառով։ Յուլիս 7-ին հակառակ տեղատարափ անձրեւին կը յաղթէ Աթլեթիսսիմոյ մրցումը եւ կ'արձանագրէ նոր մրցանիշ մը 200 մ. վազելով 19.59 եկվ. արդիւնքով։ Յուլիս 17-ին կը յաղթէ Ոսկէ լիկայի Meeting Areva մրցումը 100 մ.-ը վազելով 9.79 եկվ.։

2009 թուականի գլխաւոր դէպքը աշխարհի առաջնութիւնը եղած էր Պերլինի մէջ։ Սա մրցումին ան պէտք է մասնակցէր 100 եւ 200 մ. եւ 4x100 մ.-ին։ 100 մ.-ը, որ տեղի ունեցաւ Օգոստոս 16-ին ան յաղթեց աւարտական փուլը եւ արձանագրուեցաւ համաշխարհային մրցանիշ ցոյց տալով 9.58 եկվ., տասնմէկ հարիւրերորդականով գերազանցելով իր համաշխարհային մրցանիշը, որ մինչ օրս բարելաւուած չէ։ Երկու օր ետք Պոլթը սկսաւ իր ելոյթներուն 200 մ. վազքով։ Պոլթ յաղթեց քառորդաւարտական, կիսաւարտական, եւ աւարտական մրցումներուն։ Օգոստոս 20-ին ան բարելաւեց իր համաշխարհային մրցանիշը 200 մ. վազելով 19.19 եկվ.։ Օգոստոս 22-ին մասնակցեցաւ 4x100 դրօշարշաւին եւ նուաճեց իր երրորդ ոսկի մետալը։ Աշխարհի առաջնութենէն ետք Ուսէյնը մասնակցեցաւ 2009 թուականի ոսկէ լիկայի եզրափակիչ փուլը։ Սեպտեմբեր 4-ին կը մասնակցէ ու կը յաղթէ Վան Տամմի նուիրուած մրցաշարքին, ուր կը վազէ 200 մ-ը 19.57 եկվ.։ Եղանակի վերջին մրցումին, ան 200 մ. կը վազէ 19.68 եկվ. ժամանակ։ 2009 թուականին Պոլթ կը յաղթէ բոլոր մրցումներուն, որոնց մասնակցած էր եւ այսպիսով կը ճանչցուին տարուան լաւագոյն աթլեթ IAAF-ի կողմէ։

2010 թուական

Խմբագրել

2010 թուականին Պոլթը բացակայեցաւ կարեւոր մրցաշարքերէ եւ կեդրոնացաւ Ադամանդի լիկա մրցաշարքին։ Մայիս 1-ին Jamaica International Invitational Indoor մրցումներուն Պոլթը 200 մ.-ին կը գրաւէ առաջին դիրքը արձանագրելով մրցանիշ 19.56 եկվ. արդիւնք։ Մայիս 23-ին Shanghai Golden Grand Prix մրցումին գրաւեց առաջին դիրքը 200 մ.-ին 19.76 եկվ արդիւնքով։ Մայիս 27-ին ելոյթ ունեցաւ Golden Spike Ostrava մրցումին՝ իր նպատակն էր յաղթահարել Մայքըլ Ճոնսընի արդիւնքը 300 մ.-ին։ Սակայն մրցանիշը չկտրեց եւ Պոլթը վազեց 30.97 եկվ.-էն մինչ աշխարհի մրցանիշը 30.85 եկվ. էր, տրուած ըլլալով որ օդը նպաստաւոր չէր։ Յուլիս 16-ին ան յաղթեց Ադամանդեայ լիկան։

2011 թուական

Խմբագրել

2011 թուականի մարզական եղանակը սկսաւ Ադամանդեայ լիկայով, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ։ Ան վերադարձաւ ախոյեան 100 մ. վազելով՝ 9.91 եկվ.։ Մայիս 31-ին ելոյթ ունեցաւ յիսուներորդ «Ոսկէ շիբ» մրցումին, ուր նոյնպէս արձանագրեց 9.91 եկվ. արդիւնք։ Եղանակի գլխաւոր մրցումը աշխարհի առաջնութիւնն էր, որ տեղի պիտի ունենար Տեկու քաղաքին մէջ։ Ինչպէս միւս մրցումները Պոլթը մասնակցեցաւ 100մ. եւ 200 մ., նաեւ 4x100մ. դրօշարշաւը։ 100 մ.-ը ան յաղթեցաւ զտումի եւ կիսաւարտական փուլերը։ Եզրափակիչ փուլի ընթացքին Պոլթը դուրս մնաց սխալ սկսելու faut-depart-ի մը պատճառաւ։ Պոլթը յաղթեցաւ զտումի եւ կիսաւարտական 200 մ վազքերուն։ Սեպտեմբեր 3-ին կայացաւ աւարտական վազքը, ուր Պոլթ արձանագրեցաւ եղանակի լաւագոյն արդիւնքը 19.40 եկվ.։ Աշխարհի առաջնութեան վերջին օրը Պոլթը Ժամայքայի հաւաքականի հետ վազեցաւ 4x100 դրօշարշաւը, եւ կտրեցին համաշխարհային մրցանիշը 37.04 եկվ. արդիւնքով։ Մէկ ամիս ետք ան մասնակցեցաւ Հանցեկովիչի մրցաշարքին Զակրէպ քաղաքին մէջ։ 100 մ.-ին Պոլթը վազեցաւ 9.85 եկվ. ժամանակով։ Սեպտեմբեր 16-ին ելոյթ ունեցաւ Վան Տամմին նուիրուած մրցաշարքին 9.76 եկվ. արդիւնքով։ Տարուան արդիւնքով Սալլի Փիրսընին հետ Պոլթը ճանչցուեցաւ «Տարուան աթլեթը»։

2012-ի Ողիմպիական խաղերը

Խմբագրել
 
Ուսէյն Պոլթ Լոնտոնին ողիւմպիական խաղերը, 2012

2012-ին արագ վազքերու եղանակը սկսաւ Պոլթի 100-մ վազքով, IAAF World Challenge-ին Jamaica International Invitational մրցաշարքին։ Մասնակցեցաւ ու յաղթեցաւ 9.82 եկվ. արդիւնքով։ 3ուլիս 26-ին յայտարարուեցաւ, որ Պոլթը պիտի ըլլար Ժամայքայի հաւաքականի դրօշակակիրը այդ տարուան Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն։ Օգոստոս 4-ին սկսան Պոլթի մրցումները, այդ օրը յաղթեց 100 մ.-ի զտումի վազքին։ Յաջորդ օրը յաղթեց կիսաւարտականը 9.87 եկվ. արդիւնքով, երեք ժամ ետք ան դարձաւ քառակի ողիմպիական ախոյեան եւ 100 մ-ի Ողիմպիական խաղերու մրցանիշը կրող՝ 9.63 եկվ.-ով։ Ան դարձաւ երկրորդ մարզիկը Քարլ Լուիսէն ետք, որ յաջողեցաւ պահպանիլ ողիմպիական ախոյեանի կոչումը 100 մ-ի։ Օգոստոս 9-ին ան նուաճեց իր երկրորդ ոսկի մետալը սա Ողիմպիական խաղերուն։ 200 մ-ի եզրափակիչ փուլին ան վազեց 19.32 եկվ.-էն։ Ողիմպիականի վերջին օրը Ճամայքայի դրօշարշաւի խումբը նուաճեց ոսկի մետալ 4×100 մ-ին։ Անոնք արձանագրեցին նոր համաշխարհային մրցանիշ 36.84 եկվ. արդիւնքով։

Ողիմպիականի յաղթանակէն ետք Պոլթը մասնակցեցաւ վերջին երկու Ադամանդեայ լիկային։ Օգոստոս 30-ին յաղթեց համաշխարհային մրցումին 200 մ.-ը, որ վազեց 19.66 եկվ.-էն։ 2012 թուականին Պոլթը չորրորդ անգամ ըլլալով դարձաւ տարուան Լաւագոյն Աթլեթիստըը։

2013 թուական

Խմբագրել

Յունիս 6-ին 2013-ին Ադամանդեայ Լիկայի Golden Gala-ին Պոլթը կրեցաւ եղանակին իր առաջին պարտութիւնը՝ Ճասթըն Քեթլինին զիջելով իր առաջնութիւնը։ Մէկ շաբաթ ետք Օսլոյին Պիսլըթ Կեյմս (Bislett Games) մրցաշարքին ան յաղթեց 19.79 արդիւնքով։ Յաջորդ մրցաշարքը Ժամայքային ախոյեանութիւնը եղած էր։ Յունիս 21-ին Պոլթը յաղթեց ազգային մրցաշարքի 100 մ.-ը 9.94 արդիւնքով։ Յուլիս 6-ին Պոլթը դարձաւ Ադամանդեայ լիկայի «Meeting Areva»-ի ախոյեանը՝ 200 մ.-ը վազելով 19.73 երկվայրկեանէն։

2014 թուական

Խմբագրել

2014-ին վիրաւորուելուն պատճառաւ Պոլթ չկրցաւ մարզուիլ ինը շաբաթ։ Այդ տարին ան մասնակցեցաւ 2014 Քամընուիլթի (Commonwealth Games) խաղերուն, որ տեղի ունեցան Սկովտիոյ եւ անոնք յաղթեցին 4x100 մ-ը 37.58 արդիւնքով։ Նոյն տարուան Օգոստոսին Վարշաւիոյ մէջ ներսի խաղերուն ատեն Պոլթ արձանագրեց նոր մրցանիշ մը՝ 9.98 երկվայրկեան։

2015 թուական

Խմբագրել

Օգոստոս 23 եւ 27-ին ան կը մասնակցի Աշխարհի առաջնութեան եւ կը շահի 100 եւ 200 մ.-ը յաջորդաբար՝ 9.78 եւ 19.55 եկվ.արդիւնքներով։ 29 Օգոստոսին Ժամայքայի հաւաքական դրօշարշաւի խումբին հետ յաղթեց 4x100 մ-ը։

Անձնական Կեանք

Խմբագրել

Ներկայիս ան կ'ապրի Քինկսթըն։ Կը մարզուի Ուէսթ-Ինտիոյ համալսարանին մարզադաշտը։
2011-ին վերջէն կը հանդիպէր սլովաք ձեւարար Լուպիցա Գուցերովային հետ, տարի մը ետք բաժանուեցաւ[10]:

Ուսէյն Պոլթը կը համարուի աշխարհի ամենաբարձր վարձատրուող մարզիկներէն մին։ Forbes հանդէսին տուեալներով 2012-ին գրաւած է 63-րդ դիրքը եւ վաստակած է $20,3 միլիոն:[11]. Կը հանդիսանայ միակ մարզիկը, որ վարկանիշային 100-եակին մեջ մտած է:
2011 թուականին Քինկսթընին մէջը բացած է իր սեփական «Tracks & Records» ռէսթորանը: [12].

Պարգեւներ

Խմբագրել

Մրցանակներ

Խմբագրել
  • IAAF-ի աշխարհի Լաւագոյն Աթլեթ «athlete»՝ 2008, 2009, 2011, 2012 եւ 2013 թուականներուն։
  • Track & Field News ամսագիրի կարծիքով աշխարհի Լաւագոյն Աթլեթ «athlete»՝ 2008 եւ 2009 թուականներուն։
  • BBC-ի կարծիքով այլազգի լաւագոյն մարզիկ՝ 2008, 2009 եւ 2012 թուականներուն։
  • Laureus World Sports Award՝ տարուան մարզիկ 2009 եւ 2010 թուականներուն։
  • Ժամայքայի Լաւագոյն Մարզիկ՝ 2008, 2009, 2011, 2012 եւ 2013 թուականներուն։
  • L’Équipe թերթի կարծիքով Ախոյեաններու Ախոյեան՝ 2008, 2009 եւ 2012 թուականներուն։

Լաւագոյն Ցուցանիշներ

Խմբագրել
Կարգ Ցուցանիշ Ամսաթիւ Վայր
100 մ. 9,58  ԱՄ  2009 16 Օգոստոս[13]   Պերլին
200 մ. 19,19  ԱՄ  2009 20 Օգոստոս[13]   Պերլին
300 մ. 30,97 2010 27 Մայիս Օսթրաւա
400 մ. 45,28 2007 5 Մայիս   Քինկսթըն

Միջին արագութիւնը

Խմբագրել

Արագավազքին 100մ.-ին 9.58 երկվրկ. արդիւնքը Ուսէյն Պոլթին միջին արագութիւնը կազմած է 37.58 ք.մ./ժամ-ին համարժէք: Սակայն, եթէ իր արձագանքումին 0.13 երկվրկ. ժամանակը հանուի, վազքին տեւողութիւնը կը մօտենայ 9.43 երկվրկ.-ը եւ արագութիւնը կը կազմէ 38.18 ք.մ./ժամ:[14] Վազքին ատենը անօրէն պահանջուեցաւ կատարիլ 41 քայլ, իսկ ամէնէ մօտ գտնուած մրցակիցները կատարեցին 2—2,5 քայլ աւելի: Քայլերուն միջին երկարութիւնը 2.6 մ. կազմած է: Պոլթին ամէնէ մեծ արագութիւնը, որ գրանցուած է անոր 100 մ տարածքը 9.58 երկվրկ.-ին վազելուն ատենը 60-80 մեթր 20 մ.-անոց հատուածը, կազմած է 12.42 մ./երկվրկ. (44.72ք.մ./ժամ):
Ուսէյն Պոլթ իր մարզական գործունէութեան ատենը 100մ տարածքը 10 երկվայրկեանէն արագ կտրած է 45 անգամ:

Նուաճումներ

Խմբագրել
 
Իւսեյն Պոլթին 100մ վազքին արդիւնքները (գերմաներէն)
2002 Երիտասարդներու
աշխարհի առաջնութիւն
Քինկսթըն 1ին 200 մ. 20.61[15]
2րդ 4×100 մ.դրօշարշաւ 39.15  ԵՄ 
2րդ 4×400 մ.դրօշարշաւ 3:04.06  ԵՄ 
2003 Երիտասարդներու
աշխարհի առաջնութիւն
Շէրպրուք 1ին 200 մ. 20.40
Երիտասարդներու
համաամերիկեան առաջնութիւն
Պրիճթաուն 1ին 200 մ. 20.13
2րդ 4×400 մ.դրօշարշաւ 39.40
2007 Աշխարհի առաջնութիւն Օզաքա 2րդ 200 մ. 19.91
2րդ 4×400 մ.դրօշարշաւ 37.89
2008 Ողիմպիական խաղեր Փեքին 1ին 100 մ. 9.69  ԱՄ   ՈՄ 
1ին 200 մ.. 19.30  ԱՄ   ՈՄ 
1ին 4×400 մ.դրօշարշաւ 37.10  ԱՄ   ՈՄ 
2009 Աշխարհի առաջնութիւն Պերլին 1ին 100 մ. 9.58  ԱՄ 
1ին 200 մ. 19.19  ԱՄ 
1ին 4×400 մ.դրօշարշաւ 37.31
2011 Աշխարհի առաջնութիւն Տեկու Որակազրկում[16] 100 մ.
1ին 200 մ. 19.40
1ին 4×400 մ.դրօշարշաւ 37.04  ԱՄ 
2012 Ողիմպիական խաղեր Լոնտոն 1ին 100 մ. 9.63  ՈՄ 
1ին 200 մ. 19.32
1ին 4×400 մ.դրօշարշաւ 36.84  ԱՄ 
2013 Աշխարհի առաջնութիւն Մոսքուա 1ին 100 մ. 9.77
1ին 200 մ. 19.66
1ին 4×400 մ.դրօշարշաւ 37.36
2016 Աշխարհի առաջնութիւն Փեքին 1ին 100 մ. 9.79  ԱՄ 
1ին 200 մ. 19.55
Որակազրկում

2017-ին

4×400 մ.դրօշարշաւ[1] Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine. 37.36
2016 Ողիմպիական Խաղեր Ռիօ տէ Ժանէյրոյ 1ին 100 մեթր 9.81
1ին 200 մեթր 19.78
1ին 4 × 100 մ դրօշարշաւ 37.27

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 Olympedia — 2006.
  2. https://www.biography.com/athletes/a45897247/usain-bolt
  3. Ellington, Barbara (31 August 2008). He is a happy person, says Usain's mother Archived 2008-09-06 at the Wayback Machine.. Jamaica Gleaner. Retrieved 5 August 2009.
  4. Weerawansa Dinesh (6 August 2012)։ «Lightning Bolt strikes London 2012»։ Daily News։ արտագրուած է՝ 10 August 2012 
  5. «Ուսէյն Պոլթ Ողիմպիականի Խաղերու 9-Ակի Ախոյեան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-08-22 
  6. Weerawansa Dinesh (5 August 2012)։ «Usain Bolt Striking His Famous Pose After Winning Gold at the Olympics»։ Business Insider։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 January 2019-ին։ արտագրուած է՝ 10 August 2012 
  7. Elliott Helene (10 August 2012)։ «Usain Bolt gets a legendary double-double in Olympic sprints»։ Los Angeles Times։ արտագրուած է՝ 10 August 2012 
  8. «Ուսէյն Պոլթ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Աւարտէ «Ռէյսըրզ Կրան Փրի»-էն Ետք»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-10-17 
  9. Shelton Gary (5 August 2012)։ «Usain Bolt leaves no doubt he is the fastest person ever»։ St. Petersburg Times։ արտագրուած է՝ 10 August 2012 
  10. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-14 
  11. World's Highest-Paid Athletes https://web.archive.org/web/20121122105125/http://www.forbes.com/athletes/list 2014-09-01 Forbes
  12. «Usain Bolt goes into the restaurant business before his eagerly awaited return to the track» (English)։ The telegraph։ արտագրուած է՝ 2014-09-01 
  13. 13,0 13,1 «Աթլեթիզմ. Ուսէյն Պոլթ` Աշխարհի 11-Ակի Ախոյեան»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2015-08-31 
  14. «IAAF World Championships – Berlin 2009 – 100 Metres Men Final»։ Berlin.iaaf.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 August 2012-ին։ արտագրուած է՝ 10 November 2012 
  15. (քամի՝ +0.98 մ./եկվ.)
  16. Ուսէյն Պոլթը որակազրկուեցաւ կեղծ մեկնարկին համար

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել